ԳԼ.
Գ.
ՆՈՅԱՅ
ՏԱՊԱՆ
Ի
ՓԱԿԱԿԱՏՈՒԿ
Նախորդ
գլխոյ
մէջ
յիշած
Փակակատուկ
գիւղի
հիւրն
եմք
տակաւին:
Տեղէս
դեռ
չ’մեկնած՝
պատմեմ
սոյն
վերտառութեան
ենթակայն:
Երբ
աստ
ժամանեցանք,
գիւղիս
մէջ
փոքրիկ
հանգիստ
մ’առնլոյ
իջանք
Ռէս
(գիւղապետ)
Օհան
(Յովհաննէս)
անուամբ
լայնակուրծք,
որով
լայնասիրտ
եւ
միջահասակ,
թուխ
աչքերով
ու
մեծ
դէմքով
մարդոյն
նահապետական
տունը,
զոր
ես
ՆՈՅԱՅ
ՏԱՊԱՆ
կ’անուանեմ,
որ
աւելի
ճիշդ
կը
լինի
իւր
նշանակութիւնն,
վասն
զի
աչօքս
տեսի
եւ
ձեռօքս
շօշափեցի
թէ
արժանի
է
այդ
անուան
զմեզ
հիւրասիրող
Օհան
աղայի
տունն,
որոյ
կենաց
եւ
դրութեան
վերայ
կատարեալ
գաղափար
մը
կրնայ
ունենալ
ուշիմ
ընթերցողն,
որ
պարտի
գրածէս
աւելին
հասկնալ,
ըստ
որում
ջանացի
որչափ
կարելի
է
համառօտիւ
գրել
ըսելիքս
եւ
դրոշմել
միտքս:
Մտնեմք
մի
ընդարձակ
տունը,
որ
6
սեան
վերայ
շինուած
է,
որոյ
ներքին
շրջապատն
կային
7-8
ընդարձակ
սենեակներ,
որոց
դռներն
ներսէն
էին
բացուած
այդ
մեծ
տան
մէջ:
Ամեն.
Խրիմեան
Հայրիկն,
որ
տեղւոյս
Նոյայ
Տապանին
յատուկ
այցելութեան
եկած
էր,
առաջնորդուեցաւ
այդ
դարաւոր
շէնքի
տակը,
որոյ
կրկին
դարաւոր
միջնասեան
առջեւ
փռած
(պարզած)
էին
մի
պարզ
թաղիք,
որ
գտնուածներէն
ամենալաւն
էր,
որոյ
վերայ
նստաւ
ԵՐԿՐԻ
ՍԻՐԵԼԻՆ
‘ի
հանգիստ
եւ
կռնակն
հոգնութենէն
տուաւ
մեծ
սեանն,
եւ
ինքն
կ’երեւէր
մտահոգ՝
ընկղմեալ
ո՛
գիտէ
ի՛նչ
տեսակ
խորհուրդներու
ովկիանին
մէջ:
Այս
պահուս
ինձ
կը
մնայր
աւելի
դիտել
եւ
իմաստասիրել
երեւոյթներն
եւ
իրերը:
Այդ
քառակուսի
եւ
ընդարձակ
հացկերութի
ու
կերուխումի
տան
մի
անկիւնը
6-7
մանկիկներու
գիւղական
որորոցներ
կային,
յորս
անուշ
անուշ
քուն
կը
քաշէին
նոյն
գերդաստանի
ընտանեաց
նորածիններն,
աղջիկ
ու
մանչ
կլորիկ
մանկիկներն,
յորոց
անհանգիստները
փոքր
ինչ
խելահաս
այլ
աղջիկներն
կ’որորէին
շարունակ:
Տան
մի
այլ
անկիւնը
հաւկթատու
հաւերն
իւրեանց
ճուտերով
(ձագ)
ման
գալով
կը
կտկտային
(ձայն
կը
հանէին)
աստ
ու
անդ
ցրուեալ
հատիկներ
ժողովելոյ,
մի
քանիք
եւս
մի
այլ
կողմը
կողովներու
ներքեւ
բանտարկուած՝
յարդի
վերայ
թուխս
էին
նստած
(կօլօշկա)
լռիկ
եւ
մնջիկ,
քիչ
օրէն
նազելաթեւ
ՄԱՅՐ
լինելոյ,
թերեւս
այնչափ
թիւ
ձագերու,
որչափ
որ
իւր
թիւերն
կարող
էին
հաւկիթներ
ծրարելով
տաքցնել,
միւս
կողմէն
տան
մարդիկ
ու
տուարներն
մուտ
եւ
ել
կ’առնէին:
Սիւներէն
միոյն
առջեւ
տեսի
նաեւ
3
ճանապարհորդներ,
որք
անկշտօրէն
կը
ճաշէին
ճամբայ
ելնելոյ
համար
եւ
որք
չէին
տանս
տիրոջ
Ազգէն
եւ
արիւնէն:
Այս
ատեն,
որպէս
վերեւ
յիշեցի,
Սրբազան
Հայրիկն
տան
Մայր-սեան
կռնակն
տուած՝
ոգեւորեալ
զգացմամբ
եւ
յուզեալ
սրտիւ
կը
դիտէր
սոյն
Նոյայ
նոր
ՏԱՊԱՆՆ:
Նոյ
կամ
տանուտէրն
(ծերունի
պապիկն
կամ
մեծ
հայր)
եւ
Նոյեմզար
կամ
տանտիկին
(պառաւ
մամիկն
կամ
մեծ
մայր)
իւրեանց
հայրենասէր
հիւրը
անկշտօրէն
շրջապատած՝
կը
պատմէին
իւրեանց
լեզուաւ
իրենց
հինաւուրց
եւ
նորաւուրց
դիպուածները,
իսկ
միւսներն
մեծ
ու
փոքր,
մանչ
եւ
աղջիկ,
հարս
ու
փեսայն,
խոտաղն
ու
մշակն
ամենքն
միահամուռ
իրարանցման
մէջ
էին
մեծ
այցելուին
արժանավայել
պատիւ
մ’ընելոյ
նպատակաւ.
իսկ
ինձ
գալով՝
բարոյական
ցաւէ
մը
բռնուած
խիստ
կը
տանջուէի
եւ
դէմքս
ուրախ
չէր,
կաթիլ
մի
ջուր
խնդրեցի,
ազնիւ
մարդն,
երբ
ջուրը
բերաւ,
ինձմէ
ներողութիւն
կը
խնդրէր,
կրկին,
եւ
կրկին
կամէր
ասել
որ
“երանի՛
թէ
օղի
լինէր
իմ
տան
մէջ,
զոր
քեզ
տայի
այժմ,
որ
փորիդ
ցաւն
անցանէր”.
այս
խօսքերն
արտասանած
պահուն
անօթխածութենէն
շիկնած
էր
խեղճ
մարդն,
որ
իբրեւ
բնական
բժիշկ,
ինքնին
կը
գուշակէր
փորի
խիթ
մը,
եւ
դարձեալ
ինքնաբերաբար
կը
ճարէր
նորա
դարմանն,
զոր
իրմէն
բնաւ
չէի
խնդրած,
թո՛ղ
որ
չ’լինէի
գործածող
ոգելից
ըմպելեաց,
այլ
երբէք
չունէի
մի
խիթ
կամ
փորի
ցաւ
նիւթապէս,
իմ
մեծ
ցաւն
էր,
որպէս
յիշեցի,
բարոյապէս,
վերաբերող
մսեղէն
սրտի
մը
եւ
ազգային
սուրբ
զգացմանց,
զորս
չ’կարէր
ճանաչել
այդ
ազնիւ,
այլ
կարճամիտ
գիւղացին,
որոյ
պապն
ո՛
գիտէ
ի՛նչ
նեղութիւնք
ու
ցաւեր
տեսած
էր
պարսիկներէն
եւ
զորս
չ’կարէր
մոռանալ:
Վերջապէս
եկաւ
ժամն
եւ
հասաւ
վայրկեանն
ճաշի,
մամիկն
ազդարարեց
հաց
բերելոյ
եւ
բերին,
մենք
էինք
6
հոգի,
սակայն
բերուած
հացին
թիւն
46
էն
պակաս
չէր,
ընդ
որս
նաեւ
6
ահագին
ամաններով
ձուազեղ,
որոյ
վերայ
արդար
իւղն
լճի
նման
կը
ծփայր
ու
ալիք
կը
տայր
եզերաց,
բերին
նոյն
թիւ
ամանով
եւ
մածուն՝
վրան
գեղեցիկ
սէր
կապած,
ամենքս
թէեւ
լինէինք
երկայն
ճանապարհէ
եկած,
որով
եւ
քաղցած,
սակայն
աւելի
նայելով
կշտացանք
քան
թէ
ճաշելով,
զի
շատ
բնական
մի
բան
է,
որ
առատութիւնն
զմարդն
շուտով
կը
լիացնէ
եւ
իմ
արդէն
կեռիկ
(ախորժակ)
կապուած
էր:
Ի
վերջոյ
Ամեն.
Սրբազան
Հայրիկն
յոտնկայս
օրհնեց
այս
գաւառի
սոյն
նահապետական
գերդաստանն,
տունքն
ու
տեղիքը,
եւ
ապա
ոգեւորեալ
զգացումներու
ծանրութեան
տակը՝
վերջի
հրաժեշտնիս
տուինք
մեր
կենդանի
Նոյայ
եւ
իւր
Նոյեմզարին
ու
մեկնեցանք
իւրեանց
ՏԱՊԱՆԷՆ,
որ
նստած
էր
աստ
երկրի
վերայ
‘ի
Փակակատուկ
ջրհեղեղներէ
ազատուած,
եւ
ոչ
թէ
լերան
վերայ
ի
Մասիս
կղզիացած.
այս
մասին
մեր
Բարեխնամ
կառավարութեան
աղօթող
գտայ
զիրենք:
***
Մեր
ուղին
շարունակեցինք
Արեւելեան
Հիւսիսային
գծովն
ու
կտրելով
ահագին
դաշտեր
օդաւէտ,
խոտաւէտ
եւ
ջրաւէտ
եւ
3
ժամէն
հասանք
հետեւեալ
տեղին: