Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԱ. ՄՈՒՇ (ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ)
       Մուշ կը գտնուի համանուն ընդարձակ դաշտի Արեւմտակողմը մեծամեծ բլրոց զառիվայրներուն վրայ Սիմ լերան ստորոտը. տուները շինուած են առ հասարակ աղիւսէ եւ մեծաւ մասամբ երկայարկ, սակայն ոչ ճաշակաւոր։ Հայկական եւ Տաճկական տուները խմբովին իրարմէ կ՚որոշուին, փողոցները շատ նեղ եւ անկանոն, ձմեռուան համար գրեթէ անտանելի է այդ ելեւէջական ճանապարհներն երթեւեկել, մանաւանդ երբ գետինը թաց լինի։
       Բերդը կը գտնուի քաղաքին արեւմտակողմը բարձր բլուրի մը վրայ աւերեալ
       Մշոյ քաղաքի Հարաւային ձորակէն մի գետակ կը վազէ, որ քաղաքի մի քանի փողոցներու տեսարանները կը քաղցրացնէ եւ որոյ վերայ իւրեանց ջրաղացքները կը դառնան։
       Մուշ քաղաքի ընդհանուր բնակչաց թիւն 2500 տունէն աւելի կը հաշուեն, յորոց 1, 000 տուն Հայ է, մնացածը Քրդա-Տաճիկ են, որք մեծէն մինչեւ ՚ի փոքր վրանին սուր կապելոյ սովորութիւնը ց՚արդ կը պահեն։
       Տեղիս թէ՛ Տաճիկք եւ թէ՛ Հայք առ հասարակ առոյգ եւ կայտառ են, կազմուածքնին զօրաւոր եւ ուժեղ, խօսուածքնին ընդհանրապէս կոկորդային. սոյն հանգամանքներն անշուշտ տեղի բնական վիճակի արդիւնքն են բնակողաց վերայ ազդած իւր պատուական օդովն ու ջրովն եւ դիրքովն։
       Հայք ունին 5 եկեղեցի հանդերձ 5 ծխական վարժարաններովն, որոց վերայ զատ յօդուածով ետքէն պիտի խօսիմ, երբ ուղեւորութենէս վերջը, կարգ կը գայ ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ կրթական կողմերուն վրայ ընդհանրապէս խօսելոյ՝ վերաբերութեամբ Միացեալ ընկերութեանց նախակրթարանաց անցեալ ու արդի կացութեան եւ ապագայի արդիւնաւորութեանը։
       Մշոյ Հայք կրնար երեք գլխաւոր մասերու բաժնուիլ. Ա. վաճառական, Բ. արհեստաւոր, Գ. երկրագործ։ Նպարավաճառաց մեծագոյն մասն Տաճիկ են, ինչպէս եւ Հայ վաճառականաց գլխաւորներն Բաղէշցի։ Քաղաքիս գլխաւոր առեւտուրն Կարնոյ եւ Բաղիշոյ հետ է, իսկ մասնաւորն ու յաճախականն շրջակայ Հայոց եւ Քրդաց գիւղօրէից հետ, որոնց երթեւեկութիւնք քիչ անգամ կը պակսին տեղէս։ Առեւտրականներն 200 չափ կրպակներ ունին հանդերձ արհեստականներովն, որոնց արհեստներն շատ պարզ եւ ամենէն աւելի սովորականներն են, ըստ որում իրենք ժամանակի ճարտարութենէն տակաւին ներշնչութիւն մը չեն ընդունած։
       Ժողովրդեան ստորին կարգէն մաս մը թէ՛ Տաճիկ եւ թէ՛ Հայ քաղաքի մօտակայ անտառներն արմատէն քակելով շարունակ կը բերեն ՚ի վաճառ եւ կամ իրենց տան համար. ինձ կը թուի թէ տեղւոյն կառավարութեան ուշադրութիւնը տակաւին չէ դարձած այդ բանին վրայ, որպէս զի խստիւ պատուիրէ, որ անտառահատներն արմատներուն չ՚դպչին, որ յապագային անտառն կարենայ շարունակելի լինիլ։
       Մշեցիք ունին խաղողի բազմաթիւ այգիներ, որոնք արեւերես պառիկներուն վրայ լինելով գինիները շատ պատուական կ՚ըլլան, զորս Հայ Մշեցիքն անուշ անուշ կը խմեն ծառերու շուքերուն տակ, եւ երեսնին կարմրցնելով առիւծ կը կտրին մանաւանդ երբ գլուխնին տաքնայ։
       Մուշ քաղաքը Վանայ կուսակալութեան գերիշխանութեան տակը Միւթէսարըֆութիւն է։
       Տեղւոյս վերայ այսչափ, յաջորդ գլխով կը մեկնիմ դէպ ՚ի Բաղէշ ճանապարհնիս ուղղելով քաղաքիս յԱրեւելահարաւ։