ԳԼ.
ԻԵ.
ԱՆՁՐԵՒԱՑԵԱՑ
ԳԱՒԱՌԻ
ՄԻ
ԱՅԼ
ՄԱՍՆ
ԿԱՄ
ԴԱՐՁԵԱԼ
ՎԵՐԻՆ
ԽՕՇԱՊ
Մեր
ուղին
շարունակելով
կրկին
‘ի
վերին
Խօշապ,
այս
անգամ
տարբեր
գծով
մը
կ’իջնամք
մի
երկայն
ձորոյ
մէջ,
որոյ
սկզբնագլխէն
կը
բղխի
պաղ
եւ
ընտիր
ջուր
մը,
որոյ
առընթեր
իմ
ցորեկուան
ճաշն
ընել
սիրտս
ուզեց,
թէեւ
տեղին
լինէր
իմ
կանաչ
Արեւուն
փոթորկալից
ամպաբեր,
զոր
գիւղացի
կարապետս
տեղւոյ
բնութեան
եւ
հանգամանաց
մասին
հմուտ՝
ստիպեց
զիս
չ’կենալ
աստ
եւ
մենք
փութանակի
կէս
ժամ
ճանապարհ
եւս
կտրելով
պատահեցանք
մի
այլ
տեղւոյ,
որ
կը
գերազանցէր
քան
զառաջինն:
Տեղին
դարձեալ
ձորամէջ
էր,
ուր
մեծ
եւ
ճերմակ
քարի
մը
տակէն,
արտասուքի
նման,
վճիտ
եւ
պայծառ
ջուր
մի
կը
բղխէր
պատուական,
որմէ
անշուշտ
այս
անգամին
հեռանալ
չէր
կարելի:
Աստ
վերի
ճաշիկս
ընելոյ
փափաքս
յիս
արթնցաւ
բռնօրէն,
որպէս
բնական
է
ամառուան
ճանապարհի
հոգնութենէն
խոնջեալ
ուղեւորի
մը
համար:
Սոյն
պահուս
վերի
աղբիւրի
անհաճոյ
հանգամանքներն
միտքս
չուզեց
յիշել,
զի
յափշտակուած
էր
շատ
հեռուն:
Տեղս
թէեւ
լինէր
երկրային,
այլ
մարդկային
մտքի
առջին
կը
պատկերացնէր
երկնային
մի
դրախտ
իւր
ծաղիկներովն
եւ
կարկաջասահ
առուակներովը,
որք
օձապտոյտ
սողոսկելով
կ’ընթանային
կանաչագեղ
դալարեաց
մէջէն:
Աստ
այն
ինչ
իմ
հաւատարիմ
ձին,
(ում
կը
պարտիմ
ես
շատ
բան)
մի
ծռավիզ
քարի
կապելոյ
վրայ
էի
զիմ
ցանկալի
ճաշն
ընել.
ահա
հնարագէտ
կարապետս
անուշ
ջրովն
փորը
տկռեցուցած
(ուռեցուցած)
առ
իս
փութաց
հապճեպօրէն
եւ
յաջողեցաւ
կրկին
զիս
համոզել,
չեմ
յիշեր
թէ
ի՛նչ
խօսքերով,
որ
աստ
եւս
չ’յապաղեմք:
Քաղցիս
սաստկութեամբ
փութանակի
տեղէս
հեռացանք
օրուան
գալիք
չարէն
ազատ
մնալոյ
համար,
մանաւանդ
յանարծ
միտքս
ինկաւ
այս
իմաստուն
խօսքն
թէ
“չափազանց
փափաքն
շատ
անգամ
իւր
վտանգաւոր
կողմերն
կունենայ”:
***
Ասկէ
յետոյ
ժամանեցանք
յաւերակ
կէօշկ,
որ
փոքրիկ
գետակի
մը
քով
խոտաւէտ
տեղւոյ
մը
մէջ
է,
ո՛ւր
4
կիսակործան
աղիւսաշէն
պարիսպներ
տակաւին
կեցած
են,
ոյր
համար
պատմեցին
թէ
“երբեմն
“Եզտի
աղա”
կոչուած
Պէկն
կը
նստէր
‘ի
պահպանութիւն
այս
կողմերուն”:
Այսուհետեւ
բարձրաբերձ
եւ
լայնածաւալ
բլուրներէ,
ձորերէ
եւ
քիչ
դաշտերէ
անցանելով
հասանք
ի
Կասըր
գիւղ,
որ
Չուխէն
5
ժամ
հեռու
է
եւ
որոյ
վերայ
նախապէս
խօսուած
լինելով,
առանց
աստ
կանգ
առնելոյ
շարունակեմք
մեր
ուղին
Արեւմտեան
Հարաւային
գծովն
‘ի
Խօշապ՝
հին
բերդաքաղաք,
ո՛ւր
կարող
եմք
հասնիլ
31/2
ժամէն
անցնելով
ընդարձակ
բլրոց
ստորոտներէ,
ձորերու
բերաններէ
եւ
մասնաւոր
դաշտերէ:
ԽՕՇԱՊ
ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ
Սոյն
հին
եւ
պատմական
կեանք
ունեցող
բերդաքաղաքն
կը
գտնուի
համանուն
գաւառի
(Վերին
Խօշապայ)
կեդրոնական
Արեւելը,
Վանայ
յԱրեւելահարաւ
եւ
անկէ
7
ժամ
հեռաւոր:
Քաղաքիս
անուան
ծագումն
յառաջ
եկած
է
գաւառիս
գրեթէ
Արեւելեան
սահմանագլուխը
կազմող
Չուխայ
եւ
Քարահիսարի
լեռներէն
բղխող
ջրերու
ամբողջութենէն:
Յիշեալ
լեռներէն
բազմաթիւ
վտակներ
եւ
աղբիւրներ
կը
վազեն
եւ
որոնք
երթալով
կը
միանան
ու
երկու
գլխաւոր
ճիւղեր
կը
կազմեն,
եւ
յետոյ
նոքա
եւս
միանալով
մեծ
գետ
մը
կը
ձեւացնեն,
որոյ
ջուրն
բարեհամ
(անուշ)
լինելով՝
‘ի
նախնեաց
Խօշապ
կոչուած
է,
որ
տեղական
առմամբ
կը
նշանակէ
քաղցր
ջուր,
որոյ
եզերաց
վերայ
շինուած
է
քաղաքն,
ոյր
քովէն
գետն
կանցանէ,
կամարակապ,
հին
եւ
գեղեցկաշէն
կամուրջի
տակից
յառաջ
խաղալով
դէպ
‘ի
յԱրեւմուտս
կը
գնայ
‘ի
Հայոց
ձոր,
ուր
զՇամիրամն
կ’ողջունէ
եւ
Անգղայ
գիւղի
անուամբ
մկրտուելով
կը
թափի
Վանայ
ծովը,
չափելով
ամբողջ
Հայոց
ձորեր,
6
ժամուան
երկայնութիւնն
Արեւելէն
յԱրեւմուտ:
Ահա
սոյն
գետոյ
անուամբն
կոչուած
է
նաեւ
գաւառս.
եւ
արդէն
բերդաքաղաքս
իւր
շուրջն
ունի
բնական
հետաքրքիր
դիրքեր
եւ
լեռնակարկառներ,
յորոց
ոմանք
մարդուս
ահ
եւ
սարսափ
կազդեն
իւրեանց
բարձրութեամբ
եւ
ահաւոր
տեսքով:
Սոյն
քաղաքն
‘ի
հնուց
քրդական
Պէյից
կամ
Պարոնաց
իշխանանիստ
տեղին
եղած
էր
եւ
գրեթէ
եռանկեան
ձեւով
կառուցեալ
ընդարձակ
ձորոյ
մը
մէջ,
որոյ
Արեւմտակողմն
‘ի
բաց
առեալ,
ամեն
կողմերէ
բարձրաբերձ
լեռներէ
շրջապատեալ
կամ
սահմանեալ
է:
Քաղաքիս
բերդն
բնական
լերան
մի
վերայ
շինուած
եւ
այժմ
քայքայեալ
է.
իւր
աշտարակներն
միայն
կը
կենան,
ընդ
որս
նաեւ
մէկ
կողման
վերայ
քանի
մը
կիսակործան
սենեակներ,
անգործածելի
վիճակի
մէջ.
սենեակներէն
երկուքի
առաստաղներն
Արաբական
ճաշակաւ
պատկերազարդեալ
են:
Երկաթեայ
դուռն
փակեալ
կը
կենայ,
որոյ
քովեր
Արաբական
մասնաւոր
յիշատակագրեանք
կը
տեսնուին,
յորոց
ոմանք
անընթեռնելի
եղած
են:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
“Ասկէ
50-55
տարի
առաջ,
Պաշգալէի
պարոնութեան
ատեն,
սոյն
բերդաքաղաքին
մէջ
կը
նստէր
Ամին
Պէկ
անուն
Քուրդ
պարոն
(զոր
տեսնողներն
տակաւին
գաւառիս
մէջ
պակաս
չ’են),
որոյ
տիրապետութիւնն
բաւական
տեղեր
կընդարձակուէր
եւ
էր
բոլոովին
անկախ,
նման
իւր
բազմաթիւ
նախորդաց:
«Յետոյ
Թամիւր
փաշան
Կառավարութեան
հրամանաւ
կը
գայ
եւ
Ամին
պէկի
ձեռքէն
կառնու
այս
քաղաքը,
ո՛ւր
ինքն
փոքր
ժամանակ
մը
նստելէն
ետքը
Իսահ
փաշայի
որդի
Թաֆուր
աղան
իւր
փոխանորդ
կամ
քաղաքապահ
կը
կարգէ
եւ
ինքն
‘ի
Վան
կը
վերադառնայ
փաշայութեան
պաշտօնով:
Այս
ատեններ
Խօշապ
քաղաքիս
մէջ
1500
տան
չափ
բնակիչներ
կային,
յորոց
1000
տուն
Հայանական
ազգէն
եւ
մնացեալ
500-ն
Քրդական
եղած
են:
Տեղւոյս
Հայքն
ունեցած
են
2
եկեղեցի
եւ
4
քահանայ”:
Բերդաքաղաքս
իւր
նախնի
բազմահայութիւնն
կորուսած
է
եւ
այժմ
40
տուն
Քուրդ
եւ
մի
քանի
տուն
Տաճիկ
հազիւ
մնացած
են,
իսկ
մերայնոցմէ
եւ
ոչ
մի
հատ:
Հայոց
եկեղեցիք
այժմ
կիսակործան
կերեւին,
յորոց
մին
բերդի
ստորոտը
խոնարհուած
եւ
ո՛ւր
երբեմն
շինուած
է,
հոն
տակաւին
կը
պահէ
իւր
գեղեցկաշէն
կամարն,
եւ
Աստուծոյ
փառք
կապրի
իւր
ամբողջութեամբն:
Իսկ
Հայ
տանց
գալով՝
թէեւ
կիսականգուն
են,
սակայն
առանց
Ադամորդւոյ
մը
կամ
շնչաւորի
մը
կը
կենան…
Խօշապայ
բերդին
վերայ
հին
սենեկաց
հետքերն
փոքրաթիւ
չեն
եւ
տեսարանաւն
սիրուն
եւ
սքանչելի:
Գետն
արդէն
մասնաւոր
շքեղութիւն
մը
կընծայէ
քաղաքիս
դիրքին
եւ
տեսքին:
Այժմ
տակաւին
վերին
Խօշապէն
(գաւառակէն)
չ’մեկնած
հետեւեալովն
ընդհանուր
հայեացք
մը
ձգեմք
Ներքին
Խօշապայ
վերայ,
որոյ
մի
քանի
կարեւոր
գիւղերուն
մասին
պէտք
եղած
տեղեկութիւնք
տալէս
եւ
զայնս
նկարագրելէս
ու
տեղագրելէս
յետոյ
մեր
արդէն
ընտրած
ուղղութեամբ
նորէն
տեղէս
ճամբայ
ելնեմք
շարունակելոյ
մեր
ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
դէպ
‘ի
Վան-Տոսպ
գաւառն: