Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Թ. ՅԻՇԵԱԼ ԱՐՕՍ
       Արօս գիւղի Արեւելահարաւը մէկ ժամ հեռու կայ ընտիր քարահանք մը, որոյ դիւրատաշ քարերէն շինուած են իւր նորաշէն եկեղեցւոյ սիւներն, որք թուով 4 են եւ 6 մեթր միակտուր բարձրութեամբ։ Ասկէ զատ գիւղիս մօտ երկայն լեռ մը կայ անկատար, որոյ քարինքն, ինչպէս կը պատմեն, ամենասոսկալի տաքութեան կը դիմանան. վերջապէս Արօս քարերով շատ հարուստ է։ Սոյն գիւղն կը գտնուի Խնուսայ Արեւմտակողմն եւ անոր վերաբերեալ է։
       Տեղէս մեկնելով 3 ժամէն հասանք Պէկուտի կոչուած քուրդ գիւղ, ո՛ւր երբեմն բազմաթիւ Հայք բնակուած պէտք է լինին նայելով իրենց յիշատակարանաց, որք ուղեւորաց աչքին կը զարնեն. յետոյ եկանք Ղզլճու, որոյ սահմանին մէջ պղնձի հանքերն առատ են։ Տեղէս սկսեալ ընթացքիս շարունակեմք, մեր դէմն կ՚ելնեն Խնուսայ մի քանի լճակներ, որոց շրջապատի արօտատեղիքն շատ նշանաւոր են։
       Այս գեղեցիկ վայրերէն ելնելով դարձեալ ուղեւորիմք, եւ կը մտնեմք Մշոյ վերաբերեալ հողը։ Սոյն տեղ ճանապարհէն 1/4 ժամ դուրս ապառիժի մը միջէն պատուական ջուր մը կը բղխէ, որ արեւակէզ ուղեւորաց համար ամեն ինչ կ՚արժէ. այսպէս հետզհետէ ընդարձակ դաշտօրայք եւ բլուրներ կտրելով կը հասնիմք Չարպօրա կոչուած գետը, յորմէ հարկ է անցնիլ դիմացի կողմն, ո՛ւր կը գտնուի համանուն Չէրքէզ գիւղ մը 50 տնէ բաղկացած։
       Սոյն գետը գարնան եղանակին բաւական կատաղի է եւ ճանապարհորդք «տկանաւակ» (քէլէկ ) կոչուած գործիքով գետին վրայէն կը անցնին։ Տկանաւակը կը բաղկանայ օդով լեցուն 16 ոչխարի տկերէ, որոնք իրարու հետ կապելով քառակուսի մը ձեւացուցած են, վրան բարակ փայտերէ վանդակուած, որոյ մէջ տեղն 3-4 հոգի ճանապարհի սովորական գոյքերովն հազիւ կարող կը լինին կենալ, երկու հոգի թիավար կարճիկ թիերովն սոյն հետաքրքրական նաւակը վարելով ջրոյ հոսանքին հակառակ շեղութեամբ կը հանեն եզերքն, ո՛ւր դուրս կ՚ելլեն մէջի ճանապարհորդք մահուան դեղնութենէ մը բռնուած՝ երկիւղի տագնապէն։ Իսկ անասնոց գալով, որոնք որ լող կրնան տալ, կը քշեն զայնս ՚ի գետ մերկացեալ վիճակով. ինչպէս ձին եւ գոմէշ, որոնք ջրոյ մէջ լողալու մասին միւս բոլոր անասուններ կը գերազանցեն։
       Սոյն գետն գրեթէ Խնուսայ եւ Մշոյ այս կողմի միջին սահմանը կը կազմէ։
       Աստի կը շարունակեմք մեր ուղին եւ կը հասնիմք ՚ի Ծխավու, որ ունի 20-25 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ մի ողորմելի ծաղկոց, որոյ շէնքին տակ ոչ թէ մարդ այլ եւ անասուններն անգամ պահել առողջապահական կանոնին դէմ է։
       Գիւղիս շրջապատը կը գտնուի Տարօնոյ ԱՒԵՐԱԿ, եւ Սահակ Պարթեւի՝ մեր ԲԱԶՄԵՐԱԽՏ ՀՕՐ ՄԵՆԱՍՏԱՆՆ։ Հետզհետէ կ՚անցնիմք Կռավու հայ գիւղն, ո՛ւր «Ներսիսեան » փոքրիկ ընկերութիւն մը կայ գիւղի ծաղկոցին խնամքն ստանձնող. նոյնպէս Կոմս եւ Քոփերս հայ գիւղօրայքն։ Կանցնին Եփրատայ օժանդակ ճիւղը, Մուրատ կամ Արածանին, որոյ վերայ 12 աչքով մի կամուրջ կայ կապուած, որ գրեթէ անգործածելի վիճակի մէջ մտած է, 250 քայլ երկայնութեամբ։ Այսպէս անցանք մի քանի փոքրիկ գիւղեր եւս եւ յետոյ Մեղրաջուրն, ուստից 1 ժամէն հասանք ՚ի Մուշ քաղաք։