ԳԼ.
ԻԴ.
ԱԽԼԱԹ
ԳԱՒԱՌԱԿ
Ախլաթու
գաւառակը
բաւական
թուով
գիւղօրայք
կը
պարունակէ,
մեծ
մասամբ
Հայ։
Երկիրն
առ
հասարակ
տափարակ
է,
օդն
եւ
ջուր
բաւական
գոհացուցիչ։
Հողերն
աւազուտ,
այլ
արգաւանդ
են
եւ
յառաջ
կը
բերեն
ընտիր
ցորեան ,
բուսականութիւնն
շատ
նուազ
է,
այս
պատճառաւ
ժողովուրդն
ստիպուած
է
հողերու
ամենապատուական
մասը
վերապահել
խոտ
ցանելոյ,
զոր
օրինակ
առուոյտ
եւ
կորնկան,
ընդ
որս
կը
կցին
նաեւ
մարգագետիններու
խոտերն,
հազիւ
կարող
կը
լինին
իւրեանց
անասուններն
աշունէն
՚ի
գարուն
ձգելոյ։
Բոլոր
բնակչաց
առեւտուրն
Բաղիշոյ
եւ
Վանայ
հետ
է։
Դատուանէն
մեկնիմք
կրկին
դէպ
՚ի
Հարք
գաւառ
ըստ
ոմանց
դէպ
՚ի
Ապահունիս
վասն
զի
սոյն
երկու
գաւառներու
սահմաններն
՚ի
նախնեաց
անտի
ճշտեալ
չըլլալով
կէս
մ՚անորոշ
են
եւ
մենք
միջին
ճամբուն
հետեւելոյ
ստիպեալ
եմք
մեր
սոյն
տեղագրութեան
մէջ։
Այս
անգամ
Ախլաթու
կեդրոնական
գիծը
բռնելով.
այս
ուղղութեամբ
2
ժամէն
կը
հասնիմք
Թեղուտայ
Ս.
Յովհաննէս
վանքը,
որ
ճանապարհէն
փոքր
ինչ
դուրս
կը
գտնուի
Նեբրովդայ
մէկ
կողման
ստորոտը
գրեթէ
լեռնաձորակի
մը
մէջ
կառուցեալ
կոփածոյ
քարերէ։
Վանքն
ունի
գեղեցիկ
տեսարան,
դիրք
եւ
զօրաւոր
կազմութիւն,
միայն
թէ
տաճարն
բաւական
մութ
է,
որոյ
պատճառն
ինձ
պատմեցին
եւ
բանաւոր
գտայ։
Մի
քանի
տարի
յառաջ
տեղի
ունեցած
այս
կողման
երկրաշարժն
վանուց
արտաքին
հսկայ
պարիսպները
փոքր
մասամբ
քայքայած
է
եւ
ց՚արդ
այնպէս
կը
կենայ։
Ունի
մի
քանի
սենեակներ,
բաւական
թուով
տուար
եւ
ոչխար.
իսկ
թեմական
երկու
գիւղ
միայն։
Վանուց
վանահայրն
է
երբեմն
կրակոտ
Ղազար
վարդապետ՝
որ
այժմ
113
(հարիւր
տասն
երեք
)
տարուան
ծերունի
դողդոջուն
եւ
համր
կը
կենայ
վանուց
մի
անկիւնը,
սակայն
խօսքով,
հրամանով
եւ
յիւր
երիտասարդութեան
գտած
ազդեցութեամբն
կարող
կը
լինի,
ըստ
օրինի,
կառավարել
զՎանս
եւ
զպարագայսն։
Ալեւոր
վարդապետն
այս
դարաւոր
ծերութեան
մէջ
տակաւին
կենդանի
մը
կը
պահէ
իւր
երիտասարդութեան
քաջասրտութիւնն
եւ
ձիավարժութիւնն,
զոր
ներկայիս
մէջ
իսկ
երբեմն
ի
գործ
դնելն
իւր
գլխաւոր
զուարճութիւնն
է։
Ես
պատեհ
առիթ
ունեցայ
կենդանի
բարբառով
դարաւոր
պատմութիւններ
լսելոյ,
սակայն
մեծ
ցաւ
զգացի
՚ի
սիրտ
եւ
ի
հոգի,
երբ
ծերունւոյն
մտաւոր
կարողութիւնն
իւր
լուրջ
վիճակէն
տարբեր
գտայ։
Այս
պարագայից
մէջ
նա
որչափ
փափաքելով
ճիգ
կը
թափէր
զգացումներս
իւր
հինաւուրց
ծանօթութեամբք
գոհացնել,
ես
նոյնչափ
աւելի
գոհ
կը
լինէի
իրմէ,
սակայն
մեծ
վիշտ
եւ
միանգամայն
զայրոյթ
կ՚զգայի
բնութեան
դէմն,
որ
այս
պահուս
զիս
չէր
հասցներ
իմ
նպատակին։
Վանքն
դպրոց
չունի,
ինչպէս
նաեւ
գրական
կեանք,
զի
վանահայրն
նոր
ժամանակի
ծնունդ
չ՚լինելով
նորա
նշանակութիւնը
չէ
ըմբռնած,
որով
եւ
անջանադիր
է
առ
ուսումն
եւ
դաստիարակութիւն,
թէեւ
ինք
առաքինի
եւ
ազգօգուտ
կողմերէ
զուրկ
չէ։