Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԲ. ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Խնուսայ յԱրեւմտակողմն վերոյիշեալ Խոզլու գիւղի մերձաւոր տեղէն ճամբայ ելնելով շարունակեմք մեր ուղեւորութիւն եւ բաւական յառաջ գնալէն յետոյ կը հասնիմք Քանլի-տէրէ ըսուած ընդարակ ձորաբերանները: Ներկայիս մէջ ուրախ եմ ասել որ մեղմացած է այս անողոք տեղին, շնորհիւ Բարեխնամ Կառավարութեան պաշտօնէից հսկողութեան: Սոյն արիւնռուշտ վայրէն 1/2 ժամու տեւողութեամբ յառաջ գնալով՝ պէտք կը լինի մեզ Քուրդ գիւղակի մը մէջ կենալ եւ աստ պարտաւորեցանք Արեւելեան կծող հովէ մը պաշտպանուելոյ համար գիշերել. ահա հոս է հետաքրքիր տեսարանն իւրաքանչիւր ճանապարհորդ իւր բոլորտիքը սուրուխ (սիվրի) քարեր շարելով նորա մէջ պառկեցաւ, քարերն ‘ի պահանջել հարկին թշնամւոյն դէմն իբրեւ զէնք պիտի գործածուէին, ձեռաց բազմաթիւ գաւազանք պատրաստուեցան՝ քարանց աջակից ընկեր, իսկ ինձ գալով ճանապարհորդաց նման մտատանջութեան ովկիանին մէջ ընկղմած չէի. վասն զի վեցաչեալ պահապան մը իմ կենաց կը հսկէր եւ փառք նախախնամութեան, որ բնակ պէտք չունեցանք այդ տարերց, որք լեզու չունին, շունչ չունին. սակայն գործ տեսնելոյ կը կոչուին շատ անգամ: Այս տեղը մեզ տեսութեան եկան կոնագլուխ եւ բարձրահասակ 4 անձինք, որոց լեզուն պարսկականի հետ խառն էր, գիտէին խօսիլ նաեւ գաւառաբարբառ Հայերէն, այլ իրենք Հայ չէին, ազգութիւննին անծանոթ, հագած ձեւերնին անորոշ եւ հեծած էին սեւ, կարմիր, ճերմակ ու կապոյտ նժոյգներ. սոքա կը խօսէին կոկորդային լեզուաւ մը, որ լեռնաբնակ ժողովրդոց բնական է եւ յատուկ: Կը խօսէին բոլորովին աներկիւղ եւ կը թուէին լինել բացարձակ տէր այդ երկրի, թէեւ իրապէս չունէին ափ մի հող իւրեանց կոխած տեղերէն: Սոյն խօսուն արարածներէն բնաւ վնաս մը չ’կրեցինք եւ իրենք հեռացան մենէ մտահոգ: Այս գիշեր՝ որ բնաւ լուսնոյ դէմք չ’տեսանք, հակառակ իւր մօտաւորութեան, մեզ համար դժբաղտութեանց մեծագոյնն եղաւ, մանաւանդ երբ Արշալուսոյ ծագումն ողջունելոյ բախտին հանդիպելէ տակաւին 5 ժամու չափ հեռու էինք. այս պահուս մեր մեղքէն Երկինքն անգթացած՝ անձրեւի ամենասարսափելին մեզ կը խրկէր՝ այն ինչ երկիրն իւր կաթիլներուն երբէք պէտք մը չունէր եղանակին նայելով, մենք արդէն բնութեան օրինաց գծած սահմանէն դուրս ելնել չէինք կարող, ուստի ծայրագոյն համբերութեամբ առաւօտ ըրինք՝ ողջունելով ոչ թէ միայն զարշալոյսն այլեւ հրաշափառ Արեգակ մը, որոյ նման, տարուան շրջանի մէջ, դուն ուրեք կը տեսնուի մահկանացուներու աչաց:
       ***
       Առաւօտ ‘ի ժամ 12 տեղէս մեկնեցանք՝ հոգինիս մեր բերանը հասած, բայց ոչ դուրս ելած: Մի քանի վայրկեան յառաջ գնալով ժամանեցանք ‘ի տաշտն ԹԱՐԳՄԱՆու, որոյ ունեցած բազմաթիւ բլուրներ եւ ձորերն Բարձր Հայոց Արեւելեան-Հարաւային սահմանն կը կազմեն: Երկիրն է խոտաւէտ, օդաւէտ՝ դրախտանման ընտիր տեղիք, յորս շատ երջանիկ կրնան ապրիլ Հայ գիւղացիք, եթէ միայն Աստուծոյ եւ բնութեան հետ գործ ունենան եւ արդէն դարերէ ‘ի վեր վարժուած եւ գոհ են զԱստուծոյն Աստուծոյ՝ եւ զկայսերն կայսեր տալով: Դաշտիս անունն զիս թէեւ հետաքրքրեց, այլ գոհացուցիչ աւանդութիւն մը կամ տեղեկութիւն չ’կրցայ լսել մէկէ մը:
       Ասկէ ետքը 4 ժամ կանոնաւոր ճամբայ կտրեցինք անկանոն մարդոց հետ, եւ այս ահագին տարածութեան մէջ 2 հատ քուրդ գիւղակներ միայն կային, յորոց իւրաքանչիւրն 10-12 տնական հազիւ կը լինէին եւ բնակիչներն վրանաբնակ չեն. այլ նստկան լինելով՝ կը վարեն բաւական խաղաղ կեանք՝ այլոց հետ բաղտատելով: Սոյն անուկ գիւղակներն ունին ընդարակ արօտատեղիք եւ արտօրայք, որք շատ են հարիւրաւոր բնակութեանց: Աստ երկու համազգինք միացած մի Մահմետական ընկերի հետ՝ մեզ պատահեցան, որոնցմէ մէկն տուած իր վայրկենական բարեւին հետ կամէր մեզ վարժապետ լինիլ՝ զգուշութեան դասեր տալոյ հապճեպով մը, առ այս մենք ոտք առինք եւ թռանք ուղինիս շարունակել. երկիւղի տագնապը տակաւին մեր սիրտերն ահով եւ դողով պաշարած է եւ տեղւոյ բնական դիրքերն անգամ սոսկում պատճառող են. մի ժամու տեւողութեամբ տակաւին յառաջ գնալէ յետոյ մեր դէմն կ’ելնեն դարձեալ լայնատարած դաշտօրայք, որոց Արեւելակողմն այնչափ լերանց ծերպեր եւ խորունկ ձորեր կան, յորս հին ժամանակ հարիւրաւոր աւազակներ եւ աւարներ տարած մէջերնին բաժնած են: Սոյն կողմերը հսկողութեանց պէտքն քիչ զգալի չէ երթեւեկողաց համար: Այս տեղերը մի մարգագետնի եզերքը գարնան եղանակին բազմաթիւ գեղեցիկ տեսարաններ կը ներկայանան ուղեւորաց աչքին եւ կը խօսին նոցա սիրտերուն հետ, որք տրոփելով 4 ժամէն կը հասնիմք Երասխ գետոյ մի փոքրիկ ճիւղի ափերը, ո՛ւր մեր “կամուրջի անհամբեր” Երասխն յԱրեւմուտէն կ’ընթանայ դէպ ‘ի յԱրեւել եւ երթալով կը շատնայ, Արարատ նահանգն ամբողջապէս կը չափէ: Նախիջեւան եւ Գողթն գաւառները կը կտրէ եւ վերջապէս օձապտոյտ գնալով Երկրի Արեւելակողմն՝ Փայտակարան աշխարհ եւ հոն “Պալասան” անուանեալ դաշտին մէջ կը միանայ Կուր գետոյ հետ ու կը թափի ‘ի Կասպիական ծովն:
       Մենք տակաւին Երասխայ յիշեալ ճիւղի եզերաց վերայ՝ բնութեան տեսարանքն անկշտօրէն կը դիտեմք. բնութեան այս գեղազուարճ տեղը շատ բնակիչներ կը պակսին: Երկիրն միշտ պատրաստ է ‘ի պտղաբերել եւ յամենայն գարնան կը բանայ իւր արգանդ մարդոց պարգեւներ տալ իւր կենսատու օդին հետ. բայց քանի՜ ցաւ է ասել աստանօր թէ ո՞ւր ժրաբազուկ ժողովուրդ՝ ընդունողք այդ պարգեւաց եւ շնչողք այդ… օդին, զոր որչափ գովեմ` քիչ է: Չեմ ուզեր տեղւոյս հանգամանքներն դիտելոյ համար ասկէ աւելի յապաղիլ աստ, ըստ որում զգացմունքներն կրնան իրարու բաղխիլ եւ այդ հակոտնեայ բաղխմանէն յառաջ գալիք ելեքտրական կայծն զիս կարող է շանթահարել, որով բազում ուշակորոյս պարզամտաց միտքերն կը մոլորին եւ չեն կարող տեսանել զչարն եւ զբարին կամ իրականն եւ պատրականն, որոց բնութիւնն զիրենք իրարմէ մշտնջենապէս անջատած է եւ չեն մօտենար խնամի լինիլ իրարու, մեկնիմք ուրեմն այս… վայրէն:
       Շարունակեմք մեր ուղին դարձեալ եւ 2 ժամէն կը հասնիմք քարաքիլիսէ ըսուած քուրդ գիւղը, որ հակառակ իւր բնակութեանց թուոյ նուազմանն՝ ընդարձակ հողեր ունին ‘ի վայելումն: Սոյն երբեմն Արմենական եւ այժմ Քրդական գիւղն շատ հին է: Ասկէ մեր ընթացքն կրկին յառաջ վարելով՝ հարկ կը լինի նորէն ընդարձակ լեռնահովտաց մէջէն անցնիլ. այս կողմերը գարունն շատ ուշ կը գայ եւ գալէն վերջն ալ շուտով չ’երթար. նոյն համեմատութեամբ է նաեւ ձմեռուան գալուստն. այսպէս ուղինիս յառաջ տանելով կ’անցնիմք 3-4 քուրդ գիւղակներ, որոց բնակութիւնքն շատ տխուր են եւ ողորմելի. բայց ի՛նչ զարմանք, որ բնակիչքն երջանիկ են եւ գոհ իւրեանց վիճակէն. պանդխտութիւն ի՛նչ է սոքա չ’գիտեն. այդ ազգակործան սովորութիւնն, գիտես թէ Արմենական ժողովրդեան յատուկ է: Այս եղանակաւ 8 ժամ ճանապարհորդելէն զկնի կը ժամանեմք այս անգամին խիստ ընդարձակ բլրոյ մ’առընթեր, ոյր կողերուն վերայ շատ անգամ ճանապարհորդք կը գիշերեն: Այս տեղեաց բնութիւնն անգութ է եւ մանաւանդ ժլատ մեր երես գոնէ մի անգամ ժպտելոյ, անասնոց անգամ սնունդ մատակարարելոյ կը դժկամակի եւ արդէն մարդկային քրտինք իր վերայ չընդունիր եւ վասն այն պտղաբերել չ’գիտեր:
       Աստ անքուն առաւօտ ընելով՝ մեր դարձեալ Արեւելեան Արշալուսոյն հետ ելանք կրկին շարունակել զմեր ուղին, մի եւ նոյն ուղղութեամբ, որ կը տանի զմեզ ‘ի Կարին: