Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԲ. ԴԱՏՈՒԱՆ
       Նշանաւոր Դատուան գիւղ կը գտնուի Վանայ ծովու յԱրեւմտակողմն մի տափարակ դաշտի վրայ. օդն եւ ջուրը պատուական են հանդերձ գեղեցիկ եւ զուարճալի տեսարաններով, եւ գիւղն Վանայ առագաստաւոր նաւուց մի մասի նաւահանգիստն է։ Ունի 90-100 տուն Հայ եւ 1-2 տուն բողոքական, որք աստ կը կենան իբրեւ «Քրիստոսի սերմանացանք »։ Հայք ունին Ս. Թէոդորոս անուն մի անշուք եկեղեցի, որոյ վիճակն այնչափ աննշան է, որ աներկիւղ տարին 12 ամիս միշտ բաց է իւր դուռ։ Աստ կայ մի նախակրթարան Միացեալ Ընկերութեան վերաբերեալ։
       Գիւղիս բնակչաց առ հասարակ զբաղումն երկրագործութիւն է, եւ իւրեանց թիւն 600-650, որոց մեծագոյն մասն իգական սեռէ կը բաղկանայ, որ իւր մասնաւոր գեղեցկութեամբ առաջին տեղին կը գրաւէ այս կողմերու գիւղօրէից մէջ։ Արական սեռն կտրիճ եւ աշխոյժ է։ Տեղւոյս հարսանեաց եղանակը շատ հետաքրքրական է։ Ժողովրդեան գրեթէ մեծագոյն մասն բողոքական կրօնին միտեալ է այժմ, թէեւ ինչպէս յիշեցի, 1-2 տուն բողոքական միայն կայ իւրեանց մէջ բնակուած. սակայն նախկին 5-6 տարուան Միսիօնարաց քարոզութիւնքն մեծ ներգործութիւն գտած կ՚երեւին իրենց մտաց մէջ, եւ որ աւելի ցաւալին է, ուսեալ քահանայք կը պակսին, ու բնակչաց բողոքական կրօնի համոզմանց առջեւ տեղի տուած եւ կորած լինել կը թուի ազգային ամեն զգացումնին։
       Դատուանայ դաշտերու բուսականութիւնը թէեւ նուազ, բայց հողերն արգաւանդ են, եւ որպէս յիշեցի գիւղը նաւահանգիստ լինելով բաւական բարւոք նիւթականի տէր է։ Տեղւոյս նաւահանգիստը մեծ դիւրիւթիւն եւ զարկ տուած է եւ կուտայ Վանայ Բաղիշոյ հետ ունեցած առեւտրական գործին, վասն զի ծովու վրայէն Բաղիշեցին 28 ժամէն կարող է իւր ապրանքներ ՚ի Վան փոխադրել օդոյ փոթորիկ չեղած ատեն, ասոր փոխադարձն ալ բնականաբար նոյն տեւողութիւնը պիտի կրնայ ունենալ։ Չ՚մոռնամ ըսելոյ, որ յիշեալ 28 ժամուան չորսը ցամաքային է Բաղիշոյ եւ Դատուանի միջեւ։ Այն ինչ ցամաքէն 7-8 օր պէտք է երկիւղի կասկածներով եւ ճանապարհի բնական դժուարութեամբք հանդերձ։
       Դատուանայ մօտակայ սահմանին մէջ իրարմէ 1/4 ժամ հեռաւորութեամբ կան նաեւ հետեւեալ 6 եկեղեցիք, որք են Ս. Կիրակոս, Ս. Գրիգոր, Ս. Սիմօն, Ս . Սարգիս, Ս. Քառասուն Մանուկ եւ Ս. Ստեփաննոս, յորոց Ս. Սարգիս ՚ի բաց առեալ, մնացեալքն հիմնայատակ եւ աւերակ են, ոմանց հիմնաքարերը ու ոմանց տեղերը միայն նշմարելի ցոյց կը տրուին։ Յիշեալ եկեղեցեաց մէջ յիշատակութեան արժանի է Ս. Սարգիս, որ գեղեցիկ եւ ճարտարուեստ շինուած փոքրիկ տաճար մի է, որում տարին մի անգամ տեղւոյս գիւղացիք մատաղ ընելոյ սովորութիւնը ց՚արդ պահած են։
       Գիւղս ունի օրինաւոր եւ ընդարձակ գերեզմանատուն մի, որոյ մէջտեղ կառուցեալ է յիշեալ Ս. Սարգիս տաճարն եւ ո՛ւր ըստ սովորութեան ննջեցեալները կը թաղուին առաջնութեան կարգաւ։ Թուական ունեցող խաչաքարանց առաջնոյն տապանագիրն է Ղ. որ ըսել է 1332-90=12 42 տարուան։ Նշանաւոր հնութիւն մ՚է այս։ Աւելի հին խաչքարեր կային, որոց սակայն թուականն անընթեռնլի էր։
       Դատուանայ յԱրեւելակողմն 1/4 ժամ հեռու բարձր բլրակի մի վերայ, (զոր երբեմն «բերդ » կ՚անուանեն ), Վանայ կամ Բզնունեաց ծովուն եզերքը, կայ բաւական հսկայաշէն մի աւերակ, որոյ համար կ՚աւանդեն թէ «Ա. Սենեքերիմի ամարանոցն եղած է . իսկ աշունը կը վերադառնայր ՚ի Վան »։ Սոյն շէնքէն դուրս անոր, գրեթէ կից 3 հատ մէջէ մէջ քարափոր փոքրիկ սենեակներ կան, որ կը թուին լինել այն հին ժամանակի «թանգարան ». շէնքի առջեւը կը տեսնուի մի ջրհոր քարափոր , որմէ 5 մէթր հեռու է նոյն ժամանակի «ամբար » կոչուած քարափոր տեղին. դարձեալ կայ աստ մի այլ տեղի միատուր քարէ փորուած բոլորակի, որոյ տրամագիծ 2 մեթր եւ բարձրութիւնն 7 մեթր կը լինի։
       Գիւղիս կեդրոնը կը բարձրանայ ամրաշէն մի մեծ աւարակ, որոյ հսկայ պարսպաց մեծագոյն մասն քայքայեալ է։ Սոյն շէնքն հաւանականաբար պէտք է լինի իւր տիրոջ նժոյգներու եւ կամ հիւրընկալութեան տեղին։ Տեղւոյս կեդրոնական Հարաւը կը տեսնուի տնկուած մի խաչաքար ցասման խաչ անուամբ, զոր կանայք աւելի շատ կը յարգեն։
       Դատուանայ ՚ի Հիւսիսակողմն 20 վայրկեան հեռու 6-7 տեղերէ ընտիր ջրեր կը բղխին, որոց ամբողջութիւնն մի ջրաղաց կը բանեցնէ։ Սոյն ջրոյ ակունքն նման Մեղրագետոյն կ՚աւանդուի թէ «Նեբրովդայ գլուխը կը գտնուին »։ Այս տեղերը կան նաեւ հանքային ջրոյ մի քանի աղբիւրներ, որք բնակչաց, փոխանակ առողջութեան տարր մի լինելոյ, այժմեան վիճակաւն աւելի օդ կ՚ապականեն։
       Տեղացիք կ՚աւանդեն նաեւ թէ «Դատուանն ի հին ժամանակն եղած է մի քաղաք կամ գիւղաքաղաք 1500-2000 տուն բնակիչներով»։
       Յաջորդ գլխով Դատուանէն յԱպահունիս (Պուլանըխներ ) տանող երկու ճանապարհաց վրայ պէտք եղած տեղեկութիւնները տալէս յետոյ, կը մեկնիմք ՚ի պանծալի Վասպուրական։