Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ ԺԲ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔ ՍՕՐԱՏԷՐԱՅ
       Գիւղիս շրջապատը կը գտնուին 2 աւերեալ եկեղեցեաց հիմունք, ընդ որս նշմարելի ու ոմանք տեսանելի բազմաթիւ բնակութեանց հետքեր, որոց վերաբերութեամբ ահա աւանդութիւնն տարեւոր ալեւորաց “Սօրատէր շանլը քաղաք մ’եղած է Սիկալ իշխանի ժամանակը, որ զայն շէն եւ հաստատ կը պահէր շուկաներով եւ տներով”. սոյն աւանդական խօսքին վերայ նկարագրեմ ու տեղադրեմ տեղւոյս հնութիւնք:
       ՍԻԿԱԼ ԻՇԽԱՆԻ ԲԵՐԴ
       Գիւղիս Արեւմտեան Հարաւակողմն 5 քարընկէց հեռու ընդարձակ յատակով բլուր մի կայ, ոյր վերայ կը տեսնուին հսկայ շինութեան մը հիմունք, որոց ահագին մեծութեամբ քարերն տակաւին քանի մը կարգ իրարու վերայ շարուած կը կենան. նոյն վիթխարի քարանց քանիներուն վերայ քանդակեալ են մեծամեծ խաչեր, արուեստիւ աննշան: Այս անթուական եւ կիսաւեր շինութիւնն տեղացիք “Սիկալ իշխանի բերդ” կ’անուանեն: Սոյն հնութեան յատակը շինուած է լայն ուղի մը, որ 3 քարընկէց երկայնութեամբ կը տանի դէպ ‘ի Հարաւ գետակի եզերքը. սոյն ճանապարհէն ‘ի Գետակն երթալ անկարելի եղած է, վասն զի շատ տեղեր խանգարուած եւ պարապ տեղերն եւս ածխային կազերով լի են, որք կրնան ‘ի քթթիլ ական շնչաւորի մը մահ պատճառել, աստ եթէ 5 վայրկեան կանուխ չ’հասնէի, մի կտրիճ երիտասարդի սօսատիպ դիակն տեսնելոյ ամենացաւալի տեսարանն պիտի ներկայանայր իմ աչաց, ըստ որում յիշեալ երիտասարդն իմ հետաքրքրութենէն շարժեալ. ինէ աւելի կանուխ Սիկալ իշխանի յայդ բերդ կանխած՝ կուզէր մտնել ճանապարհի այրերուն մէջ, ո՛ գիտէ, թերեւս իւր ողորմած հոգի պապերու հոն տեղերը պահած գանձերն գտնելոյ յուսով. առ այս անմիջապէս զինքն արգիլեցի, կարճիկ բացատրելով այդ օրինակ կազերու բնականէն վտանգաւոր վիճակն, զոր խեղճ գիւղացին ըմբռնել չէր կրնար, որ մօտ էր զիւր ծաղիկ կեանքն տգիտութեան զոհ տալով գնալ ‘ի հոգւոց աշխարհ, որմէ բացարձակապէս անհնարին պիտի լինէր Ուղեւորիս զինքն ետ կոչել եւ յանձնել նորէն իւր պառաւ մէրկան, որոյ թափելիք աղի արտասուքն իմ բոլոր կենացս մէջ սրտիս մեծ ցաւ եւ խղճիս ամենածանր բեռ մի պիտի լինէր, վասն զի գլխաւոր պատճառն ես էի այդ երիտասարդին յայրի բերան գնալուն եւ այդչափ հետաքրքրուելուն:
       Սիկալ իշխանի բերդն, որպէս ‘ի վերեւ յիշեցի, կը գտնուի լայնատարած բլրոյ մը վերայ, որոյ կողերը փորելով գտնուած կը տեսնուին մի քանի այրեր, փոքրիկ ու ցած սենեկի մը տարածութեամբ, այրերէն երկուքն անձամբ դիտեցի զգուշաբար ներս մտնելով: Սոյն տեղերը գիւղցիք իւրեանց պարապոյ ժամերուն երբեմն փորած են եւ գտած հսկայ մարդոց անդամներէն ծունկ, գլուխ եւ դարձեալ հողէ հին ամաններ եւ ուլունքներ, որք կը թուին մնացած լինել կռապաշտական դարերէն, ո՛ւր սովորութիւն ունէին ոմանք, երբ մեռեալ իգական սեռէ լինէր, նորա հետ ուլունքներ կը թաղէին, որք իւրեանց մէջ շատ յարգի համարուած էին:
       Տեղւոյս բերդի հնութիւնն չ’գիտեմ թէ կը յիշեցնէ՞ զՍանատրուկն եւ զՆախարարսն:
       ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՔ
       Սկզբնամուտն ‘ի յԱղբակ Բարթուղիմէոս Սրբազան առաքելոյն ‘ի ժամանակն կռապաշտութեան:
       “Բարթուղիմէոս Առաքեալն ժամանակին իւրեան վիճակած Աղբակու գաւառը (երկիր օձապաշտից կամ վիշապապաշտից, որպէս իրենք կ’անուանեն) կը գայ զՔրիստոս քարոզել. նախ գաւառիս Արեւելքէն կ’սկսի եւ կը հասնի ‘ի Սօրատէր (որոյ վերայ քիչ մը վերեւ խօսուեցաւ), ոյր այժմեան “Էջմիածին” կոչուած վանուց տեղը հանգիստ մ’առնելոյ: Այս ատեն Սիկալ անուն իշխան մը, որ Աղբակու կիսուն կը տիրէր, իւր բնակութիւն հաստատած էր բերդին մէջ (այժմեան աւերակ), որմէ իւր “Վառվառինէ” անուամբ դուստր կը տեսնէ, որ մի մարդ (Առաքեալն) նստած է եւ երկու լուսեղէն հոգիներ նորա աջ եւ ձեխ կողմերը, լուսեղէն հոգիներէն մին աղջկանեւ միւսն մարդոյ կերպարանօք կ’երեւին իւր աչաց: Սիկալ իշխանի դուստր Վառվառինէն հետաքրքրուելով կ’առնու զ’իւր սպասաւոր եւ իր վերայ մի քօղ, (զի անծանօթ մարդոց երեւնալն նախատական համարուած է եղեր) կը գայ Առաքելոյն քով եւ տակաւին չ’հասած առընթեր, լուսեղէն երեւցած հոգինեն աներեւոյթ կը լինին, ու երբ կը մօտենայ առաքելոյն, անմիջապէս կը հարցնէ անոր թէ “ո՞յք էին լուսեղէն աղջիկն եւ մարդն եւ ո՞ւր գնացին, զի ես իմ հօր բերդէն (մատնացոյց կ’ընէ Սիկալի բերդն) տեսի եւ հիմա զ’անոնք ալ չ’եմ տեսնայր”. Ս. Առաքեալն յ’այս պահուս յուզեալ եւ մտահոգ Քրիստոնէական կրօնի տարածման միջոցներուն վերայ, կը պատասխանէ թէ “Մարդոյ կերպարանօք քեզ երեւցողն Աստուծոյ Որդի Քրիստոսն է, որոյ կողմանէ խրկուած եմ եւ եկած յ’այս երկիր քարոզել նորա կրօնն ու վարդապետութիւն. իսկ աղջկան դէմքով երեւցածն Քրիստոսի Մայր Աստուածածինն էր, որք այժմ համբարձան յԵրկինս”:
       Վառվառինէն առ այս բան, մեծ փափաք կը յայտնէ Քրիստոսի կրօնն ընդունելու. իւր սպասաւորէն գաղտնի եւ միանգամայն Առաքելոյն իմաց կը տայ իւր Սիկալ հօրմէն ունեցած սաստիկ երկիւղն: Ընդ այս՝ Վառվառինէն կը վերադառնայ ‘ի բերդն, ո՛ւր զիւր սպասաւոր թող տալով ինքն գիշերանց գաղտնապէս դուրս կ’ելնէ ու առաքելոյն ընկերանալով անտեսանելի ճանապարհաւ մը դէպ ‘ի Պարսկաստան՝ յԵրկիրն Արեւապաշտից եւ Կրակապաշտից կ’երթան:
       Սիկալ իշխանն, որ զօրքի եւ զօրութեան տէր կը լինի, երբ կ’իմանայ իւր Վառվառինէ դստեր աներեւութանալն, հարց ու փորձ կ’ընէ իւր ծառայներէն, յորոց մին կ’ըսէ թէ “երէկ Վառվառինէն այս ինչ տեղը (ցոյց տալով Առաքելոյն նստած տեղը) անծանօթ մարդոյ մը հետ տեսնուեցաւ, կարելի է անոր հետ փախած լինի”: Սիկալ իշխանն անմիջապէս ամեն կողմերը զօրք եւ մարդիկ կը խրկէ զՎառվառինէն եւ զօտարականն գտնելու. խուզարկուներէն ոմանք կը տեսնեն զ’Առաքեալն եւ զ’աղջիկ ‘ի հեռուստ եւ հեռաւորութեան պատճառաւ չ’կրնալով որոշել թէ նոքա են, կ’սկսին մօտենալ անոնց, եւ երբ կը հասնին, ուրիշ բան չեն տեսներ բայց եթէ զ’Առաքեալն եւ ճերմակ մազերով 100 տարեկան ծերունի մը, զոր եկողներն տեսնելով յետս կը դառնան առ Սիկալ իշխանն ասելով թէ “մենք այն անծանօթ մարդն աչքով տեսանք, որ լաւ կերպարանքի տէր մի օտարական էր, մենք թէեւ իրեն հետ չ’խօսեցանք, սակայն դիտեցինք որ նորա հետ ընկերացողն մեր տիրոջ աղջիկ Վառվառինէն չ’էր, այլ ուրիշ օտարական մը, որ շատ ծեր էր եւ մազերն ճերմկած, որ եթէ աստ գտնուէր այդ խեղճուկ ծերունին, դուք շատ պիտի յարգէիք զինքն, անոր համար որ պատկառելի էր դիմօք:
       Սիկալ այս անգամին մարդ կը խրկէ առ իւր եղբայր ‘ի խանասօր (կարմիր տուն), որոյ վերայ ‘ի կարգին խօսուած է, եւ տեղեկութիւնք կը հարցնէ իւր աղջկան վրայօք, եղբայրն թղթով կը պատասխանէ, որով իւր տեղեկութիւն մը չունեցած լինելը կը յայտնէ. սակայն Սիկալն չ’համոզուելով իւր եղբօր խօսքերուն կրկին կը հարցնէ ասելով թէ “քու զօրքերէդ կամ մարդիկներէն հարցուր, վասն զի նոքա փախուցած պէտք է լինին զիմ Վառվառինէն”: Խանասօրայ եղբայրն դարձեալ միեւնոյն պատասխանն կըտայ, որում Սիկալ իշխանն չ’հաւատալով պատերազմ կը բանայ եղբօր դէմնեւ զիրեար իւրեանց զօրքերով եւ զօրութեամբ կը ջարդեն:
       Կրակապաշտից կամ Արեգնապաշտից (Պարսից) թագաւորն, որ միշտ կուզէր այս երկրին տիրել, առիթէ օգուտ քաղելով կը յարձակի Աղբակու երկրին վերայ եւ կը յաջողի զՍիկալ իշխանն սպաննելու եւ միանգամայն աւերակ դարձնելու զՍօրատէրն՝ եւ զԽանասօրն՝ զերկու իշխանանիստ քաղաքներն, որք լի էին բազմամարդութեամբ եւ հարստութեամբ:
       Այս ատենները Սիկալի մարդիկներէն ոմանք կը փախչին ‘ի Պարսկաստան անդ հպատակ լինելու, սոքա մի օր զՎառվառինէն կը տեսնեն, որ կզբօսնու Սալմաստ քաղաքէն 1/2 ժամ հեռու պարտիզին մէջ, անմիջապէս զանի կ’սպանանեն, որոյ սպանման տեղւոյն վերայ, ետքէն եկող քրիստոնեայք իւր գերեզմանն կը կանոնաւորեն եւ մատուռ մի կառուցանելով՝ կ’անուանեն զայն “Սուրբ Վառվառինէ“:
       ***
       Սօրատէրայ հեռաւոր շրջապատը տեղագրելոյ եւ նկարագրելոյ պահուս միտքս կիյնան շատ բաներ, բարի խորհուրդներ, եւ ես չեմ կրնար ըսել՝ որ նոքա գեղեցիկ չեն ու արդար, զոր ԱՐԴԱՐՈՅՆ թող տալով շարունակեմք ընթացքնիս: Արեւելակողմն 1 ժամ հեռաւոր կան 2 քուրդ գիւղեր Ալպէս եւ Ալազի անուամբք, ո՛ւր Արմենական հնութիւնք չ’կան, այլ կան մի քանի հին ջրաղացներ բնակչաց ձեռքը, եւ դոքա կը կոչուին Հայոց ջրաղացք: Սոյն գիւղերն որ իրարմէ 1/2 ժամական հեռու կը գտնուին, ունին 10 ական տուն հազիւ բնակաւորք, հպատակք Շամոքցի ըսուած Հաշիրէթի գլխաւորին: Սոյն գիւղերն ունին ընտիր տեսարան, օդ եւ ջուր, բնակիչք շատ քիչ կապրին երկրագործութեամբ, այլ ընդհանրապէս ոչխար կը պահեն, արօտատեղիքն շատ ընդարձակ են եւ պարարտ:
       Սօրատէրայ դարձեալ յԱրեւելակողմն, մէկ ժամ հեռաւորութեամբ, կը գտնուի Պպլասան անուամբ գիւղն, որ ունի 10-12 տուն բնիկ Հայ եւ 10 տուն եւս եկաւոր Քուրդ: Վերջի պատերազմէն առաջ աստ կը բնակէին 50 տուն Արմենականք: Տեղւոյս բնութիւնը շատ հարուստ է եւ ցորեանն ուրիշ տեղեաց վերայ շատ գերազանց, որ յառաջ կը գայ սեւ եւ կարմիր հողերէն:
       Տեղւոյս Հայոց ամենամեծ մխիթարանքն իւրեանց կամարակապ եւ գմբեթաւոր եկեղեցին է, շինուածն վանքի ձեւով, հաստատուն եւ զօրաւոր դրիւք, կառուցեալ կապտագոյն քարերէ:
       Սօրատէրայ յԱրեւմտակողմն 11/2 ժամ տարակայ է Բարս գիւղն, որ ունի 20 տուն բնակիչ, յորմէ 12 տուն Հայաբնակ եւ մնացածն քրդաբնակ է: Հայք ունին հին եկեղեցի մը, որով իւրեանց ձայն Աստուծոյ լսելի ընել պիտի տան. խեղճ մարդիկ նորութենէ միշտ հեռու, եւ գոհ են իւրեանց կեանքէն:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Նախորդ Սօրատէր գիւղէն մեկնելով ուղեւորիմք դէպ ‘ի Հարաւային Արեւել, բարեպատեհ առթիւ մեզ ընկերացան 20 ձիաւորէն աւելի հեծեալ ուղեկիցք, որք կը բաղկանային 2 խումբէ, Մեծն Մարական եւ Փոքրն Հայկական, որոց մէջ էր Զզկավցի բարձրահասակ ու փալապեխ Վարդան, պարթեւադէմ Հայն, որ երկու օր առաջ դիպուածով մը երիվարէն ‘ի վար ինկած եւ ոտքերէն մին կոտրած լինելով հանդերձ՝ անդադար իւր սեաւ նժոյգին վերայ փոթորիկ կը հանէր դաշտաց մէջ: Ի ճանապարհին յիշեալ երկու խումբերն, ատրճանակի խրոխտ ձայնով մը զիրեար կը հրաւիրէին ‘ի տիգախաղութիւն, ‘ի ձիարշաւ եւ ‘ի յայլ խաղս:
       Աստ՝ Տեղագիր-Ուղեւորիս սիրտն ու հոգին լեցուեցան, տեսնելով Երկրի այս կորովի մասի եռանդն, աշխոյժն եւ ճարտարութիւնն ‘ի ձիարշաւս. նոյնպէս նժոյգներու վեհանձն եւ արագաշարժ ընթացքն, զոր տեսնողին կը բերէ կատարեալ զմայլումն հրճուանք:
       Այս պահուս յիրաւի բոլորովին յափշտակուած եւ զմայլեալ՝ կը դիտէի անկշտօրէն զայս տեսարանն գեղեցիկ, որ տեղի կ’ունենայր աչքիս հանդէպ, ընդարձակ դաշտօրէից մէջ. ահա այսպէս զուարճութեամբ ճանապարհ կտրելով 2 ժամէն հասանք հետեւեալ գիւղը:
       ***
       ՀԱՅՈՑ Մրիպա. - Հայոց Մրիպա ըսուած սոյն գիւղն, որ կանուանի ընդհանրապէս “Թաղիք”, այժմ ունի 10 տուն Քուրդ: Տեղւոյս բնակիչք, որպէս յիշեցի, թէպէտեւ լինին տարարիւն սեռէ. սակայն գովութեան արժանի հիւրասիրութիւն ունին, զոր գրեթէ անխտիր ցոյց կը տան ճանապարհորդաց եւ եկորդաց:
       ***
       Գիւղիս յԱրեւմտահիւսիս 3 քարընկէց հեռու, 4 հատ կամարակապ կիսախորանի նման, աւազեռայ կերտուածներ կան, որոնց տեսքին նայելով, ինչպէս եւ պարագայիցն՝ շատ դիւրին կրնայ մակաբերուիլ թէ սոքա երբեմն ժամասացութեան կամ սաղմոսերգութեան ծառայած է: Ազնիւ ընթերցողն պիտի զարմանայ տեղւոյս բնութեան հրաշալեաց վերայ, որ պիտի գրեմ ‘ի պատիւ բնութեան ամենաճարտար արհեստին ու ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ: