Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԵ. ՀԱՅԿԱՅ ԲԵՐԴ ԿԱՄ ՊՕԼՏԱՂ
       Անցնիմ նկարագրել եւ տեղագրել Աստուածաշէն գիւղիս մերձակայ նշանաւոր եւ հսկայ հնութիւնն, զոր Հայք կը կոչեն «Հայկայ բերդ », իսկ Տաճիկներ՝ «Պօլտաղ»։
       Գիւղիս յԱրեւելակողմն Արեւմուտէն յԱրեւել ձգուած սոյն բերդն երկայն եւ բնական լեռ մի է առանձին եւ բաւական ընդարձակ դաշտի մի մէջ բարձրացած, որ գիւղիս գրեթէ անմիջական քովէն կ՚սկսի նեղ դիրքով եւ երթալով կը տարածուի։ Տակաւ առ տակաւ կը բարձրանայ եւ կուգայ բերդի նախագլուխն, որոյ կողերուն վերայ անթուական հին խաչեր կան փորուած աննշան, վրան կայ սենեկի յատակագծի պէս տեղի մի, որմէ ՚ի վեր բարձրանալով կը գայ լեռնափորն լայնածաւալ դրիւք. յետոյ կը հանդիպիմք նեղ կիրճի մը 2 մէդր՝ լայնութեամբ Հիւսիսէն ՚ի Հարաւ երկայնաձիգ բացուած՝ այս բնական լերան մէջէն։ Սոյն կիրճէն անցնելով վեր ելնեմք շարունակելով դարձեալ մեր լեռն ուղին. եւ ապա կ՚սկսի բուն բերդն բարձր եւ վիթխարի. ըստ տեղական աւանդութեան, «Նահապետի շինութեան աւերակներն են », որոց գլուխն ելնելոյ համար բնական ճանապարհէն զատ քարոտ եւ դժուարել տեղերն յատկապէս շինուած կ՚երեւին երթեւեկութեանց դիւրութեան համար։
       Բուն բերդի Հարաւային եւ Հիւսիսային կողմերն, գրեթէ 1 խորանարդ մեթր մեծութեամբ յղկեալ ահագին քարերով պարիսպներ շինուած կան լեռան գօտիէն սկսեալ աստիճանաբար ՚ի վեր ելած, այժմ քարերէն ոմանք հողերու տակ ծածկուած, ոմանք ինքնին գլորուելով ինկած են գետնի վերայ եւ ոմանք իսկ ոչխարի նման սփռուած են լերան մօտակայ դաշտերու երեսը։
       Յիշեալ քարերէն կը գտնուին նաեւ մերձակայ գիւղօրէից գերեզմանատանց մէջ իբրեւ տապանաքար. նոյնպէս եւ շատ բնակութեանց հիմնաքար ըրած են, այսու ամենայնիւ տակաւին 3-4 կարգ քարեր իրարու վերայ կանոնաւոր շարուած կը կենան։ Այս տեղէն ելնեմք դէպ ՚ի գլուխն, որոյ վերայ բաւական տեղի լեռնադաշտ է, ո՛ւր երկու այրեր կը տեսնուին իրարմէ փոքր ինչ հեռու, բերաններն 1 քառակուսի մեթր լայն եւ բարձրութիւն 11/ 2 մեթր, միակտուր քարէ փորուած յորմէ ներս երթալով կ՚ընդլայնի եւ կը տարածուի բերդի մէջ։ Տեղացիք «սատանայ կայ » ըսելով երկիւղէն մի անգամ ներս մտնել չեն համարձակիր. իսկ ինձ գալով՝ որ անձամբ ականատես եղայ, պէտք է ըսել որ զգուշանալու է, կամ լաւ եւս է ըսել, վախնալու է հեղձուցիչ կազերէ, որք երկրի խաւերէն բնականաբար կրնան կազմուիլ այս օրինակ դարաւոր այրերու մէջ։
       Սոյն այրերն աւանդութեամբ «ջրամբար » կ՚անուանին, որոց շրջապատն 2-3 փոքր սենեակներու հիմունքներ կը տեսնուին, յորոց մի մասն բնական լեռներէն տաշուած եւ մի մասն եւս արհեստապէս շարուած են։ Աստ երբ ձեռքի գաազան ՚ի գետին զարնուի ներսի կողմն պարապ լինելոյ նշան տուող ձայներ կը լսուին։ Գիւղիս բնակիչք երբեմն հետաքրքրութեամբ ինչ ինչ բաղձանքով այս տեղերն 1-2 մեթր խորունկութեամբ փորած եւ գտած են տիգի եւ նետի նոյնպէս եւ խեցեղէն ամաններու անարժէք կտորուանք, որք ուղեւորի աչքին անտես չեն այժմ, եթէ յիրաւի սրատես լինի։
       Ջրամբարի տեղէն շարունակեմ դէպ ՚ի վեր մի քանի սենեկաց տեղուանք կը նշմարուին , որոց Հիւսիսակողման բերդի գրեթէ ստորոտը կայ ամրաշէն մի աւերակ, զոր տեղացիք «Ըղատու բակ » կ՚անուանեն, ո՛ւր ուղտեր կապուած են ՚ի հնումն, եւ որոյ Հարաւային պարիսպն բերդիս բնական ժայռերն են. իսկ միւս երեք կողմերը 11/2 մէթր լայնութեամբ քարաշար են, յորոց մեծագոյն մասն քայքայեալ են։ Յիշեալ սենեակներու տեղէն մի եւ նոյն ուղղութեամբ ելնեմք ՚ի վեր, մեր դէմը կուգայ լեռնադաշտ մը, որմէ անցնելով կը հասնիմք միջնաբերդ, որ ունի միջակ բարձրութիւն, սորա առջեւ կայ 10 մեթր քառակուսի երես ունեցող քար մը, որ յղկուած կը տեսնուի մուրճով. եւ զոր տեղացիք ծանուցեալ Նահապետին անուամբ կը կոչեն «դատաստանատեղի », որոյ վերաբերութեամբ կ՚աւանդեն իբրեւ թէ «երբ նոյն մարդոյ ծառայից մէջ կռիւ մի կամ վէճ մի ծագէր , նոցա դատ սոյն տեղւոյ վրայ կը տեսնայր, աթոռի վրայ նստած»:
       Ասկէ դարձեալ վեր բարձրանալով կը հանդիպիմք մի քանի սենեակներու հիմնատեղեաց, որոցմէ քիչ մը վերօք փոքրիկ էջ մի կայ, ոյր առջեւը նախորդի նման լեռնակիրճ է ճիշդ, մի եւ նոյն ուղղութեամբ եւ նպատակաւ բացուած։ Այս պահուս ամառուան միջօրէի տաքութիւնն յիս կը նայէր շատ խեթիւ, մի կողմանէ. ջուր չ՚կար, ես միայնակ կը մարէի ծարաւէն եւ կարապետս խիստ հեռու զիս երկիւղէն կը պահպանէր աչալուրջ՝ մի ամայի ձորոյ մէջ՝ այլ եւս քայլերս չէին օգներ յառաջ գնալ եւ դողդողալ սկսան՝ բայց ի՛նչ ասեմ, ՚ի սոյն ժամու, յանկարեկիր փոխուած իմ սրտին, որ յար կը տենչար աստ կենալ թափառելով զբօսնուլ այս դարաւոր յիշատակաց բեկորներուն մէջ, թէպէտեւ տեղին լինէր կասկածոտ եւ յիշատակք ամբողջովին անթուական։ Վերջապէս, փառք երկնից, որոյ ամպերէն յանկարծակի զովացած՝ ես առաջ տարի կրկին զիմ ուղին եւ հասայ յԱրեւելեան ամենաբարձր գագաթան Պօլտաղին, ո՛ւր շինութեան նշմարանք չէին տեսնուեր Ուղեւորիս աչքին, որ սուրօրէն կը նայէր շրչահայեաց դիտակաւ։ Սոյն գագաթն բնականէն անառիկ է գրեթէ, յորմէ շարունակելով կը հանդիպիմք բերդիս կից քառաճղի լերան մի, որ Արեւելածայրն է եւ կ՚սկսի վար իջնալ տափարակ դաշտի վերայ։ Սոյն լեռնային ուղեւորութիւնս 5 ժամ տեւեց՝ սաստիկ հոգնութեամբ։
       Պօլտաղ բնաւ ջուր չունի եւ բուսականութիւնն շատ նուազ է, միայն թէ կրնայ մի քանի հարիւր ոչխարներու երբեմն արօտ տալ։ Սոյն լերան վերայ դուն ուրեք կը տեսնուին վայրի կենդանիք, զոր օրինակ, գայլ, աղուէս, լապզտրակ (նապաստակ Լերան շրջապատն ընդհանրապէս դաշտ եւ դաշտային գիւղօրայք են։
       Աստուածաշինոյ գիւղացիք, իբրեւ հարազատ թոռնիկներ իւրեանց պապուն, եւ տէր այդ ահաւոր աւերակաց՝ ֆիզիքապէս յիրաւի կայտառ եւ աշխոյժ են, սակայն սիրտերնին եւ միտքերնին մնացած են խոպան, նիւթապէս աղքատ։ Հետեւեալ գլխով շարունակեմք մեր ուղին։