Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԹ.
       Ս. Բարթուղիմէոս Առաքելոյն սպանման պարագայից եւ յանուն իւր կառուցեալ վանուց շինութեան վրայ եղած աւանդութիւն:
       Բարթուղիմէոս Առաքեալն յետ սպանանելոյ զերեւակայեալ վիշապն կը վերադառնայ յՈւրփանոս կամ Արիփանոս ըսուած քաղաքն (այժմեան վանուց տեղին եւ իւր շրջապատն), ո՛ւր բազմաթիւ կռապաշտներ ‘ի Քրիստոնէութիւն դարձնելէն զկնի ‘ի մնացեալ կռապաշտից կ’սպանուի եւ կը թաղուի հիմակուան վանուց տեղը: Տեղւոյս ծածկահաւատ քրիստոնեայք գիշեր մը գաղտնապէս գերեզմանն կը բանան եւ զառաքելոյն ծնօտն եւ աջ թեւն առնելով խնամօք կը պահպանեն հողէ ամանի մը մէջ:
       Ժամանակէ մը յետոյ Տրդատ թագաւորի որդին կը բորոտի եւ ոչ մէկ բժիշկ կրնայ իրեն դարման մը գտնել: Տրդատայ որդւոյն ձին եւ որսորդութեան շուն (բարակ) եւս իւրեանց տիրոջմէն կը բռնուին եւ այսպէս իրենք ալ կը լինին անդարմանելի բորոտ: Այս պատճառաւ որդին Տրդատայ կառնու զիւր բորոտեալ նժոյգ եւ զնոյն որսաշուն կելնէ յաշխարհէ յաշխարհ ման գալ դարման մը գտնելոյ յուսով: Երբ կը գայ աստ ‘ի յՈւրփանոս քաղաք, տեղւոյս բնութիւնն սիրելով 20-25 օր կը կենայ, այս միջոցին իւր որսաշուն մի օր ցորեկուան տաքութեան ատեն կերթայ վանուց հիւսիսակողմն աղբերակի մը ցեխերուն մէջ կը թաւալի եւ ապա երբ Արեւու կիզմանէն նեղուելով կերթայ մերձակայ գետոյ մէջ լաւ մը լողանայ, վրայի աղտոտութիւնքն ջուրէն կը մաքրուի ու կը վերադառնայ առ իւր արքայազուն տէր, որ զինքն տեսնելուն պէս կը հետեւի իւրեան օրինակին. եւ առաջին անգամ փորձն իւր նժոյգին վերայ կընէ, երբ կը տեսնէ որ նա եւս սրբուեցաւ, ինքն՝ թագաւորի որդին եւս մի եւ նոյն գործողութիւնն կընէ հետեւելով, որպէս ասացի, իւր կենդանեաց օրինակին վերջապէս բոլորովին կը սրբուի իւր անբուժելի բորոտութենէն:
       “Արքայորդին տեղւոյ ժողովրդոց հարց ու փորձ կընէ ըսելով թէ “այս ի՛նչ ջուր է” (աղբերակին համար), կը պատասխանեն թէ՝ այս ինչ տարին երբ Բարթուղիմէոս Սրբազան Առաքեալն սպանեցին, որոյ մարմինն այս ինչ տեղ (այժմեան վանուց տեղին ցոյց տալով) թաղեցին, այն օրէն ‘ի վեր այդ ջուրն բղխած է եւ կըսեն թէ անոր գերեզմանի տակէն կը գայ այդ ջուրն, առ այս կը յաւելուն նաեւ ըսել թէ “Առաքելոյն ծնօտն եւ աջ ձեռքը հողէ ամանի մը մէջ քովերնիս կը պահպանեմք խնամով”. այս խօսքին վերայ արքայազն անմիջապէս գերեզմանն բանալ կը տայ եւ ձեռք կտրած ու ծնօտ առնուած տեսնելով կը հաւատայ. յետոյ Առաքելոյն յիշեալ մասունքներն ամփոփող հողէ ամանն բերել տալով ստուգելէն յետոյ՝ արծաթեայ տուփի մը մէջ ծրարած, վերստին կը յանձնէ ջերմեռանդ քրիստոնէիցն:
       “Ահա ասոր վերայ որդին Տրդատայ իւր հօր կը գրէ, որ զօրք խրկէ իրեն, որպէս զի ինքն կարող լինի Առաքելոյն գերեզմանին վերայ վանք մի կառուցանել, վասն զի տակաւին բազմաթիւ կռապաշտներ կային, որոնք կրնային մեծ արգելքներ յարուցանել շինութեան գործին դէմ: Այս եղանակաւ Տրդատայ որդին կառուցանել կը տայ վերոյիշեալ հռչակաւոր վանքն, որոյ աւարտման ատեններ Տրդատ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գան տեսնելոյ եւ շատ կը հաւնին ու թերեւս նաւակատեաց հանդէսն ‘ի միասին կը տօնեն”:
       Այժմ, որպէս վերեւ յիշուեցաւ, “Առաքելոյն ծնօտն ‘ի սնտկի ամփոփեալ իւր գերեզմանին մէջ թաղուած է” իսկ աջ ձեռքն “տարուած է ի Պարսկաստան Սալմաստ քաղաքին մերձ՝ Հաֆթուան գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյն մէջ կը պահուի:
       ***
       Սօրատէրայ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ վանուց նախակառուցման վերայ փոքրիկ աւանդութիւն մը:
       “Սիկալ իշխանն երբ կսպանանուի, իւր գանձերն ծածուկ պահուած կը մնայ բերդի ներքեւ (այն աւերակն, որոյ վերայ նախապէս խօսուած է) եւ Վառվառինէն զտեղին գիտէր իւր հօրը գանձուն ու սպանուելէն առաջ պատմած կը լինի Պարսկաստանի քրիստոնէից, որոնք յորդոց յորդիս իրարու կաւանդեն եւ jետոյ տարիներ անցանելով՝ երբ կ’աւարտի Ս. Բարթուղիմէոսի վանուց շինութիւնն, յայնժամ քրիստոնէից մէջ խորհուրդ կը լինի ու լսած եւ պահած աւանդութեան համաձայն երթալով կը գտնեն Սիկալ իշխանի գանձերն, որովք կը շինեն այժմեան վանքն, ‘ի ձեռն Բարթուղիմէոս Առաքելոյ վանուց ճարտարապետի աշակերտին եւ զոր կանուանեն “Ս. Էջմիածին” կառուցանելով ճիշտ այն տեղը, ո՛ւր “Վառվառինէն տեսած էր զՄիածին եւ զիւր մայրն Առաքելոյն աջ ու ձախ կողմերը”:
       Սոյն Էջմիածին վանուց ձախակողմն խորան մի կայ, որոյ մէջ կը տեսնուի անյիշատակ գերեզման մը, ոյր վերաբերութեամբ կաւանդուի թէ “Քրիստոսի թաշկինակն եւ Առաքելոյն գօտին թաղուած են, զորս իւրեանց տէրերն երբ նախապէս աստ հանգիստ առին գուշակեցին թէ մի օր Քրիստոնէից ուխտատեղի պիտի լինի այս տեղին, ո՛ւր պիտի կառուցի տաճար մը: