Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԹ. ՍՈՒՐԲ ԱԲՐԱՀԱՄԷՆ Ի ԾԻԾԱՂԱԲԵՐ ՎԱՆՍ
       Ս. Աբրահամու վանքէն ելնելով շարունակեմք մեր ուղին։ Խէքուց վանուց առջեւի ճանապարհը բռնելով 1 ժամէն կը հասնիմք «Ծիծաղաբեր Ս. Աստուածածին » կոչուած փոքրիկ վանքն, որ կառուցեալ է տաճարաւոր եւ խիստ հաստատուն շինուածով՝ գրեթէ տափարակ տեղւոյ մը վերայ. ունի 2 հատ հետաքրքիր եւ լաւ պահարաններ։
       Սոյն մենաստան կը թուի լինիլ Թադէոս առաքելոյն շէնք, որոյ նկատմամբ կ՚աւանդեն թէ «երբ յիշեալ առաքեալն ՚ի Հայոց Ձոր գալով՝ եկաւ աստ ու նստաւ «Կուռդար » անուն բլրոյ մը վերայ, զոր այժմ ցոյց կը տան, որ կը գտնուի վանուց անմիջական կռնակը, (ո՛ւր նախապէս բնիկներու բերդ մ՚եղած է ) եւ անդ Թադէոս առաքեալն յօգնութենէն փոքրիկ նինջ մը կառնու։ Ս. Աստուածածին ՚ի տեսլեան իրեն կ՚երեւայ ծիծաղուն դիմօք, առաքեալն «ինչո՞ւ կը ծիծաղիս ո՛վ Տիրամայր, կ՚ըսէ, նա կը պատասխանէ թէ «կը փափաքիմ որ աստ մի վանք շինել տաս », եւ աներեւոյթ կը լինի։
       Առաքեալն վեր ելնելով կը յայտնէ բարեպաշտից, եւ կը շինեն այժմեան վանքն՝ անուանելով զայն «Ծիծաղաբեր Աստուածածին»։
       Յիշեալ Կուռդար կոչուած բերդի տեղւոյն ՚ի Հարաւակողմն փոս արտ մի կայ, որոյ համար աւանդութեամբ կը պատմեն թէ «Նահապետի ձեռակերտին շէն եղած ատեն «Նահապետական գերդաստանին զբօսանաց լճակն եղած է, զոր յատուկ շինել տալով Խօշապայ գետոյ ջրովն կը լեցնէին, եւ վրան ամառ եղանակին նաւակներով կը զուարճանային»:
       Վանուց անմիջական յԱրեւել բազմաթիւ գերեզմանատեղիք կան առանց խաչքարի եւ ունեցողներուն ընթեռնլի ամենամեծ թուականն 980-էն վեր չէ։
       Վանքէն քիչ մը հեռու՝ ՚ի Հարաւային Արեւելակողմն «Եէզտիներու գերեզման » կոչուած բլրակի մը վրայ՝ կը կարծուի լինիլ երբեմն նոցա աղօթատեղի կամ այլ նուիրական վայր։
       Սոյն Ծիծաղաբեր Աստուածածին վանքն ունի վանահայր-վարդապետ մը Աղթամարայ Կաթուղիկոսի գերիշխանութեան ներքեւ։ Ունի բաւական թուով ոչխար, տուար եւ ծառաստանով լաւ տեսարան մը, բայց դժբաղդաբար դպրոցէ եւ մտային կեանքէ բոլորովին զուրկ է։ Այսուհետեւ մտադիր են ունենալ «եթէ յաջողին»:
       Սոյն մենաստանէն մեկնելով քիչ մ՚ետք մեզ պատահեցան 6-7 Հայ մարդիկ լուրջ եւ բաւական զգայուն տեսակէն. երբ զիրենք ողջունեցի, նոքա կը խօսէին ընդհանուր վիճակի մասին, ինձ պատմեցին շատ թթու մի նիւթի վերայ մեր ուսումնական դասուն կենաց վերաբերեալ եւ յանձնարարեցին խղճիս եւ զգացմանս, որ գրեմ հրապարակաւ։ Ասոնց մտաց թարգմանութիւնն այլում նուագի թող տալով, շարունակեմք մեր ուղին եւ 20 վայրկենէն կը հասնիմք Էրէմէրու կամ Հէրէմէրու կոչուած գիւղը, որոյ վերայ յաջորդլով։
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
       Նախորդ գլխոյ վերջի գիւղին վերայ տակաւին չ՚խօսած ձրտաշունջ ձմեռ մը զիս արգիլեց յառաջ գնալոյ, իսկ այժմ ուրախ եմ ասել՝ որ այդ ձմեռն անցուցի եւ կը շարունակեմք վերստին մեր ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ, կամ որ նոյն է ըսել այն նախնական եւ սիրուն երկրի այլ եւ այլ անցից եւ վիրաց պատմութիւնը, զոր այս անգամին եւս, նման առաջնոյն, մերթ կծկծելով, մերթ լայնելով յառաջ տանիլ եւ ՚ի հարկէ ստիպեալ՝ մտաց դարձեալ ոլորապտոյտ շրջանակ մի ընտրելով խօսիլ եւ գրել զհնոցէն եւ զնորոցէն, զգրոցէն եւ զբրոցէն այդ երկրին, որոյ վերայ սիրահար բանասիրաց ուշքերն հրաւիրելով։
       Վերսկսիմք ուրեմն ճիշդ այն տեղէն, ո՛ւր յիշեալ պատճառաւն կանգ առի պահ մը։ Ինձ համար ամառն է այսուհետեւ, բնականէն այլ եւս երկիւղ չունիմ, իսկ անբնականին գալով պէտք եղած տեղն ինքնապաշտպանութեամբ դիմադրելոյ պատրաստ՝ յառաջ երթամք գրելով համաձայն նախընթացիս ուղղութեան եւ ոճոյն որոց համար շատ ուրախ եմ ըսելոյ, որ ՚ի բազմաց շնորհակալութիւններ ընդունեցայ, յորոց արժան կը համարիմ աստ նշանակել Մեծ. Մ. էֆէնտի Աղաբէգեան, այն հայրենասէր հոգին, որ բոլոր գրածներս կրկնակի ախորժանօք ընթերցած է եւ կ՚ընթեռնու իբրեւ երկրի «ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ԿԵՆԱՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆ », իմ փոխադարձ շնորհակալութիւնն իւրեանց յայտնելով շարունակեմք ուղինիս։
       Հայոց Ձորոյ Հարաւակողման մասի ԾԻԾԱՂԱԲԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ վանքէն Հէրէմէրու կամ Էրէմէրու հասած լինելով՝ խօսիմք այժմ սոյն գիւղին վերայ հետեւեալ գլխովն։