Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԹ. ԽՆՈՒՍ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ
       Այս հին քաղաքն կը գտնուի յԱրեւմտակողմն գաւառիս, որ նորա անուամբ կոչուած լինիլ կը թուի եւ շինուած է մի ընդարձակ լեռնաձորակի մէջ ու կրնայ համարուիլ Բիւրակեան լերանց Արեւելեան ստորոտն: Ձորի մէջ տեղէն կանցնի Արածանին՝ բաւական մեծ քանակութեամբ, որ Բիւրակեան լեռներէն բղխելով յԱրեւմուտէն յԱրեւելահարաւ կը ճանապարհորդէ եւ զբերդաքաղաքն Հարաւային եւ Հիւսիսային՝ երկու մեծ մասերու կը բաժնէ, որոնք զօրաւոր կամուրջով մ’իրարու հետ կցուած են: Բնակիչներն իւրեանց պարապոյ ժամերուն սոյն գետէն պատուական ձկունք կորսան, եւ երբեմն իրարու կը խրկեն ընծայ:
       Խնուս բերդաքաղաքն, որպէս խօսուեցաւ, մեծագոյն մասամբ սահմանեալ է բնական լեռներէ, որոց մէջ եղած խոռոչներն այնչափ ընդարձակ են, որք գրեթէ փոքրիկ անձաւներ են, յորս կը բնակին աղքատ գնչուներ՝ իւրեանց ընտանեօք հանդերձ: Տեղւոյս օդն բարեխառն եւ ջուրն շատ ընտիր է. Ուղեւորիս աչաց հանդէպ ամեն կողմը հետաքրքիր տեսարաններ անպակաս էին, որոց մէջ են զբնակութիւնս շրջապատող երկու լեռնագագաթունք, զորս բնութիւնն պատրաստած է եւ ոչ թէ մարդն, որոյ կարողութենէն բացարձակապէս վեր է մի այդպիսի բան յօրինել:
       Քաղաքիս բնակութեանց թիւն այժմ հազիւ 300 ի կը հասնի, յորոց 180 Հայ եւ մնացեալ 120 տուն Մահմետական են: Տուներն ընդհանրապէս քարաշէն կընեն, վասն զի ամէն կողմը շինութեան համար յարմարագոյն քարեր լի են՝ թխագոյն, դիւրատաշ եւ համեմատաբար թեթեւ զանգուածով:
       Հայք ունին յանուն Ս. Աստուածածնայ հին եկեղեցի մը, կառուցեալ պարզ ճաշակաւ եւ երկու քահանայ ու մի նախակրթարան, ուր 100 մանուկներ կ’ուսանին անորոշ ուղղութեան մը ներքեւ, այլ գովելի ձիրքերով:
       Մահմետական դրացիներն եւս ունին մի րիւշտիյէ (ուսումնարան) նոր շինուած՝ հնամիտ դասատուով մը, որոյ վերաբերութեամբ ինձ պատմեցին թէ “իւր ուղղութիւնն ներկայ ժամանակիս չ’պատասխաներ”: Նոյնպէս ունին մի մզկիթ հին ժամանակէն մնացած:
       ***
       Ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործ եւ վաճառական է (մասնաւոր). ունին մի քանի աննշան կրպակներ երկու ազգաց վերաբերեալ. բոլոր առեւտուրնին Կարնոյ հետ է, որ տեղէս 21/2-3 օրուան ճանապարհաւ հեռու կը գտնուի դէպ ‘ի յԱրեւմտահիւսիս: Երբեմն քաղաք եւ այժմ գիւղաքաղաքէս… փոքր ինչ հեռու հանքային ջուր մի կայ խիստ դառնահամ:
       Խնուս Գայմագամութիւն է ընդ գերիշխանութեամբ Կարնոյ կուսակալութեան. ունի հեռագրաթել: Գաւառիս Փոխ-Առաջնորդն աստ կը նստի Կարնոյ Առաջնորդի իրաւասութեան տակ: