ԳԼ.
Դ.
ԲԱԲԵՐԴ
(ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ)
Բաբերդ
բերդաքաղաքն
կը
գտնուի
Տրապիզոնի
Արեւելեան
հարաւը
5
օրուան
ճանապարհ
հեռու
դէպ
՚ի
Կարին,
Բարձր
Հայոց
Սիպեր
գաւառի
գլխաւոր
տեղերէն
մին
է
եւ
շինուած
բլրակաձեւ
դաշտավայրի
մը
վերայ,
յԱրեւելից
յԱրեւմուտս
գրեթէ
պարսպեալ
ցած
եւ
աննշան
լեռներէ։
Հիւսիսակողմը
բաւական
ընդարձակ
դաշտօրայք
ունի,
ո՛ւր
կը
ցանուին
գլխաւորաբար
ցորեան
ու
գարի
եւ
կը
հնձեն
խիստ
առատօրէն.
ունի
մերձակայ
անտառներ,
օդը
զով
եւ
առողջարար
է,
սակայն
քաղաքը
գեղեցիկ
տեսարաններէ
զուրկ։
Ճորոխ
գետը
քաղաքիս
մէջտեղէն
կ՚անցնի
Հարաւէն
՚ի
Հիւսիս
եւ
կը
բաժնէ
զայն
Արեւելեան
եւ
Արեւմտեան
երկու
մասերու,
որք
իրարու
հետ
3-4
կամուրջներով
կապուած
են։
Սոյն
գետն,
իւր
ընթացքին
մէջ
ունեցած
երբեմն
աղմկալից
որոտման
համար,
բնակիչներէն
կը
կոչուի
Տէլի
Ճորոխ
որ
քաղաքիս
առաջին
բնական
զարդն
է,
որոյ
վերայ
կը
դառնան
տեղւոյս
բոլոր
ջրաղանցքներն։
Անտառներէն
կտրուած
փայտերու
մեծագոյն
մասը
կը
ձգուի,
յատուկ
նշաններով՝
Ճորոխին
վրայ,
որ
առանց
վարձքի,
բնութեան
օրինաց
հպատակ՝
արագընթաց
բերելով
կը
հասցնէ
՚ի
Բաբերդ,
ո՛ւր
իւրաքանչիւր
ոք
իւր
գծած
նշանին
նայելով՝
փայտերը
դուրս
կը
հանէ
գետէն։
Բերդը
կը
գտնուի
քաղքին
Հիւսիսային
կողմը՝
բրգաձեւ
քարալերան
մը
վրայ
շինուած
որ
երեք
կողմանէ
անմատչելի
եղած
է
երբեն,
իսկ
այժմ
կիսով
չափ
քայքայեալ.
ունի
երկու
ջրամբարներ
եւ
պահարանք,
որոց
հիմունք
ց՚արդ
կը
տեսնուին.
՚ի
մի
կողմն
կը
նշմարուին
նաեւ
եկեղեցւոյ
մը
հիմունքն։
Բերդին
ստորոտն,
որ
արտօրայք
են
այժմ,
կաւանդուի
թէ
«երբեմն
բնակութիւնք
էին,
Ռուսաց
պատերազմներէն
վնասուելով
այսպէս
ամայացաւ»։
Բաբերդի
բնակութեանց
թիւն
2430
տուն
կը
հաշուեն,
յորոց
2000
Տաճիկ,
400
Հայ
եւ
30
տուն
Յոյն
են։
Տները
միայարկ
եւ
մասամբ
երկայարկ
են,
ոմանք
քարէ
եւ
ոմանք
հողէ
շինուած
անճաշակ։
Հայք
ունին
5
եկեղեցի,
որոցմէ
մին
Ս.
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ՝
1848
ին
գեղեցիկ
ձեւով
մը
նորոգուած
է
Կիւրինցի
Կարապետ
վարդապետի
Առաջնորդութեան
օրովը
տեղացի
Տէր
Յովհաննէս
աւագ
քահանայի
աջակցութեամբ։
Ունին
երկու
վարժարան,
մին
արական
եւ
միւսն
իգական
սեռին
յատկացեալ.
երկու
ցեղի
ուսանողաց
թիւն
250
էն
պակաս
չէ
եւ
կրթարանաց
շէնքերն
յարմար,
սակայն
ցաւ
է
ուղեւորիս
ըսել
որ
հանրածանօթ
Առաջնորդի
եւ
ժողովրդեան
մէջ
տեղի
ունեցած
(ծանուցեալ
խնդիրներու
մասին
վերաբերութեամբ
Քրիստափոր
վանուց
)
վէճերն
այդ
կրթարաններն
անկեալ
վիճակի
մ՚ենթարկած
են,
թէպէտեւ
դասատուք
լինին
անձնանուէր,
կարող
եւ
տեղացւոց
նիւթականն
բաւական
բարւոք։
Ժողովուրդն
եկեղեցեաց
թուով
թաղերու
բաժնուած
են.
քիչ
տարեւոր
աւանդութեամբ
կը
պատմուի
թէ
յիշեալ
5
եկեղեցիք
արդիւնք
են
իրենց
նախնեաց
կուսակցական
անպէտ
վէճերուն,
եղած
է
ժամանակ
որ
իւրաքանչիւր
թաղն
իւր
յատուկ
առաջնորդն
ունեցած
է,
եւ
մէկ
թաղեցւոյն
միւս
թաղի
եկեղեցին
երթալն
մեծ
յանցանք
համարուած։
Քաղաքիս
բնակիչներն
են
առ
հասարակ
երկրագործ,
վաճառական
եւ
փոքրիկ
առեւտրով
զբաղող,
ունին
մօտ
200
անճաշակ
կրպակներ.
հացագործութիւնն
գրեթէ
Յունաց
յատուկ
է։
Տեղւոյս
առեւտրական
վիճակը
փոքր
առաւելութիւն
մ՚ունի
բաղդատմամբ
այլ
քաղաքաց։
Բաբերդը
տարին
մի
անգամ
մայիս
եւ
յունիս
ամսոց
մէջ
15
օրուան
տեւողութեամբ
տօնավաճառութիւն
ունի.
այս
առթիւ
ամեն
կողմանէ
գիւղացիք
աստ
կը
դիմեն,
առեւտրոյ
գլխաւոր
առարկայք
են,
ցորեն,
գարի,
ձի,
տուար,
ոչխար
եւլն։
Քաղաքիս
սովորական
արհեստներն
են
դերձակութիւն,
կօշկակարութիւն,
պղնձագործութիւն,
երկաթագործութիւն,
պայտառութիւն
եւ
այլն.
կը
գործուին
նաեւ
այլեւայլ
տեսակ
գորգեր։
Բաբերդ
միւթէսարըֆութիւն
է
ընդ
կուսակալութեամբ
Կարնոյ,
ունի
180
թեմական
գիւղեր,
յորս
27
Հայ
են,
որ
միջին
հաշուով
30
ական
տուն
կը
պարունակեն,
մեծագոյն
մասամբ
անդպրոց.
Տեղւոյս
Տաճկաց
եւ
Հայոց
մէջ
եղած
յարաբերութիւնն
բաւական
լաւ
է։
ՄԵԿՆՈՒՄՆ
Բաբերդէն
մեկնիմք
ճանապարհնիս
շարունակելով,
հետզհետէ
կը
մտնանք
Մասաթայ
երկայն
լեռնահովիտն,
որ
մեծագոյն
մասամբ
անտառոտ
է,
ուր
սակայն
չ՚կան
բուսած
մեծամեծ
ծառեր
Խօշօղլանայ
հովտին
պէս.
ունի
բազմաթիւ
աղբերակունք,
որք
ուղեւորաց
ծարաւն
յագեցնելու
միայն
կը
ծառայեն։
Սոյն
տեղերը
կրնայ
ըսուիլ
որ
փոքր
ինչ
երկիւղալից
են,
զի
բնաւ
մարդկային
բնակութիւն
չկայ։
Ասկէ
յետոյ
կուգայ
Քօփայ-Սար
կոչուած
դարձեալ
լեռնահովիտ
մը,
որ
իւր
նախորդէն
մեծ
տարբերութիւն
չունի,
միայն
թէ
ունի
այլ
եւ
այլ
ուղղութեամբ
ձորեր
եւ
աննշան
լերինք։
Այս
տեղերը
ճանապարհորդք
հազիւ
կարող
կը
լինին
3-4
ժամուն
մէջ
կտրել,
ուր
բուսականութեան
եւ
հարթ
երկրի
նուազութեան
պատճառաւ
գիւղացին
չ՚կրնար
բնակութիւն
հաստատելով,
ապրիլ։
Գարունն
արդէն
խիստ
ուշ
կուգայ
եւ
գալէն
յետոյ
հազիւ
2
ամիս
ամառ
կը
բերէ
եւ
դարձեալ
շուտ
մը
կը
փախչի։
Այս
կողմի
բնութիւնն
որչափ
որ
խիստ
է
մարդոց
համար ,
այսու
ամենայնիւ
պատրաստ
է
տարին
մի
քանի
հազարաւոր
ոչխարներ
սնուցանել
իւր
լեռնահովտաց
եւ
ձորակաց
արօտներովն։
Սոյն
տեղի
ճանապարհին
քով
Ճորոխն
բաւական
տեղ
մեզ
հետ
է։
Ասկէ
մէկ
ժամ
հեռու
Արեւմտակողմը
կայ
մի
Տաճկաբնակ
գիւղ,
որոյ
առընթեր
կը
գտնուին
պղնձի
գեղեցիկ
եւ
հարուստ
հանքեր,
որոնցմէ
իր
անունն
առնելով
կը
կոչուի
Հանք
գիւղ,
որոյ
հանքեր
կեցած
են
անգործ,
որով
եւ
անօգուտ։
Ասկէ
յառաջ
երթալով
մեր
դէմն
կ՚ելնէ
Քօփայ
Խան,
ո՛ւր
թղթաբերի
յաջորդական
պաշտօնեայքն
կ՚սպասեն
աչալուրջ։
Յիշեալ
պաշտօնէից
ներկայութիւնն
այս
կողմերու
երկիւղը
բաւականին
չափ
փարատած
կ՚երեւի,
տեղւոյս
աղբիւրին
ջուրը
նշանաւոր
է
իւր
անուշութեամբն
եւ
մանաւանդ
պաղութեամբն,
որոյ
քով
Պօլսոյ
հանրածանօթ
ջրերն
ոչինչ
կարժեն։
Ուղեւորելով
աստի
մի
քանի
ժամ
եւս
կը
հասնիմք
Բռնակապան
կոչուած
գիւղը,
որոյ
բնակիչք
35-40
տուն,
որ
ո՛չ
Տաճիկ
եւ
ո՛չ
Հայ
եւ
ո՛չ
Պարսիկ
են,
թէպէտեւ
կը
խօսին
առաջնոյն
լեզուն,
կը
կոչուին
երրորդի
նշանովն
(կզլպաշ
),
սակայն
իսկապէս
վարուք,
բարուք
եւ
սովորութեամբ
չեն
նմանիր
անոնց.
իրենք
ունին
շատ
մը
յատկութիւնք,
որք
յար
եւ
նման
են
երկրի
հին
բնակչաց
յատկութեանցն։
Աստ
փոքրիկ
հանգիստ
մ՚առնելէն
յետոյ՝
շարունակեմք
ընթացքնիս
եւ
3
ժամէն
կը
հասնիմք
Աշգալէ
կոչուած
120
տնէ
բաղկացեալ
Տաճիկ
գիւղը,
որոյ
անուն
ծագած
է
իւր
մէջ
եղած
կիսակործան
բերդին
անունէն։
Գիւղիս
մէջ
15
տուն
Հայ
բնակիչ
կայ,
որոնք
սեպհական
հող
եւ
ջուր
չունենալով՝
աւատային
դրութեան
մը
տակը
չարաչար
աշխատելոյ
դատապարտեալ
են,
եւ
զարմանալի
հաւատարմութիւն
ունին
առ
իւրեանց
աւատատեարըս,
որոնցմէ
երբեմն
կը
պաշտպանուին
ընդդէմ
նեղչաց։
Տեղւոյս
Հայք
կը
խօսին
այնպիսի
լեզու
մը,
որ
ո՛չ
հայ
է
եւ
ո՛չ
Տաճիկ։
Թէեւ
կուզէի
ժամանակ
ունենալ
իւրեանց
լեզուաւ
մի
նամակ
գրել
այժմ
ընթերցողիդ
հաղորդելոյ
նպատակաւ,
սակայն
կարաւանն
զիւր
ուղին
շարունակել
ուզեց
անհամբերութեամբ,
որով
չկրցայ
ցանկութեանս
հասնիլ։
Սոյն
Հայոց
լեզուի
նկատմամբ
կարելի
է
այսպէս
ըսել.
Տաճիկ
եւ
Հայ
լեզուներն
անգիր
մարդոց
բերնին
մէջ
իրարու
հետ
խառնուելով
երրորդ
մը
յառաջ
բերած
են,
որ
ո՛չ
առաջնոյն
կը
նըմանի
եւ
ո՛չ
երկրորդին։
Աշգալէ
գիւղի
սահմանին
մէջ
ընտիր
աղի
հանք
մի
կայ
Թուղլա
ըսուած,
որ
տարեկան
բաւական
հասոյթ
կըտայ
կառավարութեան,
որոյ
անմիչական
հսկողութեան
տակն
է։
Սոյն
գիւղէն
մեկնելով
2
ժամ
ճանապարհորդելէն
զկնի
հարկ
կ՚ըլլայ
անցանել
Սեւ
գետըն,
որ
երբեմն
շատ
դժուարութիւն
կը
յարուցանէր
ուղեւորաց
դէմ,
մանաւանդ
գարնան
եղանակին
մէջ,
իսկ
այժմ,
շնորհիւ
կառավարութեան,
մի
օրինաւոր
կամուրջ
շինուած
լինելով՝
կրնամք
առանց
կանգ
առնելոյ
եւ
ամենափոքր
վտանգի
մը
շարունակել
ուղեւորութիւննիս
եւ
այսպէս
երկու
Տաճկաբնակ
գիւղեր
եւս
անցնելով
հասանք
Ըլըճա
կոչուած
գիւղը։