Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԸ. ՎԱՆԱՅ ԿԱՄ ԲԶՆՈՒՆԵԱՑ ԾՈՎ
       Վանայ յԱրեւմտակողմն կը գտնուի համանուն ծովն, որ կանուանի նաեւ “Բզնունեաց” ծով մերձակայ նոյն գաւառի անուամբ: Ջուրն շատ աղի է եւ դառն (բորակային), ծովն ձգուած է յԱրեւելէն յԱրեւմուտ, իւր մակերեւոյթն տակաւին ճշդօրէն չափուած չէ, միայն ըստ մեր Մովսէս Խորենացի հօր, 100 մղոն երկայնութիւն եւ 60 մղոն լայնութիւն ունի, սակայն այժմ այս հաշիւն բնականաբար իւր ստուգութիւնը կորսնցուցած պէտք է լինի, երբ ‘ի նկատ առնումք այսչափ դարերու մէջ ծովուն ըրած մակընթացութիւնն, որով իւր անհաւասար եզերաց վերայ շատ տեղեր, գիւղեր եւ գիւղաքաղաքներ կոխած է, որոց նշաններն տակաւին սրատես աչաց նշմարելի են: Մենք Վանայ ծովու ընդարձակութիւնն կը սահմանեմք հետեւեալ գործնականհաշուով, զոր առած եմք տեղւոյս նաւավարներէն, այսինքն յԱրեւելէն յԱրեւմուտ 24 ժամ եւ Հարաւէն ‘ի Հիւսիս 8 ժամ տեւողութիւն ունի կանոնաւոր հովերով երթացող առագաստաւոր նաւու մ’ընթացիւք: Իւր անմիջական եզերքներն շատ ներս դուրս ինկած են, մանաւանդ Հարաւակողմն, եզերքներէն տեղ տեղ անտառային են եւ բնաւ չունին կանոնաւոր նաւահանգիստ մը:
       Ծովն, հակառակ իւր փոքրութեան, ժամանակ առ ժամանակ սոսկալի մրրիկներ կը յարուցանէ, որով կատաղի ալիքներ կունենայ, որք ծովու մէջ տեղերն եւս կը պայթին եւ պարունակած աղային նիւթի պատճառաւ պայթած միջոցին փրփրալով կը դաշտանայ ծովուն երեսը, որոյ յատակն գիտես թէ կրակ կը վառուի եւ ջուրն եռացմամբ կը յուզուի: Այս առ երեւոյթ տեսարանն ամենէն ճարտար նաւավարին անգամ մեծ երկիւղ կը պատճառէ շատ անգամ:
       Ծովուն մէջ 4 կղզիներ կան, յորոց մին ԱՌ ՏԷՐ կանուանի, որ անմարդաբնակ է եւ միւսներն են Ա. Աղթամար (Կաթուղիկոսանիստ). Բ. Լիմ . Գէորգ) եւ Գ. Կտուց . Կարապետ), որք Եպիսկոպոսանիստ են: Սոյն անապատներն ունին իւրեանց յատուկ ապատներ, բաւական թուով միաբանական ուխտ եւ նիւթական բարւոք վիճակ, որով կրնան լինել լուսաւորութեան մէկ մէկ կեդրոններ, եթէ ունին:
       Ծովու Արեւելեան Հիսիսակողման մասն, որ նման ըղտու պարանոցի, կերկարի, ունեցած է իւր վերայ երբեմն հսկայ կամուրջ մը կապուած, որոյ մի ծայրն Արճշու կողմն Քարաքէշիշ կոչուած գիւղին մերձ է եղած եւ միւսն անոր դիմաց “Ամկու բերդ” կոչուած գիւղին մօտ, որպէս կաւանդեն տարեւոր անձինք: Նոյն աւերեալ եւ անյայտացեալ կամուրջի երկայնութիւնն Պօլսոյ կամուրջի 15 անգամէն չ’պէտք է պակաս լինի: Ուղեւորաց ճանապարհն այժմ 2 օրուան չափ երկարած է, վասն զի փոխանակ ուղիղ գծով՝ այժմ խոտոր գծի ուղղութեամբ գնալոյ պարտաւորեալ են. այժմ երբ Քարաքէշիշէն դիմաց անցանելոյ պէտք մի լինի, հետեւեալ կերպով հնարք գտած են իրարու իմաց տալոյ համար:
       Երեկոյ ժամ 12 ին կամ անկէ յետոյ գիշերուան մէջ ծովու եզերաց վերայ մէկ կողմէն կրակ կը վառեն, որոյ բոցն հանդիպոյ կողմանէ նաւավարք տեսնելով անմիջապէս նաւակնին առած՝ Էրերին ըսուած գիւղի մօտէն ‘ի ծով կը մտնեն ճանապարհորդել, մի նաւակ եւ երկու նաւավարներ յատկացեալ են սոյն երթեւեկութեան: Մեր պարզ գիւղացւոց հեղինակած յիշեալ բնական կոչոյ հնարքն ցերեկ ատեն անգործածելի է, վասն զի կրակին բոց արեգականն ճառագայթից ներքեւ անտեսանելի կը լինի եւ այս արդէն բնական մի պարզ երեւոյթ է:
       Վանայ ծովու բերքերն են տառեխ անուանեալ փոքր ձկունք եւ բորակ (սալփէթր) որոց վերայ տակաւին առիթ կունենամ խօսելոյ թէ ի՞նչ եղանակաւ ձեռք կը բերուին ծովային այդ բերքերն: Ծովու Արեւելակողմն 10 վայրկեան հեռու կը գտնուի հետեւեալ նշանաւոր գիւղաքաղաք: