ԳԼ.
ԽԵ.
ՍՈՒՐԲ
ԽԱՉԻ
ՎԱՆՔ
ԱՐՏԱՄԵՏԷՆ
յուղի
իյնալով
շարունակեմք
այս
անգամին
Հիւսիսային
Արեւելեան
գծովն,
բլրոց
կողերուն
վերայ
ճանապարհորդելով
կը
հասնիմք
յիշեալ
վանքը,
որ
Վանայ
Այգեստանի
Հարաւակողմն
է
եւ
անկէ
21/2
ժամ
հեռու
կ’իյնայ:
Ս.
Խաչի
վանքն
կը
գտնուի
մի
լայնածաւալ
եւ
բարձր
բլրոյ
կողերուն
հողի
վերայ,
կառուցեալ
կոփածոյ
քարերէ,
շէնքն
է
շատ
հին,
բաւական
հսկայ
տաճարաւոր
եւ
ճաշակաւոր:
Ունի
սքանչելի
տեսարան,
մանաւանդ
Հիւսիսային
կողմէն,
որ
ամբողջ
Վան
քաղաք
յԱրեւելէն
յԱրեւմուտ
կը
տեսնէ
իբրեւ
‘ի
բարձր
գահէ
բերդի:
Վանքն
շրջապատեալ
է
ահագին
պարիսպներէ,
օդն
եւ
ջուրն
պատուական,
բայց
մե՜ղք
որ
սոյն
վերջի
կենսական
տարր
շատ
նուազ
է.
ծառաստան
գրեթէ
չունի:
Վանուց
հնաշէն
վիճակն
կրնայ
ուղեւորաց
յիշեցնել
Առաքելական
եւ
թերեւս
կռապաշտական
դարերն
իսկ,
տեղ
տեղ
անորոշ
ատեններու
մէջ
վերանորոգուած
են:
Բարոյական
կամ
գրական
կեանքէ
զուրկ
է:
Ունի
10-15
հատ
ողորմելի
սենեակներ,
որք
կը
ծառայեն
մի
քանի
ոչխարներու,
տուարներու
եւ
զայնս
պահպանող
մշակաց
բնակութեան
տեղւոյ:
Հողերն
ընդարձակ
են
թէպէտեւ
մեծագոյն
մասամբ
անջրդի:
Արեւակէզ
մշակի
քրտինքն
պէտք
եղածին
պէս
վարձատրելոյ
համար
հմուտ
երկրագործի
ՁԵՌՔ
կը
պակսի:
Երբ
վանքիս
յատկապէս
այցելութեան
եկայ,
վանահայր
վարդապետին
հետ
ջերմաբար
խօսեցայ
խաւարէն
աւելի
ԼՈՅՍ
սիրելուն
վերայ.
մեր
հայր
սուրբ
յիրաւի
շեշտելով
կը
խոստանայր
թէ
“5-6
ամիսէն
յետոյ
նորէն
մտադիր
եմ
երկու
հատ
որբ
մանկտիներ
ժողովել
գիւղերէն
եւ
բերել
ասի
‘ի
պայծառութիւն
‘ի
բարեկարգութիւն
վանուցս,
որոյ
վիճակն
շատ
աղքատ
է:
Մենաստանէս
5-10
վայրկեան
տարակայ
մի
քարայր
կայ,
զոր
կ’անուանեն
“կուսանաց
այր”,
որոյ
նկատմամբ
կ’աւանդեն
թէ
“երբ
40
կուսանք
Արեւմտեան
աշխարհէն`
Դիոկղետիանոսի
վախէն
‘ի
Հայս
փախան,
եկան
այս
վանուց
մէջ
ահով
եւ
դողով
կրօնաւորեցան
ժամանակ
մը
եւ
իւրեանց
մասնաւոր
աղօթարան
կամ
ճգնութեան
տեղի
ընտրած
էին
յիշեալ
քարայրն,
ուրկէ
‘ի
Պարսկաստան
փախած
միջոցին
Հռիփսիմէի
կուրծքէն
կախեալ
կենաց
փայտի
մասն,
որպէս
զի
անվնաս
մնայ,
կը
տանեն
եւ
կը
դնեն
Վարագայ
լերան
մի
բարձր
գագաթի
վերայ`
‘ի
Գալիլիա,
ո՛ւր
խաչաձեւ
կ’ամփոփուի
հրաշիւք
եւ
ապա
Թօդիկ
ճգնաւորին
կ’երեւնայ
երկոտասան
լուսեղէն
սիւներով”:
Սոյն
կէտի
ստուգութիւնն
պատմութեան
կը
թողում:
***
Ս.
Խաչ
վանուց
Հիւսիսակողման
առջեւ
մի
տափարակ
տեղի
կայ,
ո՛ւր
տարին
մի
անգամ,
Տեառն
ընդ
առաջի
երեկոյ,
Արեւն
‘ի
մար
մտնելէն
անմիջապէս
ետք
չոր
ցախեր
(խռիւ)
դէզ
ըրած`
կը
փռնկցնեն,
որով
կը
լինի
մի
ահագին
բոց,
զոր
քաղաքացիք
տեսնելով
կ’սկսին,
նախնի
սովորութեան
համաձայն,
տանեաց
վերայ
կամ
բակերու
մէջ
իրենց
արդէն
պատրաստած
խռիւները
փռնկցնելով
վրայէն
ցատկել
կամ
բոլորտիքը
պարել,
‘ի
յիշատակ
թերեւս
կռապաշտական
դարուն,
զոր
յանգէտս
յիշեցնել
կը
տան
մեզ:
Այժմ
այս
հետաքրքիր
սովորութիւնն
երթալով
վերջանալոյ
վերայ
կը
գտնուի:
***
Ս.
Խաչի
մենաստանն
վանեցւոց
համար
տարւոյ
մէջ
մի
քանի
անգամ
ուխտատեղի
է,
(ինչպէս
նաեւ
գարնան
եղանակի
կիւրակէ
օրերն)
որում
կը
դիմեն
խուռն
բազմութեամբ
երկու
սեռերէ
անխտիր.
վանուցս
մերձ
ընտիր
քարերու
հանքեր
կան,
յորոց
քաղաքացիք
կ’օգտին
եւ
ոչ
մենաստանն,
որ
ցաւ
է
ըսել,
նման
ԿԱՐՄՐՈՒՈՐԱՅ,
ամայաստան
լինելոյ
դժբաղդութեան
կը
հպի
օր
ըստ
օրէ:
Ս.
Խաչ
Վանայ
Առաջնորդարանի
գերիշխանութեան
տակը
կը
գտնուի
եւ
երկու
գիւղ
միայն
թեմական
ժողովուրդ
ունի:
ՄԵԿՆՈՒՄՆ
Ս.
Խաչի
տխուր
մենաստանէն
մեր
վերջի
հրաժեշտ
ուրախ
վանահօր
տալով
մեկնիմք
եւ
վանուց
Արեւելեան
ուղղութեամբ
յառաջ
երթալով
3/4
ժամէն
մի
քանի
քարոտ
ձորամէջերէ
եւ
բլուրներէ
անցնելով
կ’իջնեմք
ընդարձակ
դաշտավայր
մը,
որմէ
կրկին
‘ի
վեր
ելնելով
կը
ժամանեմք
հետեւեալ
գիւղը: