Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Ա. ԵՐՈՒԱՆԴՈՒՆԻՔ (ՀԱՅՈՑ ՁՈՐ)
       ԻՄ ՎԵՐՋԻ ՀՐԱԺԵՇՏ
       Տեղագրութեանցս Առաջնոյ վերջի մասովն գաւառիս ՆԿԱՐԱԳԻՐՆ աւարտած լինելով՝ այժմ սոյն երկրորդի սկիզբը մեր հրաժեշտ իրեն տալով պէտք է մեկնիլ յիւր Արեւելակողմն, հետզհետէ ճանապարհնիս շեղելով ‘ի Հարաւ եւ ուղինիս բաւական յառաջ տանելէն ետքը դառնալ կրկին յԱրեւել ‘ի Խօշապ (Մահմուտիէ), որ ‘ի հնումն Անձրեւացեաց եւ Մարդաստան գաւառի մի մասը կը կազմէր եւ ներկայիս մէջ բաժնուած է երկու գաւառակներու, յորոց Առաջին կ’անուանի “Վերին Խօշապ” եւ երկրորդն “Ներքին Խօշապ”, որք ‘ի միասին առնելով շրջապատեալ են Արեւելէն Աղբակ, Արեւմուտէն Վան-Տոսպ, Հարաւէն մասամբ մ’Երուանդունիք եւ Հիւսիսէն Առբերանի գաւառներէն:
       Խօշապ գաւառի կլիմայն բարեխառն է, ջուրն լաւ, հողերն ընդհանրապէս արգաւանդ, հանդերձ ընդարձակ մագագետիններովն եւ արօտատեղիներովն: Ունի զանազան հասակաւ լերինք, յորս նշանակելի են Չուխ լերինք յԱրեւելակողմն, Սեաւ լերինք ‘ի Հարաւ Պաղ-տաղը յԱրեւելահիւսիս. նոյնպէս կան ընդարձակ լեռնահովիտներ եւ ձորեր, որոց մէջ պակաս չեն վայրի այլ եւ այլ կենդանիք եւ թռչունք:
       Գաւառիս, (որոյ անուան վերաբերմամբ իւր համանուն քաղաքի մասին մէջ կը խօսիմ) բնակիչք անխտրապէս աշխատասէր եւ գործունեայ են: Ամառ ատեն կզբաղին երկրագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ. իսկ ձմեռն զանազան ձեռագործերով, յորս նշանաւոր են նախշուն (գոյնզգոյն) շալեր ու շալվարներ եւ ընտիր գորգեր, զորս արանցմէ աւելի իգական սեռն կը պատրաստէ, որ կը մրցի գործունէութեամբ արական սեռին հետ, որում նման ուժեղ եւ զօրաւոր կազմութեան տէր է:
       Խօշապ գաւառն (երկու մասն ‘ի միասին առած) 80 գիւղերէ կը բաղկանայ, որպէս անցեալ տարի հաշիւ եղած է, որոց մէջ 30, 000 բնակիչ կը գտնուի, որոնցմէ 20, 000 Հայ են, եւ մնացեալներն Քուրդ, Ասորի եւ Եզտի (արեւապաշտ): Սոյն վերջի երեք չ’համազգի տարրերն կենաց այլ եւ այլ հանգամանքներով երբեմն առաջնոյն կը նմանին:
       Երկրիս ժողովուրդք ընդհանրապէս ինքնապաշտպանութեան ոգին տակաւին կորսնցուցած չեն եւ շատ խնամօք կը պահպանեն զայն, իբրեւ նախնեաց ժառանգ, ‘ի կիր արկանելի Հայրենեաց հողին վերայ, սորա մէջ Քուրդերն առաջին տեղին կը գրաւեն բաղդատմամբ:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ Ի ՎԵՐԻՆ ԽՕՇԱՊ
       Վերոյիշեալ ընդհանուր տեղեկութիւնք համառօտակի տալէս յետոյ, ըստ նախընթաց ուղղութեան մեկնիմք Հայոց Ձորոյ հարաւային Արեւելածայրը գտնուող Հնտստան գիւղէն, (ոյր վրայ խօսուած է Ա. Մասի 161 երեսին մէջ): Մեր սոյն ճանապարհի Արեւելեան թեւի վերայ տակաւին 1 ժամուան չափ ուղի չ’կտրած՝ կը հանդիպիմք Ապլասաթ (Ապուսէթ) կոչուած բլրաձեւ լեռնակի մը, զոր տեղացիք “Բերդ” կ’անուանեն, որոյ ներքեւն բաւական խորունկ եւ հետաքրքիր այր մի կայ, որ երբեմն կը ծառայէր աւազակաց, իբր որջատեղի, յորմէ անցանելով ճանապարհիս շարունակեմք եւ 2 ժամէն կը հասնիմք Հասան աղա ըսուած երկայն բլուրը, որ հարաւէն ի Հիւսիս աղեղնաձեւ կը ձգուի լայնատարած դիրքով մը, կը կազմէ Խօշապայ եւ Անձեւացեաց գաւառական սահմանը: Սոյն տեղէն փոքր ինչ յառաջ երթալով կը մտնեմք ի Վերին Խօշապ, ո՛ւր 3-4 ժամ շարունակելով կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը:
       ՀԻՒՐԹՈՒԿ. - Սոյն գիւղն ունի 45 տուն Հայ բնակիչ, նաեւ Ս. ԳԷՈՐԳ անուամբ բաւական ճաշակաւոր եկեղեցի մը, կառուցեալ անթուական. միայն թէ իւր հիմնաքարանց մէջ գտայ մի տապանաքար 480 տարուան՝ զոր ընթերցայ բազում դժուարութեամբ եւ չունի բառ մ’անգամ յիշատակագիր:
       Տեղւոյս Հայք ունին երկու խեղճ քահանայ, մի խեղճագոյն ծաղկոց եւ մի ամենախեղճ ուսուցիչ, որոյ ուղղութեան յանձնած են գիւղիս 25-30 մանուկներ, զուարթ եւ առողջ, որոց զարգացման վիճակն շատ ցաւալի է: Դասատուն, որոյ բնաւորութիւնն զինք ինձ ազնիւ կոչել կը տայ, խիստ ուսումնասէր, աշխատող եւ տոկուն մի երիտասարդ է, որ մեծապէս օգտակար կրնայ լինիլ գիւղիս նոր սերնդեան, սակայն ՀՄՈՒՏ հրահանգաց ներքեւ միայն:
       Հիւրթուկի բնակիչք բաւական դպրոցասէր եւ ջերմեռանդ են առ կրօն եւ առ հայրենի աւանդութիւնն, զորմէ անցանողն բանիւ քարկոծուելոյ միշտ ենթակայ կրնայ համարուիլ: Աշխատասէր ու գործունեայ են արանց հետ հաւասարապէս նաեւ կանայք եւ աղջկունք, որք ժիր ու աշխոյժ են: Հիւրթուկցիք բնական պատճառներ ունին իւրեանց կեանքէն փոքր ինչ գոհ լինելոյ:
       Գիւղիս հիւսիսակողմը սրբիկ անուն մի տաղաւարիկ կայ, որ երբեմն “մեծաշէն եկեղեցի” եղած լինիլ կ’աւանդուի, հին ատեն 200-250 տուն բնակիչ ունեցած է (150 տարի առաջ), որոնց հարց տապանաքարինք անտեսանելի եւ սակաւաթիւ չեն, թէեւ չունենան իրենց տարիքն ու կեանք յիշեցնող թիւեր եւ գրեր:
       Հիւրթուկի մերձակայ շրջապատը կան ընտիր քարահանքեր, որոնցմէ տեղացիք գեղեցիկ եւ մեծ քարեր կը հանեն, յորս կը գտնուին 11/2 քառակուսի մեթր երեսով եւ 3-5 մատ թանձրութեամբ սալեր, զորս կոտրտելով բնակութեանց պարիսպներուն կը գործածեն: Գիւղիս Հիւսիսակողմը 3-4 ժամու հեռաւորութեամբ կայ Զեռնակ կոչուած Քուրդ գիւղ մը, որոյ պարոնն երբեմն Հիւրթուկի բացարձակ տիրապետն եղած է: Զեռնակայ մէջ կը գտնուի մի հին բերդ, որոյ մասին կ’աւանդեն թէ “Նեղ ժամանակի մէջ տեղւոյն բնակչաց ապաստանարանի տեղւոյ կը ծառայէ”:
       Մեր Հիւրթուկի ազգայինքն լուսոյ եւ կենաց այնպէս պէտք ունին, որպէս կոյրն լուսատու աչաց եւ կաղն՝ ոտից:
       Տեղէս 11/2 ժամ հեռու դէպ ի յԱրեւելահիւսիս կայ ԽԱՉ անուն գիւղ մի, ո՛ւր այժմ 30 տուն Քուրդ կը բնակի: Սոյն գիւղի ընդարձակ խոտաւէտ եւ ջրաւէտ դաշտերն եւս իւր “Խաչ” անուամբ կը կոչուին: Գիւղիս եկեղեցին տակաւին կ’ապրի կիսաւեր, իւր գերեզմանատան հետ:
       Հիւրթուկէն մեկնելով ուղեւորիմք դէպ ‘ի Հարաւ, գրեթէ 2 ժամէն կը հասնիմք ‘ի Փակակատուկ, որոյ վերայ յաջորդ գլխով խօսիմք: