Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Զ. ԲՈՒԹԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԿՈՉՈՒԱԾ ՀՆԱՇԷՆ ՎԱՆՔՆ
       Սոյն մենաստանն շինուած է մի քանի աննշան, այլ հետաքրքրութիւն զարթուցանող լերանց Հարաւային ստորոտը. վանուցս յԱրեւեհիւսիս շինական լեռներն են, ‘ի Հիւսիսակողմն կատուի ձոր, յԱրեւմտակողմն մանկանեղ լեռ եւ ‘ի Հարաւային Արեւելակողմն սուրբ Սարգիս լեռ, որպէս իրենք կանուանեն: Սոյն վանուց, առանց յիշատակագրի մը, Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս Առաքելոց օրով շինուած լինելն կաւանդուի: Մենք այժմ թողումք այդ աւանդութիւնն, եւ գրեմք զոր ինչ տեսած եւ շօշափած եմք անձամբ:
       Սոյն վանքն հաստատուն, հաստահիմն եւ ամրաշէն է իւր հիմերով ու պարիսպներով, որոց մէջ կը գտնուին գեղեցկայարմար պահարաններ, յորս աննշան մաս մը քայքայեալ է վերի կողմերէն, անխնամ մնալուն պատճառաւ: Վանքս այժմ ամայեացած է, շրջապատի սենեակներն փլփլած, ոմանք կիսակործան, թուականի կամ գրի համար շատ հետամուտ եղայ, այլ չ’կրցայ գտնել բան մը, թէեւ կային ինչ ինչ գրեր 10-12 հատ խառն ‘ի խուռն, հազիւ գիր ըլլալ կը յայտնուէր վանուց դրան վերի ճակտին վերայ, որմէ, ներկայիս մէջ, զիւր անցեալէն լոյս մ’առնելն ինձ համար եղաւ անկարելի, բաւ կը համարիմ աստ դնել աւանդութիւն մը եւ զայն ստուգող պարագայներն: Աւանդութիւնն կըսէ. “ժամանակին ելխիր մը կարդացւոր եղած է վանքիս մէջ”, յիրաւի տապանաքարանց թիւն բաւական շատ է, ամենքն ալ խաչով, ալ ոչ թուականով կամ գրով: Վանուցս Արեւելեան շրջապատը 2 քարընկէց հեռու կը գտնուին գերեզմանաքարինք, որոնք կէս մէջքէն հողին մէջ թաղուած՝ կը կենան ոտքի վերայ գլխակոր, ինձ թուեցաւ թէ սոյն հինաւուրց տապանաքարերէն շատերն ծուռ տնկուած էին, վասն զի, ըստ եկեղեցւոյ օրինաց, փոխանակ դէմքերնին յԱրեւելս դառնալու, ոմանք ի Հիւսիս կը նայէին եւ որոնք որ զանգուածով թեթեւ էին, ընկերիս հետ ձեռք ձեռքի տուած շտկեցինք մեր զուարճութեան համար, որպէս բնական է սոյն օրինակ անձանց կամ ուղեւորաց:
       Աստուածածին վանուցս մերձ է Բութ անուն իւր գիւղն եւ որոյ այդ անունն, որպէս կը տեսնուի, կցուած է վանուց անուան հետ:
       Բութ կը բաղկանայ այժմ 10 տուն բնակիչներէ, յորոց 1 տուն միայն Հայ է, որոյ անդամներէն մին մեզ ցոյց կը տայր մենաստանիս անցեալ նախանձելի եւ ճոխ փառաց անշքացեալ պատկերն ու կը խօսէին Ուղեւորիս զանցեալ բազմահայութենէն տեղւոյս, զժամասացութենէն եւ զսաղմոսերգութենէն ամայացեալ Մենաստանիս, որոյ ընդարձակ հողերուն եւ պատուական ջրերուն տէրն եւ կառավարն եղած են արդի եկովի բնակիչներն:
       Բութ գիւղիս մի Հայ տան մէջ կը բնակի մի այրի ու միանգամայն խեղճուկ կին, որ շաբաթ իրիկունները կը գայ եւ վանուցս կիրակամտի կանթեղն ձէթ լեցնելով կը վառէ եւ իւր աղօթքն ընելով ‘ի տուն կը վերադառնայ. այս է ահա սոյն սրբազան տաճարի սրտի մխիթարանքն:
       ***
       Աստուածածին վանուցս յԱրեւմտակողմն 1 քարընկէց հեռու լերան ստորոտէն կը բղխէ ահագին քանակութեամբ անմահական ջուր մը, որ կը բանեցնէ 2 ջրաղացներ: Դարձեալ մի եւ նոյն լերան կողին վերայ քուրդ Խանավտալ պէկն, երբեմն մի բերդ շինել տուած է, որոյ բեկորքն ց’արդ նշմարելի են. բերդն շինուած կ’երեւի գլխաւորաբար գերեզմանատան քարերովն, որոց տէրերն արդէն անհետացած են:
       Տեղւոյս տեսարանն շատ գեղեցիկ է իւր կենսատու օդովն եւ վերոյիշեալ անուշահամ ջրովն, որոյ քով ոչինչ կ’արժէ Պօլսոյ հռչակաւոր Խայիշտաղիինը:
       Բութայ եւ իւր ամայացեալ վանուցս վերաբերութեամբ ունիմ շատ թթու բաներ ըսելիք. բայց առ այժմ չ’պիտի կրնամ ինքզինքս հասկցնել թէ բուն նպատակս է Երկրի տիրոջ ապագայի փառքն յաւելուլ, եւ կրնայ ծուռ մեկնուիլ իմ տողած Մեսրոպական ՍՈՒՐԲ ՏԱՌԵՐՆ, որք կը հային մեր Օսմանեան բարեխնամ կառավարութեան մեծ շահին, զոր սիրելոյ նուիրական դասեր կը տամ իմ նոր գրչովս եւ շատ անգամ խօսքերովս, որք կը բղխին վճիտ աղբիւրէ մը:
       ԲՈՒԹԱՅ ՎԱՆՔԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Տեղէս ելնելով ճանապարհնիս ուղղեմք դէպ ‘ի Հիւսիսային Արեւել: Սոյն գծին վերայ մեզ պատահեցաւ հետեւեալ գիւղն.
       ԽՐԿԱԽՑ. - Սոյն գիւղն 80 տարի առաջ 35 տուն Հայերէ բնակուած էր, որպէս խաչաքարինք եւ տեսնող ծերունիք կը պատմեն. այժմ 7-8 տուն Քուրդ կ’ապրի՝ նախնի բնիկներու հողային եւ ջրային կալուածոց վերայ: Ասկէ յետոյ հետզհետէ կը գան Շկավտկանց եւ Իշխան կոչուած գիւղերն, որք նախապէս Հայկական, իսկ այժմ Քրդական են դարձած գլխովին եւ ոտովին:
       Անհետացեալ բնիկներու յիշատակարանք անտեսանելի չեն ուղեւորաց աչքին: Տեղւոյս այժմեան բնակաւորքն կը պահեն բազմաթիւ ոչխարք եւ ընտիր նժոյգներ, որոց կռնկին վերայ կ’անցունեն իւրեանց կենաց մեծագոյն մասն: Սոյն երեկոյ իջեւանեցանք ‘ի Կասր, որ Բութէն 5 ժամ հեռու է: