Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Ա. ԱՌԲԵՐԱՆԻ (ԲԵՐԿՐԻ)
       Սոյն գաւառն, ըստ հին աշխարհագրական բաժանման, Վասպուրական նահանգի 36 գաւառներէն մին է, ունենալով Արեւելակողմէն աղեղնաձեւ լերանց մասնաւոր շղթայք, ոմանք Հիւսիսէն ‘ի Հարաւ տարածեալ. Արեւմտահարաւէն կը տարածի Բզնունեաց ծովն, նոյնպէս եւ Քաջբերունիք (Արճէշ), Հարաւէն Վան-Տոսպ գաւառ, ոյր ունեցած սահմանը կը կազմեն 4-5 Քուրդ գիւղօրայք, պատուական հողերով եւ ջրերով ու ամեն կողմերը լի խոտերով, յորս կը խրխնջան (ձիու ուրախութեան ձայն հանելը), Մարական ազատ թոռանց նժոյգներ, զորս տեսնողն մեծ հաճոյք կըզգայ, ո՛ւր կը մնայ հեծնողն: Արեւելեան Հիւսիսակողմն է Ապաղայի նշանաւոր դաշտն, որոյ վերայ քիչ մ’ետք կը խօսիմք:
       ***
       Երկիրն ընդհանրապէս դաշտային է, առողջարար օդով ջրով, եւ արգաւանդ հողով, որոյ բարեբերութենէն թերեւս ծագումն առած լինի այժմեան “բերկրի” անունն, որ հաւանականաբար աղաւաղեալն է “բերրի” բառին եւ կամ որպէս կ’աւանդուի “նախնի ժամանակաց մէջ լի ծառաստան կը լինի, որք ամեն տարի առատօրէն պտուղներ կը տային եւ բնակիչքն իրարու “բերկրի՛” (ուրախացիր) ըսելով պտղոց առատութիւնն կ’ողջունէին կամ կ’աւետէին իրարու:
       Գաւառիս Արեւելեան լերանց մէջ նշանաւոր է “Սպահանի” կոչուածն, որոյ ստորոտը կը գտնուի համանուն լճակ մը, որ մերձակայ արտօրէից ջուր կը տայ. սոյն լճակի ջուրն անուշ է եւ շատ զուլալ, որոյ նկատմամբ կ’աւանդեն թէ “մի օր Եուսաղիմայ նուիրակներէն մին Գործոթ գիւղի 40 զաւակ ունեցող քահանայ մը կը խոստովանցնէ լճակիս եզերաց վերայ. սակայն ջրոյ մէջ գտնուած գորտերն աղմուկ կը հանեն եւ նուիրակն անոնց բարկանալով կըսէ “լռեցէ՛ք”. նոքա եւս կը լռեն եւ ց’արդ սերնդէ ‘ի սերունդ նոյն լռութիւնն կը պահեն”: Այժմ սոյն լճակն բաղդատմամբ կրնայ անաղմուկ համարուիլ:
       ***
       Վերոյիշեալ Ապաղայի լայնատարած դաշտը ունի գրեթէ 3 ժամ երկայնութիւն եւ 2 ժամ լայնութիւն եւ է հորիզոնական դրիւք. այդչափ ընդարձակութեան մէջ հաւկթի մը մեծութեամբ դուն ուրեք կը տեսնուին քարեր եւ ամեն տարի կը տայ ասպառելի մաքուր խոտ, որոյ բարձրութեան մէջ ժամանակին մարդս կը թաղուի: Ունի սեւագոյն ընտիր հող. պարարտ եւ բարեբեր, որ կրնայ մէկին փոխարէն 10-40 տալ ամենապատուական ցորեան եւ մանաւանդ գարի. սակայն ի՛նչ օգուտ, որ այժմ չունի բնակիչ, միայն թէ այդ ահագին դաշտի եզերքները տեղ տեղ մի քանի Քուրդ գիւղեր կը գտնուին` գլխաւորաբար Հայտարանցի ըսուած հաշիրէթին վերաբերեալ, որոնք 3-5-6-10 տնական հազիւ կը լինին եւ ընդ ամեն 400-450 ընտանիք կազմող եւ մեծագոյն մասամբ բնակողք շրջապատի լերանց միջավայրերը: Իրենք չունին սէր հողին վերայ, կը պահեն միայն ոչխար եւ ընտիր ձիեր, հետեւաբար տեղւոյս հարուստ բնութեան բարիքներն կը կորսուին յումպէտս:
       Ապաղայի առատ խոտերն աշնան ժամանակին կը բռնկցնեն եւ հրդեհի նման հրոյ ճարակ կը տան ամբողջ դաշտն, ըստ որում եթէ չ’այրեն կամ չ’քաղեն, յաջորդ տարին բնութիւնը կը զլանայ մի եւ նոյն պարգեւի կրկին մատակարարութիւնն, նախընթաց տարուան առատութեամբը: Գիտես թէ բնութիւնն կը փափաքի որ մարդիկ իւր բարիքն վայելելոյ համար մասնաւոր ջանքեր ‘ի գործ դնելէ չ’դադրին, ապա թէ ոչ ինքն կը զայրանայ եւ անպտուղ կը լինի: Շատ տեղեր ալ առանց այրելոյ թող կը տան այդ խոտերն եւ ձմեռ եղանակին աչքէ ելած կենդանիք եւ մանաւանդ ոչխարներ ու ձիեր դարձեալ ‘ի դաշտ հանելով` կը կերցնեն խոտերու ծայրերը, որք ձիւնեն վեր կը մնան:
       Ըստ աւանդութեան եւ ըստ տեղ տեղ տեսանելի աւերակաց “յԱպաղէն ‘ի հնումն 300 Հայ եւ մի քանի Եզնի գիւղօրայք գտնուած են”:
       Այս ընդարձակ դաշտի շրջապատի լեռներէն բղխած մասնաւոր ջուրերն ժողվուելով` կը կազմեն Առեստ (բանդու մահու) կոչուած գետն, որ յորդութեան կողմանէ Վանայ ծովը թափող գետերէն կրնայ առաջինն համարուիլ: Կը պատմուի թէ “Ապաղայի գիւղօրէից ՇԷՆ եղած ժամանակին սոյն գետն երբեմն բոլորովին կը ցամաքէր, ըստ որում կը բաժնուէր արտօրէից վերայ”:
       Ականատեսք դարձեալ կը պատմեն թէ “Ճէննէթմէքեան Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ ձեռնարկել տուաւ մի զօրանոց շինել Ապաղայի կեդրոնը` յապահովութիւն եւ ‘ի գիւղաշինութիւն, սակայն ինչ ինչ պատճառաւ յետաձգուեցւ: Սոյն անուանի դաշտի Արեւելակողմն է Պարսիկ եւ Հիւսիսակողմն Ռուս:
       Ըստ նորագոյն տեղեկութեանց` Առբերանի գաւառին մէջ մօտաւորապէս 90 գիւղեր կան, 20000 բնակչօք, յորոց 15000-ն Հայ են, եւ մնացեալ 5000 Քուրդ: Հայք կ’զբաղին առ հասարակ երկրագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ ու վերջին աստիճան թշուառ են այլ գաւառաց գիւղերու հետ բաղդատելով: Քուրդերն, որպէս վերեւ յիշեցի, կը պահեն ոչխար եւ ձի, լեռնաբնակ են ու կը գրաւեն Ապաղայի շրջապատի լեռնամէջերը, ո՛ւր շատ երջանիկ կ’ապրին իւրեանց շնչաւորներովն, իւրեանց բոլոր հարստութիւնքն ոտաւոր են եւ Հայոց ունեցածին նման անշարժ չեն:
       ***
       Գաւառիս մէջ չեն պակսիր ազգային նուիրական վայրեր, յորս նշանակելի է ՏԷՐ ՅՈՒՍԿԱՆ ՈՐԴԻ անուն վանքն, որ այժմ ամայացեալ վիճակէ մը մեծ տարբերութիւն չունի, եւ կը ծառայէ միայն քահանայ մը հանդերձ ընտանեօքն ապրեցնելոյ. այս քահանայն երեկոյ եւ առաւօտ առանձին կաղօթէ եւ կը յուսայ, որ քիչ ժամանակէն թերեւս յոյսն կը ստէ եւ աղօթելէ ալ դադրէ:
       Վանքն ունի հողային բաւական կալուածներ: