Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Զ. ԲԱՍԵԱՆ ԳԱՒԱՌ
       Բասեան, ըստ Խորենացւոյն, ԱՐԱՐԱՏ նահանգի գաւառներէն մին, որ առ հասարակ դաշտային է հորիզոնական դիրքով եւ լայնածաւալ տարածութեամբ, որոյ երկայնութիւնն երկու օր, իսկ լայնութիւնը մէկ օր կարաւան հազիւ կարող կը լինի կտրել։
       Երասխ գետը գրեթէ Արեւելահիւսիսէն դէպ ՚ի յԱրեւմտահարաւ ոլորապտոյտ ընթացիւք սոյն գաւառը կը բաժնէ երկու գլխաւոր մասերու, որոցմէ իւրաքանչիւրն իւր բնական դրից համաձայն զիւր անուն առած է, որով մին վերին եւ միւսը ստորին Բասեն կը կոչուին։ Սոյն երկու բաժանումները դարձեալ իւրեանց բնական վիճակովն իրարմէ մեծ զանազանութիւն ունին, զոր օրինակ Վերին Բասեն իւր բոլոր տարածութեամբ տափարակ դաշտ մի է հիանալի տեսարանաւ մը, ՚ի բաց առեալ Հիւսիսական մի փոքր մաս, որ անտառոտ է եւ սահմանակից Ստորին Բասենի, որ ունի զանազան լեռնահովիտներ, մեծ եւ փոքր ձորակներ, խառն ՚ի խուռն բլրակներ, ընդ որս ունենալով հանդերձ շատ տեղերը տափարակ դաշտօրայք, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային կողմանէ մեծագոյն մասամբ գեղեցիկ եւ ընդարձակ անտառներ կան, ո՛ւր բազմաթիւ են մայրի մեծամեծ ծառեր։
       Բասեան գաւառն իւր պատուական եւ արգաւանդ հողերովը Կարնոյ գաւառի տեւական շտեմարանն կը համարուի, յորմէ դուրս կուգան ամեն տարի ահագին քանակութեամբ ընտիր ցորեան, գարի եւ ընդեղէնք։
       Տեղւոյս Հայ, Տաճիկ եւ Քուրդ բնակչաց անհոգութեան եւ տգիտութեան պատճառաւ այս գեղեցիկ եւ զուարճալի երկիրն, հակառակ իւր ունեցած յարմարութեան, մանաւանդ հողին, ջրոյն եւ կենսատու օդին, գրեթէ ամենապարզ պտուղներէ զուրկ կը գտնուի, վասն զի անծառաստան է, եւ սովորութիւն չունին զայնս տնկելոյ եւ մշակելոյ . մասնաւորապէս Վերին Բասենին գալով՝ շատ տեղեր վառելոյ փայտ անգամ չունին. այս պատճառաւ մեր նախնիքներէն անփայտ Բասեն անունն առած էր։
       Անցեալ տարի կառավարութեան կողմանէ յատուկ հրահանգներ տրուեցան իրենց այս մասին, այժմ հաւանական է որ բաւական սկսած լինին տեղ տեղ ծառաստան եւ մրգաստան ընելոյ։
       Այո՛, այս տեսակ նախնական երկիրները ծաղկեցնելոյ համար, երբ ժողովուրդը բնութեան բարիքէն օգուտ քաղել չ՚գիտէ, աշխարհաշէն եւ ստիպող ձեռքեր պէտք են մինչեւ ց՚թուականն երկրի բնակչաց զգաստութեան։
       Աւելորդ չեմ համարիր աստանօր յիշատակել նաեւ գաւառիս Հիւսիսակողման գեղեցիկ լեռները, խոտաւէտ, ջրաւէտ եւ օդաւէտ, ո՛ւր ամառ եղանակին մէջ վրանաբնակ հարիւրաւոր քրդեր իւրեանց ընտանիքներովն եւ հազարաւոր խաչինքներովն աստ գալով կը հաստատուին եւ մինչեւ աշնան երկրորդ ամսուան վերջերն ոչխարներն այս հարուստ բնութեան մէջ կ՚արածեցնեն, որոնցմէ սովորականէն շատ աւելի կաթ կ՚ընդունին ու կը պատրաստեն կոգի, իւղ, պանիր եւ չորթան ու կը տանին գաւառիս այլ եւ այլ կողմերն ՚ի վաճառ։
       Վերոյիշեալ լերանց մէջի զղզղուն աղբիւրներն են, որք մեր նախնիքներէն «ԱՐԾԱԹԻ ԱՂԲԻՒՐՔ » կոչուած էին։
       Զղզղուն աղբիւրներն են, որք մեր նախնիքներէն «ԱՐԾԱԹԻ ԱՂԲԻՒՐՔ » կոչուած էին։
       Ուղեւորութիւննիս յառաջ տանելով ՚ի Վերին Բասեն երթամք ՚ի Հասան-Գալէ։