ԳԼ.
Ը.
ՍԱԼԱԽԱՆԱՅ
ՆՇԱՆԱՒՈՐ
ԳԻՒՂ
Կը
գտնուի
գաւառիս
(Վերին
Խօշապ)
Արեւելեան
Հիւսիսակողմն
եւ
անոր
կարեւորագոյն
գիւղերէն
առաջին
կրնայ
համարուլ,
իւր
հողային
ընդարձակութեամբ,
որոյ
տրամագիծն
11/2
ժամ
կը
տեւէ:
Գիւղս
ունի
պատուական
տեսարան,
շինուած
տափարակ
երկրի
վերայ
լայնայատակ
բլրալերանց
Հարաւային
ստորոտը,
գրեթէ
ամեն
կողմանէ
դաշտերով
շրջապատեալ
է,
օդն
նմանապէս
մաքուր
եւ
ջուրն
բարեհամ,
այլ
ոչ
առատ
դժբաղդաբար:
Սալախանայ
գիւղն
Սովելոց
խնամող
Պատ.
մասնաժողովն,
յանուն
Վարագայ
վանուց,
ծախու
առած
է
կառավարութենէն
եւ
այժմ
կը
գտնուի
Ամեն.
Խրիմեան
Սրբազան
Հայրիկի
տրամադրութեան
ներքեւ,
որ
Անձրեւացեաց
գաւառէն
եւ
ուրիշ
սովեալ
տեղերէն
35-40
տուն
Հայ
գաղթականներ
բերել
տալով
բնակեցուցած
է
‘ի
գիւղս,
որ
երբեմն
Հայոց
սեպհականութիւն
եղած
եւ
Հայութենէն
ամայացած
էր:
Ամեն.
Խրիմեան
Հայրիկի
յատուկ
խնամոց
առարկայ
եղած
է
սոյն
գիւղն,
զոր
օր
ըստ
օրէ
ժրաջան
բնակչօք
ծաղկեցնելոյ
փոյթ
կը
տանի
այժմ,
որպէս
զի
այդ
ընդարձակ
հողերն
անմշակ
չ’մնան
‘ի
վնաս
կառավարութեան:
Աստ
կը
բնակին
նաեւ
մի
քանի
տուն
Քուրդեր,
որք
շնորհիւ
բարեխնամ
կառավարութեան,
այժմ
մեղմ
եւ
հանդարտ
են:
Տեղւոյս
իւրաքանչիւր
գաղթականաց,
իւրեանց
ընտանեկան
թուոյն
համաձայն,
հողեր
յանձնուած
է
‘ի
մշակութիւն,
յորմէ
կըտան
(զԿայսերն
Կայսեր,
եւ
զԱստուծոյն
Աստուծոյ”:
Գիւղիս
վերայ
մի
վարդապետ
եւ
մի
աշխարհական
տեսուչ
կարգուած
են.
բացուած
մի
նոր
դպրոց,
որ
կանոնաւոր
շինուելոյ
վերայ
է
եւ
ո՛ւր
պիտի
մակաղուին
ուսանելոյ
սոյն
խեղճ
գաղթականաց
բոկոտն
մանուկներ
կամ
ծէթկեկ
ձագեր,
որոնց
յատուկ
դասատուք
կարգուած
են
այժմէն
եւ
գործն
կը
շարունակի:
Տեղւոյս
Հայ
մանուկներն
երբ
փոքր
ինչ
զարգանան
եւ
հասկնան
աշխարհիս
գործերէն,
երախտագէտ
պիտի
լինին
ո՛չ
թէ
միայն
մեր
Օգոստափառ
Կայսեր,
այլ
եւ
համայն
Ազգին,
որոյ
շնորհիւ
երբեմն
նիւթական
հաց
գտնելով
սեւ
գերեզմանի
դռնէն
ետ
դարձան
եւ
այժմ
կընդունին
նաեւ
բարոյական
կենաց
հաց:
Սոյն
գիւղն,
որպէս
աւանդութենէ
եւ
մանաւանդ
տեսանելի
խաչաքարներէ
կը
յայտնուի,
նախապէս
բազմահայ
եղած
է,
որ
թէպէտեւ
երբեմն
ամայացաւ
Հայութենէ,
այսու
ամենայնիւ
մի
գեղեցիկ,
եւ
քարուկիր
փոքրիկ
տաճար
կեցաւ
անվնաս,
զոր
բարեզարդելոյ
պէտք
եղած
ջանքերն
Խրիմեան
Հայրիկ
ի
գործ
դրած
է
եւ
կը
դնէ:
Գիւղիս
մէջ
երկու
հատ
գերեզմանատուներ
կան,
յորոց
մին
եկեղեցւոյ
շրջապատը
կը
կազմէ
եւ
միւսն
2
քարընկէց
հեռու:
Հետաքրքիր
եղայ
Գտնելոյ
համար
թէ
ո՞յր
աղագաւ
տեղւոյս
հին
մեռեալներն,
իրարմէ
գժտուածի
պէս,
անջատօրէն
թաղուած
են:
Այս
պահուս
մի
տարեւոր
ծերունի
տապանաքարերէն
դարաւորին
կռթնած
“Տէր
ողորմեա”
մրմնջելով
ոտքի
ելնել
կուզէր
յիւր
տնակն
վերադառնալ,
որ
իւր
կեցած
տեղէն
հազիւ
4-5
քարընկէց
հեռու
կը
գտնուէր,
ինձ
համար
այս
առիթէն
օգուտ
քաղել
պէտք
էր,
եւ
հարցուցի,
նա
(ծերուկ),
իրեն
եկած
ու
հասած
աւանդութեան
նայելով՝
հետեւեալ
սրտաճմլիկ
խօսքերն
ըրաւ
“Գիւղէս
հեռու
դուրս
թաղուածներն
ժամանակի
Պարսիկներէն
գլխատուածներն
են”:
Գիւղս
իրեն
մերձեկայ
լճակ
մի
ունի,
որով
բաւական
թուով
արտօրայք
կոռոգուին.
լճակիս
ջուրն
մի
քանի
մասնաւոր
առուակներէ
կը
գոյանայ:
Ամեն.
Խրիմեան
Հայրիկ,
վերջի
ատենները
սոյն
լճակն
աւելի
ընդարձակել
տուաւ.
որպէս
զի
նեղ
ժամանակը
կարող
լինի
անցունել
տալ
արեւակէց
արտօրէից
ծարաւն:
ԱՂԿԷՕԼ.
-
Սալախանայ
գիւղիս
Արեւմտակողմն՝
իրեն
սահմանակից
Հայ
գիւղ
մի
է
80
տարիէ
‘ի
վեր
ամայացած,
որոյ
աւերակաց
վերայ
կը
տիրապետեն
այժմ
քանի
մը
տուն
Քրդեր:
Գիւղիս
անուն
ծագած
է
իւր
համանուն
լճակէն,
որ
բաւական
ընդարձակ
եւ
ջուրն
աղի
է,
այս
պատճառաւ
հովիւք
երբեմն
սոյն
լճակէն,
իբրեւ
աղի
ջրէ,
կը
խմցնեն
իրենց
ոչխարաց:
Սոյն
լճակէն
օգտակար
արտադրութիւնք
կրնան
ձեռք
բերուիլ,
եթէ
խելահաս
մարդոց
ձեռամբ
իւր
եզերաց
վերայ
շինուին
բորակի
ածուներ,
ո՛ւր
շարունակաբար
ջուր
կապելով
լճացնեն,
որոնցմէ
արեւու
տաքութեամբ
ջուրերը
շոգիանալով
ածուներու
յատակը
պիտի
նստին
աղային
նիւթերն,
որպէս
Վանայ
ծովու
եզերքը,
(որոյ
վերայ
իւր
կարգին
կը
խօսիմ):
ՍԱԼԱԽԱՆԱՅԷՆ
ՄԵԿՆՈՒՄՆ
Տեղէս
ճամբայ
ելնելով
գնամք
Արեւելահիւսիսային
ուղղութեամբ,
եւ
3/4
ժամէն
կը
հասնիմք
հետեւեալ
գիւղը:
ՓԱԿԱՆ.
-
Ունի
10-12
տուն
Քուրդ:
Աստ
կանգուն
եւ
գրեթէ
անվնաս
կը
տեսնուի
Ասորիական
մի
եկեղեցի,
որ
է
գեղեցկաշէն
եւ
կամարակապ,
որոյ
անկիւնաքարին
վերայ
իւր
յիշատակագիրն
տակաւին
կը
նշմարուի:
Սոյն
շէնքն
այժմ
ամայի
կը
կենայ:
Տեղւոյս
յիշեալ
հնութիւնը
կը
թողում
իւրեան
տիրոջ,
որ
զայն
խնամէ
եւ
ես
կ’անցնիմ
գիւղիս
անմիջական
մօտ
երկայն
ձորակէն,
ո՛ւր
ջրերն
կարկաջասահ
կ’ընթանան,
ու
20
վայրկենի
չափ
դարն
‘ի
վեր
ելնելով՝
կարապետիս
հետ
երթամք
տեսնել
կամ
աւելի
աղէկ
է
ըսել
այցելել
մի
փառաւոր
հնութիւն,
որ
հարիւրաւոր
Եւրոպացի
ուղեւորաց
այցելութիւնք
վայելած
է
եւ
դեռ
կը
վայելէ: