Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Է. ԿԱՍՐ ԵՒ ԻՒՐ ԿԻՒԶԷԼ ՊԱՊԱՆ
       Սոյն գիւղն ունի 18 տուն բնակիչ, յորմէ 10 Հայ է եւ մնացածն Քուրդ: Հայք ունին յանուն Ս. Ստեփաննոսի կառուցեալ մի եկեղեցի, 200 տարուան հնութեամբ, սակայն ցաւ է ինձ աստանօր ասել, որ ո՛չ դպրոց ունին մանկանց համար եւ ո՛չ իսկ քահանայ Աստուծոյ ՏԱՆ համար: Գիւղիս անցեալն բազմահայութեամբ լի եղած է, հարուստ եւ առատասեղան Արմենականք. եթէ տեղւոյս գերեզմանատանց բազմութեան համաձայն հաշիւ մը սահմանեմք, հարկ է գիւղիս ներկայ բնակչաց թուոյն աջակողմը գոնէ 2 զրօյ դնել, որ կրնայ մի խիստ բնական զգացմունքի խնդիր հանել, զոր յուզելոյ չէ արդ ժամն, երբ ‘ի նկատ առնուի Պարսկական հին բռնութիւնն:
       ***
       Կասրկայ Հարաւակողմն փոքր ինչ հեռու կը տեսնուի ծառոց մէջ Կիւզել պապա կոչուած մի մատուռ, որ ջերմի դարմանատար սուրբ մը կը համարին գիւղացիք, եւ շատ անգամ անոր կը դիմեն ու լսածիս նայելով կը բժշկուին:
       Տեղւոյս Հայքն մասնաւոր հմտութիւն ունին խաշնաբուծութեան եւ խաշնարածութեան արհեստին մէջ, շատ լաւ կը հասկնան ոչխարի բնաւորութենէն, լեզուէն ու մանաւանդ հիւանդութեան տեսակէն:
       Իւրեանց ոչխարներն տեսքով աւելի սիրուն, առողջ ու պարարտ են քան այլ տեղեացն:
       Աստ մի ազատախօս եւ փորձատես ծերունի, խումբ մը գիւղացւոց մէջ բազմած՝ կը պատմէր Տեղագիր-Ուղեւորիս՝ երկրի հին եւ նոր կեանքէն, որոց վերայ այժմ խօսիլն զանց կ’ընեմք. ուրեմն չուեմք տեղէս դէպ ‘ի Սալախանայ անուանեալ գիւղն, ո՛ւր տեսնել եւ լսել նոր բաներ:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Կասր գիւղէն ճամբայ ելնելով Արեւելեան Հիւսիսային ուղղութեամբ 1/2 ժամէն կրնամք տեսնել Ալմալու ըսուած գիւղն, որ ճանապարհէն 1/4 ժամ հեռու կը գտնուի. գիւղս բոլորովին ամայացած է եւ իւր կանգուն ու շարքով կեցած տապանաքարինքն այնչափ բազմաթիւ են, որ յանգէտս ոչխարի նմանցնելով հարցուցի մեզ ընկերացող գիւղացիներէն երիցագունին թէ ո՛ր գիւղի հօտն է այն, հէք գիւղացին զարմանալով ակնարկ մը նետեց երեսիս եւ պատասխան տուաւ թէ “ադոնք ոչխար չեն, Հայ մեռելներու քարեր են” սոյն խօսքերն ոգեւորեալ ձայնով մը արտասանելէն ետքը՝ խայթող զգացմամբ մը մատնացոյց ինձ ըրաւ անշէն, այլ կանգուն կեցած մի եկեղեցի ըսելով թէ “տե՛ս ահա գեղի ժամն էլ (եկեղեցին ալ) իւր մէջ կերեւի եւ Աստուծոյն փառք սաղսէլիմ կը մնայ դեռ: Իմ հայրս 93 տարեկան մեռաւ, էնիկ (նա) շատ օր կըսա (պատմութիւն) կ’անէր այդ գեղի վերայ, 60-70 տարի առաջ 140 տուն հացի տէր (հարուստ, առատասեղան) Հայ բնակիչ ունեցած է, էլ աղա, շատ էրկէն (երկայն) է ադոր պատմութիւն քեզ անել եւ գլխի ցաւ սրտի ցաւի հետ, էտա անխելք Հայերն թողին, փախան դէս ու դէն (աստ եւ անդ) ցիր ու ցան կորան գնացին. մկա (հիմա) անոնց անուն աշխարհէս վերցուած է, հիւ հիւ ձէն ու ձիւ չ’կայ, եթէ անոնք չ’գէտ չէլնէին Օսմանցու հիւքմի տակէն չէին երթար կորեր:
       Ալմալու կոչուած սոյն աւերակ գիւղն ունի ընդարձակ արտօրայք եւ դաշտօրայք, զորս միահաղոյն կառավարութենէն գնած է Վանայ գլխաւոր Թուրքերէն մին, ամենաչնչին գումարով մը (60 ոսկի), ում կցած է իւր ազդեցութիւնը:
       Այժմ բնականաբար ծախու առնողի տրամադրութեան տակն գտնուած պէտք է լինի:
       Տեղւոյս փոքր ձորակներէն անցանելով ինչպէս եւ ընդարձակ տաշտերէն, կը հասնիմք Զէյնիս անուանեալ գիւղն, որ (նախորդէն 11/2 ժամ հեռու է՝ Արեւելեան Հիւսիսակողման վերայ:
       ԶԷՅՆԻՍ. - Աստ կը բնակին այժմ 10 տուն եկաւոր Քուրդ եւ եռատուն բնիկ Հայք, որք ունին Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ մի հնաշէն եկեղեցի, որ գրեթէ ամայութեան վիճակի հասնելոյ չափ անշքացեալ է, հակառակ իւր գեղեցիկ դրից եւ 550 տարուան հաստատուն շինուածոյն: Ունին մի ծերուկ տիրացու, որ միտն ինկած ժամանակն կը գայ յեկեղեցին եւ անդ կաղօթէ թէ՛ քահանայի, թէ՛ տիրացուի եւ թէ՛ ժողովրդեան փոխան միանգամայն:
       Զէյնիս շինուած է լայն բլրոյ ը Հարաւային կողերուն վերայ եւ ունի գեղեցիկ տեսարանին հետ նաեւ ընտիր օդ, ջուր եւ խոտաշատ դաշտօրայք, որոնց վաղեմի Հայ տէրերն անհետացած եւ թողած են յայտնի հետքերը:
       Աստ մի փոքրիկ հանգիստ առնելոյ եւ մեր ցորեկուան ճաշն ընելոյ համար իջանք մի ընդարձակ սրահ, ո՛ւր ժողովեալ էին բաւական բազմութիւնք, յորոց մին էր իմ լեզուէն եւ իմ ազգութենէն, որ զիս հրաւիրեց յիւր տուն ինձ մատուցանել մի գաւաթ ԿԱԹ ‘ի պատիւ. փսեաթի մը վերայ բազմեցանք, որ տան պատուաւոր գորգն էր թանկագին, նա շատ հետաքրքիր կը լինէր իմ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ իսկական նպատակին վերայ, զոր իւրեան հասկանալի լեզուաւ բացատրեցի թէ երկրի կեանքն անձամբ սերտելոյ համար միայն կը թափառիմ եւ մանաւանդ ամեն տեսակ վտանգ սիրով յանձն առած՝ եկած եմ ‘ի մօտոյ ճանաչել Հայրենեացս նոր սերնդեան բարոյական վիճակը կրթական տեսակիտով, այսինքն տեսնել թէ Ձեր լաճեր (մանչ) գրել, կարդալ գիտե՞ն թէ ո՛չ: Զիս հիւրասիրող մարդոյ մազերն տարեաց թիւերէն ձիւնի նման ճերմկած էին, նման Սիմէօն ծերունւոյն, կը կռուէր մահուան դէմն եւ չէր ուզեր մեռնիլ մինչեւ որ ԹՈՌԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ տեսնայր: Յիրաւի ինքն մարմնով զառամեալ, այլ սրտիւ եւ մտօք առոյգ ու հեռատես էր: Ես տեսի նորա վերայ հազուագիւտ ձիրքեր, զոր շատ սիրելուս, իբրեւ իւր թոռնիկն, քաղցր համբոյր մի տուի իւրեանց ձեռաց, երբ իրմէն կը բաժնուէին: Ցաւ ինձ մեծ եղաւ, որ մի գիշեր իրեն հիւր չ’կրցայ լինիլ հակառակ իւր քանիցս թախանձանացն: Ըստ որում տեղէս նոյն օր մեկնիլ անհարժեշտ հարկ մի էր ինձ համար, երբ ի նկատ առնուէր ճանապարհաց անբնական երկիւղներն եւ ուրիշ ինչ ինչ տխուր դէպքեր, որք կրնային դիւրաւ գուշակուիլ մեր ընկերաց գոնէ վեհերոտ վիճակէն եւ անձորձութենէն:
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Մեկնեմք աստի ուրեմն դէպ ‘ի յԱրեւել եւ շարունակեմք մեր ՏԵՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ: Սոյն ուղղութեան մէջ կտրեցինք դարձեալ ընդարձակ եւ խոտաւէտ դաշտեր, անցանք մի քանի երկիւղալից ձորամէջերը, որոնցմէ ուղեւորաց կրած ահարկու տպաւորութիւնն, եթէ ըսեմք բնական են, կը մեղանջեմք երկնից առաջ. վերջապէս անվնաս հասանք ‘ի Սալախանայ գիւղն, որ Կասր գիւղէն 6 ժամ հեռու է: