Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԼԶ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇԷՆԷՆ Ի ՆԱՆԻԿ ԿԱՄ ՀԱՐԱՏԵՆՑ
       Մեկնելով պատմական անորոշ կեանք ունեցող Աստուածաշէն գիւղէն, գնամք իւր պարծանաց սարի կողովն եւ կէս ժամէն կը հասնիմ յիշեալ տեղը։
       ՆԱՆԻԿ ԿԱՄ ՀԱՐԱՏԵՆՑ. - գիւղս ունի 20 տուն բնակաւոր Հայ եւ 2 տուն եկաւոր Քուրդ։ Հայք ունին մի անշուք եւ ողորմելի եկեղեցի՝ անծանօթ թուականաւն, մի քահանայ ծանօթ բարեպաշտութեամբ, իսկ դպրոց ո՛չ ըսելոյ ցաւալի հարկին մէջ կը գտնուիմ. չ՚ունին սէր առ այն եւ ո՛չ գաղափար այդ յարկի կարեւորութեան վրայ. եւ որ աւելի ցաւալին է, կը պակսին խօսող լեզուներ ու կարեկցող զգայուն սիրտեր իրենց համար։
       Բանասէր ընթերցողի հետաքրքրութիւնն աւելի զարթուցանելոյ համար, գիւղիս վերաբերութեամբ առած ճոխ աւանդութիւնք աստ կը նշանակեմ։
       Ի ծերոց կաւանդուի թէ «950 թուականին, երբ Պարսիկք կուգան այս կողմերն եւս արշաւելոյ, զօրապետն իւր բանակը գիւղէս 20 վայրկեան հեռու՝ լճակի մի քով կը դնէ։ Հարատենց նոյն ատենն 300 տուն բնակիչ կունենայ, յորոց ամենէն հարուստ Հայ գիւղապետն տեսնելով, որ Պարսից գերի պիտի իյնան՝ անմիջապէս գիւղական ժողով մի կը կազմէ, եւ հետեւեալ որոշումն կը տան ու կը ձգեն գիւղապետին ՚ի գործադրութիւն։ Հացալից գիւղապետն 7 տեսակ հացերէ, զոր օրինակ, ցորեան, տարեկան, գարի, կորեակ եւ այլն 7 սայլ կը բառնայ , իւրաքանչիւր սայլի մի տեսակ հաց բեռնաւորած՝ կը տանի առ Պարսից զօրագլուխն, եւ անմիջապէս ամեն մէկ սայլի վրայէն մէկ մէկ հաց կ՚առնու փոքր փոքր թխել տուած՝ ու տանելով զօրապետի առջեւ կը դնէ, ՚ի նշան իւր հիւրասիրութեան, առ Պարսիկս։ Զօրապետն անտեղեակ լինելով հացերէն վերջի չորս տեսակներուն՝ մի առ մի բռնած ՚ի ձեռին, կը հարցնէ գիւղապետին «այս ի՞նչ է » կը պատասխանէ «նան» (հաց ). մէկ ալ ցոյց կը տայ թէ «այս ի՞նչ է» - «նան» (հաց ), վերջապէս երբ զօրապետի չորս հարցմանց «նան » պատասխան կը տայ գիղապետն, մեծ հաճոյք կ՚զգայ զօրապետն, որ կը պատուիրէ գիւղապետին թէ «այսուհետեւ գիւղիդ անուն Նանիկ թո՛ղ կոչուի (փոքր հաց , որով ց՚արդ կը յորջորջուի։ Յետոյ զօրապետի սիրտն իջած՝ երբ իւր բանակը քաշելոյ վրայ կը լինի, վերստին կը կոչէ զգիւղապետն եւ անոր կը պատուիրէ ըսելով թէ «այսուհետեւ դու իմ մարդս ես, եւ ո՛վ որ քեզ նեղութիւն կը տայ ինձ իմացուր, ես կը պատժեմ զնա »։ Պարսից մեկնելէն ետքը Խօշապայ Քուրդ, Պարոն երբ կ՚իմանայ թէ իւր հպատակ Հայն Պարսից զօրաց առջեւ 7 տեսակ հացէ հանած 7 սայլերու բարձած ՚ի պատիւ անոնց, անմիջապէս առ ինքն կը կոչէ յիշեալ հաց տուող գիւղապետն, զոր կսպաննէ ՚ի միասին նորա չորս եղբարց հետ։ Այս միջոցին Պարսից զօրապետն երբ կը լսէ Խօշապայ Պարոնի սոյն անգթութիւնը, շատ կը վշտանայ եւ հրաման կ՚ընէ՝ որ նոյն 5 եղբարց վերայ իւր ծախիւք տապանաքարեր տնկուին։ Այս կողմերն օրինաւոր քար չ՚գտնուելով Ախլաթէն բերել կը տայ 5 հատ վիթխարի քարեր, յորոց ց՚արդ գերեզմանոցի մէջ կը կենան եւ մին Խօշապայ կողմն տանելով կամուրջ ըրած են »։ Սոյն աւանդութիւնն ինձ պատմեցին երկու ծերուկներ, որք փոխադարձաբար իրարու սխալ կը շտկէին՝ նստած մի կիսաւեր տան պարսպի շուքին տակ , ո՛ւր ուշադրութեամբ կ՚ունկնդրէի իրենց, եւ նոքա ախորժանօք կը պատմէին ինձ։ Սոյն աւանդութեան աւարտման վերայ խումբ մը կենդանի մարդիկ ձգած՝ կարապետիս հետ մեռելոց այցելութեան գնացի եւ ՚ի գերեզմանատան ականատես եղայ յիշեալ չորս հսկայ տապանաքարանց, որք յիրաւի Ախլաթու քարերուն յար եւ նման էին, զորս երբեմն ի նոյն գաւառ տեսած էի, նախորդ ուղեւորութեանս մէջ։ Սոյն չորս մահարձանաց վերայ խաչի եւ ծաղիկներէն ընտիր տեսակներ քանդակուած էին ճարտարօրէն եւ մի եւ նոյն արհեստաւորի ձեռքէն ելած։ Քարանց յիշատակագիրներէն մեծագոյն մասն անընթեռնլի գտայ։ Աւասիկ, զոր ինչ ընթերցայ քարերէն միոյն վերոյ իւր ճշդութեամբ։ «Թվ. ՋՁԵ Մելիք խանս կանգնեցի զխաչս՝ բարեխօս առ Քրիստոս վասն հոգոյ զեղբայրին իմոյ Ստեփաննոսին, որ սպանաւ ձեռամբ անաստուած ուլամին, (. ՞ ) որք հանդիպիք Աստուած ողորմի ասացէ՛ք »։ Միւս չորս խաչքարանց վերայ 2-3 տարուան տարբերութեամբ մի եւ նոյն թուականք կան եւ «սպանաւ » կ՚ըսէ մնացեալ գրեանք չեն կարդացուիր։ Եթէ յիրաւի սոյն տապանագիրներն ամբողջապէս եւ անսխալ ընթեռնլի լինէին, պատմական փոքրիկ լոյս մը թերեւս կարելի կը լինէր առնուլ, որով հետաքրքրուիլ։
       Գիւղիս երկրորդ անուան գալով՝ նորա վերաբերութեամբ եւս կ՚աւանդուի թէ «ծանուցեալ Նահապետն երբ նետ կը մխէ ականաւոր թշնամւոյն կուրծք, մխեալն շնչասպառ ինկած ատեն իւր թոռնիկ անդ կանգնած լինելով՝ յանկարծակի կը տեսնայ եւ կը հարցնէ իւր մեծ պապուն թէ «Ի՛նչ եղաւ, ո՛հ գառնիկ խարատեց զիս » կը պատասխանէ, որով գիւղին անուն մնաց «Խարատեց », որ յիշեալ անուան աղաւաղեալն է։ Գիւղիս առաջին անուն նոր է վերջինէն, որ աւելի ընդհանուր է գաւառիս մէջ։
       Խարատեց կամ Հարատենց գիւղի յատակն շատ ջրային է։ Ականատեսք կը պատմեն թէ 80-90 տարուան միջոցին մի անգամ գետնի տակէն սեւ ջուր ելնելով գիւղը կոխած է, այնպէս որ դժբաղդ գիւղացիք ստիպուած են մի ժամանակ գիւղէն հեռանալ մինչեւ որ «Աստուծոյ այս պատիժն անցնի ». ջուրը քաշուելէն յետոյ կը վերադառնան յիւրեանց գիւղ։ Նոյնպէս ասկէ 14 տարի յառաջ դարձեալ գիւղիս յատակի սեւ ջուրն սկսած է յորդիլ եւ մի քանի թոնիրներ լեցուած են, որոյ պատճառաւ գիւղացիք ահով ու դողով կը պաշարուին, սակայն բարեբաղդաբար 4-5 օրէն ջրերն կ՚իջնան եւ գետին կ՚սկսի ցամաքիլ, որով ժողովուրդն սիրտ եւ հոգի կ՚առնու։ Գիւղիս սոյն բնական երեւոյթն կարծել կը տայ թէ իւր տակը շատ խորունկ լըճակ մի կայ, որոյ հետ յարաբերութիւն ունին տակէն վազող անծանօթ ջրեր։
       Տեղւոյս նախկին վիճակը շատ լաւ կը պատմեն, մանաւանդ բազմամարդ եւ լի եղած այգիներով եւ մրգեղինաց ծառաստաններով, այնպէս որ «փոքրիկ առուաց մէջ ծառերէն թափուած խնձորներն երբեմն զջուրն արգիլած են եւ ջրէն լեցնողները կ՚ստիպուէին նախ խնձորներ մէկ կողմն տալ եւ ապա սափորնին լեցնել »։ Այժըմ այս ամենքն կորած են, մի միայն մի քանի, ծերունի ուռենի, ծառեր կը տեսնուին, որք շուք տալէն զատ ուրիշ օգուտ մի չունին։
       Գիւղէս տակաւին չ՚մեկնած՝ երբ գիւղացւոց կը հարցնէի թէ քանի՛ հատ դպրոցական տղայ ունիք, մի նորահաս մարդ, որոյ ընչացք դեռ նոր կը մրային, ՚ի հեռուստ յատուկ զիս կը դիտէր եւ ինձ հետեւեցաւ երբ եկեղեցւոյ ճակտի գրեանց վերայ նայելով անցայ ՚ի գերեզմանատուն, ո՛ւր քարերէն միոյն գրերն հետաքրքրութեամբ լուալ տալով ընթեռնելի ընել կը ցանկայի , որով խաւարէն լոյս մը տեսնել։
       Տեղէս մեկնած պահուն յիշեալ տարիքով ազնիւ երիտասարդն, ինչպէս նաեւ սրտիւ, մըտօք եւ հոգւով բարի երիտասարդը, մինչեւ գիւղէս դուրս մեզ ընկերացաւ եւ բաւական յառաջ գնալէն յետոյ շնորհակալութեամբ ստիպեցի զինքն՝ որ վերադառնայ ՚ի գիւղ եւ մնաս բարեաւ խօսքը տակաւին բերնէս ամբողջապէս դուրս չը ելած՝ ձիուս սանձէն բռնելով սկսաւ զիս թախանձել թէ «Ստամպօլէն է՞ր եկած ես էսա ջապառ (խիստ տաք ) արեւուն ման կուգաս (կը պտըտիս ) մեր աւերակ երկիրները, դու Հայանական Ազգ սիրող մէկ կ՚երեւիս իմ աչքերաց, եթէ քու Աստուած կը սիրես քու միտք եւ սիրտ ճիշդ ինձ ասա՛, որ քեզ թող տամ, ես քու բաղդն եմ ինկած, ասա՛ թէ ազգին ինչ աղէկ բան պիտի էլնի մեռած պապերու խաչ-քարերէն, ժամերու (եկեղեցի ) դռան գրերէն եւ մեր լանկլավազ ճժերէն (մանր մունր տղայ : Այս առթիւ իրեն հասկանալի լեզուաւ բազում դժուարութեամբ կարծեմ կրցայ զինքն համոզել՝ ըսելով թէ քարերէն եթէ օգուտ մի չ՚լինի, գրերէն եւ ճժերէն մի օր բարիք մը պիտի ծնի, եթէ աներկմիտ հաւատայք եւ կարդացնէք ու կրթէք զանոնք, զայս ըսելով նա գիւղ վերադարձաւ, ես ուրախ տպաւորութեան մը տակ՝ մեկնեցայ ՚ի Նոր-գիւղ, որ կը գտնուի Հարատենից յԱրեւելահիւսիս 2 ժամու չափ հեռու անկէ։