Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼՈՒԽ Ա. ՏՐԱՊԻԶՈՆ ՔԱՂԱՔ
       Տրապիզոն կը գտնուի Սեաւ ծովու Արեւելեան Հարաւային եզերքը, Ասիական ափանց վերայ Թուրքիոյ ամենակարեւոր եւ վաճառաշահ քաղաքներէն մին է։ Շինուած մեծամեծ եւ ընդարձակ բլուրներու կողերուն վրայ. տուները քարաշէն խիտ առ խիտ եւ առ հասարակ երկայարկ ու մաս մ՚եռայարկ են նման Պօլսոյ շէնքերուն։
       Քաղաքին օդը խոնաւ եւ ծանր է, որ անվարժից գրեթէ անտանելի, միայն թէ ունի լաւ տեսարան եւ գեղեցիկ զբօսավայրեր, որք ըստ բաւականին կը քաղցրացնեն նորեկին բնակութիւնն։ Ամբողջ բնակչաց թիւն 4500 տուն է, կը բաղկանան Ա. Տաճիկ, Բ. Հայ, Գ. Յոյն, Դ. Հռոմէական, Բողոքական եւ այլ մասնաւոր տարրերէ։
       Քաղաքիս կրթական կողմն կրնայ ըսուիլ որ բաւական լաւ է. իւրաքանչիւր ազգայինք իրենց թուոյն համեմատ ունին եկեղեցի եւ դպրոց։ Աստ յիշատակութեան արժանի են Հայոց ազգային երկսեռ վարժարանի Տեսուչ - դասատու Սահակ Էֆէնտի Էթմէքճեանի անխոնջ ջանքերն։
       Առեւտրական վիճակն, բաղդատմամբ այլ քաղաքաց, աւելի բանուկ է, եւ Եւրոպայի վաճառականաց հետ ուղղակի յարաբերութեան մէջ։ Ներածութիւնք գրեթէ ամեն տեսակ ապրանք եւ բերք, իսկ արտածութիւնն է գլխաւորաբար եւ մեծ քանակութեամբ կաղին՝ որ շրջակայ տեղերէն կը հաւաքուի աստ։
       Տեղւոյս, ինչպէս առեւտուրն, նոյնպէս եւ սովորական արուեստներն բաւական զարգացման մէջ են։ Տրապիզոնի բոլոր բնակիչքն անխտիր վաճառական, մանր ու մունր առեւտրոց տէր, խանութպան եւ արհեստաւոր են։
       Ասկէ 5-6 տարի յառաջ աստ մի երկայն եւ գեղեցիկ նաւահանգիստ շինելոյ ձեռնարկած էին, որպէսզի շոգենաւներն այլեւս ծովուն վրայ բաց տեղ չ՚կենալով ուղղակի մատչին ՚ի նաւահանգիստն, ո՛ւր առանց ամենափոքր վտանգի դիւրութեամբ կրնային փոխադրուիլ. գործն, որ բաւական մեծ է, կիսով չափ յառաջ գնալէն յետոյ, բարձի թողի կը մնայ ց՚արդ։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Տրապիզոնէն մեկնելով ճանապարհնիս կ՚ուղղեմք դէպ յԱրեւելահարաւ մի երկայն հովտի մէջ, երկու կողմն ըստ մեծի մասին անտառոտ , զոր տեղացիք կ՚անուանեն Տէյիրմեն տէրէսի, ո՛ւր Արեւելքէն յԱրեւմուտս մի մեծ գետ կը վազէ եւ լայնաբերան գնալով կը թափի Սեաւ ծովը։ Սոյն գետն, որ Թաշան կը կոչուի, տարին մի անգամ յորդելով իւր եզերաց բաւական տեղ արտորայքը կը կոխէ եւ յետոյ գիւղացիք տեղատուութեան հողին վերայ նորէն կը ցանեն, որ իւր արգասաւորութեամբն Նեղոսի ափունքը կը յիշեցնէ ուղեւորաց։
       Վերոյիշեալ երկայն հովտին երկու կողմերն տարբեր կատարներով ու դիրքով անտառային լեռներէ սահմանուած են, որոնք կրնան նկատուիլ իբր երկու լերանց երկայն շղթայք, որոնց մէջ կան բազմաթիւ Տաճիկք եւ Յոյն, Լազ գիւղացիք, որք արդարեւ օրն ՚ի բուն ողորմելի բրիչներովն չարաչար կը մրցին բնութեան դէմն՝ չունենալով կանոնաւոր արտօրայք կամ երկիր. եւ վերջապէս իւրեանց քրտամբքն այդ քարոտ տեղերը կը դարձնեն յարգասաւոր երկիր, ո՛ւր կը ցանեն ցորեան եւ մանաւանդ եգիպտացորեն (լազուտ), որ իրենց մէջ ցորեանէն աւելի յարգ ունի եւ երբեմն հպարտութեամբ մը կը յիշեն թէ՝ «մեր լազուտն մեզ համար ամենէն արժանաւոր հացն է, վասն զի նորա սերմն ցանելոյ համար մշակելի եզներն, ուրիշ տեղերու պէս տաւարներ չեն, այլ մենք, մեր ընտանիք եւ մեր զաւակունքն են ». Կը ցանեն նաեւ տեղ տեղ ծխախոտ։
       Եզներով գետին վարելն շատ հազուագիւտ է, ըստ որում կենդանիք չեն կարող լուծին տակ ինքզինքնին բռնել այդ հակեալ երկրի սահուն պառիկներուն վրայ. սայլի գործածութիւնն արդէն բնաւ չ՚կայ։ Բնակիչքն հովտիս, ինչպէս յիշեցի, առ հասարակ ժրաջան են, այրն իւր կնոջ հետ զուգընթաց եզանց լուծը կը քաշեն ու կը քաշեն փոքրիկ արօրին առջեւը , չափահաս տղայքն եւ աղջկունքն զնոյն կ՚ընեն, իսկ փոքրերն կովեր եւ ոչխարներ կ՚արածեն։ Հնձոց ժամանակ որաները կռնակով ՚ի կալատեղ բերելոյ դատապարտուած են։ Ընտանիք ձգելով ՚ի պանդխտութեան գնալն ամենամեծ ամօթ եւ նախատինք է իրենց համար։
       Սոյն տողերը գրելովս մասնաւոր փափաքս է մեր ՀԱՅԱԲՆԱԿ գաւառաց պանդուխտ եղբարց ուշադրութիւնն հրաւիրել իրենց ընդարձակ ՀՈՂԻՆ ԵՒ ՋՐՈՅՆ վերայ, զորս անտէր թողած են։