ԳԼ.
Ը.
ՄԱՅՐ
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Քաղաքիս
մէջ
Արեւելակողմն
կերպարանափոխեալ
մի
կրօնական
շէնք
կը
տեսնուի,
զոր
Հայք
“Մայր
եկեղեցի”
կ’անուանեն,
թէպէտեւ
մայրութենէ
իրապէս
դադրած
լինի:
Ուշադրութեամբ
դիտեցի՝
որ
այդ
հինաւուրց
շէնքի
պատերն
սուրբ
էին,
անկիւններն
սուրբ
էին,
գետիններն
եւս
շատ
տեղեր
սրբութենէ
զուրկ
չէին.
վերջապէս
այդ
օտարացեալ
շէնքի
ամեն
կողմերը
լի
էին
Քրիստոնէական
եւ
Ազգային
ըզգացման
արժանի
նշխարներով,
զորս
պատեհ
առթիւ
մը
համբուրեցի
կարօտակէզ
շրթամբ:
Աստ
մի
ծերունի
գաւազան
‘ի
ձեռին
նստած
էր
մի
պառկած
խաչաքարի
վերայ,
ուր
թուականն
նայելոյ
համար
մեր
ալեւորին
կամ
տարեւորին
“վեր
ե՛լ”
ասելոյ
պէտք
չ’մնաց,
խեղճ
պապիկն
դեռ
իւրեան
չ’մօտեցած՝
ինքն
արդէն
երկու
մեթրէն
աւելի
հեռացաւ
ինքնաբերաբար,
պատկառելի,
այլ
պատկառոտ
դիմօք,
ես
չ’գիտի
թիւ
մ’այդ
քարի
վերայ,
որոյ
դէմքն
հրաբխային
էր,
ծաւալով
փոքր
եւ
քանակութեամբ
շատ
ԾԱՆՐ:
Սոյն
քարի
նկատմամբ
ահա
ալեւորին
խօսքերն,
զորս
իրեն
անծանօթ
Ուղեւորիս
ուղղեց,
երբ
հարցում
ըրի
իրեն
թէ
ի՛նչ
քար
է
այս
“մեր
հին
ժամանակի
մեծերն
այս
քարին
վերայ
ելնելով
ոտք
կը
դնէին
զէնկիւն”:
***
Մանազկերտի
յԱրեւելակողմն
3-4
քարընկեց
հեռու
կայ
մի
այլ
տաղաւարիկ
Ս.
ԴԱՆԻԷԼ
անուամբ,
որ
ուխտատեղի
է
ոչ
թէ
միայն
Հայոց
այլեւ
Քրդաց:
Սոյն
սրբիկի
քովերը
կան
բաւական
թուով
վիթխարի
եւ
հնութենէն
ծաղկեալ
խաչաքարինք,
հսկայաբար
յոտին
կանգնած,
ոմանք
են
ընտիր
քանդակներով
եւ
ծաղիկներով,
յորոց
միոյն
վերայ
գրուած
է
“թվին
ՈՒԶ”
(626),
զոր
ՌՅԼԴ
(1334)
թիւէն
հանելով
կը
մնայ
708,
որ
քարի
տարեւորութիւնն
է,
որմէ
շատ
աւելի
հիներ
կային.
սակայն
առանց
գրի
եւ
թուականի
ու
ոմանք
եւս
արդէն
անընթեռնելի:
Մանազկերտ
քաղաքի
կեդրոնական
տեղերը
կը
տեսնուին
մի
քանի
բաղանիքներու
աւերեալ
տեղիք,
յորոց
միոյն
յատակը
ասկէ
8-9
տարի
յառաջ
օտարազգի
բնակիչներէն
մին
գետին
փորած
ատեն
կը
գտնէ
մեծ
քանակութեամբ
կղմինtրներ,
որովք
իւր
համար
բնակարան
մը
շինել
տուած
է,
որ
այժմ
շէնքերու
մէջ
ամենէն
գեղեցիկն
է
համեմատաբար:
Գետնի
տակն
երբեմն
հետաքրքրութեամբ
կը
փորեն
եւ
դուրս
կը
հանեն
ընտիր
մարմարիոնէ
փորուած
կռներ
(բաղնիքի
ծորակներու
տակի
փոս
քարն),
կը
գտնուին
ծորակներ,
պալատներու
հիմունք,
պատեր,
կոփածոյ
լաւ
քարեր,
երկաթեղէն,
պղնձեղէն,
խեցեղէն,
եւ
ապաղեղէն
հին
անօթներ,
որոնք
կրնան
երբեմն
գործածուիլ
իւրեանց
անորոշ
տարեւորութեամբ
հանդերձ:
Տեղւոյս
կառավարութեան
քով
պաշտօն
վարող
անձերէն
միոյն
քով
տեսի
կէս
մեթր
երկայնութեամբ
մի
բանալի,
երկու
տարի
առաջ
գետնի
տակէն
գտնուած,
որ
ունէր
զարմանալի
արհեստ
յիւր
վերայ,
կը
ծալուէր
պտուտակով
եւկը
բացուէր
պտուտակով,
գոցելէն
վերջ
զմելիի
դիրք
կ’առնոյր,
այլ
ափսո՜ս
որ
ժանգոտած
եւ
փտած
լինելով՝
իւր
արժէքն
կորսնցուցած
վիճակի
մը
մէջ
կը
գտնուէր:
Գետնի
տակէն
դուրս
եկած
են
նաեւ
ընտիր
խաչաքարինք
նշանաւոր
մեծութեամբ
եւ
քանդակներով,
յորոց
զոմանս
տեսի.
աստ
հնասէր
ուղեւոր
մը
զայրոյթ
կ’զգայ
մեր
այն
հին
արհեստաւորաց
դէմն,
որ
ժամանակին
այնչափ
հոգնած
եւ
չարչարուած
են
սոյն
քարանց
վերայ
այլ
եւ
այլ
ծաղիկներ
ու
խաչեր
փորագրել.
սակայն
անհոգ
գտնուած
են
յիշատակարան
եւ
մանաւանդ
թուական
գրելոյ
մասին.
սոյն
ցաւալի
կէտն
Հայաբնակի
ամէն
կողմ
ընդհանուր
է:
***
Երբ
հետզհետէ
հետաքրքիր
կը
լինէի
Մանաւազայ
գետնի
գանձարանին
վերաբերութեամբ,
ինձ
առընթեր
նստող
Հայերէն
մին
պատմեց
թէ
“ասկէ
4
տարի
յառաջ
այս
ինչ
տեղ
գետին
կը
փորէի,
մեր
մառանի
(քիլար)
հիմը
ձգելոյ
համար,
գտայ
մարդկեղէն
երկու
ահագին
մեծութեամբ
գլուխներ,
որոնք
իրարու
հետ
քամուած
էին
երկաթէ
ցողով
մը
եւ
քարի
մը
վերայ
զարնելով
կոտրեցի”
(ի՛նչ
մեծ
քաջութիւն).
սոյն
իրողութեան
ականատեսք
ձայնակցեցան
մեր
քաջ
եւ
խելօք
գանկաբանին
այս
պատմութիւն
Տեղագիր-Ուղեւորիս
մեծ
վիշտ
պատճառեց,
վասն
զի
հսկայի
գլուխներ
եղած
պէտք
է
լինէին,
որոց
մասին
անզգայ
գիւղացին
պարզմտօրէն
կը
կրկնէր
իր
ըսելիքն,
յորմէ
ցաւէ
զատ
ձանձրոյթ
մի
չէի
զգայր:
Շարունակեմք
մեր
ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ,
որ
ամենամեծ
իրաւամբ
պէտք
է
մանրամասն
լինի
որչափ
կարելի
է:
***
Դարձնեմք
հայեացքնիս
մեր
շուրջը,
ո՛ւր
պիտի
տեսնեմք
8-10
ձիթահաններու
եւ
ջրշեղջներու
պարիսպներ,
որք
կիսով
չափ
տակաւին
կանգուն
կը
կենան
հիանալի
ամրութեամբ
եւ
զարմանալի
հիմունքներով,
զորս
նախնիք
շինած
են,
գիտես
թէ,
զքաղաքն
ապրեցնելոյ
ց’գալուստն
Քրիստոսի:
***
Տարագիր
բնակչաց
հարիւրաւոր
տանց
փլատակներն
ամեն
կողմ
լեցուն
են
խիտ
առ
խիտ,
ամեն
ոք
դիւրաւ
կրնայ
եւ
ազատ
է
այդ
աւերակներէն
իրեն
համար
բնակութեան
տեղի
մը
գրաւել
եւ
հաստատել
առանց
մեծ
դժուարութեան
մը,
‘ի
բաց
առեալ
փայտն,
շինութեան
ամեն
տարերք
պատրաստ
են:
Մանազկերտ
քաղաքն
‘ի
հնումն
ունեցած
է
5
հատ
հսկայական
դրունք,
մին
յԱրեւելս,
մին
յԱրեւմուտս,
մին
‘ի
Հարաւ
եւ
միւս
երկուքն
‘ի
Հիւսիս.
ցայժմ
ասոնց
տեղերն
որոշակի
յայտնի
են
եւ
ոմանց
տակաւին
տեղերու
վիթխարի
քարինքն
կը
տեսնուին:
Ականատեսք
կը
պատմեն
թէ
“այդ
դռներէն
միոյն
վերայ
ասկէ
35-40
տարի
յառաջ
հին
եւ
հրաշակերտ
դուռ
մի
կայր
կախեալ,
հին
օրերէն
մնացած”:
Քաղաքի
անմիջական
շրջապատը
կան
խրամներ
հին
աւուրց
պարիսպներու
մէջ
տեղերն:
Բուրգերէն
ոմանք
վսեմօրէն
տակաւին
կանգուն
են
եւ
ոմանք
եւս
աներեւոյթ
եղած:
***
Յիրաւի
տեղւոյս
արքայական
կամ
իշխանական
շինուածքներն
այն
աստիճան
քար
ու
կիր
եւ
աւազեռայ
կազմակերպեալ
են,
որ
եթէ
մարդիկ
արհեստօրէն
քանդած
չ’լինէին,
ց’արդ
ամեն
ինչ
իւր
նորութեամբ
կեցած
պիտի
լինէր:
Բուրգերէն
հնգի
ճակատներուն
վերայ
կան
զետեղուած
քառակուսի
ճերմակ
քարինք
կէս
մեթր
երեսով,
ո՛ւր
կը
տեսնուին
Պարսկական
եւ
Արաբական
համառօտ
յիշատակարաններ,
գրերէն
ոմանք
աւերեալ
են:
Մանազկերտու
Արեւելեան
Հիւսիսային
բուրգի
վերին
կողմը
հայերէն
տառերով
գրուած
է
“’ի
թուականութեան
Հայոց
ՇՁԳ
(583)
կանգնեցաւ
բուրգս
ձեռամբ
Կիրակոսին,
Աստուած
ողորմի”:
Մանազկերտի
բուն
քաղաքի
շրջապատը
իւր
աւերակներով
մէկ
ժամու
տեւողութեամբ
շրջանակ
մը
կրնայ
կազմել,
իսկ
արտաքին
ոլորտն
3
ժամէն
աւելի
կը
տեւէ:
Սոյն
վերջի
ընդարձակ
շրջանակին
մէջ
եւս
ամեն
կողմերը
մանաւանդ
Արեւմտեանն
եւ
Հարաւայինն
լի
են
մասնաւոր
տանց,
գիւղօրէից,
գետնատարած
եկեղեցեաց
եւ
մատուռներու
աւերակներովն:
Կան
ընտիր
ջուրեր,
որք
այս
օրինակ
պարագայից
մէջ
արեւակէզ
ուղեւորի…
սիրտն
կը
զովացնեն: