ԳԼ.
ԺԹ.
ՀԶՈՒ
ԿԱՄ
ԽԶՈՒ
Հզու
կամ
Խզու
գիւղաքաղաքն,
երբեմն
գլխաւոր
բերդաքաղաքն
եղած
է
համանուն
գաւառին,
որ
աղաւաղեալն
լինել
կը
թուի՝
Աղձնեաց
նահանգի
Գզեղ
հին
գաւառի
անուանն
Սասնոյ
յԱրեւելահարաւը։
Շինուած
է
ընդարձակ
դարափի
մի
վերայ
շրջապատեալ
մեծաւ
մասամբ
լեռներէ
եւ
մասնաւոր
ջրերէ.
ինքն
բաւական
ծառաստան
եւ
գրեթէ
կղզի
մի
նոցա
մէջ։
Տեղւոյս
օդն
ջերմ
եւ
վատառողջ
է,
որով
ամառ
եղանակին
քիչ
չեն
նեղուիր։
Գիւղաքաղաքս
ունի
ընդ
ամենն
220
տուն
բնակիչ,
յորոց
120
Հայ
ու
100
Տաճիկ
են։
Հայք
ունին
Աստուածածին
անուամբ
հնաշէն
եւ
պարզ
ճաշակաւ
կառուցեալ
մի
եկեղեցի,
որոյ
կից
կայ
մի
մեծ
խորան
շինեալ
յանուն
Մուշեղի.
այսու
աղագաւ
եկեղեցին
կը
կոչուի
նաեւ
նոյն
անուամբ։
Ունին
մի
դպրոց,
ուր
60-70
աշակերտք
կ՚ուսանին
Միաց.
ընկերութեան
իրաւասութեան
տակ,
որոց
խնամքն
երբեմն
ստանձնած
էր
տեղւոյս
«Սանասարեան
»
ընկերութիւնն,
որ
մի
քանի
տարի
յառաջ
կազմուած
է
գովելի
եռանդեամբ։
Ժողովուրդն
կրօնասէր
եւ
ուսումնասէր
է,
եւ
ունի
վեհանձն
յատկութիւնք
նախնեացմէ
ժառանգած։
Բնակիչքն
առ
հասարակ
առեւտրով
կ՚զբաղին,
ի
բաց
առեալ
մի
փոքր
մաս,
որ
երկրագործ
եւ
պարզ
արհեստաւոր
է։
Խանութպանք
չարաչար
կը
տանջուին
իւրեանց
գործին
մէջ,
վասն
զի
ամեն
առաւօտ
վաճառելի
ապրանքնին
կռնակնին
առած
կը
տանին
շուկայն,
որ
անկերպարան
տեղի
մի
է,
մի
քանի
աննշան
կրպակներէ
բաղկացեալ,
երիկոյ
կրկին
զայնս
կռնակնին
առած՝
յիւրեանց
տուն
կը
վերադառնան
ոգեսպառ։
Երկիրն
արգաւանդ
է
եւ
իրենք
աշխատասէր.
աւելի
հարուստ
պիտի
լինէին
եթէ
քաջապէս
ճանաչէին
զերկիրն։
Հզուի
համար
կը
պատմուի
թէ
80-85
տարի
առաջ
քուրդ
պէյից
ինքնագլուխ
տիրապետութեան
տակ
եղած
էր,
եւ
աստ
կը
նստէր
գաւառի
քուրդ
պետն,
որ
ունեցեր
է
1000
տուն
բնակիչք,
յորոց
կէսն
Հայ,
յորմէ
մնացեալքն
այժմ
Օսմանեան
բարեխնամ
եւ
մեծազօր
իշխանութեան
ներքեւ
գտնուելով
հանդերձ ,
տակաւին
անուղղակի
իւրեանց
առ
յաջորդական
քուրդ
պէյս
ունեցած
նախկին
խոնարհ
հպատակութիւնն
պահած
են,
վասն
զի
այժմ
այդ
120
տուն
հայքն
բաժնուած
են
խումբ
խումբ
քրդական
մի
քանի
ցեղից
վերայ,
յորոց
պետերէն
ո՛վ
որ
ի
գիւղաքաղաքս
գայ
անմիջապէս
կը
հիւրասիրուի
իրեններէն։
Ամեն
տարեգլխին
իւրաքանչիւր
խումբն
զիւր
ընծայս
կը
տանի
առ
իւր
պետն
համաձայն
նախնական
սովորութեանն.
սոյն
իրողութեան
փոխան
աւանդութեամբ
կը
պատմեն
թէ
«նոյն
պետն
եւս
ի
պահանջել
հարկին
զիրենք
կը
պաշտպանէ
ընդդէմ
աւազակաց
եւ
այլոց»։
Գիւղաքաղաքիս
բերդն
այժմ
աւերակ
է,
որոյ
երկու
կողքերուն
վերայ
երկու
սրբոց
փոքրիկ
մատուռներ
կը
տեսնուին,
որք
կը
թուին
լինել
աղօթատեղիք
նախնեաց։