Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Զ. ԽՈՌԽՈՌՈՒՆԻՔ
       Սոյն գաւառն կը գտնուի նախորդի Արեւմտակողմն եւ այժմ բաժնուած՝ Արծկէ եւ Ախլաթ երկու գաւառակներու:
       Այս կրկին գաւառակներէն՝ Ախլաթու վերայ մեր Տեղագրութեանց Ա. ՄԱՍԻ երես 88-96-ի մէջ՝ խօսած լինելով՝ այժմ նկարագրեմք եւ համառօտակի տեղագրեմք զԱրծկէն եւ ապա մեկնիմք տեղէս ընդարձակել մեր ՈՃՆ, ողեւորելով դէպ ‘ի սիրուն եւ հրաշակերտ Մանազկերտ:
       ԱՐԾԿԷ (ԱՐՋԱՒԱԶ)
       Երկիրն լեռնային եւ բլրային է առ հասարակ, միայն ծովու եզերքներն դաշտային են եւ գեղեցիկ տեսարան մը կընծայեն աչաց հայելոյ. կլիմայն բարեխառն է եւ հողն խիստ արգասաւոր, շատ նուազ ջրարբի լինելով հանդերձ: Ունի պտղատու բազմաթիւ ծառեր, յորս առատ են ընկուզենիք եւ ծիրանիք:
       Սոյն գաւառն Վան-Տոսպայ կատարեալ ԱՄԲԱՐՆ կը համարուի, որմէ առաջուց առագաստաւոր նաւերն (որոց թիւն 100-ի կը հասնի) ամեն տարի ահագին քանակութեամբ ցորեան կը թափին Վանայ հրապարակին վերայ, ո՛ւր արդարեւ սով կը տիրէ, երբ Արճշու եւ մանաւանդ Արջաւազ գաւառիս ձիւնի նման ճերմակ ցորենի շեղջերն շարան շարան (կարգ կարգ) չը տեսնուին յաչս ժողովրդեան:
       Արեւելէն յԱրեւմուտ 10 ժամ երկայնութիւն ունի սոյն գաւառն եւ Հարաւէն ‘ի Հիւսիս 6-7 ժամ լայնութիւն:
       Խոռխոռունեաց սահմանն կարելի է այսպէս որոշել, Արեւելէն Արճէշ, Արեւմուտէն Բզնունիս, Հարաւէն Վանայ ծովն եւ Հիւսիսէն Ալաշկերտու գաւառ:
       Գաւառիս պարծանաց սարն է Սիփան լեռն, որ ունի ընդարձակ նստուածք կամ բազմաճղի յատակագիծ, բարձր եւ մշտնջենաւոր ձիւնապատ գագաթ, ո՛ւր ելնելոյ համար գոնէ մէկ օր պէտք է: Սոյն հսկայ եւ հրաբղխային լերան գլուխը 7-8 արտի մեծութեամբ լեռնադաշտ մի է, ուր կը լինի սաստիկ ցուրտ՝ նոյն իսկ վարդավառի ամենատաք եղանակին, Սիփանայ ձեան ջուրն վերի եւ վարի Սիփան կոչուած Հայ գիւղերու ջրաղացքներն կը բանեցնէ, եւ ջուր կը տայ բնակչաց, որոնք առանց Սիփանայ կեանք չ’ունին: Այս գիւղերն կը գտնուին լերան ծունկերուն եւ ոտքերուն վերայ:
       Արծկէի հետ Ախլաթ գաւառակն առնելով 140 գիւղ հաշիւ կը լինի, 30, 000 բնակչօք, յորոց 25, 000 Հայ եւ մնացեալքն Տաճիկ, Քուրդ եւ Չէրքէզ են:
       Արծկէի Հայոց գիւղերու թիւն 30-ի հազիւ կը հասնի, սակայն բազմաբնակութիւն եւ միանգամայն մազմամարդ են, բաղդատմամբ այլասեռ գիւղացւոց հետ: Հայ գիւղերու բնակութեանց միջին թիւն է 50, ամենքն ալ երկրագործ եւ շատ քիչ խառնաբնակ, Տարազգի գիւղերու բնակութեանց թիւն 3-10 միջին հաշուով, որք լեռնային կողմերն եւ ցամաքային եզերեքները կը գրաւեն. Հայերն կը բնակին մէջ տեղերը եւ ծովային եզերեքները:
       Գաւառիս Հայ գիւղերու վերայ տակաւին չ’խօսած նոցա անուանքն, իւրեանց հետաքրքրութեան համար, աստ կը նշանակեմ եւ ապա կ’անցնիմ նկարագրել եւ տեղադրել գլխաւորներն: Ահաւասիկ գիւղօրէից անուանքն Արջաւազ, Նորշնճիւղ, Կոճրէն, Վերին Սիփան, Վարի Սիփան, Կուզել, Խոռանց, Բարկատ, Առէն, Առէնջկուզ (առաջ կոյս), Վիճկացռուկ, Քարաքեշիշ, Արճրա, Բեշնագոմիր, Հէքաձոր, Նորշէն, Կեազուխ, Մանիկ, Մուրխուս, Հասկեօնտէրիկ, Անուշ-Աղբիւր, Խորանս եւ այլն:
       ***
       Երկրի Հայ ժողովուրդն արմտեաց մէջ ամենէն աւելի ցորեան կը ցանէ եւ տարեկանն (չավտար) խուրձերու կապոց շինելոյ համար միայն, ըստ որում ցորեան ցանել տարեկան ուտելն, կամ նոյն է ըսել, ճերմակ ցանել սեւ ուտելն ամենամեծ նախատինք համարուած է իրենց ընտանեկան շրջանակին մէջ “մարդ մը պէտք է որ վայելէ իւր աշխատութեան պտուղն”. ահա տիեզերական մի սկզբունք, որում Մշոյ աշխարհի գիւղացիք անծանոթ պէտք է եղած լինին. զի նոքա ճերմակ կը ցանեն եւ միշտ սեւ կուտեն. սորա պատճառին բացատրութիւնն գործոյս նպատակէն դուրս լինելով՝ ‘ի բաց կը թողում:
       ***
       Հայերն քիչ քանակութեամբ կը պահեն նաեւ ոչխար, իսկ Մահմետականք քիչ հողագործ եւ շատ ոչխարաբոյծ են, նման նախորդ գաւառի բնակչացն:
       Գաւառիս Հայք ամեն տարի 2000 քիլէէն աւելի ցորեան տասանորդ կը տան Կառավարութեան եւ կատարեալ հիւրասիրութեան տիպար կը կրեն տնով եւ տեղով: Արդարութիւն է խոստովանիլ որ Քուրդերէն ոմանք եւս սոյն օրինակ ազնուութենէ չեն զուրկ: Իւրեանց հողագործական արհեստն յար եւ նման է Արճշոյն: Լուսաւորութեան կայծ մ’անգամ այս կողմերու Հայոց միտքերուն այցելութիւն դժբաղդաբար չէ տուած. ամենքն են առանց դպրոցի, որով եւ առանց ԳՐԻ: Ամբողջ գաւառիս մէջ 3-4 հատ ծաղկոցներ հազիւ կան, որք չ’կայէն աւելի կարեկցութեան արժանի պատկեր կը կրեն:
       ԱՐՋԱՒԱՆԱՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԻՒՂԵՐՆ
       ԱՐՃԱՒԱԶ. Գիւղաքաղաք, որմէ ծնած է գաւառին անունն, ‘ի հնումն հին քաղաք եւ Խոռխոռունեաց ցեղի նշանաւոր տեղին էր, որ այժմ անշքացեալ է, ունի աւերեալ բերդ մը եւ նմանօրինակ մասնաւոր վայրեր, 70-80 աննշան կրպակներ, որք ամենամեծ մասամբ թրքաց ձեռքը կը գտնուին:
       Արջաւազ այս կողմերու առեւտրական կեդրոնատեղին է, տեսարանն շատ գեղեցիկ եւ ամեն տանց առջեւէն առատօրէն ջրեր կընթանան: Բնակութեանց թիւն 500-ի կը հասնի, յորս 30-40 տուն միայն Հայոց են, ողորմելի կացութեան մ’ենթարկեալ եկեղեցիովն եւ քահանայովն, դպրոց արդէն անուն չունի, զայս գիտնալով սրտիս ցաւէն թէեւ չէի ուզեր խօսք ընել, տեղւոյս նկատմամբ. սակայն երբ բնութիւնըն կամ լաւ եւս է ըսել արիւնն զիս ստիպեց եւ ես յանգէտս հնազանդիլ պարտաւորած՝ գրեցի:
       ԱՌԷՆ (առ Էն). - Ամենայն մասամբ նշանաւոր ի գաւառիս, ունի 150տուն Հայ բնակիչ, գեղեցիկ, այլ անզարդ եկեղեցի մը եւ ծաղկոց մը, ուր յոյս չ’կայ ծաղկի մը բացուելուն: Սոյն գիւղն միայնակ տարին 250 քիլէ ցորեանի տասանորդ կըտայ Տէրութեան: Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու մէջ Վանցի եւ Բաղիշեցի վաճառականաց թիւն գրեթէ գիւղի բնակութեանց թուոյն կը հաւասարի, որք ապրանք եւ մրգեղէնք բեռներով կը բերեն եւ նաւերով ցորեան կը տանին ց’վերջ սեպտ. ամսոյն:
       Գիւղիս համայն բնակութիւնք, մէկ լայն խորի նման, փոս աղբիւրէ ջուր կը խմեն: Աստ տգիտութիւնն շօշափելի է ամեն կողմանէ, եթէ մխիթարական մի կողմ ունին այլ եւս երիտասարդաց աշխոյժ եւ կորովն է:
       ԿԵԱԶՈՒԽ. - Ունի 100 տուն, նման առաջնոյն, կըտան “զԿայսերն Կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ” ու այսպէս կառավարութեան ամբարները կը լեցնեն մեր Կեաղուխի մշակներն. տեղւոյս ընտիր է նաեւ գարին, որոյ հացն ցորենի հացէն շատ դժուարաւ կրնայ որոշուիլ:
       ԿՈՃՐԷՆ. - Վարի Սիփանի քիչ մը վարօք` Վանայ ծովու անմիջական եզերքը: Ունի 50 տուն Հայ եւ նման է նախորդ գիւղին:
       Սքանչելագործոյ վանքն, շինուած Սիփանայ մի կողին վերայ՝ սքանչելի տեսարանաւ, ըստ աւանդութեան այս վանուց մէջ կը պահուի Քրիստոսի մանկութեան ժամանակի լուացման դաշտի մի փոքրիկ մասն, որում աղօթիւք կը դիմեն երբ երկիրն բնութենէն պատժուի ժանտախտով, ծաղկի կամ այլ հիւանդութեամբք:
       Արջաւազ գաւառի եզերաց տարասեռ գիւղերէն զատ, մի քանիք եւս մէջ տեղերը կը գտնուին: Գաւառն կը պատկանի Վանայ կուսակալութեան:
       ***
       Այսչափ հերիք սեպելով` շարունակեմք մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ: Մեզ կը պատահի Սարի սու կոչուած գիւղն, որոյ անուամբ յորջորջեալ ընդարձակ, այլ ամայի դաշտօրայք կտրելով կը ժամանեմք ‘ի Տաշկըն՝ քուրդ գիւղակը, ոյր սահմաններն ածխային առատ հանգեր պակաս չեն. բայց անգործ ու անօգուտ կը մնան ծածկեալ հողին տակ՝ բնական այդ հարստութիւնքըն: Սոյն գիշերը իջեւանեցանք Սիփան լերան մի ստորոտը գրեթէ բացօթեայ եւ ամայի տեղւոյ մը մէջ, ուր որպէս յիշեցի, մինչեւ առաւօտ փոխան անուշ քուն քաշելոյ, հոգինիս քաղելոյ վերայ էինք:
       Դաշկըն գիւղի մէջ կը բնակին մի քանի տուն Քուրդ, որք “շկակ” կ’անուանին: