ԳԼ.
ԼԸ.
ԱՇՈՒՆ
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ,
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ,
ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Հայ
գիւղացիք
աշնան
սկիզբը
կ’սկսին
խոտերն
դիզել,
դէզերն
գլխել
ախոռներու,
գոմերու
եւ
տանց
ծակ
ծուկներն
կաւով
ծեփել,
դուարներու
գլուխները
դնելոյ
համար
կապանքներ
պատրաստել,
մսրանիք
(մսուրներ)
վերանորոգել,
քայքայեալ
տեղերն
շինել
եւ
այլն:
Ախոռի
դուռն
արդէն
առ
հասարակ
տան
վերի
անկիւնը
բացուած
է,
հետեւաբար
անասուններն
իրենց
երթեւեկութեան
առաջին
ճանապարհն
ունին
տան
միջավայրը
եւ
թէ
է՞ր
աղագաւ
գիւղացիք
պարտաւորուած
են
տարօրինակ
ճաշակ
մի
տալ
անասնոց
այդ
բնակութեան
շէնքի
կերպին,
մի
զատ
հարց
է,
որոյ
պատասխանն
շատ
հետաքրքրական,
զոր
աստ
‘ի
վեր
հանել
չունիմ
նպատակ:
***
Աշուն
կը
վարեն
կորդ
երկիրներ
գութանով,
որ
Վասպուրականի
մէջ
4
լուծէ
կը
բաղկանայ
եւ
Տուրուբերանի
մէջ
շատ
անգամ
7
է,
վասն
զի
առաջնոյն
հողերն
կակուղ
են,
եւ
երկրորդին
պինդ:
Գութանի
մաճակալին
ամենէն
մերձաւոր
եղողէն
սկսեալ
կարգաւ
նշանակեմք
անուանքն
այդ
լծոց:
Ա.
ամոլ:
Բ.
մրտուտուն,
Գ.
աթոռ,
Դ.
Խնձորտուն:
Ե.
ուժտուն:
Զ.
խուրիկ
Է.
փոշետուն:
Չափահասքն
առաջի
լուծերուն
վերայ
եւ
անչափահասքն
վերջնոց
վերայ
կը
նստին,
ընդ
մէջ
պարապ
ձգելով.
գութանի
լծուվարներն
անասնոց
ընթացքին
հակառակ
ուղղութեամբ
նստած
լինելով՝
նոցա
կռնակներն
կը
մաժեն
(մեղմաբար
շփել)
եւ
‘ի
քաջալերութիւն
Հայկական
եւ
Քրդական
երգերով
կը
գովեն
զանասունըս,
որոց
աշխոյժն
կը
զօրանայ,
կորովն
կը
վերանորոգուի,
զի
այդ
անբաններն,
գիտես
թէ
ԲԱՆ
ՄԸ
կ’զգան
գովասանքէ:
ՁՄԵՌ
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ,
ՅՈՒՆՈՒԱՐ,
ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ձմեռուան
եղանակին
Հայաբնակ
գաւառաց
գիւղօրէից
համար
առ
հասարակն
օր
հանգստեան
է,
Նման
կիւրակէ
աւուրց.
խոնջե
ալ
կենդանիք
կը
կապուին
ախոռներու
մէջ,
մոսլիներն
կամ
նշանաւոր
եզներն
այդ
բնակութեանց
անկիւնները՝
պատուաւոր
տեղերն
արդէն
գրաւած
են,
գիւղապետն
պատրաստած
ունի
լօնճայի
տեղն,
որ
ախոռի
միջավայրն
է,
մէկ
մեթր
բարձրութեամբ,
որոյ
բոլորտիքը
շուրջանակի
թումբեր
են
քաշուած,
որոց
ետեւը
նոյն
ուղղութեամբ
կը
կենան
տան
գոշու
ձագերն՝
իւրեանց
հոգւոյն
հատորները:
Այս
խորհրդատեղին
կը
հաւաքուին
մեր
գիւղացիքն
տարուան
տխուր
եղանակին,
անուսուցիչ
մանուկներ
մասնաւոր
տեղերը
առանձնացած
վէգ
կը
խաղան,
երիտասարդներն
վէգով
ընկոյզ ,
որով
կը
վատնեն
իւրեանց
թանկագին
ժամերն:
Ծերերն,
ընդ
որս
նաեւ
գիւղապետն,
կայլոն
(չուպուխ)
կը
ծխեն
եւ
իրարու
պատիւ
կ’ընեն.
այս
ատենուան
խորհրդակցութեան
նիւթերու
տեսակներն
աւելի
շատ
են.
զառամեալներն
ձայն
չունին
զի
“իրենց
բան
լմնցած
է”.
իսկ
խելահասներն
կը
խորհին
եւ
կը
խորհրդակցին,
մին
կը
չափէ
առանց
կանգունի,
միւսն
կը
ձեւէ
առանց
մկրատի,
եւ
մէկալն
կը
կարէ
առանց
ասեղի.
կը
խօսին
երկարօրէն
եւ
դատողաբար
ընդհանուր
Երկրին
վերայ,
փեսայի
եւ
հարսի
վերայ,
ճակատագրի
կամ
բաղդի
վերայ,
վերջապէս
երկրաւոր
եւ
երկնաւոր
շատ
բաներու
վրայ.
բայց
չեն
խօսիր
բնաւ
գրելոյ
եւ
կարդալոյ
վերայ,
կամ
իրենց
բացատրութեամբ
սեւի
ու
սիւտկի
(գրի
եւ
թղթի)
վերայ,
առ
այս
լուռ
են
եւ
լուռ,
զի
սիրտերումն
չ’կայ
ուսման
սիրոյ
հուր:
Եթէ
գտնուի
մէջերնին
մի
լուսամիտ
անձ,
որ
կարենայ
վերջի
ամենակենսական
կէտի
վերայ
խօսք
մը
բանալ,
շուտ
կը
կարկեն
դորա
լեզուն
ասելով
թէ
“մեր
ճժեր
շատ
կարդալով
անաստուած
կը
լինին
կամ
մեր
պապկնական
ժամ,
պատարագ
չեն
ճանաչեր”:
Երբեմն
անձամբ
տեսած
եմ,
որ
իրենց
մէջ
այնպիսի
բանաւոր
խորհուրդներ
տեղի
կ’ունենան
եւ
գաղափարներ
կը
յայտնուին,
որոնց
արժէքն
իրենք
իսկ
չ’գիտեն
հեղինակ
լինելով
հանդերձ:
Երկրի
պատուական
կլիմայն
արդէն
զիրենք
օժտած
է
մտային
զօրաւոր
կարողութեամբ
մը.
սակայն
անմշակ
մնալով
կը
մեռնի
մտաւոր
այդ
կենդանի
զօրութիւնն,
որ
19-րդ
դարու
կատարեալ
դերասանն
է:
Գիւղացիք
զիրեար
լաւ
գիտեն
յարգել,
համաձայն
իւրեանց
բարոյական
եւ
նիւթական
աստիճանին.
մէջերնին
երբ
խօսքի
տէր
մի
օտարական
գտնուի,
խօսից
կարգն
միշտ
իրենն
է
եւ
ամենքն
բերաննին
բացած
եւ
ականջնին
սրած
լռիկ
ու
մնջիկ
անոր
մտիկ
կ’ընեն,
ի՛նչ
կուզէ
թող
խօսի,
բաւական
է
որ
յուսադրական
լինի
եւ
նիւթն
առնուած՝
տեղական
ու
փորձառական
կեանքէ: