Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԱ. ԱՊԱՀՈՒՆԵԱՑ ԿԱՄ ՀԱՑԵԱՑ ԳԱՒԱՌ (Պուլանըխ)
       Տուրուբերան նահանգի սոյն կարեւորագոյն գաւառն երկու գաւառակներու բաժանեալ է. Ա. Վերին Պուլանըխ, Բ. Ներքին Պուլանըխ: Երկու մասն ‘ի միասին առնելով դաշտային է. նոյնպէս ունի պատուական կլիմայ, լաւ ջուր եւ արգաւանդ հող, որ առ հասարակ թխագոյն է եւ ջրարբի: Գիւղերն ընդհանրապէս սիրուն տեսարաններէ չեն զուրկ, թէեւ չ’լինին ծառաստան. դուն ուրեք կը տեսանին ուռենիներ, որոց շուքն ամառ ատեն երթեւեկ հիւրերուն անգամ անբաւական է: Պատուական մարգերէ եւ արտերէ շրջապատեալ են գիւղերն, որոնք ունին նշանաւոր հացատէրեր, ազնիւ եւ հիւրասէր, սիրտերնին բաց, սեղաննին առատ, աչքերնին կուշտ եւ վեհանձն են բնաւորութեամբ: կարգին կը յիշեմ մի քանի գլխաւոր անձնաւորութիւնքն այս կողմերուն: )
       Հացեաց գաւառակներու բարեբերութիւնն ինձ իրաւունք կը տայ, որ զայնս ՆՈՐ ՇԻՐԱԿՆԵՐ անուանեմ, զորս հեռաւոր լեռներէ եւ մասամբ լեռնագօտիներէ սահմանեալ կրնամք նկատել:
       Լերանց մէջ նշանաւոր են Կուլիպապան եւ Պլեճան լերինքն, երկուքն ալ անտառոտ, առաջինն աւելի հաստ փայտեր կը մատակարարէ քան թէ երկրորդն, այս կողմերու գիւղական շէնքերու ծածքերն կը պատրաստուին յիշեալ լերանց անտառներէն:
       Ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործ է, կը պահեն նաեւ ոչխար եւ ոմանք ընտիր ձիեր, որոնց կռնկին վրայ հեծնողներն նշանաւոր են ձիարշաւի արհեստին մէջ: Եփրատէս սիգաճէմ կ’անցնի գաւառիս մէջ տեղէն:
       ***
       Սոյն գաւառակներն կը պարծին իւրեանց աւետիկ (ցորենի ընտիր տեսակն) ցորենի կլոր հատիկներովն, որովք կը սնուցանեն անթիւ ճանապարհորդք, առանց կրօնի եւ ազգութեան մէջ խտիր դնելոյ: Երթեւեկողաց կողմանէ հատուցումն լոկ շնորհակալութենէ մը միայն կը բաղկանայ, այն եւս եթէ տալ յօժարին, զի խիստ շատերն կը մոռնան այդ արդարացի եւ մարդավարի պարտականութիւնն:
       Ահա մի տարօրինակ ու հակապատկեր երկու նման օրինակ էակաց մէջ՝ կերողին եւ կերցնողին մէջ. մին իւր ճակտի քրտանց կաթիլներու եւ անոր արդեանց համար տումար բռնել իւր պապերէն չէ տեսած եւ ոչ ալ իւր լուսահոգի քահանայ-վարժապետէն բան մը լսած եւ կամ դաս մ’առած այդ մասին. միւսն կը զլանայ մեծ հոգիներու առջեւ գոհութեան բառ մ’արտասանել. սնանողի լեզուն կը հոգնի խօսք մ’ըսել, որ արդէն փորը տմպլկցուցած (ագահաբար փորը կշտացուցած) է, իսկ սնուցանողին ոչ բազուկներ հոգնիլ գիտեն եւ ոչ իւր ժրաջան եզներն, որոց վերայ երկրագործելոյ պահուն արգոսեան աչօք կը նայի գիւղացին, կը գուրգուրայ եւ կը փայփայէ իւր ոգեւորիչ ձեռամբ եւ առ այս իրաւունք ունի մեր գիւղացին. վասն զի այդ կենդանիքն կը կազմեն գիւղացւոյն ԿԵԱՆՔ:
       Վերոյիշեալ ընդհանուր տեղեկութիւնքն տալէս յետոյ կ’անցնիմ մանրամասնօրէն նկարագրել նոյն գաւառակներն իւրեանց առաջնութեան կարգաւ: