ԳԼ.
ԽԶ.
ԿՈՒՌՈՒՊԱՇ
ԵՒ
ԻՒՐ
ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ
Սոյն
գիւղն
շինուած
է
ընդարձակ
բլրադաշտի
մը
վերայ,
սովորական
գիւղերէ
աւելի
ընդարձակ
նստուածքով.
կը
գտնուի
Վանայ
Այգեստանի
յԱրեւելահարաւ
եւ
անկէ
11/2
ժամ
հեռու:
Ունի
75
տուն
Հայ
բնակիչ,
յորմէ
մեծագոյն
մասն
նիւթականի
միջակ
կարողութեան
տէր
է,
իսկ
մնացեալն
աղքատ
եւ
միանգամայն
շատ
պարտուց
ներքեւ
ընկճեալ
է:
Ունին
Ս.
ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ
անուն
մի
եկեղեցի`
շինուած
անճաշակ
եւ
հնութենէն
փոշոտած,
(որոյ
կառուցման
թուական
տեղ
մի
գրուած
չ’տեսի)
եւ
մի
քահանայ`
մատակարար
իրենց
կրօնական
պիտոյից:
Գիւղիս
նախակրթարանն
եկեղեցւոյս
կից
է,
որ
գիտես
թէ,
առանց
անոր,
չ’ապրիր,
եւ
որոյ
վերայ
իրաւամբ
պէտք
է
ԿՌԹՆԻԼ,
ըստ
որում
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Դպրոցին
ԿԵԱՆՔ
կը
տայ
եւ
Դպրոցն
եկեղեցւոյն
ԼՈՅՍ.
ահա
Յաւիտենականէն
սահմանեալ
առեւտրական
օրէնք
մը:
Եւ
միթէ
աշխարհային
գործերն
եւս
նոյն
ԱՐԴԱՐ
օրինաց
վերայ
չե՞ն
կայանար,
ուրիշ
խնդիր
է
թէ
մարդ
կը
յանդգնի
այդ
օրինաց
ուղղութիւնն
խանգարել:
Գիւղիս
նախակրթարանն
եւ
իւր
ազնիւ
ուսուցչին
արտաքին
խնամոց,
եթէ
ոչ
նիւթապէս,
գոնէ
բարոյապէս
պէտք
ունին:
Տեղւոյս
ժողովուրդն
առ
հասարակ
ուսումնասէր
եւ
ջերմեռանդ
է,
յար
եւ
նման
քահանայն,
նոր
տարիքով
եւ
հին
մտօք:
Կզբաղին
երկրագործութեամբ,
ջրաղացպանութեամբ
եւ
այգեգործութեամբ,
զի
կան
մի
քանի
այգիք:
***
Գիւղիս
հնութեանց
գալով`
իւր
մերձակայ
Հիւսիսակողմն
կը
տեսնուի
Ս.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
անուամբ
գետնատարած
եկեղեցւոյ
մը
հիմունք,
որ
տեղւոյս
հին
բազմահայութեան
ժամանակ
ունեցած
է
իւր
փառաւորութիւն:
Սոյն
աւերեալ
եկեղեցին
ներկայիս
մէջ
ուխտատեղի
դարձած
է,
ո՛ւր
տարին
մի
անգամ
Ս.
Յովհաննու
տօնին
գիւղացիք
խուռն
բազմութեամբ
կը
դիմեն,
ցատկելոյ,
սրինք
ածելոյ,
նաղարա
(տավուլ)
զարնելոյ
եւ
օրն
‘ի
բուն
պարելոյ…:
Կուռուպաշայ
յԱրեւելակողմն
փոքր
ինչ
հեռու
կը
տեսնուի
իկմալ
(եկ
մ’ալ
կամ
ուրիշ
իմաստով
մէկ
տուն)
անուամբ
մի
աւերեալ
Հայ
գիւղ,
ո՛ւր
են
եկեղեցւոյ
հիմքերու
նշաններ:
Աստ
կը
տեսնուին
ընտիր
ջրոյ
3
հատ
աղբերակներ,
որք
երբեմն
ծարաւն
անցուցած
պէտք
է
լինին
տեղւոյս
նախնի
Հայ
բնակչաց
եւ
անոնց
երկրագործող
եզանց
եւ
կաթնատու
ոչխարաց:
Դարձեալ
Հարաւակողմն
մի
քանի
վայրկեան
հեռու
մի
աղբիւր
կայ,
զոր
տեղացիք
կ’անուանեն
ԱՒԱԶԱՆԻ
Խաչին
(աւազան
խաչի),
որոյ
վերաբերմամբ
կ’աւանդուի
“լինիլ
հին
դարուց
մէջ
կռոց
տեղի
եւ
յետոյ
Քրիստոնէութեան
յաղթանակաւն
խաչ
տնկուած”.
այժմ
ջերմ
ունեցողներն
սոյն
աւազանի
խաչի
ջրովն
կը
լուացուին
յառողջութիւն,
զոր
շատեր
կը
գտնեն:
Գիւղիս
“Կուռուպաշ”
անուան
վերաբերութեամբ
աստ
կը
նշանակեմ
‘ի
ծերոց
եկած
2
աւանդութիւնք,
որք
են
Ա.
‘ի
հնումն
Մեհենաց
կամ
կռապաշտից
տեղի
եղած
է,
ասոր
համար
ժամանակին
կոչուած
է
“կռապաշտ”,
ոյր
աղաւաղեալն
է
այժմեան
անունն:
Մինչ
տակաւին
հետաքրքիր
լինելոյ
վերայ
էի
յանկարծ
ներս
մտաւ
մի
ծերունի
գաւազան
մը
հաստ
‘ի
ձեռին
եւ
ինքն
էր
դողդոջուն.
այդ
խեղճ
մարդն
մի
շատ
յարգանօք
բարեւ
տուաւ
Ուղեւորիս
եւ
իւր
պատկառելի
ու
խորին
ծերութեամբ
հանդերձ
չ’կամէր
առանց
հրամանի
նստիլ.
սոյն
տեսարանն
անբնական
չէր,
որ
ինձ
համար
լինէր
սրտաճմլիկ
եւ
տխուր,
վասն
զի
ինէ
աւելի
հասակաւոր
թոռանց
տէր
եղող
ակնածելի
մի
անձ
էր`
իմ
կրօնէն,
իմ
Ազգէն
եւ
իմ
արիւնէն,
որ
ինձ
կը
կենայր
ճիշտ
հանդէպ`
գեղջուկ
եւ
աղքատ:
Այս
պահուս
զգացումներս
կը
յորդէին
եւ
զիս
գտայ
մի
տարբեր
կենաց
մէջ,
վերջապէս
սթափելով
վեր
ելայ
տեղէս,
այդ
ալեւորի
կամ
տարեւորի
ձեռքէն
բռնեցի,
որ
կաշի
կտրած`
սիրտս
յուզեց
եւ
քովս
բերի,
ո՛ւր
նստաւ
թէ
չէ
բերան
բանալով
ուզեց
ինձ
պատմել
գիւղիս
անուան
նկատմամբ
հետեւեալ
Բ.
աւանդութիւն
եւ
շարունակեց
մեր
ծերունին
այսպէս
“էյ
աղա,
քու
ծառէն
(ծառայ)
կամ
4
քսան
տասն
էլ
աւելի
տարեկան
(90
տարու
եմ
ըսելոյ
փոխան).
ունիմ
Աստուծով
քեզմէ
ճոչ
(մեծ,
տարեւոր)
թոռներ,
մկա
(հիմա)
դու
մեղաւորիս
ականջ
տո՛ւր,
ես
քեյ
(քեզ)
պատմեմ
շատ
ըղորդ
(ճիշտ)
որ
իմ
պապիկէն
լսած
եմ”:
Յարեց
“հին
ժամանակ
չեմ
գիտեր
Աճէմըստանի
ո՛ր
կռալ
(կայսր)
կռուի
կիւգայ
(կուգայ)
մեր
Օսմանցիին
վերայ,
երբ
էսա
տեղէն
կանցնի
մէկ
գիշեր
գիւղիս
մէջ
կը
կենայ
իւր
ճաղամաթով
(բազմութեամբ)
ձիերու
համար
դարի
կուզեն,
երբ
էլ
չ’մնայ,
կը
խլսնի,
գեղիս
Ռէսին
շատ
չարչարանք
կը
տան,
քիչ
պակաս
Ս.
Գրիգորի
չարչարանքէն:
Ռէս
կը
պօռայ
թէ
“էլ
չ’մնաց,
չոր
գլուխս
մնաց,
եսոր
վերէն
Օսմանցին
յաղթեց
եւ
անոր
լեզուաւ
մնաց
“գոuռուպաշ
կամ
կուռուպաշ”:
Գիւղէս
մեկնելոյ
պահուն
բնակչաց
խօսեցայ
թէ
շատ
բնական
է`
որ
մարդս
սիրէ
այն
բան,
որ
իւրեան
փրկարարն
է
կամ
կրնայ
լինիլ:
***
Վան-Տոսպ
գաւառի
Հարաւակողմն
տեղագրած
եւ
աւարտած
լինելով`.
այժմ
կուռուպաշ
կամ
գուռուպաշ
գիւղէն
բռնելով
Արեւմտեան
Հիւսիսային
գիծն
իյնամք
յուղի
եւ
5
վայրկենի
տեւողութեամբ
ճանապարհնիս
շարունակելով
կը
հասնիմք
Հիւսիսէն
‘ի
Հարաւ
երկարող
կարճ
եւ
նեղ
ձորակի
մ’ափունքը,
յորմէ
մեր
ուղին
քիչ
մը
հեռու
կը
գտնուի:
Յիշեալ
ձորակի
մէջ
3-4
հատ
փոքրիկ,
այլ
պատուական
ջրոյ
աղբերակներ
կան,
զորս
տեղացիք
կանուանեն
“հաց
ու
պանրի
աղբիւրք”,
որք
իւրեանց
անունն
առակ
են
ջրոց
անուշահամութենէն
կամ
մարսեցուցիչ
յատկութենէն:
Մեր
ՈՒՂԻՆ
կամ
ՈՃՆ
շարունակելով
կանցնիմք
ընդարձակ
բլրոց
կողերու
ստորոտէն
եւ
“կուռուպաշայ
գետ”
կոչուած
ջրէն,
որ
գարնան
եղանակին
բաւական
յորդ
է
եւ
զայրացկոտ.
յետոյ
մի
քանի
արտօրայք
կտրելով
կը
հասնիմք
“ճղլակ
(երկճղի)
դար”
ըսուած
բլրային
տեղ
մը,
որմէ
յառաջ
գնալով
մեզ
կը
պատահին
ձախէն
“ըռպի
(մէքմէզ)
հողեր”
անուանեալ
անբեր
դաշտերը
եւ
աջէն
գեղեցիկ
եւ
արգասաւոր
արտօրայք
են,
իչպէս
նաեւ
հաճի
պէգըրի
փահրէզ
կոչուած
աղբիւրն,
որ
իւր
անունն
առած
է
հանողի
անունէն
եւ
որ
Վանայ
ամենանշանաւոր
Թուրքերէն
մէկն
է
եւ
իւր
առաքինութեամբ
հռչակաւոր:
Այսպէս
ահա
յառաջ
երթալով
կը
հանդիպիմք
“տէր
Սահակու”
ջրաղացին,
որ
կուռուպաշէն
1/4
ժամ
հեռու
կը
գտնուի,
ասկէ
ետք
կը
հասնիմք
յԱյգեստանի
“Արարք”
թաղը
15
վայրկեան
ճամբայ
առնելով:
***
Մեր
Տեղագրութեանց
սոյն
Բ.
Մասն
կամբողջանայ
Վան-Տոսպ
գաւառի
Հիւսիսակողման
Թիմար
անուանեալ
մասն
լրացնելով,
ուստի
ուղեւորիմք
յայդ
կողմն,
որ
ընդարձակագոյն
տեղին
կը
գրաւէ
գաւառիս: