Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Լ. ՎԱՆԱՑ ԲՆԱԿԻՉՔ ԵՒ ԲՆԱԿՈՒԹԵԱՆՑ ՎԻՃԱԿՆ
       Վանայ ընդհանուր բնակչաց թիւն է 5, 500 տուն միջին հաշուով, յորմէ 3. 000 Հայկական են եւ 2, 500 Թրքական: Տուներն առ հասարակ միայարկ, երկայարկ եւ քիչ եռայարկ են, շինուած անեփ աղիւսէ պատերով քարահիմն եւ բաւական գեղեցիկ ճաշակաւ: Մասնաւորներ ունին ամենապատուական շէնքեր, որ մեծագոյն մասամբ պատշգամաւոր են եւ քարաշէն: Տուներն ծածկեալ են ահագին գերաններով, խիստ ամրատանիք, որ հրդեհէ բնաւ երկիւղ չունին, միայն թէ բնակութեանց տարիքներն հորիզոնական դրիւք շինուած լինելով, բնակիչք պարտաւորեալ են ձմեռ ատեն տանեաց վերայ նստած ձիւներն սրբել (վար տալ), որ յիրաւի քիչ չարչարանք չէ, մանաւանդ երբ սովորականէն աւելի քանակութեամբ ձիւն նստած լինի եւ մի եւ նոյն ատեն ձիւն սրբող քառճըն ծոյլ:
       ***
       Մասնաւորապէս քաղաքի տանց փողոցները նեղ, ոլորապտոյտ եւ անյարմար են (բացառութիւնք չ’մոռնալով), մեզ կը յիշեցնեն Պօլսոյ նեղիկ սօխախներ: Մեր խօսքն Այգեստանի վերայ չէ. քաղաքն անծառաստան լինելով` չունի լաւ տեսարան. տուներն խիտ առ խիտ իրարու վերայ շինուած են: Բերդի լայն երեսն, որ անմիջապէս կը նայի փոքրիկ հեռաւորութեամբ, շուկայից վերայ, Հիւսիսային հովերուն դէմն զօրաւոր արգելք մի է, որ ձմեռ եղանակին իւր օգուտն ունի եւ ամառ ատեն՝ իւր վնասն, ըստ որում քարերն տաքցած ժամանակ տաքութիւնն կանդրադառնայ բնակութեանց վերայ եւ կը նեղէ զբնակիչս առ հասարակ, որք սոյն բնական երեւութին համբերելոյ պարտաւորեալ են, մանաւանդ մօտաւոր բնակիչներն:
       Քաղաքի միւս կողմերէն եւս, որպէս յիշած եմ արդէն, այլ եւ այլ պարիսպներն կարգելուն կենսատու ՕԴԻ հոսանքները, որմէ բացարձակապէս կախեալ է, ժողովրդեան ՇՆՉՈՅՆ տուր եւ առըն, որով պիտի պահպանէ իւր կենսական զօրութիւն, այս պատճառաւ կրնայ ըսուիլ որ մասնաւորապէս քաղաքի օդն նախանձելի չէ, որով յառաջ եկած է բնակչաց նիհար կազմութիւնն (քիչ բացառութեամբ) եւ յառաջ կը գան շատ անգամ այլ եւ այլ հիւանդութիւնք, յորոց ոմանք մահացու են, մանաւանդ անլեզու մանկանց համար: Նոյնպէս քաղաքացւոց աչաց հեռատեսութիւնն աւելի կարճ է քան թէ այգեստանցւոց, վասն զի առաջինքն չունին աչքի ընդարձակ հորիզոն, (իսկ մտաց՝ չ’գիտեմ, զի տակաւին չեմ ուղեւորած մտային վերնագաւառները) տնէն դուրս ելած ատեն չեն տեսներ դէմերնին լայնածաւալ դաշտօրայք կամ արտօրայք, կամիմ ասել թէ զուրկ են դեռ զգալի հորիզոնէ եւ իմանալին եւս գրեթէ ոչինչ: Իմ այս ‘ի բնուստ ըրած տեսութիւնս ակնոց գործածելոյ պարտաւորեալ մասին խիստ շօշափելի կրնայ համարուիլ ‘ի Մայրաքաղաքիս ծնած բնակչաց, որոց մէջ բազմաթիւ են կարճատեսքն:
       ***
       Վանայ երկու մասի բնակչաց մէջ մին եղած վերոյիշեալ տարբերութիւնն ուղղակի արդիւնք կրնայ համարուիլ ուրեմն տեղական օդին եւ բնական վիճակին:
       ***
       Բերդի գլխէն երբ թնդանօթ որոտնդոստ կ’արձակուի մերձակայ տներն բնական մի զարհուրանքէ կը բռնուին եւ բնակութիւնքն, կարծես թէ, երկրաշարժի ցնցումներ կզգան, սակայն մե՛ղք իրենց, որ հարիւրաւոր տարիներէ ‘ի վեր այդ ձայն կը լսեն եւ տակաւին չեն ընտելացած նորա բնութեան եւ ոճին:
       Մեր Մահմետական դրացեաց բնակութեանց թիւն 200էն վեր չանցնիր բուն քաղաքի մէջ: Քաղաքէն դուրս ամենքն ալ ընդարձակ տեղերը բնակութիւնք հաստատած են թէ՛ քաղաքին մերձ եւ թէ՛ Այգեստանի Հայ բնակութեանց շրջապատը մանաւանդ:
       Գլխաւոր արտածութիւն (էքսփօրթասիօն). - բուրդ եւ թիֆթիկ (բուրդի նուրբ եւ ազնիւ տեսակն, զոր կեարժ կանուանեն եւ զայն կրող ոչխարին ալ լուռ անուն կըտան): Ընտիր մանիսայի նման շալեր եւ գոյնզգոյն ապաներ, նուրբ եւ ճաշակաւոր գործուած, յորոց ոմանք մեր Պօլսեբնակ եղբարց անծանօթ չեն եւ երբեմն իսկ կը հագնին, մանաւանդ ձմեռ ատեն: Կարեւոր պարագայ մի է յիշել, որ Եւրոպական ապրանաց նոյն օրինակ զգեստեղէններէն չորս անգամ աւելի կը դիմանան եւ գինն եւս համեմատաբար շատ աժան, ուստի քաջալերութեան արժանի:
       Անասուններէն դուրս կը տարուին ստուար թուով ոչխար, տուար (կով եւ եզ), ձի: Նշանաւոր է Վանայ կատուն՝ իւր առատաբուրդ ճերմակ գոյնովն եւ սլիկութեամբն (ճարտարութիւն կատուի): Դուրս կը տարուին մեծ քանակութեամբ այծու, եզան եւ գոմէշի կաշիներ:
       Ներածութիւն (էմփօրթասիօն). - Պօլսէն Եւրոպական ամեն տեսակ ապրանքներ, Պարսկաստանէն մեծ քանակութեամբ բամպակ, մեծագին շալեր (գօտի), չիթ, կտաւ: Նոյնպէս քիշմիշ (չամչի մանր եւ անկուտ տեսակն) պաղլեզ, կլաքար, տորոն (որմէ տեղս ալ յառաջ կը գայ, այլ նուազ քանակութեամբ), Բերիայէն (Հալէպ) ալ եւ այլ գործուածքներ, բամպակէ մանաւանդ, յորս նշանաւորն կրնայ համարուիլ մանիսան: Նշանաւոր է նոյնպէս կանանց տնական ձեռագործն:
       ***
       Վանայ Հայ բնակիչք (Մահմետականաց մասին ‘ի կարգին կը խօսուի) առ հասարակ արհեստներով կզբաղին, կան նաեւ բաւական թուով վաճառականներ եւ մասնաւոր առ եւ տուր ընողներ, վերջնոյն մէջ կան եւ Տաճիկներ:
       Տեղւոյս գլխաւոր արհեստներն են, ոսկերչութիւն, կօշկակարութիւն դերձակութիւն, հիւսնութիւն (իւրեանց տեսակներովն) պղնձագործութիւն, դարբնութիւն, պայտառութիւն, թամբագործութիւն, որմնաշինութիւն. կը գտնուին նաեւ մասնաւոր արհեստաւորք, ինչպէս խաղաղորդ, ժամագործ, ձուլիչ, թիթեղագործ եւն: Տեղւոյս արհեստաւորքն Հայերն են:
       Թելի վերաբերեալներն են կտավագործութիւն իւր հաստ եւ նուրբ տեսակներով, որոնք նշանաւոր են իրենց դիմացկունութեամբ, որպէս են չիթ եւ սատրինչ, որոնց ներկն եւ նախշունութիւնն դարձեալ իրենք կըտան, ինչպէս եւ իրենք կը գործեն, զորս մեծագոյն մասամբ շրջակայ գիւղացիք կսպառեն:
       Բրդեղինաց գործուածքներն աւելի նշանաւոր են, զորս վերեւ յիշեցի արդէն:
       ***
       Վանայ 3, 000 տուն Հայք 5 գլխաւոր թաղերու բաժնուած են ազգայնապէս, յորոց իւրաքանչիւրն իւր ստորաբաժանումներն ունի. մենք այժմ խօսիք գլխաւորաց վերայ կարգաւ, համաձայն մեր արդէն ընտրած ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ:
       1. Քաղաքամիջի թաղ
       Քաղաքի Հայք 500 տուն են, որք ունին 7 եկեղեցի, յորս նշանաւորն է յանուն Ս. Պօղոս եւ Պետրոս Սրբազան Առաքելոց կառուցեալն, որ մէկ յարկի ներքեւ բաժանեալ է երկու ընդարձակ մասերու. այս առթիւ կը կոչուի նաեւ “Ջխտակ ժամտուն” (տեղական առմամբ զոյգ եկեղեցի): Նոյնպէս երեւելի է Ս. Նշան կոչուած փոքրիկ, այլ գեղեցկաշէն եկեղեցին, որոյ տաճարի յաջակողմն առանձին խորանի մը մէջ խնամօք կը պահպանուի ԿԵՆԱՑ ՓԱՅՏԻ ՄԻ ՄԱՍՆ, երբեմն գերութենէ բերուած Պարսկաստանի մերձակայ տեղերէն:
       Սոյն եկեղեցւոյ մէջ, սովորական եօթեկի օրերէն զատ, ամեն ուրբաթ օրերը (‘ի նշան ուրբաթու խաչելութեան թերեւս) Ս. Պատարագ մատուցանելոյ նախնական սովորութիւնն տակաւին կը պահեն, բազում բարեպաշտ անձինք եւ մանաւանդ ջերմեռանդ կանայք աստ կը գան յուխտ այլ եւ այլ կողմերէն ու թաղերէն. կանանցմէ ոմանք բոկոտն կը գան, որպէս զի ուխտերնին ընդունելի լինելով՝ Ս. ՆՇԱՆ իրենց սրտի մուրատ տայ. թէպէտեւ իրենք բացարձակապէս արգելեալ են տաճարի դռնէն ներս ոտք կոխելոյ եւ ըստ սովորութեան տաճարի դրան առջեւ կընեն աղօթքնին, հոն կը ծեծեն կուրծքերնին եւ հոն կընեն կրկին խնդրուածքնին, որոց տեսակներն իւրեանց թող տալով, դուրս կելնեմ տաճարէս, զոր մշտական հիւր կը պահեմ սրտիս եւ հոգւոյս մէջ:
       ***
       Եկեղեցւոյս կից է Հայոց Առաջնորդարան. միւս եկեղեցիքն եւս առ հասարակ կանոնաւոր են կառուցմամբ եւ մեծագոյն մասամբ տաճարաւոր: Քաղաքին մէջ 2 վարժարաններ կան, մին արական եւ միւսն իգական սեռին յատկացեալ. առաջին կը կոչուի “Յիսուսեան Վարժարան”, որոյ անուամբ անցեալ տարի շինեցին մի շէնք երկայարկ եւ դասարանական դրութեամբ կառուցեալ, ո՛ւր այժմ կ’աշակերտին 180-200 ուսանողներ, որք բաժանեալ են երկու մասերու այսինքն ուսումնարանի եւ ծաղկոցի աստիճանաց: Վարժարանիս ուսմանց ծրագիրն սովորական ուսանելի առարկայներէն աւելի տեսակ չ’պարունակեր ներկայիս մէջ:
       Յիսուսեան սոյն վարժարանին համար, ուրախ եմ ասելոյ, որ Կարինէն յատուկ հրաւիրմամբ եկած է Զմիւռնիացի Մեծ Այգեվարդ էֆէնտի Ասլանեան, որ վարժարանիս մէջ պաշտօն կը վարէ իբրեւ մանկավարժ եւ ձայնագրութեան (նօթա) ուսուցիչ: Սոյն ազնիւ եւ աշխոյժ երիտասարդի համեստութիւնն, կը վախեմ, որ չ’ներէ ինձ իւր պաշտօնի նկատմամբ ունեցած մանկավարժական հազուագիւտ ձիրքերն դրուատել, որոց քանիցս ականատես եղած եմ անձամբ եւ ուսանողաց հետ զգացեր եմ ամենամեծ հաճոյք իւր դասախօսութեան եղանակէն, որմէ մեծապէս օգուտ քաղած են եւ կը քաղեն վարժարանիս մանուկներն, որոց վերայ յիշեալ ուսուցիչն կը նայէ իբրեւ ԶԱՒԿԻ վերայ եւ փոխադարձաբար ուսանողքն իրեն վերայ կը նային իբրեւ հօր վերայ, երկու կողմանէ եւս կաթոգին համակրանօք, ահա դաստիարակութեան մի ԳԱՂՏՆԻՔ, զոր վարժարանիս մէջ տեսած՝ կը մեկնիմ յերկրորդ վարժարանն:
       Քաղաքիս երկրորդ վարժարանն է “Շուշանեան” օրիորդաց վարժարան, ո՛ւր 80-100 աշակերտուհիք կուսանին, վեց կարգերու բաժանուած եւ սովորական ուսմանց հետ կուսանին բաւական օրինաւոր ձեռարուեստ եւ ասեղնագործութիւն, որոց մասին գոհ եմ ասելոյ, որ լաւ հեռատեսութեամբ աւելի խնամք կը տարուի եւ պէտք է տարուի, զի ՀԱՑԻ ԽՆԴԻՐ կայ իւր մէջ: Վերոյիշեալ երկու վարժարաններն ունին 7 պաշտօնեայ, որոնց տարեկան թոշակներու ընդհանուր գումարն է 90-100 ոսկի, որ կը հոգացուի եկեղեցւոյ կալուածներէն:
       Այժմ նորանոր ջանքեր կը լինին թոշակի դրութիւնն ներմուծելու, որով թերեւս բարձրացնեն վարժարանաց դիրքն. չ’մոռնամ ըսել որ ոմանք արդէն թոռակի դրութիւնն ընդունած՝ կը վճարեն իւրեանց պարտքն, թէեւ իրենք լինին թուով շատ նուազ:
       Հետեւեալ գլխովն՝ մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ շարունակեմք եւ քաղաքէն յԱյգեստան մեկնելով նկարագրեմք եւ տեղագրեմք, եւ եթէ հարկ լինի տեղ տեղ իմաստագրեմք մեղմօրէն: