Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԵԶՈՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՄԸ
       Այժմեան ազգեր կամ ժողովուրդներ, որոնք ‘ի նախնական ժամանակի, որոշ կազմակերպութիւն մը չունէին, յայտնի է որ բնական բերմամբ զգացածնին եւ ուզածնին իրարու կը հասկցնէին, դեռ չունեցած ո՛չ գիր եւ ո՛չ քերականութիւն. այլ հետզհետէ բնութեան այս ընդարձակ դպրոցին մէջ դիտողութիւններ, փորձեր, դէպքեր եւ առարկայներ զիրենք դաստիարակեցին, որով մտան ընկերական կարգ ու կանոնի տակ եւ ահա այս ուղղութեամբ իւրեանց մէջ նախ նշանագրին գաղափարական ծնած լինելու է, որ յառաջ երթալով մտաւ որոշակի ձեւերու եւ օրէնքներու ներքեւ, պատրաստուեցան տառեր եւ շինուեցաւ քերականութիւնն. զոր մարդիկ իւրեանց, օր ըստ օրէ զարգացման շնորհիւ, կատարելագործելով հասուցին ներկայ վիճակին. գաղափարներն եւ բառերն եւս բազմացան եւ զարգացան ժամանակի մտաւոր կարողութեան հետ եւ եղան ընդհանուրին գործածելի. սակայն մնացին, կան եւ ազգաց հետ պիտի մնան, գրականութեան այդ սահմանէն դուրս, ժողովրդային բազմաթիւ բառեր, ոճեր, եւ ընտիր իմաստներ տուող դարձուածքներ, որք դարերու ձեռամբ փոփոխութիւնք կրելով կրելով յառաջ կերթան:
       ***
       Ոչ ոք կրնայ տարակուսիլ թէ անգիր (գրել ու կարդալ չ’գիտցող) ժողովրդեան մը լեզուն ընդհանրապէս ունի նաեւ կանոնաւոր բառեր աղճատելոյ եւ մանաւանդ շատ անգամ կրճատելոյ բնութիւն, որով կստեղծէ ռամկական նորանոր բառեր, ոճեր եւ դարձուածքներ, որոնք, որպէս ասացի, կը պարունակեն այնպիսի իմաստներ եւ ձեւեր, որոց մասին քերականութիւնն որոշակի կանոն մը չունի տակաւին:
       Դարերն եթալով կը ծաղկին, գիտութիւնք յառաջ կը դիմեն անդիմադրելի եւ այս ամէնքն կը լինին առ հասարակ օտար լեզուաւ, որմէ առնելով մեր ժողովրդեան պիտի հաղորդուի, ուրեմն անհրաժեշտ հարկ է որ Ազգի գրագէտ մասն պէտք եղած կարեւորութիւն տայ գաւառական լեզուին, որոյ հարստութեան տարերքն (բառեր) ամենամեծ դիւրութիւններ կ’ընծայէ այդ գիտութիւնքն մեր ժողովրդեան հաղորդելոյ միջնորդին, որ երբեմն օտար բառեր գործածելոյ կստիպուի առ ‘ի չ’գոյէ համապատասխան Հայ բառի:
       Երանի՜ թէ մասնաճիւղ մի կազմուի մեր մէջ, որոյ նպատակն լինի այլ եւ այլ միջոցներ ձեռքը առնելով գաւառական բառերն, ոճերն, եւ խօսուածքներն հաւաքել, զտել եւ իբրեւ գրական լեզու ‘ի գործածութեան դնել մեր ամեն կարգի վարժարանաց մէջ:
       Այս պահուս եթէ մեր Հայկաբան ուսուցիչներու մատենադարաններն աչքէ անցունելոյ լինիմք աննշան թիւ մը հազիւ կարող եմք գտնել (բացառութիւն շատ քիչ), որ լեզուի այս ճիւղն մշակելոյ համար ունեցած ըլլայ գաւառացւոց կեանքին եւ լեզուին վրայ գրուած մի քանի կտոր գրեանք:
       ***
       Գործոյս Բ. Մասի երես 179-ի ծանօթութեան նկատմամբ աստ կը յայտնեմ իմ կարծիքն:
       Երբեմն բառի մը գործածուելոյ ատեն իրեն հետ, առանց շաղկապի, ուրիշ յարակից բառ մը եւս կը գործածուի, զոր օրինակ հաց մաց, ջուր մուր, գիր միր, թուղթ մուղթ, գրիչ մրիչ, հին մին, եւ այլն. սոյն վերջի բառերն, որպէս յայտնի կերեւին, կազմուած են առաջիններէն որոց սկզբնատառն միշտ մ-ի փոխուելով. այդ փոփոխեալ բառն առանձին ոչ նշանակութիւն մ’ունի եւ ոչ գործածութիւն, իսկ իւր նախընթաց որոշակի բառին հետ գործածուած ժամանակը անոր նշանակած նիւթի արժէքին կըտայ աւելի պարզ աստիճան մը, ինչպէս երբ կըսեմք հաց մաց սովորաբար կը հասկնամք որ եւ իցէ հաց, այսինքն չեմք հասկնար հացի ընտիր տեսակ մը, այլ մեզ կըտայ պարզ տեսակի մը գաղափար, այսպէս պէտք է ըմբռնել նաեւ միւսներն: Այն բառն, որ մ տառով կսկսի, սոյն օրինակ յարակից բառ մը չառներ:
       Կուզէի, Երկասիրութեանցս վերաբերութեամբ պատկառելի գրագէտներէն եւ այլ ականաւոր անձանցմէ ց’արդ ընդունածս բոլոր նամակներն, հետեւեալներուն հետ, աստ կարգաւ շարել մի միայն ‘ի պատիւ իւրեանց ազնիւ հեղինակացն. սակայն ինքնին մակաբերելի պատճառաւ մը չ’կարողացայ, ուստի փոխադարձօրէն զիմ յատուկ գոհունակութիւնն կը յայտնեմ առ այնս, որոց ինձ ցոյց տուած այսչափ համակրանաց եւ քաջալերութեան առջեւ զիս անարժան կը գտնեմ:
       Ա.
       …Մանուել… Միախորեան
       ի Պօլիս
       Ուրախութեամբ սրտի ընթերցայ ձեր երկասիրած “Նկարագրական Ուղեւորութիւն ‘ի Հայաբնակ Գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի” անուն Գործի Ա. եւ Բ. Մասերն:
       Ձեր սիրելութեան Հայորդիութիւն, որ արդէն վաղուց ի վեր ինձ ծանօթ էր, զգայուն հայասեռից ալ ծանօթացուցիք այդու հեղինակութեամբ, որով յաջողած էք Ազգին եւ միանգամայն Տէրութեան հաւասարապէս կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցանել եւ սիրելի եւ մեզ որ շատերն եւս ձեր խոհեմ եւ լրջատես դրութեան հետեւին այդպիսի ծառայութեանց մէջ, զորս ամեն կարգի ազգայնոց օգտակար ընելու յատկութիւններով օժտած էք նոր ոճով մը եւ մի տեսակ սահուն գրչով:
       …Պարոն, դուք, կը թուի թէ, մեր Հայ ժողովրդեան կեանք ուսումնասիրելն ձեզ մասնաճիւղ ընտրած էք, որ ամենեւին չէք ձանձրանայր միշտ Սարերու եւ Ձորերու, Հիներու եւ Նորերու մէջ թափառելէ եւ մեծ ախորժ կզգայք գիւղական պարզ խնճոյքներէն քան թէ եւրոպական երեկոյթներէ: Ես հոգւով չափ ուրախութիւն կզգամ ‘ի սրտիս, որ այդ ընդարձակ ճանապարհորդութեան մէջ վտանգի մը չէք հանդիպած եւ այս կէտն արդարեւ կրնայ պատիւ բերել Երկրին տիրող Կառավարութեանն:
       Առ այժմ զայս եւեթ ասեմ թէ այդ Երկասիրութիւնքդ մէկ մէկ դպրոց են, զորս կը բանայք ընթերցողաց միտքերու համար եւ դուք ձեր առած դաստիարակութեամբն անշուշտ այդպիսի եղանակաւ սիրելու էիք զԱզգ եւ զՏէրութիւն, ում հովանեաց ներքեւ մինչեւ ց’արդ կ’ապրիմք:
       …Միրախորեան, դուք, իբրեւ դրական մարդ, ընդ հողով եւ ընդ հոլովմամբ ժամանակի ծածկեալներն դուրս տուած էք, Երկրի ֆիզիքական, ժողովրդոց նիւթական, մտաւորական եւ ուրիշ օգտակար նկարագիրներուն հետ: Կը գովեմ զՁեզ որ զգուշացեր էք բանաստեղծականն երականի կարգը դասելէն, ապահով եղիք, ուշ կամ կանուխ պիտի գտնէք այն քաջալերութիւնն, զոր սպասելու իրաւունքն վաստկած էք ձեր անխոնջ ջանքերովն եւ հաստատամտութեամբն:
       Մնամ աղօթարար առաւել բեղմնաւորել մտաց Ձերոց եւ արդիւնաւորեսջիք յայսպիսի աշխատութիւնս:
       ՆԵՐՍԷՍ ԵՊԻՍԿ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ
       1885 Յունիս 26
       Ի Ռոտոսթօ
      
       Բ.
       1885 Մայիս 8/20 Իւսկիւտար
       …Մանուէլ Կ. …Միրախորեան
       …Բարեկամ
       ի Պօլիս
       Մինչ Ն. Շահնազարեան վարժարանի սրբանուէր յարկին տակն էինք, արդէն իսկ ճանչցուած էր քո հայրենասիրական եռանդն եւ աւիւնն. բոլոր դասակիցքդ, ընդ որս եւ ես կը սիրէինք յաճախ ունկնդիր լինիլ քեզ, երբ զմեզ կ’ոգեւորէիր մեր Բնագաւառի քաղցր յիշատակներով եւ կը լնուիր մեր սիրտերը:
       Նկարագրական Ուղեւորութեանդ Ա. եւ Բ. Մասերն երեք անգամ ծայրէ ‘ի ծայր ընթերցայ եւ տակաւին կը փափաքիմ կրկնել:
       Յաւէտ ողբացեալ մեր սիրելի տնօրէն Հ. Իփէքճեան, երբ կը տառապէր ‘ի մահճի եւ իւր անձնանուէր աշակերտաց յաճախակի այցելութեամբք կ’սփոփուէր, շարունակ կամէր Ձեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ վերայ խօսիլ:
       …Բարեկամ, բաւական ատենէ ‘ի վեր գրադարան մի պատրաստած եմ, որոյ հայերէն գրեանց մէջ Ձեր Երկերն եկան առաջին տեղին գրաւել եւ կազմել գրադարանիս արդն ու զարդն:
       Իմ սրտին շնորհակալութիւնն առ Ձեզ
       Քոյդ ՄԻՍԱԿ Կ. ՄԱԿԱՐԵԱՆ