Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԶ. ՆԵՐՔԻՆ ԽՕՇԱՊ (ԳԱՒԱՌԱԿ)
       Ներքին Խօշապ կը գտնուի վերջնոյն ուղղակի Հիւսիսակողմն: Իւր բնական նկարագիրն (դիրք) Վերին Խօշապէն մեծ տարբերութիւն մը չունի, միայն թէ կրնայ ըսուիլ որ Վերինէն աւելի լեռնային է, մանաւանդ Արեւելակողմերն:
       Խօշապայ սոյն մասն 33-35 Հայ գիւղեր ունի մեծագոյն մասամբ անդպրոց, որով կապրին առանց ԳՐԻ եւ հետեւաբար առանց մտաւոր զօրութեան եւ կենդանութեան: Իւրաքանչիւր գիւղն միջին հաշուով 35 տուն բնակիչներէ կը բաղկանայ. չ’մոռնամ ըսելոյ, որ դպրոց ունեցող գիւղերու կրթական վիճակն այնչափ յոռի է, որ չեղեալ համարելու տխուր հարկին մէջ կը գտնուիմ:
       Ուղեւորիմք ուրեմն ներքին Խօշապայ կարեւոր գիւղերն այցելել:
       ***
       ԱՐՃԱԿ. - Սոյն գիւղն կը գտնուի գաւառիս կեդրոնական Հարաւը, շինուած մի ընդարձակ դաշտի վերայ շրջապատեալ մեծամեծ ջրարբի արտերէ եւ մարգերէ, բաւական ծառաստան (անպտուղ), լաւ տեսարանաւ, օդով եւ ջրով:
       Գիւղս կը բաղկանայ 120 տուն Հայերէ, որոնք ունին Ս. Գէորգ անուամբ գեղեցիկ եկեղեցի մը, 16 տարուան կառուցեալ, զոր կցած են 450 տարուան հնութեամբ տաճարին, ունին 2 քահանայ: Աստ մխիթարական, որով եւ ուրախառիթ պարագայ մի է յիշել, որ Ամեն. Խրիմեան Հայրիկն գեղեցիկ վարժարան շինել տուած է, ուր 50 էն աւելի գիւղական մանուկներ հաւաքուած ուսանին կրկին Վարագայ վանուց ժառանգաւոր աշակերտաց միոյն դասատուութեամբ: Գիւղս Վարագայ թէմն է, որմէ կընդունի ԼՈՅՍ եւ ՅՈՅՍ:
       Արճակ՝ գիւղաքաղաք ըսուելոյ արժանի է, ունի ընդարձակ եւ բարեբեր գիւղեր, սակայն իրենք տգիտութեան պատճառաւ միշտ աղքատ մնալոյ դատապարտուած են, վասն զի այսուհետեւ առանց մտաւոր կարողութեան, չիք այլեւս ճար եւ ճամբայ մարդուս համար, կենաց այս ծուռ ու մուռ աշխարհի մէջ՝ ուր ամեն ատեն չեն ծնանիր Րաֆիներ՝ ազգին ու հայրենեաց փառքն աւելցնող անհատներ:
       ԵՐԵՔ ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԵՆԱՍՏԱՆ
       Գիւղիս մէջ 3 հատ թուխ մանուկներ կան, որոնք շաբաթ իրիկուններ կուրախանան մոմով եւ խնկով, զորս առած կը գան մամիկներ:
       Արեւելեան Հարաւային կողմն կէս ժամ տարակայութեամբ Հարաւէն ‘ի Հիւսիս ձգուած երկայն բլրոյ մը ստորոտը Աստուածածին անուամբ մենաստանիկ մը շինուած է քարուկիրով, այլ ո՛չ տաճարաւոր, որոյ շրջապատը չիք շինութիւն, բայց եթէ մի քանի ուռենւոյ ծառեր՝ չուք տըւող այդ ամայի մենաստանին եւ իրենք կը սնանին մի անուշահամ աղբերակաւ: Սոյն վանքն Վարագայ վանուց իրաւատեսութեան տակն՝ տարին 2-3 անգամ յատուկ վարդապետ եւ տիրացու կը խրկուին աստ եւ Ս. Պատարագ տեղի կունենայ, ուր շրջակայ գիւղերէն եւ նոյն իսկ Վան քաղաքէն (որմէ 5 ժամ հեռու է) ուխտաւորներ կը գան ու այսպէս խուռներամ եկած՝ ուրախութեամբ կը տօնախմբեն Ս. Աստուածածնայ անոնն իւր տրտում բնակարանին մէջ, զոր բնակելի ընելով բարեզարդելոյ համար Ամեն. Խրիմեան Հայրիկ յատուկ վանահայր կարգած է, որ այժմ շէնք եւ շինութիւնք ընելով զվանս իւր բազում տարիներէ հետէ ունեցած ամայութեան վիճակէն հանելոյ վրայ կը գտնուի: Սոյն վանքն լուսաւորութեան միջնորդ պիտի հանդիսանայ շրջակայ Հայ գիւղօրէից նոր սերնդեան համար:
       Արճակու յանմիջական Արեւմտակողմն կը գտնուի իւր համանուն ծովակն, որոյ ընդարձակութիւնն է յԱրեւելէն յԱրեւմուտ 2-21/2 ժամ եւ Հարաւէն ‘ի Հիւսիս 11/2 ժամ: Սոյն ծովակն Վանայ ծովէն (որոյ վերայ ‘ի կարգին կը խօսուի) աւելի աղի է, որով համեմատաբար անկէ աւելի քանակութեամբ բորակ (սալփէթր) կրնայ տալ, սակայն դժբաղդաբար գիւղացիք ջուրն պատրաստել եւ հանել չ’գիտեն, որպէս կընեն Վանայ ծովուն առընթեր Աւանցիքն:
       Ծովակս շրջապատեալ է Հայ եւ Քուրդ գիւղերէ, որոնք ոչխար շատ կը պահեն, մանաւանդ սոյն վերջինքն: Ամառ ատեն ոչխարաց որոշեալ ժամանակին, ըստ սովորութեան աղ տալոյ փոխան, հովիւք հօտերնին կը բերեն եւ ծովակիս ջրէն կը խմցնեն, որով ոչխարներն թէ՛ առատ կաթ կը տան եւ թէ՛ միանգամայն շուտով կը պարարտանան:
       Արճակ գիւղն իջեւան է Պարսկաստանի կարաւանաց ‘ի Վան եւ յայլուր երթեւեկութեան, այս առթիւ քաղցր եւ թթու դէպքերու յաճախ ենթակայ կրնայ համարուիլ: Ես քաղցրն խօսելով եւ թթուն ‘ի մեկնութեան պահելով կը շարունակեմ զիմ ուղին: