Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԳ. ՄՈՒՏՆ Ի ԿԱՐՆՈՅ ԳԱՒԱՌՆ ԿԱՄ Ի ԲԱՐՁՐ ՀԱՅՍ
       Ելնեմք փալանտէօքան անուանեալ ոլորապտոյտ լեռները եւ անոնց հովիտներէն երթալով այսպէս կ’անցնիմք Կարնոյ Հարաւային լերանց շղթայներէն: Ամբողջ մէկ օրուան ճանապարհ այս կողմերը բնակութիւնք չ’կան. այլ ամեն տեղ լի են հովիտներով եւ լեռներով, որոնք կրնան սնուցանել հազարաւոր ոչխարներ եւ դուարներ: Տեղւոյս բնութեան հարուստ կողմերէն ոչխարաց վաճառականներն (թաճիր) միայն կը շահին, թող տալով հօտերնին այս տեղերը 3-4 ամսոյ ժամանակամիջոցին մէջ շատ լաւ կը պարարտանան եւ նորէն կը տանին իրենց երկիր, ո՛ւր թերեւս չ’կան սոյն օրինակ անտէր վայրեր, որոնց մէջ ամառ ատեն երբեմն ապահովութեան համար կառավարութեան պաշտօնեայք կը հսկեն: Վերոյիշեալ տեղէն 11/2 ժամ տեւողութեամբ ուղի առնելով կը հասնեմք “Գայլայլի” ըսուած ահագին ձորամէջերը, զառիվայրերը, ասկէ յետոյ կ’երթամք յաւեր քաղաք (խարապա շէհիր) ըսուած աւերակը, որ կը գտնուի մեր ճանապարհի ձախակողմն եւ մեր դէմքն կը նայի ուղղակի ‘ի Հիւսիս: Սոյն հինաւուրց եւ անյիշատակ աւերակի մի քանի տանց հիմունքներն տակաւին կը տեսնուին, որոց քով երբեմն հոգնած ճանապարհորդք հանգիստ կ’առնուն՝ երբ Արեւու կիզմանէն նեղութիւն մը զգայ. ըստ աւանդութեան՝ “Կարնոյ վաճառաշահ տեղերէն մին եղած է” այդ աւեր քաղաքն, ասկէ մէկ ժամու չափ եւս տակաւին երկայն եւ զառիվայր ձորամէջերէ գնալով կ’իջնեմք ընդարձակ երկրի վերայ, ո՛ւր գրեթէ մի ժամ եւս ընթացքնիս շարունակելով կը ժամանեմք ‘ի Կարին, որոյ գաւառին վերայ ահա կը խօսիմք:
       ԿԱՐՆՈՅ ԳԱՒԱՌ
       Սոյն գաւառն… ունի բարձր դիրք՝ որմէ ծագած է իւր նահանգական հին անունն, լի է գեղեցիկ տեսարաններով, շրջապատեալ հեռաւոր եւ մասամբ մը մերձաւոր լեռներէ, մանաւանդ Արեւելեան եւ Արեւելահարաւային կողմերէն. լերանց մէջ նշանակելի է տէվէ պօյնու եւ փալան տէօքան, որոնք իրենց դրից համաձայն ընդունած են անուննին, նոյնպէս թօփ տաղը կոչուած քիչ հեռաւոր լեառն, որ սոյն լերանց շարունակութիւնն է: Այս լերանց մէջ կը գտնուին վայրի կենդանիք՝ ինչպէս եղջերու, գայլ, արջ, աղուէս, նապաստակ եւ այլն:
       ***
       Երկիրն ունի մի լայնածաւալ դաշտաւայր, որոյ երկայնութիւնն 7-8 ժամ է յԱրեւելէն յԱրեւմուտ եւ լայնութիւնն 5 ժամ Հիւսիսէն ‘ի Հարաւ. սոյն դաշտի մէջն է ծովակ կամ շամբ Կարնոյ կոչուած լճակն, զոր կը յիշէ մեր Խորենացի Հայրն:
       Գաւառիս օդն շատ ցուրտ է, այլ քաջառողջ, որոյ բնակիչք առ հասարակ հուժկու կազմուածք եւ բարձր հասակ ունին հանդերձ առողջութեամբ: Եփրատէսի զօրաւոր ճիւղն, զոր Հայք կ’անուանեն “Սեւ գետ” եւ մահմետականք (քարա սու), կը բղխի գաւառիս այլ եւ այլ լեռներէն, մանաւանդ Ոսկեանց կամ Սուքիասանց կամ Տումլու ըսուածներէն, որք կը գտնուին Կարնոյ դաշտի Արեւելը:
       Կարնոյ դրացի նշանաւոր լեռներէն յԱրեւելակողմն “Ս. Նշան” լեռնագօտին, ոյր վերայ մատուռիկ մի կայ, եւ որոյ անուամբ լեռնագօտին կ’անուանի. նոյնպէս Գոհանամք լեառն որ նախընթացի շարունակութիւնն կրնայ համարուիլ. սոյն վերջի լերան նկատմամբ կ’աւանդեն թէ “Երբ Նոյայ Տապան ջրոյ երեսը կը ծփայր եւ ջուրերն տակաւ առ տակաւ իջնալոյ վրայ էին տապանն քսուած է այս լերան եւ Նոյ Նահապետ “Գոհանամք Արարչին” ասելով փառք կը տայ եւ ց’արդ լերան անունն մնաց “Գոհանամք լեռ”: Երկրի հողն ընդհանրապէս արգասաւոր է եւ խիստ շատ կը ցանեն ցորեան եւ հաճար:
       Այս գաւառի մէջ ջերմուկներ շատ գտնուելով` պարբերաբար երկրաշարժ տեղի կունենայ եւ տարի չը լինիր որ մի քանի անգամ ցնցում չը կրէ, որպէս կը պատմեն տեղացիք: