ԳԼ.
Է .
ՀԱՍԱՆ-ԳԱԼԷ
Հասան-Գալէ
գաւառին
եւ
մասնաւորապէս
Վերին
Բասենի
գլխաւոր
տեղին
եւ
միանգամայն
նախնի
փառաւոր
քաղաքն
էր
բերդով
եւ
պարիսպներով
ամրացեալ
հանդերձ
բազմաթիւ
բնակչօք։
Քաղաքը
շինուած
է
լայնանիստ
լերան
մը
հարաւային
ստորոտը,
որ
՚ի
հնումն
«Ծիրանի
լեռ
»
կը
կոչուէր.
լերան
մէկ
մասին
վերայ
բերդըն՝
Հասան-Գալէ
կոչուած
է,
որոյ
անուամբ
կը
յիշուի
քաղաքն։
Հասան-Գալէն
անշքացած
է
բաղդատմամբ
իւր
հին
բարգաւաճ
վիճակին.
Ռուսական
արշաւանաց
երեսէն
իւր
նախկին
Տաճիկ
եւ
Հայ
ստուար
բազմամարդութեան
մեծագոյն
մասը
վտարանդի
լինելով
կորած
են։
«Ասկէ
70-75
տարի
յառաջ
1,
800
տուն
բնակիչ
ունենալը
»
կ՚աւանդեն
ծերերն.
իսկ
այժմ
250-
280
տուն
հազիւ
կը
հաշուին,
մեծագոյն
մասամբ
Տաճիկ։
Հայք
ունին
աննշան
եկեղեցի
մը
եւ
նմանօրինակ
ծաղկոց
մը։
Այս
տեղ
Գայմագամ
կը
նստի
Կարնոյ
կուսակալութեան
տակ։
Հասան-Գալայու
լերան
արեւելեան
թեւին
գրեթէ
ստորոտը
շինուած
է
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ
ՎԱՆՔԸ
գմբեթաւոր
եւ
գեղեցիկ
դրիւք։
Սոյն
վանուց
համար
կը
պատմուի
թէ
«Գրիգոր
Մագիստրոսէն
կառուցեալ
է
»,
որոյ
անուամբ
երբեմն
կը
կոչեն
զայն։
Մագիստրոսի
գերեզմանն
աստ
է,
ինչպէս
նաեւ
երկու
կաթուղիկոսացը։
Նախնի
ժամանակաց
մէջ
այս
տեղ
2-3
անգամ
միւռոնի
օրհնութիւն
կատարուած
է
եւ
ունեցած՝
կանոնաւոր
միաբանութիւն,
ինչպէս
նաեւ
200
էն
աւելի
թեմական
ՇԷՆ
գիւղեր։
Վանքէն
1/4
ժամ
հեռու
ապառաժ
քարէ
մը
բաւական
քանակութեամբ
հանքային
թթու
ջուր
մը
դուրս
կուգայ,
որմէ
տեղացիք
երբեմըն
կը
խմեն
յառողջութիւն։
Վանքը
կը
գտնուի
վանահօր
մը
ձեռք,
որ
կը
հսկէ
նորա
պարագայից
վրայ,
որք
այնչափ
ընդարձակ
չեն։
Հասան-Գալէին
մերձ
է
Չօպան
քեօբրիւսիւ
կոչուած
նշանաւոր
կամուրջն՝
եօթն
քարաշէն
կամարներով՝
շինուած
Երասխ
գետոյն
վրայ։
Վիրգիլիոս
կը
պատմէ
թէ
սոյն
գետին
վրայ
Աղեքսանդրի
եւ
Հռովմայեցւոց
շինուած
կամուրջները
քար
եւ
քանդ
կը
լինէին
Երասխայ
սրընթացութեան
առջեւ,
որչափ
շինուէր
նա
կը
քակէր
անյապաղ.
այս
առթիւ
Երասխը
«կամուրջի
չ՚համբերող
»
անուանեցին։
Մի
եւ
նոյն
բանը
կը
պատմեն
նաեւ
տեղւոյս
համար
թէ
«ժամանակին
բնակիչք
այժմեան
կամուրջին
տեղը
քանիցս
կամուրջներ
կառուցին,
բայց
անհամբեր
Երասխն
կը
գլորէր,
կը
քանդէր,
կը
տանէր
զայնս։
Յետոյ
մի
Հայ
հովիւ
հնարքով
մը
յաջողած
է
այժմեան
կամուրջի
հիմնաքարինքը
ձգել ,
որոյ
վերայ
տեղացիք
կարող
եղած
են
կամուրջը
դիւրիւթեամբ
շինել.
ահա
այս
պատճառաւ
կոչուեցաւ
«հովուի
կամուրջ»։
Ճանապարհնիս
յառաջ
վարելով
կը
հասնիմք
Հերդեւ
գիւղն,
որ
ունի
80
տուն
բնակիչ,
յորս
կը
գտնուին
15
տուն
Տաճիկ։
Հայք
ունին
մի
անշուք
եկեղեցի
երկու
ողորմելի
քահանայով
եւ
մի
խեղճուկ
ծաղկոց,
ո՛ւր
կը
մեծնան
30-35
դեռափթիթ
կայտառ
մանուկներ։
Ժողովուրդը
երկրագործ
է
եւ
սովորական
արմտեաց
հետ
կը
ցանէ
մեծ
քանակութեամբ
նաեւ
կտաւատ,
յորմէ
ձէթ
հանելով
կը
վառեն
եւ
երբեմն
իսկ
ուտելոյ
կը
գործածեն
քաղցր
տեսակն,
որ
ձիաիւղէն
տասնապատիկ
յարգի
է
իւրեանց
մէջ։
Ունին
երկու
լաւ
ձիթահաններ։Գիւղիս
արտերը
կանոնաւոր
եւ
արգասաբեր
են։
Տեղւոյս
Հայք
թէեւ
ունին
դժբաղդ
կողմեր,
սակայն
զայնս
պատմել
մեր
նպատակէն
դուրս
լինելով,
ճանապարհնիս
շարունակեմք
եւ
անցնիմք
Հերդեւի
բլուրն,
որ
մէկ
ժամուան
տեւողութիւն
ունի։
Յառաջ
երթալով
կը
հասնիմք
Փօթ-օղլը
կոչուած
ընդարձակ
լեռնահովիտներն,
որք
կը
տեւէն
2
ժամէն
աւելի։
Տեղւոյս
կլիմայն
սարսափելի
ցուրտ
կ՚ընէ,
նոյն
իսկ
շատ
անգամ
մայիս
ամսոյ
մէջ
ձիւն
կուգայ։
Սոյն
լեռնահովիտք
ընդհանրապէս
օդաւէտ
եւ
բուսաբեր
են,
մանաւանդ
ձորակաց
մէջերն,
ո՛ւր
կը
գտնուին
տեղ
տեղ
աղբիւրներ.
այսու
ամենայնիւ
բնակութիւն
բնաւ
չ՚կայ։
Բնութիւնն,
ինչպէս
տարուէ
տարի
գարնան
ատենները
կը
զարդարէ
այս
լեռներն,
նոյնպէս
եւ
աշուն
գալուն
պէս
կը
մերկացնէ
զայնս։
Սոյն
ուղղութեամբ
գնալով
՚ի
մի
երկայն
ձորակ
կը
մտնեմք
եւ
գլխիվար
իջնալով
կը
հասնիմք
հետեւեալ
գետոյ
առընթեր։