Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԵ . ԹԵՂՈՒՏ
       Թեղուտայ Ս. Յովհաննէս վանքէն վար իջնալով 1/2 ժամէն կը հասնիմք վերոյիշեալ համանուն գիւղը, որ ունի 200 տուն զուտ Հայ, մի տաճարաւոր եկեղեցի, ծանուցեալ երկրաշարժէն փոքր ինչ վնասուած եւ 3 քահանայ միջակ տարիքով , որք բաւական ջանասէր են դպրոցի համար, զոր այժմ չունին տակաւին, այլ շէնքն թերեւս աւարտած լինին, որ կիսաշէն կը կենար։ Խնդիրը կը կայանայ այսուհետեւ դասատու ունենալոյ վերայ, որ շատ տարակուսելի է, վասն զի ժողովուրդն ամենամեծ մասամբ անտարբեր վիճակի մէջ է։
       Գիւղիս գերեզմանատունն շատ կանոնաւոր է, ո՛ւր կը գտնուին բազմաթիւ գեղեցկապէս քանդակեալ տապանաքարինք, որոց վերայ մեծ խնամք տարած լինել կը թուին. մեռելոց վերաբերութեամբ իրենց ունեցած սոյն հոգատարութիւնն, կրօնական տեսակէտով, կրնայ ունենալ իւր գովելի մասեր, սակայն իւրեանց կենդանի նոր սերնդեան դաստիարակութեան նկատմամբ ցոյց տուած անհոգութիւննին աններելի յանցանք մի է ներկայ ժամանակիս մէջ. սոյն դատապարտութիւն մասամբ մը կը մեղմանայ երբ կը տեսնուի թէ կրթական գործի կարեւորութիւնն իրենց բնաւ չէ պատմուած եւ իրենք նախնական վիճակի մէջ են տակաւին, յորմէ արտաքին ջանիւք դուրս հանելն իրաւունք է։
       Թեղուտ Ախլաթու կարեւոր եւ բազմահայ գիւղերէն առաջինն է, բայց ոչ նիւթական կարողութեամբն։
       Գիւղիս շրջապատը տեղ տեղ բարձր բլրակաց վերայ խաչքարեր կան տնկուած ցասման խաչ կոչուած , որոյ բացատրութիւնն անգամ տալ անհրաժեշտ է, վասն զի այսուհետեւ ուղեւորութեանս կարգին մէջ շատ տեղեր ցասման խաչ կամ ցասման քար պիտի յիշուի, առանց այլ եւս անոր բացատրութիւնն կրկնելոյ։
       Երբ երաշտութիւն, ցորեաններու եւ ուրիշ արմտեաց արմատները կտրող մարախ կամ մի այլ ընդհանուր պատիժ (բնականէն ) տեղի ունենայ, յայնժամ գիւղացիք ամբողջովին հսկումով պատարագ ընել եւ քար օծել կը տան, ու այդ քարը կը կանգնեն բլուրի մի վերայ ՚ի բարձումն երկնային ցասմանն, որոյ անուամբ կը կոչեն զայն։
       Մեկնիմք Թեղուտէն ՚ի ՓՈԽՈՒՍ. սոյն գիւղն կրնայ համարուիլ նախորդի երկրորդն, որ ունի 130 տուն բնակիչ, մի հսկայաշէն եւ գեղեցիկ եկեղեցի յանուն Ս. Ստեփաննոսի կառուցեալ կոփածոյ սեաւ քարերէ, ընտիր եւ ճաշակաւոր, որոյ նմանն գաւառիս մէջ չ՚կայ։ Ունին քահանայ եւ ո՛չ դպրոց։ Ժողովուրդն առ հասարակ զուրկ է կրօնական զգացումէ եւ միանգամայն անսիրող իմաստութեան։ Իգական սեռն արականին ճշդիւ հակապատկերն է։ Աստ 4-5 տուն Բողոքական կայ, որք երբեմն դասեր կը խօսին եւ իրենց լեզուաւ կը քարոզեն ժողովրդեան «կրօնասիրութիւն»։
       Գիւղիս եկեղեցւոյ շինութեան նկատմամբ հետեւեալ աւանդութիւնն աստ դնել աւելորդ չեմ համարիր, որ տեղւոյս տարեւորներէն կը պատմուի, իբրեւ թէ եկեղեցւոյն շինութեան համար գիւղացիք մի ժողով կազմած են եւ հետեւեալ պայմաններն կնքուելէն ետքը ձեռնարկած ըլլան գործի։
       «Ա. Եկեղեցւոյ կառուցման համար ո՛րչափ քար պէտք լինի, երիտասարդաց պարտքն է այս ինչ տեղէն բերել»։
       «Բ. Տանուտերաց պարտականութիւնն լինի եկեղեցւոյ պարսպաց քարերու մեջտեղերը դրուելի շաղախին պատրաստութիւն, որոյ մէջ ջրոյ տեղ պիտի գործածուի ամբողջ գիւղիս ոչխարաց կաթերն եւ զօրաւոր ընելոյ համար հաւուց հաւկիթներն» (սոյն նիւթերով շաղախին պատրաստութիւնը ճարտարապետ, նախահրահանգն լինելու է)։
       «Գ. Հարսերն եւ չափահաս աղջիկներն պարտաւոր լինին պէտք եղած ջուրերը բերել շինութեան համար»։
       «Դ. Փոքրիկ մանչեր եւ աղջիկներն ալ պէտք ըլլալիք խիճիր»։
       «Ե. Քահանայից պարտաւորութիւնն լինի մի միայն գործոց հսկողութիւնն »։ Ահա սոյն պայմաններով կը շինուի այժմեան փառաւոր եկեղեցին, որոյ գերեզմանաքարինքն եւս ճաշակէ եւ ճարտարութենէ չեն զուրկ։
       Գիւղիս հեռաւոր սահմանները կը գտնուին հին աւերակներ, ինչպէս եւ հետաքրքիր անուանք ունեցող եկեղեցեաց տեղիք, զոր անձամբ տեսնելոյ պատեհութիւն չունեցայ։
       Փրխուսէն ելնելով մէկ ժամէն կը հասնիմք ՚ի Նազիկ լճակ, որոյ երկայնութիւնն է յԱրեւելքէն յԱրեւմուտս, իւր շրջապատը մէկ օրէն հազիւ մարդ մը կրնայ պտտիլ, եզերքներն շատ ներս եւ դուրս ինկած, ձմեռն սաստիկ սառ կը կապէ, այնպէս որ վրայէն երթեւեկութիւնք կը լինին։ Գարնան եղանակին սառերու կոտրելոյ ատեններն դժբաղդութիւնք եւս կը պատահին երբեմն։ Սոյն լճակի մէջ մանր ձկունք կը գտնուին, որք կ՚որսացուին գետերու միջոցաւ (թէ ի՛նչպէս, ՚ի Վասպուրական ընելիք ուղեւորութեանս մէջ մանրամասնօրէն կը գրեմ Սոյն լճակն այնչափ կատաղի ալէկոծութիւնք չունի, հանդարտ է բաւական, թերեւս այս նկատմամբ «Նազիկ » անուանուած է։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Նազիկի քովէն մեկնելով ՚ի Հիւսիսակողմն 11/2 ժամէն մեր դէմը կ՚ելլէ Քեռս (թերեւս քեռիս ) գիւղն, որ երբեմն ունեցեր է 50 տուն Հայ եւ այժմ 10 տուն քուրդ միայն։ Գիւղիս մէջ տակաւին ողջ կը կենայ Հայոց եկեղեցին քարափոր գետնի տակ, ո՛ւր մտնելով զարմանքս շարժեց սոյն եկեղեցւոյ փորուածքին համար ժամանակին ՚ի գործ դրուած անհնարին աշխատանաց վրայ։ Չեմ գիտեր թէ արդեօք ստոյգ կը լինի՞ թէ որ ըսուի «մեր նախնիք ժամանակին երբեմն չ՚կրնալով երկրիս երես զԱստուած պաշտել պարտաւորուած են երկրի տակը մտնելով անոր փառաբանութիւնն մատուցանել»։
       Յիշեալ քարափոր անյիշատակ եկեղեցւոյ վերաբերութեամբ հետեւեալ աւանդութիւնն միայն մնացեր է, զոր անկորուստ պահելոյ բաղձանքով կը նշանակեմ աստ ՚ի յաւէրժ յիշատակ հետեւեալ առաքինի Հայուն։
       «Քեռս գիւղի նախկին բնակիչ Հայոց մեծն Աւտէ (Աւետիս ) հարուստ եւ առատասեղան, երբ իւր տարիքն 80 կ՚անցնի այլ եւս իւր տանուտիրական իշխանութիւնը կը թողու երէց որդւոյն եւ ինքն սոյն եկեղեցին գետնափոր շինել կը տայ, նոյնպէս մի սենեակ իւր համար յատուկ, որոյ պատուհանը կը նայի ճանապարհի վրայ, յարաժամ պատուհանի առջեւ նստած անցնողին առ ինքն կոչելով կը տար մի հաց անխտիր «տամ սիրով Աստուծոյ սիրոյն », որ ինձ պատրաստէ երկնից արքայութիւն»։
       Այս տեղէն մինչեւ յԱպահունիս գաւառն 2 ժամուան տեւողութիւն է, որոյ վրայ 4-5 աննշան գիւղեր կան Քուրդ եւ Հայ։
       Ճանապարհին կէսն լեռնային եւ երկիւղալից է եւ կէսն դաշտային եւ ապահով։
       Վերադառնամք ի Դատուան շարունակելոյ մեր առաջադրեալ ուղին։