Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԽՆՈՒՍ
       Այս գաւառը կ’իյնայ Կարնոյ, Բասէն, Ալաշկերտ եւ Մշո-Վարդոյ, Մանազկերտ եւ Պուլանըխներ գաւառաց միջեւ։ Դիրքը մեծաւ մասամբ լեռնային, ունի նաեւ ընտիր դաշտային մասերը, ջուրն եւ օդը՝ աննման, հողը՝ արգասաւորութեամբ կարի հռչակեալ։ Գաւառագլուխն է Խնուսի բերդը. կը վերաբերի Կարնոյ։ Գետը՝ Խ նուսայ ջուրը, որ կ’իջնայ Բիւրակնէն եւ, շրջելով շատ մը գեղերը, Գարաչօբան գեղի առջեւէն կ’անցնի, կ’երթայ Պուլանըխ եւ կը խառնուի Եփրատին։ Երասխայ ծագումն ալ այս գաւառէն է, որ կը բղխի նոյնպէս Բիւրակն լեռնէն եւ, մեծ վտակ մը կազմելով, Թաթոս գեղի մօտէն իջնալով դէպի Քիւլլիւ եւ Մէճիտլիւ գեղերը՝ աճելով կ’երթայ, կ’անցնի Բասէնը։ Կան եւ շատ մը վտակներ։ Բոլոր այս գաւառի լեռները նշանաւոր են ջրերով եւ արօտներով, որոց մայր թագուհին է Բիւրակն։ Բիւրաւոր խաշինք, անդեայ եւ ընտիր-ընտիր նժոյգք կ’որոճան, ու ազգի-ազգի թռչունք կը դայլայլեն այդ դրախտներուն մէջը։ Հնագոյն բերդեր եւ դերբուկներ շատ կան։ Բնակիչքը հաստակազմ, առոյգ եւ գեղեցիկ։ Հայաբնակ գիւղորայք գաւառիս՝ 25։ Աշիրաթ Քրդերն են մաս մը Հասնանցիք, Զիլանցիք եւ մաս մը Ջիբրանցիք։ Կան նաեւ Ղազայ կամ Տմբլիկ ըսուած խեղճ քրդաց ցեղը, որ Գըզըլպաշ են, 1000 տան չափ։ Հայք՝ իբր 14127։ Վանքը՝ 1, Մժնկերտու Ս. Կարապետ։ Վարժարանք Հայոց՝ 8, ուսանող՝ 296։