Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Խ. ՀԷՐԷՄԷՐՈՒ ԵՒ ԻՒՐ ՍՊԱՐՏԱՒԱԶ
       Սոյն գիւղն ունի 40 տուն բնակիչ։ Աստուածածին անուամբ հնաշէն եկեղեցի մը, իսկ քահանայ եւ դպրոց «Աստուած տայ»։
       Տեղւոյս Հայոց կրօնական պիտոյքը կը մատակարարէ մերձակայ գիւղի քահանայն։ Աստ կը տեսնուին երեք գերեզմանատունք , յորս թաղուած են տեղւոյս հին ատենուան 700 տուն բնակաւորաց ՚ի Քրիստոս ննջեցեալներն, որոց մահարձանաց ընթեռնլին եւ ամենահինն 632 տարեկան է։
       Գիւղիս սահմանին մէջ երեք աւերեալ եկեղեցեաց տեղուանք ցոյց կը տրուին, յորոց մին կը կոչուի «Սպարտաւազ », որոյ ընդարձակութեան մասին աւանդութիւնը կ՚ըսէ թէ «երկու հազար հոգւով կարելի էր անդաստան օրհնել իւր մէջը », իսկմիւս երկուքի տեղիքն կան, իրենք եւ անուանքն չ՚կան։
       Գիւղիս բնակչաց նախնի սովորութիւնն է երբ նորապսակ մի երիտասարդ մեռնի, թէ՛ արական եւ թէ՛ իգական սեռէ լինի, նորա տապանաքարի վերայ, թէպէտեւ լինի անճաշակ, կը քանդակեն մեռնողի պատկերն, ՚ի ձեռին մի ծաղիկ եւ գլխուն կամ կուրծքին վերայ խաչ ծաղիկն ՚ի նշան իւր գարուն հասակին, իսկ խաչն ջերմեռանդութեան ապացոյց։
       Հէրէմէրուի երիտասարդութիւն մխիթարական կողմեր կրնայ ունենալ, եթէ իրեն տրուած յորդորական խոհեմ խրատներն ապարդիւն չ՚լինին, որով սիրեն թուղթ եւ գրիչ. իրենք առոյգ, կտրիճ եւ ուժեղ են, նոյնպէս եւ իգական սեռն անուժի չէ. սակայն ի՛նչ օգուտ անմշակ միտ եւ սիրտ յառողջ մարմնի։
       Գիւղս իւր նախորդէն աւելի գեղեցիկ տեսարաններով շրջապատեալ է։
       Գիւղէս չ՚մեկնած՝ ծառոյ մը շուքին տակ մի քանի գիւղացւոց հետ մինչ վերջի հանգիստս կ՚առնէի, առջեւս գրուած էր գիւղական, այլ պատուական նախաճաշիկ մը. սոյն պահուն հեռատես ծերունի մը, որ ինձ թուեցաւ մարմնով տկար եւ մտօք նոր, կարեկցութեան արժանի 10-1 2 փոքրիկ եւ միանգամայն բոկոտն մանուկներ՝ ոչխարի նման առջեւ ձգած՝ բերաւ առ իս եւ զանոնք ինձ մատնացոյց ըրած ըսելով «եթէ կը սիրես էսա ճժերու (սոյն տղայոց ) կանանչ արեւն՝ մեզ մի վարժապետ խրկէ Ստամպօլէն, որ զասոնք կարդացնելով ՄԱՐԴ ընէ ». այս էր ահա՛ պատկառելի ալեւորին խնդրին, որ իսկոյն սիրտս եւ հոգիս յուզեց, որով հակառակ քաղցած վիճակիս՝ տխուր զգացումներով կշտացայ. տանուտէրն (նախաճաշիկ բերողն ) զարմացաւ, երբ առանց ուտելոյ ետ քաշուեցայ սեղանէն, զի գաղտնիք մի էր իմ կրած յանկարծական, այլ բնական փոփոխութիւնն։ Ինձ համար ամենէն աւելի ցաւալի կէտն այս եղաւ, որ քովիս գրքոյկներն հատած էին, որով չ՚կրցայ այդ կլոր-մլոր սիրուն մանկիկներն ուրախացնել, թէեւ այլ եղանակաւ զիրենք գոհ ըրի, սակայն ես իմ նպատակիս չ՚հասայ։
       Տեղէս մեկնելոյ պահուն, յիշեալ ծերունին զգածեալ վիճակով մը ինձ կրկին մօտեցաւ եւ այս անգամին ձեռքէս բռնելով՝ ըսաւ սրտագին՝ «կը խնդրեմ որ չքռխես (չ՚բարկանաս ) մի բան էլ ասեմ իմ տէրութեան (քեզ ), զոր ծերութենէս մոռացայ առաջուց ասել. էն վարժապետ, որ կուգայ յէսա երկիր, ինոր (անոր ) ասա՛ որ պախս (պահք ) չուտի, մեր ժամն (եկեղեցին ) պատարագն սիրէ, մեր ջան (անձ ) իրեն ղուպան կանեմք. թէ որ սկուն չանի (եթէ անանկ չընէ ) հիւ հիւ (բնաւ երբէք ) մի՛ խրկեր մեր երկիր»։
       ԱՆԿՇՏԱՆՑ. - Սոյն գիւղն նախորդէն կէս ժամ հեռու է, ունի 45 տուն բնակաւոր Հայ եւ մէկ տուն եկաւոր քուրդ։ Հայք ունին յանուն Ս. Ստեփաննոսի մի աննշան եկեղեցի՝ քիչ տարուան նորոգուած, մի քահանայ՝ պարզ եւ ողորմելի, բաւական թուով տխեղծ մանուկներ՝ անգիր եւ անդպրոց, եւ որ աւելի ցաւալին է՝ ժողովուրդն գործելոյ տրամադիր, ընդունակ ազգային զգացումներէ ներշնչուելոյ, սակայն կը կարօտի արտաքին յորդորանաց։ Աստ իբրեւ գանգատ պէտք է շեշտելով կրկնել թէ «գործ կայ, գործող չ՚կայ»։
       Գիւղիս տեսարանը կրնայ ըսուիլ որ բաւական լաւ է, որոյ անուան սկզբնապատճառն չ՚գտայ. իւր սահմանին մէջ երկու եկեղեցեաց տեղիք ցոյց կը տրուին հիներէն եւ նորերէն, առանց անուններն յիշելոյ, որք անշուշտ դարերու հոլովմանց մէջ մոռցուած են։
       Աստ եւս հանգիստ առած միջոցիս՝ մինչ այլակրօն կարապետս խոտաւէտ արտի մ՚եզերք ձիս երկայն չուանով երկիւղէն յիւր ոտն կապած եւ ինքն երկրի վերայ երկարած՝ կը ննջէր անհոգ, մի շատ պառաւ կին գաւազան ՚ի ձեռին առ իս եկաւ դողդոջելով, որոյ երիտասարդ զաւակն ՚ի Պօլիս կը գտնուէր, որմէ 10 տարիէ ՚ի վեր լուր մի չունէր այդ խեղճ կինն, որ չ՚գիտէր իսկ թէ ո՛ւր է նորա գործատեղին կամ բնակավայրն։ Նահապետական տան մ՚այս հինաւուրց տառապեալ գեղջկուհին դառն արտասուօք Տեղագիր-Ուղեւորիս շատ բաներ պատմեց եւ հետեւեալ սրտաճմլիկ խօսքերն ըրաւ. «Իմ լաճու (մանչ տղայ ) անուն Յարօ (Յարութիւն ) է, երբ կերթաս ձեր Ստամպօլ եւ կը տեսնես զինքն, դու քու Աստուած կը սիրես՝ իրեն ասես թէ արի՛ (եկուր ) քու պառաւ մէրկան (մօր ) գլուխ գերեզմանի մէջ դի՛ր, նորէն դոր (ուր ) կ՚ուզես գնա՛ ». այս ըսաւ եւ ինձ յատկապէս ցոյց տուաւ իւր պանդուխտ զաւկի պատուական արտօրայքն, որք խոպանացեալ կը կենային անմշակ. առ այս աւելցուց թէ «կը տեսնե՞ս էսա (այս ) խօրօտ (գեղեցիկ ) հողերն ինորն (անոր ) է, թողած երեսի վրայ գնացեր է ձեր Ստամպօլ, ո՛ւր ո՛վ գիտէ հիմա անօթի է, ծարաւ է, մերկ է, պօպիկ (բոկոտն ) է, ի՛նչ է. Աստուած ինձ մէկհատիկ զաւակ տուաւ, փա՛ռք իւրեան, բայց ի՛նչ անեմ, որ վերջէն քիւռ ու ծուռ (անխելք ) եղաւ »։ Սոյն խելահաս թէեւ զառամեալ կինն աստ յիշեցի իւր այն արժանաւոր եւ գնահատելի հաւատքին համար, զոր ունէր այդ երկրի վրայ եւ այս անհեռատեսութիւն մը չէր։
       Քանի՛ քաղցր զուգադիպութիւն կը լինէր եւ սրտի գոհունակութիւն Ուղեւորիս, եթէ սոյն խօսքերն աստ մեր Անկշտանցի Յարօն լսէր եւ վերադառնայր առ իւր պառաւ, այլ յարգանաց եւ խնամօց արժանի կաթոգին մայրիկն, որմէ հեռացած պահուս յանուն իւր Յարօին կ՚արտասուէր դառնապէս։
       Անկշտանց գիւղէն մեկնելով ճանապարհնիս շարունակեմք քիչ մը հեռու ՚ի Հիւսիսակողմն կը հասնիմք «Կղզի » անուն Հայ գիւղն, որ ունի 10 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ մի քահանայ, առանց դպրոցի։
       Գիւղս ունի պատուական տեսարան եւ փոքր ինչ ծառաստան, թէեւ լինի ոչ պտղատու, որ դարձեալ մխիթարութիւն է , վասն զի, գոնէ շուքովն օգուտ կ՚ընծայէ ամառուան ատեն արեւակէզ խեղճ գիւղացւոյն, որ երբեմն խեթիչ արեւու կիզմանէն ճարահատ եղած՝ դաշտի մէջ տեղը անլեզու եզան ոտքեր կը կապէ, որպէս զի անշարժ կենայ եւ ինքն այդ անասունի ստուերի տակը փոքր ինչ պատսպարի, մինչեւ որ միջօրէի տաքութեան սաստկութիւնն մեղմանայ։ Ուշիմ ընթերցող, ահա՛ քեզ մի կենդանի եւ հետաքրքիր պատկեր՝ Աստուծոյ եւ բնութեան հետ գործ ունեցող Հայ գիւղացւոյ մը։
       Սոյն գիւղն «կղզի » անուն առած է իւր բնական դիրքէն, վասն զի ամէն կողմանէ գրեթէ շրջապատեալ է Շամիրամ գետոյ ջրոյն ոլորապտոյտ ճիւղերէն։