ԳԼ.
Խ.
ԿԵՆԴԱՆԱՆՑ
(ԿԵՆԴԱՆԵԱՑ)
Սոյն
գիւղն
շինուած
է
ընդարձակ
բլուրի
մը
կողին
վերայ.
ունի
22
տուն
Հայ
եւ
2
տուն
Քուրդ:
Հայք
ունին
յանուն
Ս.
Աստուածածնայ
կառուցեալ
մի
բաւական
կոկիկ
եկեղեցի,
որոյ
տաճարն
կը
թուի
լինիլ
Առաքելաշէն,
որոյ
թւականն
“ներքին
երեսի
նորոգութեան
տակն
ծածկեալ
է”:
Տաճարի
երկու
կողմերը
մէկ
մէկ
խորաններ
կայ,
յորոց
աջակողմեանն
շինուած
է
‘ի
յիշատակ
Թադէոս
Սրբազան
Առաքելոյն,
իսկ
ձախակողմեանն
‘ի
յիշատակ
Մուշեղայ՝
Հայոց
ընտիր,
կրօնասէր
եւ
հայրենասէր
վարդապետին:
Աջակողմեան
խորանի
առջեւ
կայ
մի
խաչաքար,
որոյ
խաչի
մէջ
տեղը
բեւեռ
մի
կը
տեսնուի
գամուած:
Աւանդութիւնն
կըսէ
թէ
“Թադէոս
եւ
Բարթուղիմէոս
Առաքեալքն
երբ
իւրեանց
ձեռամբ
խաչաքար
օծէին,
խաչի
կեդրոնատեղին
կը
գամէին
մի
բեւեռ
‘ի
նշան
առաքելաօծ
եւ
անոնց
ժամանակակից
լինելուն”:
Սոյն
քարի
նշանաւոր
թուականն
1880
տարիներու
ձեռամբ
ջնջուած
էր:
Գալով
տաճարի
ձախակողմեան
խաչաքարին
տակը
ննջող
Մուշեղ
հայրենասէր
վարդապետին,
սորա
նկատմամբ
90
տարեկան
մտաց
կարողութեան
տէր
մի
լուրջ
ծերունի
իւր
պապերէն
լսած
լինելով
ինձ
պատմեց
նստած
իրմէ
շատ
ալեւոր
քարի
մը
շուքին
ներքեւ.
“այս
Մուշեղ
վարդապետն
Վարդանանց
արեւապաշտ
Պարսից
դէմն
մղած
պատերազմէն
ետ
դարձած
ժամանակ՝
աստ
կը
հանդիպի
եւ
ինքն
հիւանդացած
լինելով
կը
վախճանի
մեր
այս
գիւղի
մէջ,
որոյ
նոյն
ատենուան
բարեպաշտ
բնակիչք
զայս
քար
օծել
տալով
յիւր
վերայ
կը
դնեն
3
հատ
ասլան
եզներ
մատղելով
եւ
գիւղաժողով
մ’ընելով”:
Գիւղիս
եկեղեցւոյ
մէջ
խնամօք
կը
պահպանուի
քէօշախան
անուանեալ
մի
ձեռագիր
Աւետարան,
որում
շատ
հեռաւոր
տեղերէ
ախտաւորք
կը
դիմեն
հետերնին
առած
գառնուկ
մը
կամ
ոչխար
մը
‘ի
մատաղ:
Ըստ
նախնի
սովորութեան՝
քահանայի
իրաւունքն
է
մատաղի
մի
ճուռն,
4
ոտքեր,
լեարդն
եւ
կաշին:
Կենդանանուց
Հարաւակողմն
20
վայրկեան
հեռու
կան
երկու
բլրակներ,
որք
կը
կոչուին
“Ճխտակ
ժամտուն”,
զոր
մահմետականք
եւս
կ’անուանեն
չիֆթ
քիլիսէ,
որոց
վերաբերմամբ
կաւանդեն
թէ
“այդ
եկեղեցեաց
չէն
եղած
ժամանակն
այս
տեղերը
այնչափ
տուներ
եւ
ծառեր
եղած
են
մեր
խէրերուն,
որ
չեմ
կրնար
պատմել,
Վան
քաղաք
երթացողներուն
վերայ
ծառերու
շատութենէն
Արեւն
չէր
կրնար
զարնել”:
Գիւղիս
յԱրեւմտակողմն
2
քարընկէց
հեռու
կայ
ընտիր
եւ
պատուական
քարահանք՝
երկանաքարի
համար
յատուկ,
զոր
մեր
անթուղթ
եւ
անգիր
գիւղացիք
կը
պատրաստեն
հետեւեալ
եղանակաւ:
Նախ
հողին
երեսը
կը
բանան
տեսնել
թէ
քարն
միակտո՞ւր
է
եւ
երբ
այնպէս
է,
իւրեանց
ուզած
մեծութեամբ
շրջանակի
ձեւով
կը
գծեն
եւ
կսկսին
այդ
գծերէն
դրսի
մասերն
մուրճով
ջնջել
մինչեւ
որ
հասնին
որոշեալ
թանձրութեան
մը,
յետոյ
տակի
շրջապատը
դէպ
‘ի
ներս
կը
խորունկցնեն
միշտ
հորիզոնական
դրիւք,
ապա
բնութենէն
փրցնելի
այդ
քարի
կեդրոնը
քարի
խորունկութեամբ
ծակ
մի
կը
բանան
եւ
ասկէ
ետքը
երկաթեայ
նիքի
կամ
փինչի
(ցից)
միջոցաւ,
եթէ
չը
կարողանան
քարը
իւր
հօր
գրկէն
անջատել,
յայնժամ
քարի
կեդրոնի
խորնկութեան
մէջ
կը
լեցնեն
որոշեալ
քանակութեամբ
վառօդ,
ՈՐՈՎ
կը
հասնին
իրենց
ՆՊԱՏԱԿԻՆ:
Վերոյիշեալ
քարէն
տանելոյ
համար
1-2
օրուան
հեռու
տեղերէ
կը
դիմեն
աստ:
Միջին
հաշուով
քարն
ունի
11/2
մեթր
տրամագիծ
եւ
կէս
մեթր
բարձրութիւն
կամ
թանձրութիւն:
Շատ
հետաքրքիր
է
մեր
Հայ
գիւղացւոց
այս
օրինակ
քարանց
փոխադրութեան
կերպն,
որով
ահագին
քարի
ծանրութիւնը
կը
թեթեւցնեն
իւրեանց
փորձառական
ճարտարութեամբն
շինելով
մի
պարզ
գլան,
զոր
կանցունեն
քարի
կեդրոնէն,
ո՛ւր
հաւասարակշռութեամբ
կը
հաստատեն.
քարն
արդէն
շրջանակաձեւ
իւր
լայնութեան
վերայ
կեցած
է.
գլանի
երկու
ծայրերն
երկու
բաւական
հաստ
եւ
4-5
մեթր
երկայն
թեղի
փայտերու
բունին
կողմը
ծակած
մէջեր
կանցունեն.
զայս
ընելէն
յետոյ
այդ
երկու
փայտերն
մի
եւ
նոյն
ուղղութեամբ
դէպ
‘ի
քարի
առնելիք
ճանապարհ
երկարելէն
ետքը՝
միջին
ուղղութեան
կը
բերեն
եւ
մէկ
կէտի
վերայ
կը
կապեն:
Ահա
այս
կերպով
կը
ձեւանայ
ճիշտ
երկկողմնազոյգ
եռանկիւն
մը,
որոյ
խարիսխ
այն
հաստատեալ
գլանն
է,
որ
անցած
է
քարի
կեդրոնէն
եւ
հաւասար
հեռաւորութեամբ
երկու
կողմերէն
դուրս
եկած.
եռանկեան
կողմերն
այն
երկու
փայտերն
են,
որոց
բունի
մերձ
ծայրերու
մէջ
անցուած
են
խարսխի
երկու
ծայրերն,
իսկ
գագաթն
այն
կէտն
է,
որոյ
վերայ
կողմերն
զիրեար
կտրած
են
մէկ
կէտով.
չուանն
այժմ
կապուած
է
գագաթնակէտին.
չուանի
ուղղութեան
վերայ
(տանող
դէպ
ի
քարին
գնալիք
տեղը)
6-10-12
զոյգ
եզ
կամ
գոմէշ
կը
լծեն,
որք
քաշած
ատենը
քարն
կըսկսի
կանոնաւոր
շրջանակի
պէս
կամ
նման
կառքի
անիւի
դառնալ
եւ
կլոր
ու
մլոր
յառաջ
գնալ.
եռանկեան
երկու
կողմերն
հաստատուն
են
եւ
խարիսխի
երկու
ծայրերն
իւրեանց
անցած
տեղերուն
մէջ
կը
դառնան
որչափ
որ
քարն
դառնայ:
Մեր
Հայ
գիւղացիք
այսպիսի
դիւրութեամբ
սոյն
օրինակ
վիթխարի
քարինք
ուզած
տեղեր
փոխադրելոյ
կարող
կը
լինին,
բաւական
է
միայն
որ
ճանապարհներն,
որչափ
կարելի
է,
դաշտային
լինին
եւ
անքարոտ
ու
անգետ:
Գիւղիս
խեղճ
բնակիչքն
այդ
քարահանքն
ունին
իւրեանց
մխիթարանք,
նոյնպէս
եւ
տեղւոյս
բնութեան
տեսարանն:
ՄԵԿՆՈՒՄՆ
Կենդանանց
գիւղէն
մեկնելով
դէպ
‘ի
Հարաւային
Արեւելը
եւ
մէկ
ժամու
տեւողութեամբ
բազմաթիւ
անջրդի
արտօրայք
կտրելով
կը
հասնիմք
հետեւեալ
գիւղը:
ԲԵՐԴԱԿ
(փոքր
բերդ).
-
Այս
գիւղն
շինուած
է
երկայն
ձորակի
մը
մէկ
կողին
վերայ,
քիչ
ծառաստան,
նուազ
ջրաստան,
օդաւէտ
եւ
սիրուն
տեսարանաւ:
Ունի
մի
քանի
խաղողի
այգիներ:
Բնակիչք
60
տուն
Հայ,
որ
ունին
Ս.
Յովհաննէս
անուամբ
տաճարաւոր
եկեղեցի
մը,
ոյր
տաճարն
750
տարուան
թուական
կը
կրէ.
կայ
երկայարկ
փոքրիկ
ծաղկոց
մը՝
բաւական
յարմար
շինուածքովն
եւ
դիրքովն
իւր
գեղջկական
տեսակին
մէջ,
ո՛ւր
կ’աշակերտեն
25-30
ուսանողներ,
որք
ունին
զարմանալի
կայտառութիւն
եւ
աշխուժութիւն,
ձիրք,
բարետիպ
դէմք
եւ
կազմուածք:
Սոքա
յանձնուած
են
մի
փութաջան
եւ
բաւական
զարգացեալ
ուսուցչի,
որ
տակաւին
երիտասարդ
գոլով
ունէր
նորանոր
յառաջադիմական
ձգտումներ,
զորս
կը
սիրեմ
տեսնել
մեն
ուսուցչի
քով:
Տեղւոյս
դասատուն
զիս
հրաւիրեց
գիւղապետին
տունը,
ո՛ւր
2-3
ժամ
կենալէ
յետոյ
իրենց
խօսեցայ
ԼՈՒՍՈՅ
եւ
ՅՈՒՍՈՅ
վերայ
երկարօրէն
յորոց
վերջնոյն
աւելի
պէտք
ունէին.
իւրեանց
յիրաւի
չ’զլացայ
Հայօրէն
տալ
ԿԵՆԱՑ
օգտակար
խրատներ,
զորս
մտքիս
մէջ
հաւաքած
էի
ԳՐԷՆ
եւ
միայն
ԳՐԷՆ:
Տեղւոյս
վերայ
կարճիկ
աւանդութիւն
մը
“Մեր
Բերդակնախապէս
7
գիւղ
եղած
է
եւ
իրարու
դրացի,
սակայն
էն
ժամանակի
Հայերն
չ’գէտ
լինելով
չ’կրցան
ապրիլ
իրենց
խէրանական
միւլքին
մէջ
եւ
ասոր
համար
թողուցին
իրենց
տուն
եւ
տեղին,
արտ
ու
այգին,
քակեցին
իւրեանց
ՇԷՆ
ՕՃԱԽ
եւ
որ
աւելի
սրտի
մռմուռն
է
(կսկիծ)
թող
տուին
անտէր
ու
անտիրական
եկեղեցիներ
եւ
գերեզմանաց
սուրբ
խաչեր,
որոց
քով
պէտք
է
մեռնիլ
ու
չ’զատուիլ.
այսպէս
ահա
անխելքներն
գնացին,
կորան
եւ
չ’գիտեմ
յո'ր
աշխարհ”:
Սոյն
աւանդութեան
վերայ
մի
Բերդակցւոց
հետ
կրցայ
ման
գալ
դաշտերու
մէջ,
ո՛ւր
հին
սահմաններ
ցոյց
կը
տրուին
եւ
տակաւին
նշմարելի
հետքերէ
չեն
զուրկ:
Յիշեալ
աւանդութիւնը
ինձ
աւանդողն
օժտեալ
էր
բնականէն
ազնիւ
յատկութեամբ,
որմէ
գոհ
լինելուս
համար
իւրեան
տուի,
իբրեւ
դուզնաքեայ
նուէր,
գրքոյկ
մը,
որ
ծայրէ
ի
ծայր
լի
էր
ԳՐԵՐՈՎ,
եւ
անուն
կը
կրէր
“Հաւատալ
եւ
Ապրիլ”:
***
Տեղւոյս
Հայոց
նիւթական
վիճակն
շատ
ողորմելի
է,
հողերնին
մեծագոյն
մասամբ
անջրդի
եւ
հետեւաբար
այս
գիւղի
բաղդն
ալ
Երկնից
կամարէն
կախեալ
է:
Տեղւոյս
իգական
սեռն
աւելի
ժիր
եւ
յանդուգն
է
արանցմէ,
ունին
սէր
ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ
վերայ:
Ուսման
եւ
գիտութեան
կարօտ
են
ամենեքեան.
ահա
գործ,
այլ
ո՞ւր
է
գործող:
Բերդակէն
ելնելով
կէս
ժամէն
կը
հասնիմք
հետեւեալ
կարեւոր
գիւղը: