Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Բ . ԽՕՇ-ՕՂԼԱՆ
       Նախորդ գլխոյ վերոյիշեալ ահագին հովտի Արեւելեան մասն, զոր Խօշ-օղլան կ՚անուանեն, կը պարունակէ լերանց բազմաթիւ ծերպեր, եւ լեռնակոյտեր կան, որոնց մէջ զարմանալի եւ խիստ հետաքրքիր ձեւ ունեցողներ կը գտուին. այդ ձեւն պէտք է ըսել որ բնութեան ձեռագործն է, որոյ առջեւ մարդկային ամենամեծ ճարտարութիւն նշանակութիւն մը չ՚կրնար ունենալ։ Հովտի սոյն շարունակութեան մէջ տեսայ բերդանման առանձին մի լեռ, որ թէպէտ եւ այնչափ մեծ չէր, սակայն ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԲՆՈՒԹԻՒՆՆ այնպիսի եղանակաւ մը շարած է քարերն իրարու վրայ, որ կարծես թէ իւրաքանչիւրն զատ զատ կշռքած եւ այնպէս իրարու վրայ յարմարցուցած է, աննման ճաշակով մը։ Սոյն լեռն, որ կը բաղկանայ իրարու կցուած երկու ճիւղերէ, կարծես թէ իրարու հետ քովէ քով ձեռք ձեռքի տուած կեցած են ՚ի պսակ վիթխարի լերան մ՚առջեւ, մեծն այր եւ փոքրն իւր կողակից։ Հետաքրքիր եւ դիտող ճանապարհորդ մը չ՚կրնար աստ հիացմամբ կանգ չ՚առնուլ։ Ասկէ հետզհետէ կուգան մի քանի գիւղեր ճանապարհին վրայ, որք իջեւանի տեղւոյ կը ծառայեն ճամբորդաց. սոյն գիւղերու մէջ ամենամեծն հազիւ 8-10 տնէ կրնայ բաղկանալ. անվարժ մարդիկ բնաւ չեն կարող այս տեղերը բնակութիւն հաստատել եւ ապրիլ։
       Սոյն տեղէն 2-3 ժամ շարունակելէն յետոյ մեր առջեւ կը բացուի Պէքճիլեր տէրէսի կոչուած երկայն հովիտն, որ 4-5 ժամ կը տեւէ միօրինակ խիտ անտառ, որոյ մէջ կան մայրի եւ ուրիշ այլ եւ այլ տեսակ անթիւ ծառեր, սօսատիպ եւ ընտիր, նշանաւոր բարձրութեամբն եւ լայնութեամբը, սակայն ափսո՜ս որ բոլորովին անխնամ ձգուած էին։ Շարունակելով հասանք Արտաս անուն գիւղը, որ ունի 25 տուն Տաճիկ բնակիչք 2 տուն Հայ եւ մի քանի Յոյն։ Աստ գայմագամ կը նստի հանդերձ ծխախոտի պաշտօնէիւք։
       Արտասէն ելնելով եւ շարունակաբար գնալով անցանք մի քանի փոքրիկ գիւղեր եւ հասանք Պէշ քիլիսէ տաճիկ գիւղն, ուր 5 աւարեալ եկեղեցեաց տեղուանք կը նշմարուին, յորոց ծագած կ՚երեւի իւր անունն։
       ԿԻՒՄԻՒՇԽԱՆԱՅԻ ՁՈՐ
       Ուղինս առաջ տանելով մեր առջեւ կը բացուի Կիւմիւշխանայի Ձորն, որ ունի 2-3 ժամուան տեւողութիւն, մեծագոյն մասամբ ծառաստան մրգեղինաց. այսպէս շարունակելով հասանք համանուն գիւղը, որ համանուն քաղաքէն 1 ժամ հեռու է։
       Սոյն գիւղն 30-35 տուն Տաճիկ բնակիչ ունի, որք մանր մունր առեւտրով կը պարապին. աստ կը նստին անցագիրներ նայող կառավարութեան պաշտօնեայքն։ Գիւղէս մէկ ժամ հեռու ճանապարհին վրայ կայ Թէքքէ կոչուած Տաճիկ գիւղն, ո՛ւր կայ կարդացողի մը գերեզման գմբեթաւոր, որ Տաճիկ գիւղացւոց ուխտատեղի է։ Սոյն ճանապարհի ուղղութեամբ յառաջ գնալով կայ Մուրատ խան անուամբ իջեւան մը, ո՛ւր մի քանի տուն գիւղացի եւս կը գտնուին առեւտրով զբաղող. յետոյ կուգանք Քէօր օղլու բերդն, որ բաւական զօրեղ է բնական շինուացքովն, որոյ վրայ արհեստականն եւս գալով հսկայ դիրք մը առած է, եւ որոյ հնաշէն պարիսպներն կիսակործան ց՚արդ կը տեսնուին. բերդիս բարձրութիւնն շատ ահարկու է, այնպէս որ նայողին գլխարկն վար կ՚իյնայ։ Շատ հետաքրքրուեցայ այս դարաւոր հնութեան նկատմամբ աւանդութիւն մը կամ տեղեկութիւն մը լսել, սակայն դժբաղդաբար փափաքիս չ՚կրցայ հասնիլ միայն թէ կ՚աւանդեն անուան տիրոջ երբեմն ապաստանարան եղած լինելը, որ թէ ի՛նչ աստիճան հաւանական է չ՚գիտեմ։
       Այս զարհուրելի հովիտն տակաւին կը շարունակի. գեղեցիկ ջրերն հակառակ մեր ուղղութեան կը վազեն եւ մենք երթալով մի գիշեր եւս Խատրախ կոչուած Տաճիկ գիւղն իջեւանեցանք։ Յաջորդ օրը կրկին շարունակեցինք եւ մտնալով ՚ի Բարձր Հայք. հովիտներէն ազատուելով ելանք ընդարձակ դաշտերու մէջ եւ վերջապէս հասանք ՚ի Վարզահան գիւղն, որ Բաբերդէն շատ հեռու չէ։
       Ինչպէս գիտենք Տիրապիզոնէն մինչեւ աստ գրեթէ 6 օրուան ճանապարհ է, վեցէն չորսն շարունակ հովտաց մէջ ուղեւորելով անցուցեր եմք. այս չորս աւուր ճանապարհն, որ երբեմն շատ երկիւղալից էր, այժմ շնորհիւ Բարեխնամ կառավարութեան՝ խճուղիով կանոնաւորապէս շինուած է եւ թղթաբերին պաշտօնական ուղի եղած. այս առթիւ բաւական ապահովութիւն կը տիրէ այս կողմերը, սոյն երեկոյ իջեւանեցանք ՚ի Վարզահան, որոյ վրայ յաջորդ գլխով կը խօսիմք։