ԳԼ.
ԼԷ.
ՇՈՒՇԱՆԱՑ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
ԳԻՒՂ
Սոյն
գիւղն
կը
գտնուի
Վարագայ
լերան
Արեւմտեան
շերտի
ստորոտը,
փոքրիկ
եւ
բնականէն
բերդանման
քարաժայռի
մը
առընթեր:
Ունի
40-45
տուն
Հայ
բնակիչ,
յորմէ
2
տուն
Տաճիկ
է:
Հայք
ունին
յանուն
Ս.
Գէորգայ
շինուած
եկեղեցի
մը,
կառուցմամբ
շատ
պարզ
եւ
մութ,
180
տարուան
հնութեամբ:
Շուշանց
Վանայ
Այգեստանի
յԱրեւելակողմն
է
եւ
անկէ
մէկ
ժամ
հեռաւոր:
Բնակիչք
երկրագործ
են
եւ
կը
ցանեն
միայն
ցորեան,
տարեկան
եւ
գարի:
Տեղւոյս
գիւղացիք
անասնոց
համար
արօտատեղիք
չունենալով
ցորենի
ընտիր
արտերու
մէջ
առւոյտ
եւ
կորնկան
(եօնճա)
ցանելոյ
պարտաւորեալ
են,
թէեւ
ձմեռն
կենդանիքն
կապրին
աւելի
յարդով
քան
թէ
խոտով:
Ունին
մի
քանի
հատ
այգիներ,
որոնցմէ
բաւական
քանակութեամբ
գինի
կելնէ,
սակայն
շուտով
հատցնելոյ
հետամուտ
են,
այնպէս
որ
տարուան
8
ամսուան
համար
պէտք
ըլլալիք
բաժակի
համար
գինին
քաղաքէն
բերել
կտան:
Աշխատութեան
փափաքն
դժբաղդաբար
շատ
նուազ
տեսայ
իւրեանց
մէջ
եւ
առ
հասարակ
հակամիտ
գտայ
զիրենք
սպառիչ
պանդխտութեան
գնալոյ.
20
հոգւոյ
չափ
պանդուխտ
ունին
‘ի
Պօլիս:
Ձիրքերնին
վառվռուն,
մանաւանդ
նոր
սերնդեան,
զոր
տխուր
զգացմամբ
մը
դիտեցի
ու
են
մերկ
եւ
բոկոտն
վիճակի
մէջ
եւ
որ
աւելի
կսկծալին
է
գտայ
զիրենք
իւրեանց
հասակին
յատուկ
ուսանողական
ԵՐՋԱՆԻԿ
ԿԵԱՆՔԷՆ
զուրկ:
***
Գիւղս
իւր
անունն
առած
է
իր
հիմնադրի
անունէն:
Սենեքերիմ
թագաւոր
երբ
առաջին
անգամ
‘ի
Վասպուրական
(‘ի
Վան)
կըգայ,
իւր
դուստր
Շուշանիկ
կամ
Շուշան
տեսնելով
սոյն
տեղւոյ
բնական
գեղեցկութիւնն
եւ
սքանչելի
տեսարանն,
մանաւանդ
Արեւմտակողմանն,
կուզէ
մի
գիւղ
հիմնել
եւ
ընել
զայն
իւրեան
ամարանոց,
որ
քաղաքի
ամբողջութիւնն
իւր
աչքի
առջեւն
ունի
եւ
կը
նմանի
անառիկ
բերդի
մը,
սակայն
ջուր
չունենալով
պահ
մը
կը
վարանի
ընելիքին
վերայ,
ուստի
իւր
Հայր
Սենեքերիմէն
կը
խնդրէ
ջուր,
յայս
վայրկենիս
հօր
աչքին
կը
զարնէ
իւր
դստեր
երկու
ձեռաց
ապարանջաններն
եւ
կըսէ
թէ
“այդ
ապարանջանից
լայնութեան
չափ
քեզ
ջուր
տուի”
եւ
վերին
Վարագայ
լերան
ստորոտէն
իւրեան
ցոյց
կը
տրուի
տանելիք
ջրոյ
ակն,
որոյ
վերայ
խօսեցայ
արդէն
երբ
ներքին
Վարագէն
ի
վերինն
կ’ուղեւորէի:
Այժմ
գրեթէ
այդ
ջրով
կը
սնանի
գիւղս,
որ
Շուշանի
կամ
Շուշանիկի
անուամբ
ըսուեցաւ
“Շուշանց”,
որոյ
Արեւմտակողմն
2-3
քարընկէց
հեռու
կը
գտնուի
իւր
Հիմնադրի՝
Արքայազուն
դստեր
վսեմ
ԴԱՄԲԱՐԱՆՆ
ողորմելի
խրճիթի
մը
մէջ,
քանի՜
ցաւ
եւ
կսկիծ
կրնայ
պատճառել
սոյն
գերեզմանի
աշուք
վիճակն
զգայուն
ուղեւորաց
սրտին
եւ
հոգւոյն,
եթէ
իրարու
կից
են:
Շուշանից
դարձեալ
յԱրեւմտակողմն
10
վայրկենի
չափ
հեռաւոր
կայ
մի
աննշան
խաչաքար,
զոր
տեղացիք
“Փերուզ
նահատակի
գերեզման”
կանուանեն,
որպէս
թէ
յանուն
կրօնի
նահատակուած
մի
աղջիկ
լինի
այդ
անկերպարան
եւ
անթուական
քարի
տակ
թաղուածն:
***
Քարոտ
Շուշանցէն
ճամբայ
ելնելով
ուղեւորիմք
դէպ
‘ի
Հիւսիս
եւ
1/4
ժամէն
կը
հասնիմք
ԿԱՐՄՐՒՈՐԱՅ
Ս.
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
կոչուած
հնաշէն
վանքն,
որ
շինուած
է
Թադէոս
Սրբազան
առաքեալէն
եւ
կառուցեալ
բարձր
բլրոյ
վերայ
եւ
ունի
սքանչելի
տեսարան,
շատ
գերազանց
քան
զՇուշանիցն
եւ
մանաւանդ
Արեւմտակուսէն,
երբ
Արեգակն
ոսկի
գնդոյ
կերպարանք
առած՝
ի
մար
մտնելոյ
(աներեւոյթ
լինելոյ)
վերայ
գտնուի,
հողեղէն
արարածն
կզմայլի
եւ
կափշի
յայս
պահուս
սոյն
տեսարանէն:
Սոյն
վանուց
մէջ
միաբանութիւն
չկայ,
իւր
բոլոր
բնակիչքն
կը
բաղկանան
մի
ողորմելի
քահանայէ
եւ
3-4
հոգի
երկրագործ
մշակներէ,
որք
ել
եւ
մուտ
կընեն
այդ
նուիրական
վայրն
ամայի
չ’մնալոյ
համար:
Վանքս
ունի
բաւական
գեղեցիկ
շէնքեր,
որոց
մեծագոյն
մասն
լուսահոգի
Իգնատիոս
Եպիսկոպոսի
եւ
Ստեփան
վարդապետ
Տ.
Սարգսեանի
օրովն
շինուած
են,
սակայն
ինչ
օգուտ
ապրանք
մ’առանց
ՏԻՐՈՋ.
այժմ
սկսած
են
քայքայուիլ:
Ունի
նոյնպէս
ոչ
սակաւ
հողեր,
որք
դժբաղդաբար
երեսի
վերայ
մնացած
են
եւ
մէջի
3-4
ողորմելիներն
շատ
անգամ
տաք
ապուր
մը
(չօրպա)
գտնել
կը
դժուարին
եւ
այս
ամենացաւալի
պարագային
մէջ
կը
պարտաւորին
դիմել
Շուշանիկի
գիւղը:
Սոյն
մենաստանն,
յարմար
վանահօր
մ’իրաւասութեան
ներքեւ,
ամենապատուական
տեղի
մի
է
10-12
հատ
գիշերօթիկ
ուսանող
պահելոյ,
բայց
ո՞ւր
է
պահողն,
եւ
ո՞ւր
վանահայրն,
ահա
Ազգի
որբերն
աչքերնին
արտասւոտ
կեցած:
***
Գեր.
Ղեւոնդ
վարդապետ
Փիրղալէմեան,
որոյ
վերայ
անձնանուիրութեան
հոգին
կը
փայլի,
յարմարագոյնն
է
վանահայրութեան
յիշեալ
վանուց
եւ
առ
այս
նա
արդէն
ամենամեծ
իրաւամբ
փափաք
կը
տածէ,
որպէս
կը
լսեմք,
միայն
սա
պայմանաւ
որ
ինքն
ց’մահ
վանահայր
մնայ
այդ
վանուց,
որոյ
շինութեան
եւ
պայծառութեան
համար
կը
խոստանայ
նաեւ
մեծ
զոհողութիւնք
իւր
անձնականէն:
Ուստի
Ազգային
Վարչութեան
խորին
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ
կը
հրաւիրեմ
սոյն
պատշաճութեան
վերայ,
զի
այս
կարգադրութեամբ
Ազգն
իւր
մի
նուիրական
տեղին,
ըստ
օրինի,
բարեկարգած
կը
լինի,
որով
եւ
սրբած՝
աղի
արտօսր
10-12
անտէր
որբերու,
զորս
այս
եւ
այն
կողմերէն
ժողովելոյ
ԱԶՆԻՒ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
20
տարիէ
‘ի
վեր
իւր
սրտին
մէջ
կը
տածէ
այդ
մեղուաջան
վարդապետն,
որ
այժմ
‘ի
Պօլիս
եկած
է
եւ
ունի
գրական
երկեր
‘ի
լոյս
ընծայելիք,
որք
են
ճոխ
տարեգրութիւնք
եւ
յիշատակարանք:
***
Վանքէս
մեկնելով
‘ի
Հիւսիս
կէս
ժամէն
կարող
եմք
հասնիլ
հետեւեալ
գիւղն:
ԱՂԳԱ.
-
Ունի
60
տուն
Հայ
բնակիչք,
որք
ունին
մի
եկեղեցի
եւ
մի
բաւական
ծաղկեալ
ծաղկոց:
Տեղւոյս
ամենէն
աւելի
մխիթարանքն
իւրեանց
համեստ
եւ
աշխոյժ
քահանայն
է:
Տեղական
կլիմային
ազդեցութիւն
մեծ
է
տեղացւոց
վերայ,
որոնցմէ,
ցաւ
է
ըսել
40ի
մօտ
պանդուխտներ
կը
գտնուին
‘ի
մայրաքաղաքիս:
Գիւղ
տափարակ
դաշտի
վերայ
է:
Աղգայէն
ճամբայ
ելնելով
վերադարձ
ընեմք
յԱյգեստան,
ո՛ւր
բնաւ
կանգ
չառած՝
ուղեւորիմք
‘ի
քաղաք
Դավրէժ
դրան
առ
ընթեր,
որոյ
առջեւի
ուղին
բռնելով
շարունակեմք
դէպ
‘ի
Հիւսիսային
Արեւմուտ
եւ
3/4
ժամու
տեւողութեամբ
տափարակ
արտօրայք
եւ
մարգագետինք
կտրելով
կը
ժամանեմք
‘ի
Բզնունեաց
ծովն,
ոյր
վերայ
յաջորդ
գլխով
խօսիմք: