ԳԼ.
ԾԲ.
ԽԱԹՈՒՆ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ
ԿԱՄ
ԸՆԾԱՅԻՑ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵՒ
ԻՒՐ
ԱՆՈՒԱՄԲ
ԳԻՒՂՆ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ.
-
Այս
գիւղն
շինուած
է
լայնածաւալ
դրիւք
լեռնակի
մը
ստորոտը,
հողն
բարեբեր,
օդն
եւ
ջուր
ընտիր
ու
բնութեան
տեսարան
շատ
լաւ.
սակայն
ափսո՜ս
որ
ծառաստան
չէ,
մի
քանի
աննշան
ուռենիներ
միայն
ունի:
Բնակիչք
80-85
տուն,
որոց
եկեղեցին
յիշեալ
վանքն
է
հանդերձ
երկու
քահանայիւք.
ունին
նախակրթարան
մը,
ո՛ւր
կը
նախակրթուին
35-40
ուսանողներ,
որք
ունին
բաւական
զարգացեալ
մի
ուսուցիչ`
երիտասարդ
եւ
աշխոյժ:
Ժողովուրդն
ամենամեծ
մասամբ
չքաւոր
է,
որոյ
իսկական
պատճառն
վանուցս
տեղագրութեան
մէջ
պիտի
տեսնուի:
Տեղւոյս
Հայերէն
ոմանք
բնութենէն
օժտեալ`
ունին
զարմանալի
ձայն
եւ
ունակութիւն
երաժշտական
արհեստի
մասին,
բայց
ի՜նչ
օգուտ,
բնութեան
տուած
այդ
հազուագիւտ
ձիրքերն
մնացած
են
եւ
կը
մնան
անտաշ:
Քանի՜
երջանիկ
կը
լինէր
Հայ
Ուղեւորն,
եթէ
յայս
յարմարագոյն
տեղին
տեսանէր
գիշերօթիկ
վարժարան
մը,
որ
մի
օր
կարող
պիտի
լինէր
Թիմարայ
տգիտութեան
շօշափելի
խաւարն
փարատել:
ՎԱՆՔ
Սոյն
վանքն
շինուած
է
գիւղէն
2-3
քարընկէց
հեռու
նորա
յԱրեւելակողմն,
կառուցեալ
կոփածոյ
սեւ
եւ
ճերմակ
քարերէ.
վանքն
Թադէոս
Ս.
Առաքելոյ
օրովն
շինուած
է
եւ
ունի
հռչակաւոր
անցեալ
մը,
որոյ
վերայ
‘ի
ծերոց
եւ
‘ի
տեղական
հանգամանաց
անձամբ
քաղած
տեղեկութիւնքն
աստ
ճշդօրէն
կը
նշանակեմ
“ԽԱԹՈՒՆ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ
վանուցս
տեղին
յառաջ
քան
զՔրիստոս
կռատուն
եղած
է
եւ
իւր
մէջ
յատուկ
քրմապետութիւն
հաստատուած.
երեք
քրմապետաց
անուանքն
տակաւին
անաղաւաղ
կը
յիշուին,
որք
են
Շիրակ,
Զիրակ
եւ
Միրակ,
երեքն
իրարու
եղբայր`
տէր
եւ
իշխան
եղած
մեր
այս
երկրին,
յետոյ
Քրիստոնէութեան
սկիզբներն,
երբ
Թադէոս
Սրբազան
Առաքեալն
յայս
կողմ
կը
գայ
եւ
զՔրիստոս
կը
քարոզէ,
բազմաթիւ
ժողովուրդներ
առ
ինքն
կը
ձգէ,
որով
կը
պատրաստուի
քար
ու
քանդ
ընել
տալ
կուռքերը
եւ
կռատուններն
ու
անոնց
միջավայրը
կառուցանել
մի
վանք
(այժմեանն)
յանուն
Ս.
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ,
յայնժամ
յիշեալ
երեք
քրմապետք,
մահ
եւ
չարաչար
գլխատումն
կ’սպառնան
Առաքելոյն
ասելով
թէ
“դու
եկար
քու
Նազովրացի
(ուխտաւոր)
Յիսուս
վարդապետի
կրօնքն
քարոզել
եւ
զնա
պաշտել
տալ
մեր
մարդոց,
սակայն
այդ
ընթացքովն
ուղղակի
մեր
եկամտից
աղբիւրն
ցամքեցնելու
պատճառ
կը
լինիս.
ուստի
մեզ
մի
այլ
կողմանէ
շահու
աղբիւր
պէտք
է
ցոյց
տաս,
ապա
թէ
ոչ
չարաչար
տանջանօք
պիտի
մեռցնեմք
զքեզ,
եթէ
կրկին
շարունակես
քու
անվեհեր
եւ
յեղափոխիչ
քարոզութիւնն”:
“Երանելի
առաքեալն
տեսնելով
որ
տակաւին
քրմապետաց
ետեւէն
երթացողներն
բազմաթիւ
են
եւ
անոնց
խօսքերն
իբրեւ
աստուածային
պատգամներ
կընդունին,
զքրմապետս
շահել
իմաստութիւն
կը
համարի
եւ
նոյն
իսկ
նոցա
(քրմապետաց)
համախոհութեամբ
կործանել
կուտայ
զատրուշանս,
որոց
միջավայրը,
որպէս
վերեւ
յիշուեցաւ,
կը
կանգնեն
այժմեան
վանքն,
որոյ
հիմնաքարանց
աջակողմեան
անկիւնաքարն
Առաքեալ
իւրեան
ձեռամբ
կ’օծէ.
ահա
այսպէս
կը
կանգնի
սոյն
մենաստանն,
որոյ
բարեպաշտ
հաւատացեալներէն
եկած
բոլոր
նուէրներ
կամ
եկամուտներ
Առաքեալն
կը
յատկացնէ
յիշեալ
երեք
քրմապետ
եղբարց
‘ի
ռոճիկ,
որով
կ’ապրին”:
Սոյն
քրմապետաց
ցեղէն
յանուանէ
կը
յիշուի
գիւղիս
գերդաստաններէն
մին,
որ
վանուց
եկամտին
երբեմն
տէր
լինելոյ
յաւակնութիւն
ցոյց
կը
տար,
որպէս
աջապահեանքն
երբեմն
‘ի
Սիս:
Տիրամայր
գիւղի
անունն
արդէն
մենաստանիս
անունէն
ծագումն
առած
է:
Նախնի
ժամանակաց
մէջ
վանքս
նախանձելի
վիճակ
մը
ունեցած
է
մինչեւ
“Ս.
Ահարօն”
անուանեալ
վանահօր
ժամանակը`
որ
Շէն
կը
թողու
իր
յաջորդաց
եւ
կը
վախճանի:
***
Ներկայիս
մէջ
նշանակութեան
արժանի
եթէ
բան
մի
կայ,
այն
եւս
վանուցս
գեղեցկաշէն
փոքրիկ
տաճարն
է:
Աստ
ամեն
տարի
Աստուածածնայ
տօնին
խուռն
բազմութեամբ
ուխտաւորներ
կը
դիմեն
հեռաւոր
եւ
մերձաւոր
տեղերէ
եւ
երբեմն
իսկ
Պարսկաստանէն
եւ
Ռուսաստանէն:
Կ’աւանդեն
թէ
“Աստուածամօր
գօտին
կը
գտնուի
տաճարիս
յաջակողմն”,
զոր
սեղանի
նման
զարդարած
են
եւ
արդէն
բուն
ուխտատեղին
է
այն:
Ի
նախնեաց
սկսեալ
մինչեւ
1873-ի
ատենները
սոյն
վանուց
բոլոր
եկամուտներն
գիւղացիք
կ’առնէին
իբրեւ
հարազատ
ժառանգ
եռապետ-քրմապետ
եղբարց.
եւ
ոչ
ոք
իրաւունք
ունէր
միջամտելոյ
իւրեանց
գործերուն,
ըստ
որում
իրենք
եղբայրաբար
բաժին
կընէին
մէջերնին
եկած
ընծայներն:
Տիրամօր
ժողովուրդ
զերծ
չէ
ծուլութենէ,
զոր
ստացած
է
ուղղակի
իւր
կեանքէն,
վասն
զի
միշտ
վանուց
նուէրներով
եւ
զԽաչ
ծոցերնին
դրած`
յանուն
Տիրամօր
գիւղէ
‘ի
գիւղ,
քաղաքէ
‘ի
քաղաք
մուրացկանութեամբ
ապրած
են:
Տասն
տարիէ
‘ի
վեր
սոյն
վանքն
առնուած
է
Լիմ
Անապատայ
գերիշխանութեան
ներքեւ:
Տարեկան
եկամուտն
այժմ
60
ոսկւոյ
կը
հասնի,
իսկ
կրթական
ծախքն
հազիւ
20
ոսկի
կը
լինի: