Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՐՃԱՌՕՏ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
       Հայաբնակ գաւառաց վերայ ընդհանրապէս խօսելոյ ատեն բնաւ չեմք ուզեր, ոմանց նման, չափազանց յոռետես կամ չափազանց լաւատես լինիլ` զոհելով մեր ուղղութիւնն զանազան նկատումներու, այլ մեզ համար մեթոտ ընտրած եմք պարզօրէն նկարագրել եւ տեղագրել Երկրի ճիշդ պատկերն ինչպէս որ տեսած, շօշափած եւ քննած եմք… երկրագործութիւնն արդէն ամեն տեղ տակաւին իւր նախնական վիճակի մէջ կը գտնուի. ժողովուրդն առ հասարակ ցորեան, գարի եւ տարեկան ցանել միայն գիտէ. իսկ ուրիշ արմտիք (զորս պէտք եղած տեղ յիշած եմք) եւ գետնախնձոր (փաթաթէս), որ ամենամեծ օգուտ կրնայ բերել, մանաւանդ սովոյ տարիներումն, դուն ուրեք կը մշակուին եւ այն եւս խիստ նուազ քանակութեամբ: Գիւղացի բնակիչքն իւրեանց մտաւոր խեղճութեամբ, որով եւ անտարբերութեամբ, Երկրի կլիմային համաձայն, բնութեան հետ մրցիլ դժբաղդաբար դեռ չեն սորված, ահա խօսքիս ապացոյց, ունին ընդարձակ արտեր ջրարբի եւ միանգամայն բնակութեանց մերձ. սակայն իրենք միշտ կարօտ կը քաշեն սոխի մը եւ սխտորի մը, ‘ի բաց կը թողում ուրիշ կարեւոր բանջարեղէնք (զարզավաթ):
       ***
       Երկրի Հայ գիւղացիներն, ցաւ է ըսել, որ վարժուած են ամենաչնչին գումարի մը (500-1000 դհկն. ) համար ձգել երեսի վրայ իւրեանց ընտանիք, ընդարձակ հողերն` ընտիր կալուածներն, խոփն, արօրն եւ վերջապէս ամեն ինչ թող տալով դիմել ‘ի պանդխտութիւն կամ աւելի ստոյգ բացատրութեամբ. գնալ ‘ի կորուստ: Այդ ուշակորոյս ողորմելիքն տարիներով կը թափառին պարտք վճարել եւ ապրուստով մը վերադառնալ. այս ժամանակամիջոցին Հայրենեաց արգաւանդ հողերն կը մնան անմշակ, ‘ի վնաս իւր եւ իւր Տէրութեան. մեր այդ պանդուխտքն թէ ի՛նչ եղանակաւ կը յաջողին պսակել յոյսերնին, կը թողում իւրեանց մտածել, միայն թէ չ’պէտք է մոռանալ եւ զայս` այսինքն երբ դոքա բնակավայրէն կը մեկնին, ո՛րպիսի կայտառութիւն, կազմուածք, ոյժ ունին եւ ի՛նչպէս ուղղաձիգ կը քայլեն Երկրի վերայ. իսկ վերադարձին ինչպէ՜ս կայտառութիւննին կորսնցուցած, ուժէ ընկած. վատառողջ, գոգցես կմախ կտրած եւ մէկ խօսքով աղեղի նման ծռուած են յերկիր: Պանդխտութիւնն ուրեմն ազգի մ’ամեն չարիքներէն գլխաւորն է:
       ***
       Կարնոյ գաւառին մէջ, թերեւս ուրիշ շատ տեղերը, բազմաթիւ Հայ ընտանիք կան, որոնք սեպհական հող չունենալուն պատճառաւ աւատային գրութեան մը ներքեւ չարաչար աշխատելոյ դատապարտուած են. այս պարագային մէջ ներքին գաղթականութիւնք անհրաժեշտ են եւ խիստ շահաւոր` նոյն իսկ կառավարական տեսակիտով: Անհուն հողեր կան ամայի եւ տակաւին մտքէս չէ ելած Առբերանւոյ արեւելեան հիւսիսակողման լայնածաւալ դաշտն Ապաղայի, այդպիսի մշակելի տեղերը պէտք է փոխադրել անհող, այլ ժրաբազուկ այդ գիւղացիքն: Անհամար լեռներ, լեռնահովիտք, սարեր, ձորեր եւ այլներ կան, յորս կարելի է հազարաւոր ոչխարներ ու դուարներ պահել եւ շատ տեղերու մէջ հասցնել ընտիր նժոյգներ, որք համեմատաբար լաւ արժէք ունին, ըսել է թէ գիւղացւոյն օգուտն կը պահանջէ որ այժմ գոնէ անասնաբուծութեան աւելի կարեւորութիւն տալով` իւր ունեցածն բազմապատկէ, եւ եթէ չունի` ջանայ ձեռք բերել, ինքն թող անհաւատ չ’լինի տեղւոյ բնութեան վերայ, որ ժլատ չէ եւ կրնայ առատօրէն սնունդ մատակարարել այդ անասուններուն, որոց արդեամբք մի օր ինքն կ’ազատի պանդխտութեան անողոք ճիրաններէն:
       Մեր Կայսերական Կառավարութիւնն բնաւ երբէք չուզեր իւր հաւատարիմ հպատակաց աղքատութիւնն, ըստ որում տիրողին եւ տիրելոյն շահերն սերտիւ իրարու հետ կապուած լինելով` մին չ’կրնար անվնաս մնալ երբ միւսն վնասուց ենթակայ է, եւ այս հօր ու զաւակաց համերաշխ կապն որչափ զօրանայ` այնչափ աւելի ժողովուրդն երջանիկ օրեր տեսնելոյ բաղդին կը հանդիպի, չ’նայելով այն մասնաւոր հաշիւներուն, զորս իւրաքանչիւր դարն իրեն հետ կը բերէ:
       Երանի՜ թէ դրամատեարց կողմանէ յատուկ ընկերութիւնք կազմուին ‘ի շինութիւն, որով ‘ի բնակութիւն ամայի տեղեաց, զարգացնեն Երկրի հողագործական, արհեստական եւ տնտեսական վիճակն, որ չ’լսուած կուրութեան մէջ է, արդար շահեկանութեամբ դրամ տան քրտնաջան գիւղացւոց, որք անտարակոյս պիտի ազատուին կարգ մ’անսիրտ վաշխառուներէ: Այդ դրամատեարք սկսին բանեցնել տալ պղնձի, երկաթի, ծծումբի, քարածուխի, աղի եւ այլ հանքեր` որ առատ են Երկրի մասնաւոր տեղերը. իրաւ է թէ յարաբերութեանց դժուարութիւնն մեծ արգելքներէն մին է այս տեսակ աշխարհաշինութեանց, բայց այժմ շնորհիւ մեր Կառավարութեան, օր ըստ օրէ դիւրանալոյ վրայ է:
       Բազում տեղերը ջրոյ պակսութենէն ժողովուրդը կը տառապի, որպէս է Վան-Տոսպայ Թիմարն, որոյ բնակչաց մեծ մասն ‘ի պանդխտութեան կը գտնուի, չքաւորութիւնն ծայրագոյն աստիճան տիրած է սոյն գաւառի վերայ, թէպէտեւ ունին պատուական արտօրայք եւ դաշտօրայք` յարմար ջրարբի լինելոյ սակայն ի՞նչ օգուտ որ կը մնան անմշակ ջրոյ պակսութենէն, ոյր պատճառաւ տեղւոյ բուսականութիւնը նուազ է, որով անասունքն եւս` նման ասուններուն` մարմնով նիհարացած են. եթէ զանազան միջոցներով ջուր հանուի գաւառիս արտօրէից վերայ, հարստութիւնն կը լինի անսպառելի, եւ ասով դարձեալ առաջք կ’առնուի պանդխտութեան այդ Հայ գիւղացւոց, որք ինչպէս վերեւ յիշեցի, վտիտ անասնոց նման կմախ են դարձած, այնպէս որ կարելի է զիրենք կենդանի մեռեալ անուանել:
       ***
       Գաւառացւոց կրթական կողմն մասնաւոր տեղերը կրնամք բաւական գոհացուցիչ համարիլ. սակայն առ հասարակ մտածելով` ժողովուրդն դեռ ներկայ դարէն ներշնչուած չէ եւ ասոր համար չ’հաւատար կրթութեան հրաշքին: Տեղացի մասնաւորաց կողմանէ Երկրի խաւարն փարատելոյ համար տարուած ջանքն օվկիանին մէջ կաթիլ մի ջրոյ նման է, որ գոյութիւն ունի եւ ոչ նշանակութիւն: Իմաստուն եւ հեռատես ջանքեր պէտք են հետզհետէ մտցնել իւրեանց մէջ “տեղական իւղով տեղացւոց գլուխն օծելոյ” դրութիւնն, որոյ շահն անթուելի է: Գիւղացւոց ամուսնական վիճակն ալ մեծ բարեկարգութեան պէտք ունի:
       ***
       Վանօրայքն երթալով ամայանալոյ ամենատխուր դժբաղդութեան կը հանդիպին` եւ արդէն քանիներն, զորս իւրեանց կարգին նշանակած եմք, ամայացած եւ եղած են բնակարան անախորժ բուերու եւ ոմանք եւս ալանքենտինէի անկարգութեան մէջ են: Ամեն լուրջ միտք կատարելապէս համոզուած է եւ կը համոզուի թէ վանքերու հիմնաքարանց հետ անքակտելի եղանակաւ կապուած է Երկրի Հայ ժողովրդեան կեանքն, մանաւանդ գիւղական մասին եւ հետեւաբար, երբ այդ վանքերն անհետանան, իւրեանց շրջապատի գիւղօրայքն ու թեմականքն ինքնին անհետացած են եւ ասոր ցաւալի օրինակներն Երկասիրութեանցս մէջ պակաս չեն. ուրեմն ով որ այս բանի ճշմարտութեան հաւատալ չուզէ, նա ուղղակի թշնամի է Ազգին եւ միանգամայն Կայսեր, որոյ կենաց երկարակեցութեան համար ընդ միշտ աղօթքներ եւ բարեմաղթութիւններ տեղի կ’ունենան այդ նուիրական վայրերու մէջ, ըստ նախնի սովորութեան:
       Որչա՜փ բարիք պիտի լինէին ընդհանուրին, եթէ Ազգ. Պատրիարքարանն յատուկ այցելու-պաշտօնեայներ խրկէ եւ համայն վանօրէից նկարագիրն առնել տայ հանդերձ նոցա նիւթական եւ բարոյական կողմերովն եւ այսպէս շրջահայեաց տեսութեամբ զայնս ուսումնասիրելէն ետքն, անխոնջ ջանքեր ‘ի գործ դնեն բարեկարգել եւ ծաղկեցնել այդ սրբազան տեղիքն, ո՛ւր Սահմանադրութեան համաձայն վարժարաններ բանալ, որք եթէ Երկրի կենաց յարմար ուղղութեան մը տակ դրուին, վանօրայքն շուտով կը դառնան մէկ մէկ Արեւ եւ իւրեանց լուսոյ ճառագայթներովն կը փարատեն զխաւարն տգիտութեան այդ գիւղօրէից:
       Ազնիւ ընթերցող, այս օրինակ զգացումներ երբ կը յայտնեմ, չ’պէտք է հետեւցնել թէ գրողն չափազանց կրօնասիրութենէ մղեալ է, այլ ճշգրտապէս շօշափած լինելով Ազգի մահացու վէրքն` իւր սրտի ներքին ցաւէն ստիպեալ` կը գրէ զայս տողեր եւ ‘ի բոլոր սրտէ կը փփաքի որ Հայ Ազգն միշտ ԳՈՅ լինի եւ ապրի ընդ բարձր հովանեաւ մեր Օսմանեան վեհանձն Կայսերաց, որոց վերայ աւելի շուք կը տայ այժմեան լուսամիտ Վեհապետն Սուլթան Համիտ Բ. Կայսր համայն Թուրքիոյ Պետութեան: