Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԴ. ՆԵՐՔԻՆ ՊՈՒԼԱՆԸԽ
       Այսուհետեւ մեր Ուղեւորութիւնն ‘ի Ներքին Պուլանըխն է, որ կը գտնուի վերջնոյն Արեւմտեան հարաւակողմն եւ անոր չափ հորիզոնական դիրք չ’ունի:
       Ապահունեաց գաւառի սոյն մասն 10-11 Հայ գիւղեր կը պարունակէ, որոց բնակութեանց միջին թիւն Վերին Պուլանըխի գիւղերու միջին թուոյն կը հաւասարի գրեթէ. մենք խօսիմք կարգաւ իւր կեդրոնական համարուած գիւղէն սկսեալ:
       ԼԻԶ. - Սոյն գիւղն շինուած է Վարդ գետոյ առընթեր, 4-5 քարընկէց հեռու դէպ ‘ի յԱրեւմուտ, ցածր այլ ընդարձակ բլրոյ մը վերայ. ունի 180-200 տուն բնակիչ մեծագոյն մասամբ լաւ նիւթական վիճակի տէր, որք ունին յանուն Ս. Աստուածածնայ կառուցեալ հնաշէն եկեղեցի մը, դրիւք ողորմելի որպէս եւ շինութեամբն. կայ երկու քահանայ: Ուրախ եմ ըսել որ տեղական ջահից շնորհիւ կոփածոյ քարերէ վարժարան մի շինուած է, միայարկ, որուն նման գաւառիս մէջ չ’կայ:
       Գիւղիս մէջ Միաց. Ընկ. նախակրթարան մի ունի, որ կը հոգացուի ծախիւք “Բարեգործական ընկերութեան”, որմէ տարեկան 50 ոսկի կը վճարուի Միացեալին:
       Լիզ գիւղի մերձ Վարդ գետակի եզերքը կը տեսնուի ամենապատուական տեսարան մը, մանաւանդ շատ հետաքրքրական է տեսնել գիւղի տղայոց ձկնորսութիւնն նոյն գետոյ մէջ, որոյ ձկունք թէեւ լինին քիչ եւ փոքրիկ, այլ շատ համեղ են: Գեղացիներէն շատերն եւս պարապոյ ժամերու մէջ ձկնորսութեամբ ժամանակ կ’անցունեն, իրիկուան կամ ցորեկուան համար մասնաւոր ճաշիկ մը պատրաստելոյ. ուղեւորի մը համար մեծ հաճոյք է աստ մի քանի ուռենեաց շուքերու տաւ ամառ ատեն հանգչիլն:
       Լիզ իւր մերձակայ սահմանին մէջ ունի, շինութեան համար, ընտիր քարեր, որոնք քանակութեամբ թեթեւ եւ ծաւալով մեծ են ու միանգամայն դիւրատաշ:
       Աստ գայմագամ կը նստի՝ Մշոյ միւթէսարֆութեան ներքեւ:
       ԱՊՐԻ. - Լզայ յԱրեւելահիւսիս 11/4 ժամ անկէ տարակայ. ունի 75-80 տունք, յորոց կէսն Հայ է եւ մնացեալն Քուրդ: Հայք ունին անշուք եկեղեցի մը եւ լաւ քահանայ մը, որոց շնորհիւ գիւղացւոց մանուկներն կը նախակրթուին գոնէ պարզ ընթերցանութեամբ մը:
       Տեղւոյս այլակրօնքն շեխ անուամբ կը կոչուին թէեւ ամենքն ալ գլուխնին ճերմակ կապած չ’լինին եւ կարդալ ու գրել չ’գիտնան:
       Սոքա 10-12 տարի յառաջ Կառավարութեան տուրք չ’տալէ զատ, ոմանք իսկ տէրութենէն յատուկ եկամուտներ ունէին, ինչպէս եւ ժողովուրդէն, այժմ այդ սովորութիւնն վերցուած՝ կը գտնուին Բարեխնամ Տէրութեան ազդեցութեան ներքեւ ուղղակի:
       Տեղւոյս կարդացւոր շեխերէն միոյն տան մէջ օճախ անուանեալ քար մի կայ որպէս թէ “լինի գերեզման Մամբրէ հովւոյն”, որ Մանեայ այրին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մարմին գտաւ եւ բերելով Թորդան աւանը թաղեց: Յիշեալ գերեզմանի անուամբ թէ՛ Հայք եւ թէ՛ Քուրդք երդում կ’ընեն եւ ուխտի կըգան, իբրեւ սրբոյ մը յարգելի գերեզմանի. ուխտաւորաց նուէրք՝ ինչ որ ալ լինին՝ կը պատկանին բարեխրատ կամ կարդող շեխին: Գիւղիս Հիւսիսակողմն քարահանք մի կայ, յորմէ ջրաղանցքի քարեր կը հանեն շրջակայ գիւղօրայքն:
       ***
       Զատ զարմանալի մի բան է տեսնել որ տեղւոյս մերայինք, ոչխարի հանգոյն բաժնուած են 4 շեխերու վերայ, որոց շնորհիւ երբեմն արտաքին նեղչաց դէմն կը պաշտպանուին, եւ այս առթիւն, որպէս վերիւ ակնարկեցի, պաշտպանեալքն եւս տարին 2-3 անգամ տօներուն տիարի անուամբ պարգեւներ կը տանին իւրեանց տէրերուն: Քրդականքն քիչ գործ ունին հողին հետ, իսկ Արմենականքն երկրագործութեամբ կ’ապրին, առանց որոյ ապրիլն արդէն չ’գիտեն:
       Ապրիի Արեւելեան Հիւսիսակողմն կայ “Կարմիր վանք” ըսուած աւերակ մը, ուր Հայեր ուխտի կ’երթան, որ կը թուի լինիլ “Թիլ աւանն”: Գիւղիս Հարաւային կողմի աւերակներէն կը հանուին երբեմն խաչաքարինք:
       Աստ ժամանած պահուս տեղւոյ մեծ Շեխերէն մին զիս հիւրասիրեց եւ իրարու հետ խօսեցանք իմ զգացմամբ, այլ իրեն լեզուաւ, որ պարսկերենով մասամբ մը խառն լինելով՝ աւելի կը հասկանայի եւ քիչ կրնայի խօսիլ, դա խելօք ծերուկի մը յաջորդն էր եւ իւր նախորդի կտակն պահած, որ ըսած է թէ “երբ ոչխարի մը կաթն կուտէք՝ ձեզ պարտք լինի զայն պաշտպանել պատառիչ գազանաց դէմն եւ այս ոչ թէ առաքինութեան համար, այլ աւելի ձեր շահին համար, որ տարիներէ ‘ի վեր կը շարունակի եւ “նուիրական” մի բան դարձած է, եւ արդէն ո՛ր ազգի մէջ այդպէս նուիրական դարձած բան մը չ’յարգուիր”. ահա իւր տրամաբան հետեւութիւնն, եթէ կարելի է այսպէս ասել:
       ԲԻՕՆՔ. - Սոյն գիւղն ունի 60 տուն Հայ, 30 տան մօտ եւս Քուրդ, որոց գլխաւորն է Միրզօ անուն ականաւոր Քուրդն, ում մի քանի ժամ հիւր լինելոյ առիթ ունեցայ եւ քանիցս ինձ կրկնեց առ տեղական Հայ գիւղացիս իւր ունեցած համակրանքն: Աստ Հայք ունին անզարդ, այլ սիրուն եկեղեցի մը կառուցեալ յանուն Ս. Գէորգ զօրավարին…:
       Տեղւոյս տգէտ քահանայքն են գլխաւոր պատճառ դպրոցի չ’գոյութեան, ըստ որում ժողովուրդն նիւթական բարւոք կացութեան հետ ունի նաեւ եռանդ եւ սէր առ ուսումն եւ դաստիարակութիւն:
       Վերոյիշեալ Քրդապետն, որ գիւղիս գրեթէ բացարձակ պետ է, ունի հիւրասէր բնաւորութիւն մը եւ միշտ հրամայելոյ փափաքն, զոր կը լեցնէ տեղացի հրամայեալներուն վերայ. ունի նաեւ գիւանագիտական տաղանդ մը:
       ԱՏԿՈՆ. - Լիզ գիւղի Հարաւակողմն, բնակութեանց թիւն է 93, յորմէ 90 տուն Հայ եւ 3 տուն Քուրդ են, Հայք ունին ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ եկեղեցի մը եւ երկու քահանայ. նոյնպէս նախակրթարան մը եւ երիտասարդ դասատու մը՝ զարգացման գոհացուցիչ վիճակի մէջ, որմէ պիտի օգտին անշուշտ տեղւոյս նոր սերունդն. գիւղացիքն մեծագոյն մասամբ ՀԱՑԻ տէր են, միայն թէ 3-4 տարիէ ‘ի վեր 24 տուն Չէրքէզ եկած է հոս: Չէրքէզներն տեղւոյս ամենէն աւելի խոտաւէտ տեղերն գրաւած են, որով այս կողմերու մեղուաան գիւղացւոց խաղաղութիւնն փոքր ինչ վրդոված:
       ԿՈՂԱԿ. - Գիւղս ունի 90 տուն բնակիչ, յորմէ 40 տուն Հայ եւ 50 Քուրդ են: Հայք կոփածոյ քարէ հին եկեղեցի մ’ունին յանուն Ս. Աստուածածնայ, կառուցեալ երեք խորանաւ: Եկեղեցին կը թուի լինիլ լուսաւորչաշէն եւ դպրոց “Աստուած տայ”: Կողակէն 20 վայրկեան հեռու բաւական բարձրութեամբ լեռ մի կայ, զոր տեղացիք կ’անուանեն կռէքներ (յոյներ), ոյր գագաթան վերայ կը գտնուի մի մատուռ, որում կը դիմեն յուխտ Հայոց հետ նաեւ Մահմետականքն: Գիւղս ունի պատուական տեսարան, ընտիր արտօրայք, խոտաւէտ մարգեր եւ ‘ի պսակ ասոնց առատաջուր է:
       Խօշկելտի. - Լզայ յԱրեւմտեան կողմն 1 ժամ հեռաւոր. ունի 94 տուն Հայ եւ մի քանի եւս Քուրդ: Հայոց եկեղեցին է ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ անուամբ, շինուած սեւ քարերէ, կառուցման չիք թուական. բայց շատ հին չէ: Ունին նախակրթարան մը, 40 աշակերտով եւ մի ազնիւ դասատու բաւական զարգացեալ վիճակաւ: Տեղւոյս մերայնոց նիւթականն բարւոք է: Նահապետական մեծ տունն է գիւղապետ Յովհաննէս աղայի տուն, որուն պարծանքն է տան աւագ զաւակ՝ Մարտիրոս աղայն: Շատ մխիթարական եւ օրինակելի բան է տեսնելով տեղւոյս գիւղական ընկերութիւնն կազմեալ “բարեշաւիղ” անուամբ, որ նախակրթարանիս 40 ուսանողաց աղքատ մասի դպրոցական պիտոյքն կը մատակարարէ:
       Գիւղիս նախակրթարանին այցելութիւն տուածս պահուն անհուն բերկրութեամբ սիրտս լեցուեցաւ, երբ տեսի իւր նոր սերնդեան յուսալից ապագայն եւ կլորիկ ու մլորիկ մանուկներ, որք հաւաքուած էին պարկեշտ դասատուի մը հսկողութեան ներքեւ, լռիկ ու մնջիկ ԿԸ ԳՐԷԻՆ եւ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅԻՆ, որով մի օր անշուշտ պիտի լինին երջանիկ…:
       Գիւղիս առջեւէն կ’անցնի բաւական քանակութեամբ ջուր մը, որ կը գեղեցկացնէ տեղւոյս բնութիւնն. այդ գետակն “բարձր սար” ըսուած լեռնէն կը գայ եւ երթալով կը խառնուի Եփրատայ Արեւելեան ճիւղին հետ: Մեր գիւղապետ Ռէս Յովհաննէս աղային իմ շնորհակալութիւնն յայտնելով՝ նոյնպէս գոհութիւն իւր հացալից սեղանին, որ կը գոհացնէ ամեն օր բազմաթիւ երթեւեկողք, մանաւանդ տարասէռ ցեղերէ եղողքն, որոց վերջնական փոխարինութիւնն առ տանուտէրն այս է. “Խոտէ մալատա ավակէ” (Աստուած տունդ շէն պահէ). կամ “Խոտէ ըշտա ռազի պըտ” (Աստուած քենէ գոհ լինի). առ այս տանուտէրն կը պատասխանէ. “սէր սէրան, սէր ճավան հատի” (իմ աչաց եւ իմ գլխին վերայ եկար): Այս կողմերը ինչպէս նաեւ Հայաբնակի այլ գիւղօրայքը, այս օրինակ պարագայից մէջ խօսք կ’ուտան փոխանակի դրամի: Տեղէս մեկնելով գնամք հետեւեալ գիւղը.
       ԱԿՐԱԿ. - Ունի 50-55 տուն խառն բնակիչք, Հայկականքն ունին եկեղեցի եւ քահանայ, առանց նախակրթարանի կամ ուսման ՍԱՏԱՐԻ: Գիւղիս Հարաւային կողմէն կ’անցնի Եփրատէս, իսկ Արեւմտեան հիւսիսակողմն Խալիլ-պապա կոչուած անտառոտ լեառն, որ բաւական քանակութեամբ փայտեր կը մատակարարէ անփայտ Պուլանըխցւոց: Սոյն լերան վերայ “սուրբ” ըսուած տեղի մի կայ, ուրկէ աղբերակ մը կը բղխի, որոյ շրջապատի ծառերն չեն կտրեր. վասն զի “սուրբն կը բարկանայ եւ կտրողն չ’կրնար անվնաս մնալ, որպէս օրինակներ տեսնուած է” կ’աւանդեն:
       ՇԷԽ-ՎԱԼԻ. - Շատ հեռու չէ Խօշկելտիէն. ունի 50 տուն բնակիչ, կիսով չափ Քուրդ: Հայք ունին եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ ԴՊՐՈՑ “Աստուած տայ” ու այսպէս նախանձելի դիրք մը չունին եւ ոչ իսկ մխիթարական մի կողմ:
       ԲՐԳԱՅ-ՇԷՆ. - Բնակութեանց թիւն է 40, մեծագոյն մասամբ Հայ, որ ունին իւրեանց աղօթատեղին եւ աղօթող քահանայն՝ կրօնական պիտոյից մատակարար, դպրոց ոչ կայ եւ ոչ իսկ մէկի մը մտքէն կ’անցնի դորա ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ: Տեղւոյս պարագայքն, կարճիւ խօսելով, շատ տխուր են…:
       ***
       Ներքին Պուլանըխէն ‘ի Մուշ գնալոյ համար գլխաւորաբար երկու ճանապարհ կայ, շարունակող դէպ ‘ի Հարաւ, մին է Պոստաքենտու ուղին, որ Լիզէն 4 ժամ կը տեւէ եւ միւսն Հասան-Կորանի ճանապարհ, որ առաջնոյն յԱրեւելակողմն կը գտնուի:
       ՊՈՍՏԱՔԵՆՏ. - 50 տուն, շինուած ընդարձակ բլրոց կողերուն վերայ եւ կը կազմէ մէջ տեղի սահմանն Մշոյ եւ Ներքին Պուլանըխի: Ժողովուրդն կը գտնուի անյոյս եւ անտարբեր վիճակի մէջ. իւրեանց հետ կ’ապրին մի քանի տուն Քուրդեր: Հայք ունին քահանայ մը խիստ վարժ ձի հեծնելոյ եւ անվարժ ընթերցման մէջ. եկեղեցին քանդած են եւ հնոյն հիմանց վերայ շինելոյ կ’աշխատին. սակայն երկու տարիէ ‘ի վեր պարիսպներն կիսաշէն կը կենայ եւ խեղճ քահանայն մի տնակ ԵԿԵՂԵՑԻ՝ եւ մի հացի տաշտ ԱՒԱԶԱՆ ըրած՝ կ’աղօթէ եւ կը մկրտէ զերախայս. դպրոց արդէն անհրաժեշտ է եւ չունին, թէպէտեւ իրենք զայն ունենալ կը փափաքին. առ այժմ թող այս լինի մեր մխիթարութիւնն: Տեղէս կրկին դէպ ‘ի Հարաւ երկու ժամուան տեւողութեամբ անտառոտ բլուրներ, ընդարձակ ձորեր կտրելով կը հասնիմք Ապըլպուհարայ երկայն եւ նեղ ձոր, ահարկու եւ երկիւղալից ‘ի բնութենէ…: Այս կողմերը մի քանի փոքրիկ գիւղեր կան քրդական. սոյն երկայն լեռնահովիտն 3 ժամէն աւելի կը տեւէ, որոյ Հարաւային գլուխը համանուն Հայ գիւղն է, յորմէ զիւր անունն առած է:
       ԱՊԸԼՊՈՒՀԱՐ. - Այս գիւղն, որ Մշոյ աշխարհին կը պատկանի, կը նայէ նորա լայնածաւալ դաշտի վերայ. ունի 25-30 տուն Հայ, պարզ եկեղեցի մը եւ պարզագոյն քահանայ մը, դպրոց ունին ոչ, իրենք շատ հիւրասէր են:
       ***
       Ապըլպուհարայ մերձ է Ցրօնք անուանեալ պատմական գիւղն, ո՛ւր կայ 200 տուն զուտ Հայ. ունին եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոցին գալով, ‘ի հարկէ մի օր Աստուած պիտի տայ ռահմ (գութ) ձգելով անկ եղած սիրտերու մէջ, որք անուանապէս մօտ կը գտնուին եւ իրապէս շատ եւ շատ հեռու:
       ***
       Ներքին Պուլանըխէն դէպ ‘ի Մուշ տանող սոյն գծի նկարագիրն աւարտած լինելով՝ մեզ համար արդէն կեդրոն ընտրած Լիզ գիւղէն սկսեալ խօսիմք վերոյիշեալ երկու գծերէն Արեւելեանին վերայ համառօտակի:
       Լիզէն մեր ՈւՂԻՆ շարունակելով դէպ ‘ի Մուշ, այս անգամին վերի ճանապարհաւն (զոր ես Արեւելեան գիծ անուանեցի) եւ ընդարձակ ու սիրուն տեսարաններէ, քիչ լեռներէ եւ շատ բլուրներէ ու մանաւանդ խոտաւէտ դաշտերէ անցանելով՝ 4 ժամէն կը հասնիմք հետեւեալ գիւղը: