ԳԼ.
ԼԸ.
ՀԱՅՈՑ
ՁՈՐՈՅ
ՀԱՐԱՒԱԿՈՂՄՆ
Հայոց
Ձորոյ
Հիւսիսային
մասն
աւարտած
լինելով՝
նախորդ
գլխուն
վերջը
յիշուած
Առեղ
գիւղէն
մեկնիմք
դէպ
՚ի
Հարաւ
եւ
անցնելով
Խօշապայ
գետ
կը
հասնիմք
՚ի
Հնտստան
գիւղ,
որ
կը
գտնուի
գաւառիս
Հարաւային
երկայն
մասի
Արեւելածայրը ,
որմէ
շարունակաբար
ուղեւորիմք
յԱրեւմուտս
կրկին
դէպ
՚ի
Վանայ
ծովն,
առանց
այլ
եւս
ուղղութեան
գծերնիս
յաճախ
յիշելոյ,
երբ
ճանապարհի
շեղումն
մեծապէս
զգալի
չ՚է,
որպէս
ասացի
նախապէս,
երբ
՚ի
սոյն
գաւառն
մտնելով
կ՚սկսէի
տեղագրել
նորա
Հիւսիսային
երկայն
մասն։
ՀՆՏՍՏԱՆ.
-
Նախորդ
գիւղէն
11/2
ժամ
հեռու
է
եւ
շինուած
«Ապլասաթ»
(Ապուսէթ
)
լայնահատակ
լերան
ստորոտը։
Ունի
30
տուն
բնակիչ,
յորոց
5
տուն
Քուրդ
են։
Հայք
ունին
մի
նորաշէն
ու
բաւական
ճաշակաւոր
եկեղեցի
յանուն
Ս.
Աստուածածնայ
կառուցեալ.
մի
ընտիր
քահանայ՝
ուսեալ
եւ
առաքինի,
որոյ
նման
գաւառիս
մէջ
չ՚կայ.
այս
մասին
Հնտստանցիք
բարեբաղդ
կրնան
համարուիլ,
սակայն
մե՛ղք
որ
դպրոց
չ՚ունին,
որոյ
դռնէն
պիտի
ցոլայ
իւրեանց
եկեղեցւոյ
լոյս,
յորմէ
տեղւոյս
դժբաղդ
նոր
սերունդ
զրկուած
է։
Աստ
եկեղեցւոյ
արտաքին
սրահը
քահանային
եւ
մի
քանի
գիւղացւոց
հետ
նստած՝
մինչ
կը
խօսէինք
դպրոցի
վերայ,
10-էն
աւելի
հոլանի
եւ
բոկոտն,
այլ
կայտառ
մանուկներ
մեզ
հանդէպ
կեցած՝
այնպէս
որ
իրարու
միշտ
կը
հրէին
անծանօթ
հիւրի
մը
նկատմամբ
զգացած
ուրախութենէն,
որ
յուզուիլ
սկսայ
եւ
իբրեւ
արդար
իրաւունք
այդ
մանկանց,
մեծ
ցաւ
յայտնեցի
ներկայ
ծնողաց,
որ
անմտօրէն
այս
լուսոյ
դարու
մէջ
՚ի
խաւարի
կը
մեծցնեն
իրենց
յուսալից
զաւակները։
Գիւղիս
մխիթարական
կողմն
միայն
սա
էր
թէ
երիտասարդութիւնը
կորովէ
զուրկ
չէ
բոլորովին։
Հնտստան
՚ի
հնումն
6
եկեղեցի
ունեցեր
է,
որոց
հետքերն
ց՚արդ
կը
նշմարուին,
նախապէս
400
տուն
բնակիչ
ունեցած
է՝
որոյ
ապացոյց
իւր
մէջ
է։
Գիւղիս
Արեւելակողման
Ապլասաթ
լեռն
տեղ
տեղ
կարճիկ
կաղամախներէ
ծածկեալ
է ,
որոյ
վերայ
կան
նաեւ
մի
քանի
անթուական
ժամանակէ
մնացած
գերեզմանաքարինք,
որոց
համար
անորոշ
աւանդութիւնք
կան,
զորս
աստ
նշանակել
աւելորդ
են։
Գիւղիս
յԱրեւելակողմն
3
քարընկէց
հեռու
կը
տեսնուին
երկու
«քոյր-եղբայր
»
անուամբ
գերեզմաններ,
որոց
վերաբերութեամբ
կը
պատմուի
՚ի
ծերոց
թէ
«յանուն
կրօնի
նահատակուած
են
եւ
իրենց
արեամբ
տեղւոյն
վերայ
մի
քանի
ծառեր
բուսած
»,
որք
այժմ
կը
տեսնուին
գերեզմանաց
շուրջը,
որոցմէ
փոքրիկ
ճիւղ
մը
անգամ
չ՚են
կտրեր,
զի
մասնաւոր
ուխտատեղի
է,
մանաւանդ
իգական
սեռի
համար։
Հնտստանայ
տեսարան
այնչափ
գէշ
չ՚է,
միայն
թէ
մի
քանի
հատ
ուռի
ծառերէ
զատ՝
այլ
ծառաստան
չ՚ունի։
Այժմ
տեղւոյս
երիտասարդներէն
մտաց
եւ
կորովոյ
տէր
մին՝
մրգեղինաց
ծառաստան
եւ
խաղողոյ
այգի
տնկած
է.
տա՜յր
երկինք,
որ
անվնաս
մնայր
եւ
լինէր
՚ի
Հայոց
Ձոր
նախանձելի
օրինակ
մը
զիւր
նմանիս
յառաջ
բերելոյ,
վասն
զի,
ինչպէս
նախորդ
յօդուածներէս
միոյն
մէջ
դիտել
տուած
եմ,
թէ
գաւառիս
խիստ
մեծագոյն
մասն՝
բերան
մը
թացելոյ
չափ
մրգեղինաց
ծառեր
չունի։
Սոյն
գիւղ
պարբերական
անախորժ
դէպքերու
ենթակայ
կը
համարուի
՚ի
տեղացւոց։
ԽԷՔ
-
Հնտստանէն
մեկնելով
մէկ
ժամէն
կը
հասնիմք
՚ի
սոյն
գիւղ,
որ
ունի
20
տուն
Հայ
եւ
3
տուն
Քուրդ
առաջինք
ունին
մի
եկեղեցի
Ս.
Սարգիս
անուամբ,
առանց
քահանայի
եւ
առանց
դպրոցի.
իրենց
կրօնական
պէտքերն
մերձակայ
գիւղի
քահանայի
կողմանէ
կը
հոգացուին,
Գիւղիս
տեսարան
լաւ
է
քան
զառաջնոյն։
ԽԷՔՈՒՑ
ՎԱՆՔ
Խէքայ
յԱրեւմտահարաւ
20
վայրկեան
հեռու
կը
գտնուի
«Խէքուց
Ս.
Գէորք
»
կոչուած
անկաթուղիկէ
հին
վանք
մը ,
որոյ
շինութեան
թուական
չ՚կրցայ
գտնել
դժբաղդաբար,
միայն
թէ
Վարդանանց
դէպքերէն
ետքը
շինուած
լինելու
է,
շատ
անճաշակ
եւ
հին
ձեւ
մ՚ունի։
Վանքն
ունի
բաւական
ընդարձակ
հող
եւ
ջուր,
ընտիր
տեսարանաւ
եւ
հին
շինուածքներով.
այժմ
Տէր
Սարգիսեան
Ստեփան
վարդապետի
վանահայրութեան
յանձնուած
է.
որպէս
եւ
կապուտ
Կողայ
վանքն,
(որոյ
վերայ
խօսուած
է
):
Յիշեալ
վարդապետի
ջանիւք
շինուած
են
մի
քանի
նոր
սենեակներ
եւ
խուցեր.
՚ի
մօտոյ
պիտի
ունենայ
վարժարան
մը,
զոր
անցեալ
տարի
արդէն
ունէր։
Խէքուց
վանքի
առջեւ
իր
շրջապատէն
դուրս
«Ձկնտուն
»
կոչուած
տեղի
մի
կայ,
որոյ
վերաբերութեամբ
կ՚աւանդեն
թէ
«մի
գեղեցիկ
լճակ
եղած
է
ձկներով
լի,
որոյ
վերայ
Պօլտաղի
Հայ
մեծեր
երբեմն
իւրեանց
ընտանեօքն
կ՚զբօսնուին»։
ՍՈՒՐԲ
ԱԲՐԱՀԱՄՈՒ
ՎԱՆՔ
Խէքուց
Վանուց
յԱրեւելահիւսիս
մէկ
ժամ
հեռու
ձորադաշտի
մը
վերայ
լերանց
ստորոտը
շինուած
է
Ղեւոնդեանց
աշակերտ
Ս.
Աբրահամու
վանք,
որոյ
մասին
Եղիշէն
կը
գրէ»:
Այս
մասին
ծերոց
մէջ
հետեւեալ
աւանդութիւնը
պահուած
է։
«Երբ
Ղեւոնդեանց
դէպքի
ժամանակ
Աբրահամ
եւ
Խորէն
՚ի
Հարաւ
գերի
կը
տարուին,
անդ՝
ծանօթ
ընդունելութենէն
յետոյ՝
կը
վերադառնան
՚ի
Հայս,
եւ
վերոյիշեալ
տեղին
իրենց
համար
աղօթատեղի
կ՚ընտրեն,
ո՛ւր
տակաւին
բնակութիւն
չէր
եղած։
Աստ
իւրեանց
փոքրիկ
մատուռ
մը
շինելով
կը
բնակին
աղօթելով
եւ
սաղմոսելով,
սակայն
ջրոյ
պակասութեան
համար
շատ
կը
նեղուէին
եւ
իրենց
ծարաւը
կ՚անցունէին
մէկ
ժամէն
աւելի
հեռու
Խօշապայ
գետոյ
ջրովն։
Իրենց
դէմքի
վերայ
դրուած
անախորժ
նշանաց
ամօթէն,
սոյն
երկու
երկնից
նուիրեալներն
ժողովրդեան
մէջ
մտնել
չէին
կրնար,
մի
օր
երբ
ջուր
խմելէն
յիւրեանց
աղօթատեղին
կը
վերադառնան,
ճանապարհին
անտանելի
վիշտէ
մը
բռնուած՝
կ՚արտասուեն,
եւ
երբ
յաղօթատեղին
կը
հասնին,
կը
տեսնեն
որ
լերան
ստորոտը
մի
աղբիւր
բղխած
է
պաղ
եւ
անուշահամ,
եւ
ձայն
մը
կըգայ
առ
Աբրահամ
եւ
առ
ընկերն
թէ
«Աբրահամ
այս
ջուր
եւ
ձեր
գերեզմանք
լիցին
ցաւագարաց
՚ի
բժշկութիւն
»։
Սոյն
մենակեաց
սրբակրօնք
մի
քանի
տարիէն
երբ
կը
մեռնին,
այս
կողմերու
բարեպաշտ
քրիստոնեայք
խորհուրդ
ընելով՝
աստ
յանուն
Ս.
Աստուածածնայ
փոքրիկ
մենաստան
մի
կը
շինեն
որոյ
Հիւսիսակողմն,
կից
տաճարին,
կ՚ընտրեն
տեղի
գերեզմանաց
յիշեալ
կրօնաւորներուն
եւ
անդ
կ՚ամփոփեն
նոցա
չարչարեալ
մարմիններ,
անոնց
վերայ
կառուցանելով
մատուռիկ
մը։
Զայս
մենաստան,
ում
կը
հաւատայր
այլակրօն,
այլ
ջերմեռանդ
կարապետս,
տեսնելոյ
եկանք,
առանց
գիտնալոյ
նորա
արդի
տխուր
կացութիւն ,
երբ
վանուց
մօտեցանք,
մարդ
եւ
անասուն
չ՚տեսնելով
ցաւ
եւ
զարմանք
զիս
պաշարեց
ու
վերջապէս
գտանք
զայն
ամայի
եւ
դարաւոր
ուռենւոյ
մ՚առընթեր։
Սոյն
ուռենին՝
պահապան
Աբրահամու
մենաստանին,
գլուխը
ձգած
դէպ
՚ի
յայն,
որուն
շուք
տալ
կ՚ուզէր,
այլ
չ՚կարէր
յաջողիլ,
զի
կարճ
էր
հասակաւ,
թէեւ
լինէր
հաստարմատ
եւ
ճղաշատ։
Սոյն
վանուց
տաճարն
անվնաս
կը
կենայ
գեղեցիկ
շինուածքով,
առջեւի
սենեակներն
կիսակործան,
տաճարին
կից
սրբոց
հանգստարանը
փոքր
մասամբ
վնասուած
է,
եւ
ո՛ւր
կը
տեսնուէին ,
ձէթ,
իւղ
եւ
մոմ,
զոր
վառեց
կարապետիկս
համբուրելով
եւ
ծնրադրելով,
սակայն
պակաս
թողուց
քառաթեւել,
զոր
չէր
սորված։
Այս
պահուս
մինչ
կը
դիտէի
վանուց
պարսպի
քարերուն
վերայ
իւր
անցեալ
կենաց
պատմագիր
մի
գտնելոյ,
յանկարծակի
հրացանի
ձայն
մը
սոսկալի
եկաւ
յիմ
ականջ.
ես
սիրտ
առի
եւ
ձայն
տուի
կարապետիս.
երկուքս
մէկէն,
որպէս
երկիւղալից
երբեմն
ներս
մտանք
՚ի
տաճարն,
դուրս
ելանք
անտի
աներկիւղ
եւ
ի՛նչ
տեսնեմք.
մի
կոնաձեւ
գլխարկաւոր
բարձրահասակ
եւ
ահարկու
մարդ,
որ
զիս
գիտաց
յիւր
կրօնէն
երկիւղ
կրելով
վեց
աչերէն,
ում
պարտական
մեր
կեանք
մնաց,
երբ
անծանօթն
զանծանօթս
ողջունելով
հեռացաւ
պաղարիւնութեամբ
եւ
մտախոհ։
Կրկին
վերադարձանք
՚ի
տաճարն,
ո՛ւր
չը
գտնելով
մի
որոշ
թուանշան,
դուրս
ելանք
տխուր
տպաւորութեան
մը
տակ։
Սոյն
վանք
տարին
մի
անգամ
Համբարձման
տօնին
բազմաթիւ
ուխտաւորք
կուգան
եւ
Խէքուց
վանուց
վանահայրն,
որոյ
տրամադրութեան
տակ
են
ամայացեալ
մենաստանիս
արտօրայքն,
աստ
գալով
կը
պատարագէ։
Տեղւոյս
ծանուցեալ
աղբիւրն
տակաւին
ջուր
կը
տայ
նուազօրէն
եւ
կը
ծառայէ
ուխտաւորաց։