ԳԼ.
ԻԱ.
ՍՂԵՐԴԷՆ
Ի
ԲԱՂԷՇ
ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ
ԵՒ
ԱՆԿԷ
ՄԵԿՆՈՒՄՆ
Ի
ԲԶՆՈՒՆԻՍ
Սղերդէն
՚ի
Բաղէշ
վերադարձած
լինելով՝
այժմ
մեկնիմք
Բաղիշէն
՚ի
Բզնունիս,
քաղաքի
Հիւսիսային
Արեւելեան
գծով։
Մեկ
ժամ
գնալով,
ճանապարհին
վերայ
կը
հանդիպիմք
կրկին
այն
մեծ
իջեւանին,
զոր
ԺԷ.
գլխոյ
վերջը
«Պաշ-խան
»
անուանած
եմ,
երբ
Մուշէն
՚ի
Բաղէշ
կուգայի։
Աստի
ուղինիս
աւելի
դէպ
՚ի
յԱրեւելս
յառաջ
տանելով,
մեր
ձախակողմը
(Հիւսիս
)
կը
տեսնուին
2
հսկայ
լերինք։
Ա.
Նեբրովդ
(Նէմրուդ
),
Բ.
Գրգուռ։
Առաջինն
կը
բարձրանայ
լայնանիստ
յատակագծով
մի,
որոյ
կատարն
աւելի
բարձր
կ՚երեւի
քան
զԳրգուռ
եւ
տեսանելի
Տարօն,
Բզնունիք,
Ապահունիք
(վերի
եւ
վարի
Պուլանխներ
)
եւ
Հարք
գաւառաց։
Սոյն
լերան
անուան
ծագումն
առած
լինել
կը
թուի
անդրանիկ
Նահապետին
Բաբելոնեան
գոռոզ
հսկային
հետ
ունեցած
դարաւոր
գործէն,
որոյ
նկատմամբ
եղած
բոլոր
աւանդութեանց
իմաստն
այս
է.
«Նեբրովդայ
գերեզմանն
սոյն
լերան
գլխուն
վերայ
լինելով՝
իւր
անուամբ
կոչուեցաւ
լեռն
»,
որոյ
մէկ
կողի
վերայ
այժմ
կը
տեսնուի
երկայն
դամբարանի
նման
մի
շէնքի
հիմունք ,
ո՞վ
գիտէ
թէ
այս
չէ
ամբարտաւանի
հանգստութեան
պատժարանն,
որոյ
մասին
ց՚արդ
եղած
գիտական
քննութիւնք
տակաւին
ունին
իւրեանց
թերի
կողմեր։
Նեբրովդ
մեծ
եւ
բարձր
է
քան
զԳրգուռ,
որ
իւր
թիկանց
վերայ
կը
գտնուի
նեղ
ճանապարհով
մ՚անջատեալ։
Լերան
դիրքը
ձգուած
է
գրեթէ
Հարաւէն
՚ի
Հիւսիս.
իւր
գագաթի
տրամագիծն
21/2
ժամ
կը
տեւէ,
որոյ
վերայ
ունի
5
հատ
լճակներ,
յորոց
մին
բաւական
մեծ
եւ
կ՚իյնայ
Հարաւակողման
վերայ,
որմէ
գետնի
տակէն
ճանապարհի
ջուր
երթալով
՚ի
Նորշէնայ
դաշտ,
(որոյ
նկատմամբ
խօսուած
է
),
դուրս
կը
տայ
այն
տեղէն,
զոր
սովորաբար
կը
կոչեն
«Մեղրաջրոյ
ակն
»,
մնացեալ
չորսը
փոքր
են
աւելի.
լճակներուն
ջուրն
անուշ
է.
որոց
յԱրեւելահիւսիս
մի
քանի
տեղերէ
կը
բղխին
տաք
ջրեր
(ըլըճա
)։
Սոյն
տեղերէն
որ
կողմը
փորուի
տաք
ջրեր
դուրս
կը
գան։
Նեբրովդ
տեղ
տեղ
միակտուր
է,
եւ
երբեմն
խաւ
խաւ
իրարու
վերայ։
Սոյն
լերան
վայրի
կենդանեաց
մէջ
նշանաւորն
է
արջ,
որ
շատ
անգամ
մեծ
երկիւղ
կը
պատճառէ
հովիւներուն։
Բազում
տեղեր
կարճ
անտառոտ
լինելով
հանդերձ
ունին
երփներանգ
ծաղկունք,
առատ
բուսականութիւն
եւ
արօտատեղիք,
որովք
կրնան
սնանիլ
հազարաւոր
ոչխարներ։
Տեղւոյս
օդ
խիստ
զով
է,
այնպէս
որ
յուլիս
եւ
օգոստոս
դժոխք
ամիսներուն
անգամ՝
մարդ
ցուրտ
կ՚զգայ
լերան
գագաթանց
վերայ ,
յորոց
շատ
ուշ
կը
վերնայ
ձիւնն։
Մուշէն
՚ի
Բաղէշ
երթեւեկողաց
Նեբրովդ
գրեթէ
մեծագոյն
մասամբ
տեսանելի
է։
Գրգռուռին
գալով՝
տարածութեամբ
փոքր
եւ
հասակաւ
կարճ
է
Նեբրովդէն,
սակայն
իւր
բնական
դիրքովն
աւելի
հպարտ
եւ
գոռոզ
քան
զայն։
Սոյն
լեռ
իւր
5
վիթխարի
կլոր
գլուխներով
վեհանձնօրէն
բազմած
է
մի
տափարակ
ու
ընդարձակ
երկրի
վերայ,
որոյ
առջեւ
նախորդովս
յիշած
անգութ
Ռահվայի
ծայրն
կը
հասնի.
կողքերն
բաւական
տեղեր
կարճիկ
անտառոտ
են։
Գրգուռ
լերան
անուան
վերաբերութեամբ
կը
պատմուի
թէ
«Պարսից
Վախտանկ
զօրավարի
Գրէգուռ
որդւոյն
անունէն
ծնած
է»։
Սոյն
լերան
ստորոտը
շինուած
է
Ջրհոր
անուն
մի
գիւղ,
որ
ունի
30
տուն
բնակիչ,
մի
Եկեղեցի
Ս.
Գէորգ
անուն,
մի
ծերուկ
քահանայ
եւ
մի
նոր
շինած
ծաղկոցի
շէնք.
դասատու
չունին
ու
մտադիր
են
ունենալ
մի
բողոքական
ուսուցիչ,
որ
լաւ
սորվեցնէ
իրենց
զաւական։
Ջրհոր
կը
գտնուի
Բաղիշոյ
Առաջնորդութեան
ներքեւ։
Սոյն
գիւղի
բնակիչք
մեծաւ
մասամբ
Գրգուռի
անտառներով
կ՚ապրին։
Լերան
բնական
գոռոզութիւնն
կարծես
թէ
ազդած
է
անոնց
վրայ։
Երբեմն
ուրիշ
տեղերէ
անտառահատներ
աստ
գալով
լեռնէն
փայտ
կտրել
ուզած
ժամանակը,
Ջրհորցիք
զանոնք
կը
վռնտեն
այս
իրաւունք
յառաջ
բերելով
թէ
«Գրգուռ
ՄԵՐՆ
է
եւ
անոր
անտառներն
ալ
մեր
են
»։
Սոյն
գիւղին
դրացի
կայ
մի
այլ
գիւղ
Շամիրամ
կոչուած,
որ
առաջինէն
տարբեր
հանգամանք
մի
չունի
գրեթէ։
Այս
տեղ
ճանապարհին
վերայ
մի
հսկայ
իջեւան
կայ
կոփածոյ
ընտիր
քարերէ
կառուցեալ,
Ալամէն
անուն,
երբեմն
կանոնաւոր
առեւտրոյ
տեղի
եւ
ճանապարհորդաց
ապաստանարան
էր,
իսկ
այժմ
բոլորովին
ամայացած՝
կը
ծառայէ
երկիւղ
ազդելոյ
անցորդաց։
Սորա
ճակտին
վերայ
կան
գրուած
Արաբական
ընթեռնելի
գրեր,
որք
եթէ
կարդացուէին՝
անշուշտ
լոյս
պիտի
տային
մեզ
իւր
հնութեան
եւ
այլ
հանգամանաց
վերայ։
Ալամէնի
հեռաւոր
շրջապատը
մի
քանի
գիւղօրէից
աւերակներ
կը
նշմարուին,
որոց
ոմանք
ազգային
նշաններէ
զուրկ
չեն։
Շարունակելով
կը
հասնիմք
Խաթուն
տէրէ
կոչուած
մի
տեղ,
ո՛ւր
չքաւորն
բնաւ
պէտք
չէ
երկիւղ
ունենայ,
իսկ
ունեւորն
կրնայ
ինքնապաշտպանութեան
դիմել
՚ի
հարկին։
Այս
տեղէն
փոքր
ինչ
հեռու
Նեբրովդայ
մերձ
ձորակի
մը
մէջ
կան
բաւական
թուով
շարք
մի
ահագին
քարեր
ըղտանման,
որք
կը
կոչուին
արդէն
«Ըղտու
քարեր
».
որոց
վերայ
այս
աւանդութիւն
կայ.
«Նէմրուդ
անուն
մի
զօրաւոր
թագաւոր
կ՚ըլլայ,
եւ
շատ
երկիրներ
իր
ձեռքի
տակ
ընկճելով
կուգայ
յայս
կողմն
լերան
վերայ
կ՚ուզէ
մեծ
շէնք
մի
շինել.
գործի
կը
սկսի
եւ
կը
շինէ
փառաւոր
պալատ
մի
շատ
շքեղ
եւ
մարդկանց
զարմանալի.
սոյն
շէնքի
աւազներն
Վանայ
ծովու
եզերքէն
ուղտերն
կը
բերէին։
Երբ
շէնքն
աւարտեցաւ,
Նեմրուդ
սկսաւ
մտածել
որ
ինքզինքն
Աստուծոյ
տեղ
ժողովրդեան
պաշտել
տայ։
Ճշմարիտն
Աստուած
սոյն
ամբարտաւանութեան
վերայ
բարկանալով
անիծեց
ուղտերն
եւ
զՆեմրուդ։
Առաջինքն
՚ի
քար
դարձան,
որք
ց՚արդ
կ՚անուանեն
«Ըղտու
քարեր
».
իսկ
երկրորդն
իւր
պալատովը
գետնամոյն
եղաւ,
եւ
Աստուած
անոր
շէնքի
տեղը
ջրերով
լեցուց,
որպէս
զի
Նէմրուդ
մնայ
անյիշատակ
աշխարհիս
երեսը.
ահա
այժմեան
լերան
լճակաց
տեղն
է,
ուր
կորան
Նէմրուդ
եւ
իւր
շինուածք»։
Սոյն
տեղէն
փոքր
ինչ
եւս
յառաջ
երթալով
հասանք
՚ի
Դատուան,
որ
Բաղէշէն
4
ժամ
տեւեց։