Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԷ. ՍՂԵՐԴ ԳԱՒԱՌ
       Սղերդ, ըստ ամենայն հաւանականութեան, Խէրհաթ անուան աղաւաղեալն պէտք է լինի, որ երբեմն Աղձնեաց նահանգի գաւառներէն մին էր՝ Մեծ Հայոց Հարաւակողմը Տիգրիսի յԱրեւելահիւսիս։ Երկիրն մեծագոյն մասամբ բարեբեր լեռներէ շրջապատեալ է եւ գլխաւոր բերքերն են առատօրէն խաղող իւր տեսակներով, յորս կը գտնուին այնպիսի քաղցր տեսակ, որ շաքարի պատուոյն կրնայ դպչիլ. փշատ, թութ, պութուն, որ տեսակ մը վայրի պտուղ է լուբիայէն փոքր ոսպնաձեւ, զորս կ՚եփեն աղի ջրով եւ կ՚ուտեն կոտրելով զկեղեւն։
       Սոյն լեռներու ծաղկանց թագուհին նունուֆարն է, զոր բնակիչներէն ոմանք «հարսնամատ » կը կոչեն. նոյնպէս մեղր, մոմ եւ ոչխարաց բերք շատ առատ են։ Երկիրն զուրկ չէ սովորական ընտանի կենդանիներէ։
       Կը պատմուի շատերէ թէ «գէշ խայթիչ կարիճներ կը գտնուին այս կողմերը », նմանապէս կան վնասակար օձեր, մանաւանդ քարայրից եւ հին բնակութեանց խոռոչներուն մէջ։
       Վերոյիշեալ նախնական գաւառի գլխաւոր քաղաքն է այժմեան Սղերդ, որ կը գտնուի Բաղիշոյ հարաւային Արեւմուտքը՝ շինուած ընդարձակ եւ ցած զառիվայրից վերայ ունենալով իւր շուրջը բաւական մեծ դաշտօրայք։ Օդն եւ ջուր շատ տաք են եւ նորեկին համար կրնան առաջին անգամ դժուարատար երեւիլ, այսու ամենայնիւ խիստ առողջարար է. խոհեմ բնութիւնն, ամէն տեղ իւր դառնութեանց հետ կցած է նաեւ զանազան քաղցր կողմեր։ Գիշեր ատեն քաղաքիս տանեաց վերայ այնպիսի մեղմ եւ կենսատու օդ կը փչէ, զոր շնչող ծերունիք պահ մը կը մանկանան։ Ամառուան սաստիկ տաքութեանը տեղւոյս բնակիչներն գրեթէ միշտ կրնան պատրաստի ձիւն կամ սառ գտնել քաղաքին մէջ իւրեանց խմելի ջուրն բարեխառնելոյ համար վայրկենապէս։
       Քաղաքիս բնակութիւնքն առ հասարակ քարաշէն ու երկայարկ են, կերտած իւրեանց մասնաւոր ընտրութեամբն եւ ճաշակաւ, որ շատ հետաքրքրական է նոր այցելուի մ՚աչքին։
       Ծերունիք աւանդաբար կը պատմեն թէ «120-130 տարի առաջ աստ 5-600 տուն Հայ բնակիչք եղած է ». իսկ այժմ 230 տուն որք, մէկ եկեղեցի ունին շատ հին եւ ամենապարզ ճաշակաւ կառուցեալ. երկու քահանայ ալեխառըն՝ ճշդիւ կատարողք իւրեանց կրօնական պարտականութեանց. ունին մի նախակրթարան Միացեալ Ընկերութեանց պատկանող։
       Հայոց թէ՛ արական եւ թէ՛ իգական սեռն ունի բնութենէն կենդանի եւ ոգեւորեալ ձիրքեր, եւ ընդհանրապէս աշխոյժ ու աներկիւղ են ՚ի բան, ՚ի պատասխան, մանաւանդ իրաւունք ունեցած պահուն սուր շողացունես վրայէն, գլուխը ծռել չ՚գիտեր։ Իգական սեռն համեստ՝ իւր նախնական պարզութեան մէջ է։
       Հայք հիւրասէր են եւ նախկին ժամանակաց բռնութենէն մայրենի լեզունին կորսնցուցած կը խօսին Արաբերէն, Տաճկերէն եւ երբեմն իսկ Քուրդերէն։ Սոյն լեզուաց, որով եւ տեղական յարաբերութեանց ազդեցութիւնն, եթէ ոչ զգացմանց վերայ առաւել, գոնէ արտաքին ձեւոց եւ շարժմանց վերաբերութեամբ յայտնապէս կը տեսնուի։ Հայկական ուրոյն յատկանիշ մի իւրեանց վերայ չես կրնար նշմարել. այսու ամենայնիւ ընկերական յարաբերութիւննին ազնիւ է եւ իրենք խսիտ դիւրազգաց բնաւորութեան տէր, ինչպէս նաեւ բնականէն մտաւոր կարողութիւննին զօրաւոր։
       Տեղւոյս բնակիչք առ հասարակ կ՚զբաղին վաճառականութեամբ եւ մասնաւոր առեւտրով։ Քաղաքին սովորական արհեստից մէջ հետաքրքիր եւ յառաջադիմութեան մէջ եւ ծխելոյ փայտ եւ ձեռքը բռնելոյ գաւազաններ պատրաստող արհեստն։ Վերոյիշեալները կը շինուին տեսակ մը սեաւ փայտէ բարակ բանուածքներով, որք իւրեանց յատուկ է։
       Տեղւոյս առեւտրական շարժումն համեմատաբար այնչափ մեռեալ չէ։
       Սղերդ մօտակայ եւ տարակայ մի քանի գիւղօրէից կեդրոն կրնայ համարուիլ։ Աստ կը նստի Միւթէսարըֆ ընդ գերիշխանութեամբ Բաղիշոյ Կուսակալութեան։
       Քաղաքիս Հարաւակողմը մէկ ժամ հեռու Կաթօլիկ Քաղդէացւոց վանք մի կայ, որ բաւական ծաղկեալ վիճակի մէջ է, ո՛ւր մի քանի երիտասարդ մենաստանցիք կը բնակին «արք կրօնասէր եւ պարկեշտ ապրողք յաշխարհի ընծայեալք երկնից »։ Ասկէ մի քանի տարի յառաջ մեծահոգի մի վանահայր ունեցեր են, որոյ Եւրոպայէն տեղս բերած տպագրական մամուլը ց՚արդ անգործածելի կը կենայ եւ կը պահուի խնամօք։ Մենաստանիս պարագայքն բաւական ճոխ են ՚ի շնորհս յիշեալ վանահօրն, որ այժմ մեռած է կենդանի յիշատակութեամբք, զորս իւրեանց մէջ եռանդագին կը յարգեն։
       Ըստ սովորութեան կ՚ըսուի թէ «դիւահարք եւ աչացաւք աստ գալով կը բժշկուին » մանաւանդ վերջինքն, որոց աչաց վերայ քսելոյ համար սուրբ հող ունին։
       Մենաստանիս միաբանութիւնն թող մշակէ իւր գեղեցիկ պարտէզ, եւ մենք Սղերդէն մեկնիմք ՚ի Ռընտվան, ճանապարհնիս ուղղելով ՚ի յԱրեւմուտս Հարաւային։