Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Լ. ԿԱՐՆՈՅ ԴԱՇՏԻ ՎԱՆՕՐԱՅՔ
       Ա. ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ. - Կը գտնուի Կարնոյ Արեւելահիւսիս եւ անկէ 11/4 ժամու չափ հեռու, մերձ Մուտուրկա կոչուած գիւղին (ոյր վրայ խօսուած է): Գմբեթաւոր սոյն մենաստանն կառուցեալ է բարձր բլրոյ մը կողին վերայ, որ Կարնոյ դաշտի Արեւելեան գօտեւոր լերանց միոյն գրեթէ պորտ կը համարուի, շինուած է սրբատաշ քարերէ, ունի գեղեցիկ տեսարան եւ բաւական ծառաստան, զուարճալի վայրերովն: Վանքէն 2-3 քարընկէց հեռաւոր փոքրիկ ջրվէժ մի կայ, որ խշրտուքով մը վար թափած ատեն աղմուկ կարձակէ, սոյն ջրվէժն տեղացիք “գոշ գոշ” կանուանեն, որոյ մօտակայ մի յարմար տեղը աւազան շինուած է ամառ եղանակին մէջ լողանալոյ համար: Վանքն համայն Կարնեցւոց ուխտատեղին եւ միանգամայն զուարճավայրն է:
       Կաւանդեն թէ երբ Տրդատի հրամանաւ մեր սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը տարուի յԱրտաշատ քաղաքն հոն խոր վիրապի մէջ ձգելոյ, այս կողմէն ճանապարհորդած լինելով՝ մի գիշեր աստ կիջեւանի, ետքէն բարեպաշտ քրիստոնէայք յանուն նորա (Լուսաւորչի) շինել կըտան զայս մենաստան եւ ‘ի յիշատակ խոր վիրապին գուբ մ’ալ փորել կըտան. սոյն գուբն այժմ կը տեսնուի եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ, 2 մեթր խորութեամբ:
       Ի Հնումն Կարնոյ Առաջնորդանիստ տեղին եղած է այս վանքն:
       Բ. Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ կամ ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՆՔ. - Կարնոյ Հիւսիսակողմն 3 ժամու հեռաւորութեամբ: Սոյն մենաստանն երկրաշարժէ շատ փոփոխութիւնք կրած եւ ապա վերաշինուած է. այլ ոչ այնչափ հոյակապ, որոյ առաջին հիմնարկութիւն մեծն Ներսէս Հայրապետին կընծայեն եւ աւանդութիւն կըսէ թէ “Մեծն Ներսէս Հայրապետ իւր ճգնարանին մէջ (Հինձք գիւղի գերեզմանատան եզերքը՝ որ վանքէս շատ հեռու չէ), կը տեսնէ յերազի զՏիրամայրն Աստուածածին ծիրանազգեստ, այս պատճառաւ յանուն Աստուածածնայ կառուցանել կըտայ այս Մենաստան” որմէ 20 վայրկենի չափ հեռու կը գտնուին Հռիփսիմեանց քարայրք (բաղկացեալ 2-3 քարանձաւներէ), յորս սուրբ կուսանք աղօթիւք ժամանակ անցուցած են երբեմն. այս տեղերը կան ընտիր ջրեր, հին եւ նուիրական աւերակաց նշաններ եւ գերեզմանք:
       Դ. Ս. ԽԱՉԿԱՅ ՎԱՆՔ. - ‘Ի Հիւսիսակողմն քաղաքին եւ անկէ 4 ժամու չափ տարակայ:
       ***
       Կարնոյ յիշեալ երեք վանքերն թէպէտեւ ունին ընդարձակ արտօրայք եւ մարգօրայք, ու մասնաւոր եկամուտներ բարեպաշտ ուխտաւորաց երթեւեկութենէն, այսու ամենայնիւ գաւառիս բարոյապէս օգուտ մը տալոյ վիճակի մէջ տակաւին չեն գտնուեր դժբաղդաբար, միայն 21 ց’արդ կը պահպանուին, որով ամայանալոյ ամենաողբալի կացութենէն փրկուած են: Գոհ եմ ասել որ այժմ այդ վանքերն կը պատկանին Կարնոյ մեր Ազգային Գաւառական Վարչութեան ուղղակի իրաւասութեան, որով եւ տրամադրութեան ներքեւ, եւ Գեր. Առաջնորդ՝ Հայր Օրմանեան զայնս իւր խնամոց յատուկ առարկայ ընելով՝ Վարչութեան հետ իմաստուն եւ օրինակելի որոշումն ըրած են, զոր աստ մի քանի տողով կ’ամփոփեմ “այդ վանքերու եկամուտներն հաւաքել եւ զայնս տնտեսագիտական բարւոք վիճակի մը մէջ դնել, որոնցմէ գոյացած եկամուտովն մի ընծայարան բանալ Աստուածածնայ Կարմիր վանուց մէջ”, ո՛ւր ծաղկեցնել զյիշատակն եւ պսակել զնպատակն Մեծին Հայրապետին Ներսիսի, ում կ’ընծայեն արդէն սոյն վանուց նախնի կառուցումն, զոր վերեւ յիշեցի: Աստ պարտք կ’զգամ հրապարակաւ գովել ամեն անոնք, որք մղում կը տան ‘ի կատար հանելոյ զայդ գործն, որ ընդարձակ գաւառիս Հայ գիւղացւոց մտաւոր խաւարն փարատելոյ ունի ճշգրիտ բնութիւն մը եւ այս է շահն Ազգային եւ շահն Կառավարութեան, զորս իրարմէ կը նկատեմ միշտ անբաժան: Եւ միթէ բնական չէ՞ եւ չե՞մք տեսներ ամեն օր՝ որ երբ Երկնից Արեւն, յառաւօտեան պահուն, իւր լուսատու դէմքն մեր Աշխարհին ալ ցոյց տալով՝ հոն թագաւորած խաւարն անմիջապէս տեղի կը տայ եւ դարձեալ ո՛վ տեսաւ զայդ Արեւն, որոյ ծագած լոյսն նախ լերանց բարձունքներէն չ’սկսէր եւ հետզհետէ չ’ծաւալէր իրմէն ցածր (խոնարհ) տեղերը եւ մինչեւ իսկ իւր ստորոտը. ահա մի բնական, որով անժխտելի օրինակ, որոյ մէջ ամեն կեդրոնական քաղաքներն (զորս մենք լերանց գագաթներուն նմանցուցինք, որպէս եւ գիւղերն՝ նոցա ստորոտներուն), իւրեանց բաժինն եւ պարտականութիւն կրնան տեսնել, վերաբերութեամբ մեր գիւղացի մանկանց լուսաւորութեան եւ կրթութեան գործին:
       ***
       Կարնոյ մերձ, կէս ժամ հեռու, “Ապտրահման ղազի” կոչուած ուխտատեղի մի կայ, որ կանոնաւոր մատուռ մի է քարուկիր, որոյ մէջ կայ գերեզման մը, որ կը գտնուի Մահմետականաց ձեռքը, մեր Հայերն եւս յարգանք կընծայեն այդ դամբարանին, ոյր նկատմամբ կը հաւատան լինիլ, “Հայ նահապետի մը գերեզման” սոյն կէտն թէ ի՛նչ աստիճան ստոյգ է, վաւերական բան մը չ’կայ:
       Կարնոյ եւ իւր շրջակայքը ց’արդ պէտք եղածին չափ հնախուզական հետազօտութիւնք չէ եղած եւ ‘ի նուրբ խուզարկութեան բազում յայտնութիւնք յուսալի են: