Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ժ. ԱՇՈՏԱՅ ԲԵՐԴԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Աշոտայ խորհրդազարդ բերդէն մեկնելով հարկ է ընդարձակ եւ անհաւասար մակերեւոյթ ունեցող մարգագետինք, ինչպէս նաեւ լեռնահովիտներ, բազմաթիւ ծործորներ, բլրադաշտեր եւ դաշտաբլուրներ կտրել բաւական դժուարութեամբ, այսպէս 2 ժամէն կը հասնիմք Քարահիսար կոչուած Քուրդ գիւղն, որ Ասիոյ Հայաբնակ գաւառաց հռչակաւոր Քուրդ Տրպազ աղայի ծննդավայրն էր, ո՛ւր այժմ իւր եղբարք եւ եղբօրորդիք կը բնակին քանի մը տուն քրդաց հետ եւ մեծ ազդեցութիւն ունին:
       Աստ մի գիշեր հիւր լինելով Տրպազ-խան տեսնելոյ բարեպատեհ առիթ ունեցայ: Սոյն հռչակաւոր Քուրդ, որ այժմ իւր բնակութիւնն ‘ի Պարսկաստան Կոդուր ըսուած գաւառակի մէջ հաստատած է, ունի աշխոյժ եւ կենդանի արիւն, հակառակ իւր տարեաց թուոյն, որ 80էն պակաս չէ. իւր արագ եւ թեթեւ շարժման առջեւ տարեւորութեան ծանրութիւնն ո՛չ ոք կրնայ ըզգալ, մօրուքն կարմրի ներկած, ըստ Պարսկական սովորութեան, բնականէն ունի դիւանագիտական մեծ տաղանդ, զոր կը փայլեցնէր իւր կրճատախօս տաճկաբանութեան մէջ, ո՛ւր կը խառնէր Պարսկական լեզուի ոճերն ու հնչումներն. իւր հասակն (պօյ) Պարթեւական էր, աներկիւղ ‘ի բան, ‘ի պատասխան եւ ‘ի զէն, որոյ ներքեւ բազմաթիւ անձինք կը գտնուին հպատակ, ոք ‘ի պահանջել հարկին, իւր որ եւ է հրամանին ամենահնազանդ գործադրիչներն են:
       Քարահիսարի բնակիչներն ամենքն ալ բազմաթիւ ոչխարներ ունին. կը պահեն ընտիր նժոյգներ (զամբիկ), երկրագործական վիճակնին ծաղկեալ չէ, զի ՀՈՂԻՆ հետ քիչ գործ ունին, եւ ընդհանրապէս մտածելով չեմ կարծեր սխալած լինիլ, եթէ ըսեմ, ‘ի Հայս՝ Քուրդերն ոչխարաբուծութեան եւ Հայք երկրագործութեան մէջ կրնան յառաջադէմ նկատուիլ բաղդատաբար, թէպէտեւ չ’նային թուղթի եւ գրչի վերայ:
       Տեղէս ելնելով ճանապարհնիս շարունակեմք դէպ ‘ի յԱրեւելահարաւ, անցնելով դարձեալ բազմաթիւ լեռնահովիտք, բլուրներ եւ բլրակներ եւ մանաւանդ բաւական թուով լերկագլուխ (մերկագլուխ, առանց անտառի եւ բուսաբերութեան) լերինք, որք յիշեալ գիւղին անուամբ կը կոչուին Քարահիսարի լեռներ, յորս կը բարձրանայ սուրուխածայր (սիվրի գլուխ) մի լեռ, զոր տեղացիք “Քարահիսարի բերդ” կ’անուանեն, որոյ ստորոտներէն կը բղխին բազմաթիւ վտակներ, որոց ամբողջութիւնն կը կազմէ մեծ գետ մը, որով գաւառիս արտօրայք կ’ոռոգուին եւ կը լինին աւելի պտղաբեր:
       Սոյն գետն կը պարունակէ լաւ ձկունք եւ կ’ընթանայ հանդարտօրէն դէպ ‘ի Հարաւ ու Գայլ անունն առնելով կը թափի ‘ի Տիգրիս, որ Եփրատէսին հետ Պարսից Պասրա քաղաքին մերձ՝ Քօռնա գիւղաքաղաքին քովերը միանալով կը կազմեն Շաթ-էլ-Արապ ու կը թափին ‘ի Պարսկական ծոց:
       Վերոյիշեալ լերան Արեւմտեան Հարաւային ստորոտէն կը բղխի Խօշապայ կամ Անգղայ գետն (ոյր վերջի անուան վերայ գործիս Ա. մասի 134 երեսի մէջ խօսուած է):
       Դարձեալ սոյն լերան Արեւմտեան Հիւսիսային ստորոտէն կը բղխի, Կոդուրայ գետն, որ դէպ ‘ի յԱրեւելահիւսիս յառաջ գնալով կը կազմէ մի ճիւղն կարմիր գետակին, որ կը թափի յԵրասխ, սա եւս ‘ի Կասպից ծով:
       Հին ատեն մի հովիւ սոյն լերան շուրջը իւր ոչխարներն արածացնելէն յետոյ, վերոյիշեալ երեք գետակներէն ջուր կը խմցնէ անոնց, այս առթիւ հետեւեալ հանելուկն կը ծնանի մեր հովուոյն մտաց բնական ճարտարութենէն եւ ց’արդ ժողովրդեան մէջ կը պահպանուի եւ կը խօսուի: Ահաւասիկ հանելուկն:
       “Ի՞նչպէս կը լինի, որ մի հովիւ մէկ օրուան մէջ, տակաւին Արեւն ‘ի մար չ’մտած, կարող կ’ըլլայ զիւր հօտն ջրել Կասպից, Վանայ եւ Պարսից ծովերու ջրերովն”: Մեր հովիւն կարող կը լինի այս իմաստով թէ՝ որովհետեւ ոչխարաց խմած գետակաց ջուրերն յիշեալ ծովերուն մէջ թափելով անոնց հետ հաղորդակցութիւն ունի, ուստի սոյն գետերէն երբ ոչխարներն ջուր կը խմեն, անուղղակի խմած կը լինին նաեւ նոյն ծովերէն, մի եւ նոյն ատենուան մէջ: