Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
       Երբ մի մարդ Հայրենեաց եւ Մայրենեաց սիրովն յարաժամ կը սնանի եւ ընդ միշտ անձնանուէր է Երկրին եւ անոր տիրող Կառավարութեան, անշուշտ չ’կրնար ունենալ զիւր յառաջադիմութեան ուղին փակող խոչընդոտներ եւ յուսահատիլ նիւթական զոհողութեանց առջեւ՝ մանաւանդ երբ հաւատք ունի գործոյ ընդունելութիւն գտնելուն վերայ:
       Մեր Տեղագրութեանց այս Մասն, առանց դժուարութեան, մութէն ‘ի լոյս ածելոյ կարող եղանք, ‘ի շնորհս մեր հայրենակից Մեծ. Մարգար էֆէնտի Լեւոնեանի աջակցութեան, որոյ համար ներկայիւս իմ յատուկ շնորհակալութիւն իւրեան յայտնելով կը գովեմ զիւր ազնիւ զգացումն:
       Երկասիրութեանցս սոյն ճոխագոյն մասի մէջ դարձեալ մեր նպատակն եղած է նկարագրել, տեղագրել, աշխարհագրել, վիճակագրել, հնագրել, նորագրել, պատմագրել, աւանդագրել, հաստատել, կենագրել, կենսագրել, հետաքրքրել, սրբագրել, իմացընել, յուսադրել եւ վերջապէս ընթերցողի սրտէն ԲԱՆ ՄԸ խլել եւ անոր մտքին մէջ ուրիշ ԲԱՆ ՄԸ դնել:
       Զգուշացեր եմք նոյնպէս բանաստեղծականն իրականին կարգն անցունելէն:
       Շատ գոհ եմ ըսել՝ որ իմ այս նոր ՄԵԹՈՏՆ կամ ՈՃԸ հանդերձ ենթակայովն հետզհետէ, գոնէ բարոյապէս, գնահատուելոյ եւ մանաւանդ օրինակելի լինելոյ բաղդին կը հանդիպի, որ ինձ համար թէ պատիւ կը համարիմ եւ թէ միանգամայն քաջալերութիւն. սակայն կը ցաւիմ որ անձնասիրութեան ախտէն բռնուած եւ ազնուապետական (արիսդօքրաթիք) գաղափարին պաշտողներէն ոմանք զհայրենեաց խօսիլն մենաշնորհ համարելով՝ պահ մը կամեցան ընդ ակամբ նայիլ իմ Ազգային նուիրական Երկին. իսկ ինձ գալով՝ առանց ուղղութիւնս փոխելոյ՝ կը կարեկցիմ այդպիսեաց վերա, դոքա թէ լինին աշխարհաւոր եւ թէ լինին կրօնաւոր, որք շատ հեռու կը գտնուին մեծ հոգի ունենալէ, եւ արդէն ‘ի մեզ պտղատու ծառն ե՞րբ քար չէ ընդունած թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ անուղղակի. ինչ որ է, կը թողում ժամանակի լուսաւորութեան, որ յայտնէ ամեն բան եւ ճանչցնէ հոգիներն իրենց որոշ գոյներովն եւ նպատակներովն:
       Ներկայիւս իմ սրտագին շորհակալութիւն կը յայտնեմ այն գրագիտաց եւ պատկառելի անձանց, որք թէ՛ բանիւ եւ թէ՛ գրով զիս քաջալերեցին սերտիւ համակրելով ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆՑՍ Ա. Մասին, առ այս վստահ եմ որ դոքա երկասիրութեանս այս Բ. Մասին մէջ շատ աւելի նիւթեր եւ կանոնաւորութիւն պիտի գտնեն իւրեանց համակրանքն կրկնապատկելոյ:
       Նոյնպէս ջերմագին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ “Հայրենիք” լրագրոյ խմբագրութեան, որ քաջ գիտէ անձնանուէր հոգիներ քաջալերել միշտ եւ անկողմակալ լինիլ յամենայնի:
       Ի վերջոյ կը յուսամ թէ Տեղագրութեանցս վերջի Գ. Մասն մի բարերար հոգւոյ կը հանդիպի, եւ թէպէտեւ հակառակ պարագայի մէջ դարձեալ մամլոյ յանձնել մտադիր եմ, սակայն ոչ ուրախ տպաւորութեան մը տակ:
       Մ. Կ. Մ.
       Երկասիրութեանցս Ա. Մասի վերաբերութեամբ ընդունած հետեւեալ նամակներն, փոխադարձ գոհունակութեամբ, Երկիս սկիզբը կարգաւ կը շարեմ, ոչ թէ ինձ համար ի պատիւ, որմէ կը հրաժարիմ, այլ իբրեւ զարդ են անզարդ վաստակոց:
       Ա.
       Վենետիկ Ս. Ղազար 22/4 Նոյ. 1884
       Առ… Մանուէլ Կ. Միրախորեան
       Պարոն
       Ընդունեցայ եւ ծայրէ ‘ի ծայր կարդացի ՆԿԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ուղեւորութեանդ Ա. Մասն, հաւասար հաճութեամբ՝ Հայրենասէր զգացմամբ գրելուդ եւ խրկելուդ համար. վասն որոյ եւ շնորհակալ եմ: Յիրաւի այդ կողմերուն (Վասպուրականի) վրայօք կան ուրիշ գրողք ալ, սկսեալ քու Գերապատիւ վարպետէդ՝ Սրբազան Հայրիկէն (յԱրծուին Վասպուրականի), այլ դարձեալ կան եւ մնան շատ հունձք: Փափաքելի էր ինձ, որ աւելի շատ յայտնուած ըլլային Արձանագրութիւնք՝ թէ եկեղեցեաց եւ թէ գերեզմանաց, եւ երբեմն նաեւ եկեղեցեաց եւ վանորէից մէջ գտնուած Ձեռագրաց թուականքն եւ պատմական յիշատակարանք. թերեւս երկրորդ մասն, որպէս եւ խոստանաս ճոխագոյն ըլլայ, եւ ‘ի ժամանակին՝ նովին եւ առաւել եւս հաճութեամբ ընդունիմ եւ մնամ յաջողութեանդ փափաքանօք եւ խրախուսանօք:
       Հ. ՂԵՒՈՆԴ Մ. ԱԼԻՇԱՆԵԱՆ
       Բ.
       Մանուէլ Կ. Միրախորեան
       ‘ի Կ. Պօլիս
       Միրախորեան
       Ընդունեցինք պատուասիրական նամակդ եւ գովանի երկասիրութիւնդ, զոր հաճած էիք նուէր խրկել մեզ, ուստի եւ յատկապէս շնորհակալութիւն կը մատուցանեմ սիրելութեանդ:
       Ես համոզուած եմ, որ մեր ազգի ամենամեծ թերութիւններէն մին է իւր անհայրենագիտութիւնն, հետեւապէս, ով որ թէ բանիւ եւ թէ գրով Հայրենագիտութիւն կուսուցանէ ազգին՝ նա մեծ գործ կը գործէ: Այս տեսակիտով, ահա սիրելի Միրախորեան, մեծ արժէք ունի անշուշտ Ձեր ՆԿԱՐԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ‘Ի ՀԱՅԱԲՆԱԿ ԳԱՒԱՌՍ:
       Կը մաղթեմ ուրեմն որ յարատեւէք Ձեր այդ շահաւոր եւ ամենակարեւոր ձեռնարկութեան մէջ, որոյ նպատակն է Ազգին եւ Տէրութեան անեղծօրէն ծառայել:
       Կը մատուցանեմ հայրական օրհնութեանս հետ յարգական ողջոյնս մնալով միշտ բարեացակամ:
      
       1884 Դեկտ. 9
       ՄԵԼՔ. ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
       ‘ի Զմիւռնիա
       Գ.
       Առ… Մանուէլ… Կ. Միրախորեան
       Բարեկա՛մ.
       Հայաբնակ գլխաւոր գաւառաց ընդհանուր ՆԿԱՐԱԳԻՐՆ եւ ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, որոյ Ա. Մասն մի մատենի մէջ ամփոփելով ‘ի լոյս ընծայած էք, կարդացի:
       Ձեր ուղեւորութեան նկարագիրն որքան պարզ այնքան հմտալից էր, Ձեր ՈՃՆ դիւրըմբռնելի եղանակաւ կը ներկայանայր ընթերցողին: Տեղագրութեան մէջ գրագէտն ունէր իրեն կարեւոր մասն, բանաստեղծն կրնար գտնել իրեն յատուկ նիւթերն, երբ Հայաբնակ գաւառաց վերայ քերթել կամէր, աշակերտն թէ՛ տեղագրական, թէ՛ աշխարհագրական տեսակէտով, ունէր իրեն օգտակար ընթերցուածն:
       Այս տեսութեամբ եւ համոզմամբ ստուգիւ կասեմ, Ազնիւ բարեկամ, թէ Ձեր երկասիրութիւնն օգտաշատ եւ կարեւոր մի գործ է, ոչ միայն գրագէտին եւ աշակերտին այլ եւ Հայ ժողովրդեան համար, որ կը ցաւիմ խոստովանիլ թէ Հայաբնակ գաւառաց վիճակին անգիտակ է ամենեւին:
       Ես ուրախ եմ որ Ձեր ուղեւորութեանց ժամերն՝ ոչ իբրեւ հեշտասէր՝ այլ իբր զգայուն եւ հետաքրքիր ուղեւոր, այս օրինակ արդիւնալից ծառայութեամբ յօգուտ ‘ի կիր արկածէք, ծառայութիւն՝ որ իրաւամբ գնահատանաց արժանի է:
       Իցի՛ւ թէ ամեն գրագէտ ուղեւոր Ձեր կեանքին հետեւէին:
       Ձեր Տեղագրութիւնն մի նոր եւ օրինակելի գործ լինելն զգալով, փափաքող եմ յոյժ, նորա Բ. եւ վերջի Գ. մասերն եւս ‘ի լոյս ընծայեալ տեսնել. իմ փափաքին ընդ փոյթ պիտի կարենամ հասնիլ անշուշտ շնորհիւ ազնիւ ընթերցողաց քաջալերութեան:
       Յաջողութիւն կը բարեմաղթէ Ձեզ
       Գատը-քէօյ
       16 Դեկ. 1884
       ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԴԻՄԱՔՍԵԱՆ
       Դ.
       Առ… Մանուէլ Կ. Միրախորեան
       Հայրենակիցդ իմ
       Ամենամեծ հաճոյքով ընթերցայ Ազգ. Տեղագրութեանցդ Ա. Մասն, յորմէ մէկ օրինակ ինձ խրկելու պատիւն ըրած էիք. ինչ որ սիրտս զգաց Ձեր այդ գրքէն կամ լաւ եւս է ըսել այդ սխրալի եւ միանգամայն զուարճալի պարտիզէն, լեզուիս եւ գրչիս զօրութենէն վեր է բացատրել Ձեզ զայն:
       Դուք ամեն տեսակ վտանգներ եւ նիւթական զոհողութիւնք շատ սիրով յանձն առած՝ անձամբ ման գալով Հայաբնակ գաւառաց Սարերէն եւ Ձորերէն, Հներէն եւ Նորերէն ժողոված էք բազմատեսակ ծաղիկներ, զորս մատուըներովդ խնամօք փնջած՝ ‘ի Պօլիս կը բերէք ու անձնանուիրաբար կը դնէք Հայ բանասիրաց առջեւ, Հայ հասարակութեան առջեւ եւ աւելի ՀԱՅ ուսանողաց առջեւ, ուրեմն բազմաշխատ մատիկներդ ծլին ու ծաղկի եւ դու մնաս միշտ այդպէս կորովալից եւ կանաչ Արեւ:
       Երանի՜ թէ ազնիւ Միրախորեանիդ նմաններն բազմաթիւ լինէին ‘ի մեզ, որպէս զի կրթական տեսակիտով մեր ժողովրդեան հոգի, կենդանութիւն եւ գործունէութիւն ներշնչէին ‘ի փառս Ազգին եւ ‘ի պարծանս Օսմանեան Մեծազօր գահուն, ում հաւատարիմ եղած եմք ցարդ եւ պիտի մնամք միշտ:
       Ազնիւ բարեկամս, Ձեր նամակն կարդալով` իւր վերջի պարբերութենէն մեծ ցաւ զգացի, երբ կը գրէք թէ “Տխուր տպաւորութեան մը տակ մուրհակ ստորագրելով Ազգային երկասիրութիւնքս կը հրատարակեմ ու կը հաւատամ չսխալիլ”. ուրախ եմ որ անմիջապէս կը յաւելուք նաեւ թէ “Ինչ որ ալ լինի, յուսահատութիւն բառի իմ անհատական բառարանէս ջնջուած է”: Լի եմ յուսով` որ դուք պիտի գտնէք Ազգէն այն քաջալերութիւնն, զոր կատարեալ իրաւամբ կ’ակընկալէք Ձեր ԸՆՏԻՐ եւ ՆՈՐ երկոց առթիւն, յորոց մեծագոյն մասն, որպէս կը լսեմ, տակաւին ‘ի լոյս չէ ընծայուած եւ կը մնայ ‘ի մթան:
       Չեմ մոռնար նոյպէս գովել Ձեր անշահասէր ընտրութիւնն, որով մեզ ամենուս սիրելի Ամենապատիւ Խրիմեան Հայրիկի անուան նուիրած էք. արդարեւ արժանաւոր գործ մ’արժանաւոր անուան մը հանդիպած է, ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն:
       Տէր, 28 տարի է որ Վանէն՝ իմ ցանկալի Հայրենիքէն հեռացած եմ եւ շատ կարօտ կը քաշեմ իւր տեսուն, դուք կը խոստանայք նորա պատկերն ալ, ‘ի մէջ այլոց, ‘ի տես բերել Ձեր Տեղագրութեանց Բ. Մասին մէջ, որմէ իրապէս կարող եմ գէթ կիսով չափ կարօտս առնուլ, ‘ի շնորհս Ձեր անխոնջ աշխատութեան, յիմ այս նժդեհութեան:
       Ուստի նուիրական պարտք մը կ’զգամ խոնարհաբար յայտնել Ձեր ազնուութեան թէ այդ Բ. Մասի տպագրութեան համար որչափ ծախքի պէտք որ ունիք պատրաստ եմ, ‘ի փոքրիկ քաջալերութիւն, Ձեր տրամադրութեան տակ դնել առանց տոկոսի եւ առանց մուրհակի, եւ վերադարձնելու մասին ալ ահա իմ պայմանս. “Երբ որ կարող էք, յայնժամ միայն վճարեցէք”, եւ ասոր տրամաբանական եզրակացութիւնն ընդունելովս հանդերձ, կը խնդրեմ որ անյապաղ մամլոյ տակէն հանելու աշխատիք այդ Բ. Մասն, որում անշուշտ պիտի յաջորդէ վերջի Գ. Մասն, զորս մեր Հայ հասարակութեան հետ ես եւս կրկնակի ախորժանօք պիտի ընթեռնում եւ իբրեւ մատենադարանի եւ սրտի ԶԱՐԴ, խնամով կը պահպանեմ կուրծքիս վերայ, որպէս քաջ կը յանձնարարէ եւ կը գրէ ազնիւ Գրասէր Ատոմ:
       Մնամ Ձեր յաջողութեան բարեմաղթող եւ հայրենակից
       ՄԱՐԳԱՐ ԼԵՒՈՆԵԱՆ
       1885 Յունվար 15
       ի Կ. Պօլիս
       Զ.
       Առ… Մանուէլ Կ… Միրախորեան
       Բարեկամ
       Պատմութիւնը անցելոյն կեանքն, ներկային ծնողքն եւ ապագային դայեակն է, անսրբագրելի դասագիրք մը, յորում սերնդի մը արժանաւոր յաջորդն կուսանի իւր ազգային ոգին, իւր նախնեաց սկզբունքն, մեծութիւնն, վեհանձնութիւնն, բարգաւաճանքն ու փառք, եւ բնականաբար մտօք կը յարի եւ սրտիւ կ’զգածուի առ այն, եւ այն կը լինի աւազան սրբագործութեան, ուր կը մկրտի միայն այն որդին, որ ունի բերել զհարազատ նմանութիւն հօրն, եւ այնու կանուանակոչի ճշմարիտ որդի, ճշմարիտ մարդը, եւ ճշմարիտ ազգ: Այս է աղբիւր ազգաց, մեծութեան եւ փառաց եւ հետեւաբար պատմութիւնն կենաց մի յարակաց բոլորն է, որ աճողաբար ոգի կը ներշնչէ իւր մասին եւ մի անմահ լեզու է, որ անդադարապէս կը խօսի հանդերձելոյն հետ՝ հրահանգելով զանի ‘ի բարին եւ յօգտակարն. ուրեմն քանի մեծ է այն մարդն, որ մոռացութեան պատմիչներ քանդելով` աւերակաց մէջէն, երկրի ծածկոյթէն, գիտութեան խորշերէն եւ աւանդութեանց բաբելոնէն պատմական նշխարքներ կը կորզէ, կը սրբէ եւ ի լոյս ածելով՝ կը կենդրոնագործէ զանի. եւ կը նուիրէ նոր աշխարհի, նոր սերնդին: Սիրելի բարեկամ, դուք ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ մի ըրած էք ‘ի Հայաբնակ գաւառս խուզարկեր էք հնութիւններն ու աւանդութիւններն, վարք՝ բարք՝ ու սովորոյթն, դիրքն` ու տեսարանն, ժողովուրդն եւ կացութիւնն, շէնն եւ . տնակն եւ խրճիթ, միով բանիւ անցեալն եւ ներկայն առաւել քան զՌափայէլ կենդանի գունով պատկերացուցած էիք զայն Ձեր հայրենասէր ընթերցողաց. պատկե՛ր մը, որ արդարեւ պատմութեան մի կարեւոր մասն կը կազմէ, եւ նորա պարապ խորշերէն մին կը լնու. - Գո՜րծ մեծի քաջալերութեան եւ երախտագիտութեան արժանի:
       Տէ՛ր, զայն ուշի ուշով ընթերցայ, եւ մտախոհ յափշտակեցայ այն ըղձալի տեսարանին առջեւ… եւ այսպէս յաչս իմ ցոլացաւ Ձեր լուսաւոր գրչի մի շողշողիւն, եւ շլացայ, եւ յունկն իմ եհաս ձեր դաշնակաւոր ձայնն, եւ զմայլեցայ, վասն զի դուք այն տեղերէն անցեր ու եկեր էք, ուստի ժամէ ‘ի ժամ կանցնի կարօտակէզ սիրտս, եւ ուր միտքս յափշտակեալ կը հոլաթեւէ անդադար: Միտք եւ սիրտ նոյն իսկ կեանքն է մարդոյ, ուրեմն քո գրիչ զիմ կեանքս կը խօսի՝ ուրեմն իմ կեանք նուիրեալ է քում գրչի, որ սիրոյս հայրենիքէն կուգայ՝ ընծայ բերելով… պատկեր մը…
       Սիրեցի յոյժ, եւ զքեզ առաւել սիրեցի, որ պատմական կենսատու ջահով ողջունեցիր զմեզ, այլ աւա՜ղ տխրեցայ եւ յոյժ, թէ չ’կայ քաջակորով ձեռքեր, որ ուղեւորիդ քրտանց աղի կայլակներն սրբէ խոնջեալ ճակտէդ եւ քեզ զօրութիւն ներշնչէ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆԴ երկրորդ եւ երրորդ հատորիկն եւս ‘ի լոյս ածել, որ գոնէ այն լինի ‘ի վարձատրութիւն քո երկար ժամանակեայ տաժանելի երկանցդ ու ճգանց, զի վարձատրիլն նպատակին հասնիլն է:
       Ընդունէ, ազնիւ բարեկամ, իմ առ Ձեզ զեղուն շնորհակալեացս եւ խորին համակրանացս այս հաւաստին, զոր դժբաղդաբար առանց ՆԻՒԹԱԿԱՆԻ Ձեզ նուիրելով՝ եմ, եւ մնամ փափաքող անընդհատ աշխատասիրութեանդ անձնանուէր բարեացակամ:
       Կ. Պօլիս 13 Փետրվ. 85
       ՍԻՄՕՆ Հ. Մ. ՖԷԼԷԿԵԱՆ