Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԱ. ԱՂԲԱԿ
       Սոյն գաւառն Անձեւացեաց գաւառի Արեւելակողմը կը գտնուի, եւ անկէ բաժնուած է Հարաւէն ‘ի Հիւսիս ձգուող Չուխայ գետեւոր լեռներով. ունի բարեխառն կլիմայ եւ քաղցրահամ առատ ջուր ու բարեբեր հող:
       Երկրի բնական դիրքին նայելով, կրնայ ընդարձակ լեռնադաշտ մի համարուիլ շրջապատեալ մեծամեծ սարերէ եւ բլուրներէ: Գաւառիս ձմեռն սաստիկ ցուրտ կը փչէ եւ շատ ձիւն կ’ուգայ. իսկ ամառն բարեխառն է:
       Աղբակու Արեւելակողմը կը բնակին Շամսքցի ըսուած Քուրդ Հաշիրէթ, որք թուով 500-550 տուն են. Արեւմտակողմն Տէվանցիք, թուով 100-120 տուն, Հարաւակողմն Արտօսցիք 1000 տուն եւ Հիւսիսակողմն Շկակ կոչուածն, բազմաբնակութեամբն 600 տան չափ:
       Սոյն Հաշիրէթ քրդաց գիւղերն շատ փոքրաթիւ տներէ կը բաղկանան, (վրանաբնակներն ‘ի բաց առեալ) ինչպէս 2-8-10-15, որք կը բնակին առ հասարակ լերանց ձորաբերանները եւ կամ անոնց միջավայրերը: Դաշտայինքն, որք շատ քիչ են, Հայերէն ալ գիտեն խօսիլ, հարազատութեամբ պահպանելով իւրեանց մասնաւոր ձեւերն ու յատկանիշները: Հայերն եւս Քրդերէն լաւ գիտեն, սակայն դժբաղդաբար ոմանք անարատ չ’են պահած իւրեանց ազգային յատուկ ձեւերն եւ յատկանիշներն. շատերն դժուար կը ճանչցուին, եթէ Հայերէն խօսելնին չ’լսուի:
       Աղբակու բնակիչք ընդհանրապէս յաղթանդամ, ուժեղ եւ կորովի են: Իգական սեռն ժիր եւ աշխատասէր է, մանաւանդ քրդականքն, որք օրն ‘ի բուն դաշտօրէից մէջ կ’աշխատին, այն ինչ իւրեանց ամուսինքն ‘ի տան հանգիստ կը նստին կամ ‘ի նժոյգ հեծած կը պտըտին:
       Գաւառիս ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործութեամբ եւ խաշնարածութեամբ կ’զբաղի. առաջի զբաղմունքն Հայոց կը վերաբերի եւ վերջինն Քրդաց, որք իւրաքանչիւր տարին 1000աւոր ոչխարներ կը վաճառեն Տիգանակերտի, Պաղտատու եւ այլ կողմերէն եկած թէճիրներուն, որ ամեն տարի պակաս չեն:
       Երկիրն խաղողի այգիներէ եւ մրգեղէն ծառերէ զուրկ է, զ’այնս կ’ընդունին Պարսկաստանէն. վերջի ատեններս ծառատունկեր սկսած են տեղ տեղ տնկել, տա՛յր երկինք որ յաջողէին:
       Աղբակու Հայք ունին բարձր բարոյականութիւն մը, որուն դէմն գործողի պատիժն մահ է. գրեթէ առանց բացառութեան, իրենք անչափահաս ամուսնանալոյ սովորութիւնն դեռ կը պահեն, անանկ որ 20 տարեկան երիտասարդ մը չես գտներ, որ ամուսնացեալ չ’լինի: Սոքա կը սիրեն միութեամբ ապրիլ իրենց ընտանեկան յարկին տակ, շուտով իրարմէ բաժնուիլ չ’գիտեն. տուն կայ որ 15էն աւելի չափահաս մարդիկ կամ երիտասարդներ ունի: Նոյնպէս ունին օրինակելի սովորութիւն մը, այն է բնաւ չ’գնալ ‘ի պանդխտութիւն, ըստ որում իրենց համար անտանելի է ընտանեկան ԿԵԱՆՔԷՆ զուրկ ապրիլն եւ այս ամենամեծ իրաւամբ:
       Կանայք կը գործեն դիմացկուն գորգեր, այլ եւ այլ գոյներով եւ ճարտարութեամբ, ընտիր շալ, կտաւ, մէզար (բրդէ անօսր կապոց 11/2 մեթր մեծութեամբ), եւ քաղախիկ (վրայէն հագնելի կարճիկ զգեստ մը) գիւղացւոց գործածելի:
       Գաւառիս գիւղօրէից ընդհանուր թիւն 80 է, եւ բնակչաց գումարն 20, 000, յորմէ 10, 000 Հայ են եւ մնացածն Քուրդ, Ասորի եւ Հրէայ:
       Աղբակու ընդհանուր վիճակին վերայ սոյն համառօտ տեղեկութիւնք տալէս ետքը մտնեմք յիւր սահմանը, ճանապարհնիս ուղղելով դէպ ‘ի Հարաւային Արեւելակողմն եւ 31/2-4 ժամուան տեւողութեամբ ահագին բլուրներ, վիթխարի ժայռեր ու երկիւղներով լի ընդարձակ ձորեր կտրելէ յետոյ կը ժամանեմք հետեւեալ շատ նախնական գիւղը:
       ՍՕՐԱՏԷՐ. (սորա տէր). - (կարմիր վանք կամ եկեղեցի) Այս գիւղն ունի 30 տուն Հայ բնակիչ, ԷՋՄԻԱԾԻՆ անուն մի գեղեցկաշէն եւ հրաշակերտ մենաստան, փոքրիկ ու կոկիկ, շինուած կոփածոյ ճերմակ քարերէ, կառուցման թուական չ’կայ, եղածն իւր ճշդութեամբ նշանակած եմ հետեւեալ տողերուն մէջ: Սոյն մենաստանիկ 3 քարընկէց հեռու կը գտնուի գիւղէն, որոյ եկեղեցին է, ո՛ւր կը լինի ժամասացութիւնք: Ունին մի երիտասարդ քահանայ, բաւական զարգացեալ, աշխոյժ եւ վառ դիմօք, մի ողորմելի ծաղկոց կամ աւելի ստոյգ կը լինի ասել կատարեալ խամրոց, ո՛ւր կը խամրին առաքելոց թուով 12 կայտառ եւ կլորիկ մանուկներ՝ յանձնուած մի ճարտար մանկավարժի, որպէս իրենք կ’անուանեն:
       Տեղւոյս Էջմիածին վանքն ունի ընտիր տեսարան եւ ընդարձակ շրջապատ որ լի է հին կիսաւեր շէնքերով, որք նշան կը տան իւր անցեալ փառաց եւ ճոխութեան, զորս ‘ի ծերոց ոմանք աղաւաղեալ կը պատմեն հոգւոց հանելով հանդերձ: Վանքս երբեմն ունեցած է շատ հողային կալուածներ, սակայն գիւղացիքն, դէպքերէ օգուտ քաղելով, այժմ յիշեալ վանուց սեպհականութիւնքն իւրացուցած են:
       Կ’աւանդեն թէ “սոյն Էջմիածին Պարսից Շահ-Ապասի արշաւանաց ատենը կիսով չափ քանդուած լինելով նորէն շինուած է այժմեան գեղեցկայարմար կաթուղիկէն”: Ահաւասիկ Սօրատէրայ Ս. Էջմիածնայ դրան ճակտի յիշատակարանն, որ կ’ապացուցանէ թերեւս յիշեալ աւանդութիւնն. “Շնորհօք Ամենակալին Աստուծոյ վերստին նորոգեցան Ս. Էջմիածին օժանդակութեամբ Մահտեսի Սարօյին, թուին ՌՃԼ. որ ըսել է 204 տարուան վերանորոգութիւն է, իսկ վանուց հիմնարկութեան թուական դժբաղդաբար չ’կայր, միայն աւանդութեան մը վերայ պիտի կրթնիմք որ կըսէ, “Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյ վանուց ճարտարապետի աշակերտի շէնքն է, որ յիրաւի շատ յար եւ նման է յիշեալ վանուց ձեւոյն եւ ճարտարապետական ճաշակին, ոյր վերայ ի կարգին կը խօսուի:
       Սօրատէր գիւղն կը գտնուի վերին Աղբակու Արեւելակողմն շինուած տափարակ դաշտի մը վերայ եւ է անծառաստան բոլորովին. իւր հնութեանց վերայ խօսիմք հետեւեալ գլխովն: